image

Արեւմտեան թեմի Ազգ. Առաջնորդարանի բանտային ծառայութեան ներկայացուցիչներ այցելեցին Համբիկ Սասունեանին

Արեւմտեան թեմի Ազգ. Առաջնորդարանի բանտային ծառայութեան ներկայացուցիչներ այցելեցին Համբիկ Սասունեանին

Տնօրինութեամբ Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանի, Արեւմտեան Թեմի բանտային առաքելութեան ներկայացուցիչներ տասնամեակներէ ի վեր հոգեւոր ծառայութիւն կը մատուցեն Քալիֆորնիոյ տարածքին գտնուող հայ բանտարկեալներուն, ղեկավարութեամբ Բարշ. Րաֆֆի Սրկ. Կարապետեանի եւ մասնակցութեամբ հոգեւոր հայրերու։

Կիրակի, 8 Սեպտեմբեր 2019-ին, Րաֆֆի Սրկ. Կարապետեան այցելութիւն մը տուաւ Համբիկ Սասունեանին, աղօթելու, քաջալերելու եւ հոգեպէս սպառազինելու համար զինք։ Իսկ նախորդ օրը, նմանօրինակ այցելութիւն մը տուած էր Սան Ֆրանսիսքոյի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ՝ Հոգշ. Տ. Պարոյր Վրդ. Շէրնէզեան։