Թուրք ֆութպոլիստ Արտա Թուրանը, որ ներկայիս հանդէս կու գայ իր հայրենիքի մէջ, սակայն որու փոխադրութեան իրաւունքները կը պատկանին «Պարսելոնային», երկու տարի 8 ամսուան ազատազրկման դատապարտուած է:
Ինչպէս կը հաղորդեն թրքական աղբիւրները, 32-ամեայ ֆութպոլիստի պատիժը պայմանական բնոյթ կը կրէ, քանի որ անցեալին ան դատապարտուած չէ եղած: Թուրանը ազատութենէն պիտի զրկուի յառաջիկայ տարիներուն կրկին իրաւախախտման գրանցման պարագային:
2018-ի հոկտեմբերին Թուրանը ծեծկռտուքի մէջ եղած էր թուրք երգիչ Պերքայ Շահինի հետ Պոլսոյ գիշերային ակումբներէն մէկուն մէջ եւ կոտրած էր կատարողի քիթը: Տուժածի խօսքով՝ Թուրանը անհանգստացուցած էր իր կնոջը:
Ֆութպոլիստը, իր հերթին, բախումը մեկնաբանած էր թիւրիմացութեամբ: Աւելի ուշ Թուրանը ներողութիւն խնդրած էր Շահինէն:
2018-ին Թուրանը ամուսնացած է Թուրքիոյ նախագահ Ռեճէպ Թայէպ Էրտողանի դստեր՝ Ասլիհան Տողանի հետ: