image

Տխուր պատահար Սիւնիքի մէջ. 5-ամեայ երեխան արկածի հետեւանքով մահացած

Տխուր պատահար Սիւնիքի մէջ. 5-ամեայ երեխան արկածի հետեւանքով մահացած

14 Սեպտեմբերին ողբերգական դէպք տեղի ունեցած է Սիւնիքի մարզին մէջ։ Այս մասին կը յայտնէ Shamshyan.com-ը:

Ժամը 10։50-ի սահմաններուն Տեղ գիւղի բնակիչ 22-ամեայ Գրիգոր Ղ․-ն իր մեքենայով Տեղ գիւղի 19-րդ փողոցին մէջ վրաերթի ենթարկած է նոյն գիւղի բնակիչ 5-ամեայ Վահէ Ա․-ն։ Ինչպէս կը յայտնէ Շամշեանը, վրաերթի ենթարկուածին ծնողները անոր տեղափոխած են Գորիսի բժշկական կեդրոն, ուր ժամեր անց երեխան մահացած է։

Վարորդ Գրիգոր Ղ․-ն ինքնակամ ներկայացած է Ոստիկանութեան Գորիսի բաժին։ Փաստի առթիւ Ճանապարհային ոստիկանութեան աւագ հետաքննիչ Ս․ Վարդանեանի կողմէ նախապատրաստուած նիւթերու հիման վրայ յարուցուած է քրէական գործ ՀՀ Քրէական օրէնսգիրքի 242 յօդուածի 2-րդ մասի յատկանիշներով: