Այսօր լրացաւ Սուրիոյ Արաբական Հանրապետութեան նախագահ Պաշշար Հաֆէզ Ասատի ծննդեան 54-րդ տարեդարձը։
Այս մասին տեղեկութիւնը հաղորդեց ռուսական RT կայանը նշելով, որ սուրիացի քաղաքացիներ այս առթիւ գեղեցիկ անակնկալ մը մատուցած են երկրի առաջին դէմքին։
Աղբիւրը կը նշէ, որ Ասատ, որ իր ընտանիքի անդամներուն հետ տեսաֆիլմ մը դիտելու նպատակով գտնուած է Դամասկոսի օբէրային սրահ անկանկալի եկած է, երբ դահլիճէն ներս գտնուող քաղաքացիներ յոտնկայս տարեդարձի երգը երգած են նախագահին համար։
Յիշեցնենք, որ Պաշշար Ասատին կ՚ընկերակցէին անոր ընտանիքի անդամները՝ կինը եւ երեք զաւակները։