image

Աւարտած է Գամիշլիի «Զաւարեան» պատանեկան միութեան բանակումը

Աւարտած է Գամիշլիի «Զաւարեան»   պատանեկան միութեան  բանակումը

 Հակառակ    տարբեր տեսակի դժուարութիւններուն մեծ   յաջողութեամբ    տեղի ունեցաւ է  Սուրիոյ Գամիշլի  քաղաքի  ՀՅԴ «Զաւարեան»  պատանեկան միութեան բանակումը։

 Այս մասին տեղեկութիւնը տրուած է   ՀՅԴ Սուրիոյ Պատանեկան միութեան  դիմատետրի էջը։

 Աղբիւրը Գամիշլիի «Սարդարապատ»   բանակումին մասին գրելով  մասնաւորապէս  կը յայտնէ, թէ  Գամիշլիի «Զաւարեան» Պատանեկան միութեան Տարեկան «Սարդարապատ» բանակումի խարուկահանդէսը   տեղի  ունեցած է

կիրակի 8-9-2019-ի երեկոյեան։  Խարուկահանդէսը   տեղի  ունեցած է Հ.Մ.Ը.Մ.-ի մարզադաշտէն ներս ներկայութեամբ Ճէզիրէի հայոց առաջնորդական փոխանորդ հոգշ. Տ.Լեւոն Աբղ. Եղիայեանի, Գերշ. Տ. Մեղրիկ Ս.Եպս. Բարիքեանի հայ կաթողիկէ հայոց  համայնքի  ներկայացուցիչ  վարդապետին, Ս.Յակոբ եկեղեցւոյ քահանայ հայրերուն ազգային եւ միութենական մարմիններու ներկայացուցիչներուն եւ ծնողներուն։

 Խարուկանահնդէսի յայտագիրը ընթգրկած է   բացման խօսք, մարզական ներկայացում, մեներգներ, պատմական Հայաստանը ներկայացնող  ասմունքներ, երգեր եւ պարեր։

 Աւարտին հոգշ. Հայր սուրբը  ու Գերշ. Սրբազան հայրը իրենց հայրական օրհնութիւնն ու պատգամը ուղղած  են  պատանիներուն եւ ներկայ ժողովուրդին ապա պահպանիչով հանդիսութիւնը հասած է  իր աւարտին։