image
Հրատապ լուրեր:

Թալինը եւ ընկերները եզրափակիչ համերգ պիտի ունենան Երեւանի մէջ, անոնց նաեւ կը սպասեն Կիւմրիի եւ Վանաձորի մէջ

Թալինը եւ ընկերները եզրափակիչ համերգ պիտի ունենան Երեւանի մէջ, անոնց նաեւ կը սպասեն Կիւմրիի եւ Վանաձորի մէջ

Հայկական մանկական երգերու կատարող, սփիւռքահայ երգչուհի Թալինը իր խումբի՝ Taline & Friends-ին հետ («Թալինը  եւ ընկերները» ) Հայաստան է:

Ինչպէս տեղեկացանք խումբէն, «Եունիթի փրոտաքշըն»-ի կազմակերպած համերգները անցած են լեփ լեցուն սրահներով:

Հանդիսատեսին խնդրանքով, «Թալինը  եւ ընկերները» համերգային եւս մէկ եզրափակիչ ծրագրով հանդէս պիտի գան 15 սեպտեմբերին, ժամը 19:00-ին՝ Յակոբ Պարոնեանի անուան թատրոնէն ներս: Տոմսերը արժէն 2000-6000 դրամ:

Մանուկներու սիրած խումբը համերգներ պիտի ունենայ նաեւ Կիւմրիի եւ Վանաձորի մէջ: