image
Հրատապ լուրեր:

Խաչվերացի տօնը նշուեցաւ Երեւանի հայ Կաթողիկէ Սուրբ Գրիգոր Նարեկացի եկեղեցիէն ներս

Խաչվերացի տօնը նշուեցաւ Երեւանի հայ Կաթողիկէ Սուրբ Գրիգոր Նարեկացի եկեղեցիէն  ներս

Հայ Եկեղեցին ծիսական տարուայ ընթացքին տարբեր թուականներով կը նշէ սուրբ Խաչի նուրիուած տօները: 14 Սեպտեմբերի ամենամօտ Կիրակին՝ Խաչվերացն է, որ կը յատկանշուի նաեւ որպէս Եկեղեցւոյ աւագ տօներէն մին: Իւրաքանչիւր անգամ, եկեղեցական խորիմաստ շարականներով եւ աղօթքներով հաւատացեալը կը յիշատակէ Քրիստոսի խաչելութեան ընդմէջէն Փրկչագործութեան խորհուրդը, իր կեանքի ուղին առաջնորդելով դէպի արդարութեան եւ սիրոյ ճանապարհին մէջ:

15 Սեպտեմբեր 2019-ին Երեւանի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցւոյ հաւատացեալներուն համար իւրայատուկ ուխտի օր էր: Արդարեւ, Տօնին զուգահեռ տեղի ունեցաւ Սուրբ Գրիգոր Նարեկացիի ձօնուած նորակառոյց մատրան բացումն ու պատկերների օծումը: Հրամանաւ Հայաստանի, Վրաստանի, Ռուսաստանի, Ուքրանիոյ եւ Արեւելեան Եւրոպայի Հայ Կաթողիկէ առաջնորդ՝ Արհի. Ռաֆայէլ Արք. Մինասեանի, օրուան Սուրբ եւ Անմահ Պատարագը մատուցեց համանուն եկեղեցւոյ ժողովրդապետ՝ Գեր. Հ. Մաշտոց Վրդ. Զահթերեանը, առընթերակայութեամբ՝ Հ. Նարեկ Վրդ. Մնոյեանի եւ Հ. Գէորգ Վրդ. Սարգիսեանի, մասնակցութեամբ Գերյ. Հ. Գառնիկ Ծ.Վրդ. Յովսէփեանի: Խորանի սպասաւորութիւնը կատարեցին Սրբոց Հրեշտակապետաց Միացեալ Հոգեւոր Ճեմարանի ժառանգաւորները, մասնակցութեամբ՝ երաժիշտ Պրն. Արամ Կապաղջուրեանի եւ երգչախումբի ու դպրաց դասի անդամներուն:

 


Պատարագիչ հայր սուրբը օրուայ խորհուրդը փոխանցեց: Ան հաւատացեալի կեանքին մէջ կարեւորեց սուրբ Խաչի դրոշմած յաղթական իմաստին, որուն շնորհիւ կը կարողանանք հասնիլ փրկութեան եւ արժանի կը դառնանք երկնաւոր օթեւանին: Ան յուզմունքով անդրադարձաւ հայու ուսերուն յայտնուած տարբեր փորձութիւններուն ու դժուարութիւններուն, սակայն կոչ ուղղելով հաւատացեալներուն խրախուսեց զանոնք պաշտպանուելու Սուրբ Խաչի զօրութեամբ: Յուսկ, շնորհակալական խօսքեր բարձրացուց իւրաքանչիւր անձի, հաւատացեալի, որոնք իրենց ներդրումը ունեցաւ մատրան շինարարական աշխատանքներուն ու բացման հանդիսութիւնը հասցուցին իր յաջող աւարտին:

 


Պատարագի աւարտին, խորանի դիմաց տեղի ունեցաւ Մատաղի օրհնութիւնը, ապա թափօրը ընթացաւ դէպի մատրան վայրը, ուր Գերյ. Հ. Գառնիկ Ծ.Վրդ. Յովսէփեանը կատարեց դրան օրհնութիւնն ու օծումը: Բացման ժապաւէնը հատեցին հաւատացեալներու խումբ մը: Ապա, քահանայից դասը մատուռ մուտ գործելով օծեցին տեղադրուած սրբապատկերները: Հ. Մաշտոց Վրդ. Զահթերեանը օրհնեց եւ օծեց կեդրոնը տեղադրուած Սուրբ Գրիգոր Նարեկացիի նոր դէմքով ներկայացուած պատկերը, Հ. Նարեկ Վրդ. Մնոյեանը՝ աջին տեղադրուած Զմմառու Ցաւագին Տիրամօր պատկերը, իսկ Հ. Գէորգ Սարգիսեանը՝ ձախին Սրբուհի Ռիթայի պատկերը: Յաջորդեց սրտաբուխ շնորհակալական խօսք, հուսկ «Պահպաիչ»ն ու Յիսուսի խաչափայտի մասունքով վերջին օրհնութիւնը:

Աւարտին, ներկայ հաւատացեալներու հոծ բազմութիւնը իրենց շնորհաւորանքները փոխանցեցին ժողովրդապետ հայր սուրբին, հոգեւոր դասին ու ստացան մասունքի օրհնութիւնն ու մատաղը:

 

 

Հ. Մաշտոց Վրդ. Զահթերեան

Ժողովրդապետ՝ 

Երեւանի Ս. Գրիգոր Նարեկացի Հ.Կ. Եկեղեցւոյ

Տեսուչ՝

Սրբոց Հրեշտակապետաց Միացեալ Հոգեւոր Ճեմարանի