image
Հրատապ լուրեր:

Մեծ հանգանակութիւն Երեւանի AUA -ին համար. Հաւաքուած է 350 հազար ամն տոլար

Մեծ հանգանակութիւն Երեւանի AUA -ին համար. Հաւաքուած է 350 հազար ամն տոլար

Հայաստանի Ամերիկեան համալսարանի առաւել քան 300 համակիրներ ներկայ էին Շաբաթ, 7 Սեպտեմբերին, Լոս Անճելըսի քաղաքամէջի «Քալիֆորնիա Քլապ»ի սրահին մէջ տեղի ունեցած՝ համալսարանի պատուոյ նախագահ դոկտ. Արմէն Տէր Կիւրէղեանի մեծարման երեկոյին։

Յուլիս 2014էն մինչեւ Յունիս 2019, համալսարանի 4րդ նախագահի պաշտօնը ստանձնած դոկտ. Տէր Կիւրէղեանի ի պատիւ կազմակերպուած ձեռնարկին ընթացքին նաեւ կարելի եղաւ հանգանակել 350,000 տոլար, որուն շնորհիւ պիտի հաստատուի «Արմէն եւ Նելլի Տէր Կիւրէղեան կրթանպաստի հիմնադրամը», որ նեցուկ պիտի կանգնի բանակէն վերադարձող եւ Ամերիկեան համալսարանին մէջ իրենց ուսումը շարունակել փափաքող վեթերաններուն։


 

Ձեռնարկին ամենաուշագրաւ պահն էր այժմ համալսարանին մէջ ուսանող եւ Հայաստանի բանակի վերթերան զինուոր Արման Վարդանեանի վկայութիւնը։ Ան յոյժ կարեւոր նկատեց համալսարանին խաղացած դերը՝ նախկին բանակայինները քաղաքացիական կեանք հեզասահօրէն վերադարձնելու ջանքերուն մէջ։

Իրենց հօր մասին վկայութիւններ տուին Նայիրա եւ Սեպուհ Տէր Կիւրէղեանները՝ շեշտելով յատկապէս միշտ հայրենիքին զօրակցելու անոր պատրաստակամութիւնը։

Համալսարանի Հոգաբարձական խորհուրդի ատենապետ Լորընս «Լերի» Փից բեմ հրաւրելով տէր եւ տկին Արմէն եւ Նելլի Տէր Կիւրէղեանները՝ յայտնի քանդակագործ Մայքըլ Արամի կողմէ պատրաստուած յուշանուէր մը, ինչպէս նաեւ համալսարանի անձնակազմի անդամներուն, դասախօսներուն եւ ուսանողներուն կողմէ դոկտ. Տէր Կիւրէղեանի մասին վկայութիւնները մէկտեղած հատոր մը յանձնեց ամոլին։

Բացայայտօրէն յուզուած՝ դոկտ. Տէր Կիւրէղեան շնորհակալութիւն յայտնեց մեծարման այս ձեռնարկին համար, շեշտելով, որ իրեն վերագրուող իրագործումներուն կարելի եղած է հասնիլ համալսարանին բոլոր համակիրներուն համագործակցութեան շնորհիւ։ Ան նաեւ ներկայացուց համալսարանին հիմնադրութեան պատմականը եւ հպարտութեամբ յայտնեց, որ այժմ համալսարանին մէջ կ՛ուսանին 25 երկիրներէ ուսանողներ, մասնագիտանալով զանազան ճիւղերու մէջ։

Աւարտին, Հայաստանի Ամերիկեան համալսարանի նորանշանակ նախագահ դոկտ. Քարին Մարքիտես արտասանեց փակման խօսքը՝ իրեն համար պատիւ նկատելով այս պաշտօնին նշանակուիլ եւ յատուկ շնորհակալութիւն յայտնեց մեծարեալին, որ կարելին ըրած է՝ փոխանցումը հեզասահօրէն իրականացնելու համար։