image

«Եթէ էրտողան իյնայ, ամբողջ Թուրքիան պիտի իյնայ» Տէվլեթ Պահճելի

«Եթէ   էրտողան  իյնայ,   ամբողջ  Թուրքիան  պիտի իյնայ»  Տէվլեթ  Պահճելի

Թուրքիոյ մէջ Ազգայնական շարժում կուսակցութեան նախագահ Տէվլեթ Պահճելին իր աջակցութիւնը յայտնած է Ռեճեփ Թայէպ  Էրտողանին: Չնայած նաեւ նշած է, որ կը պնդէ իշխող «Արդարութիւն եւ զարգացում» կուսակցութեան մասին նախկինին իր ըսածները (ան սուր քննադատութիւններու ենթարկած էր  Էրտողանը եւ իր կուսակցութեանը), կը փոխանցէ «Իհլաս» լրատուական գործակալութիւնը:

«Գորշ գայլերու» կուսակցութեան առաջնորդը յայտարարած է. «Կը պնդեմ այն, ինչ առաջ ըսած եմ «Արդարութիւն եւ զարգացում» կուսակցութեան մասին, սակայն Էրտողանին մինակ ձգելու հարցը այլ հարթութեան վրայ է: Պարոն նախագահին իյնալը կը նշանակէ ազգի, պետութեան իյնալը, այդ պատճառով մենք անոր  կողքին  ենք»:

 Նշենք, որ Թուրքիոյ նախագահ Էրտողանին  աջակցութիւն յայտնող «գորշ գայլերու» առաջնորդի կարծիքը սկսած են չկիսել հասարակութեան միւս անդամները: Երէկ «Եւրասիա» հանրային ուսումնասիրութիւններու կեդրոնի հրապարակած՝ 1-7 սեպտեմբերին կատարուած հարցման տուեալներով Էրտողանին աջակցողներուն թիւը նուազած է, եւ  անոր  կ՛աջակցին հարցուածներու ոչ աւելի քան 40%-ը:

Յիշեցնենք, որ ըստ MetroPOLL   ընկերութեան հարցումներու տուեալներուն՝ նախորդ օգոստոս ամսուան Էրտողանի գործունէութեանը աջակցած է հարցուածներուն 44%-ը, եւ Էրտողանը 1 տարուայ ընթացքին կորսնցուցած է իր աջակիցներու մոտ 10%-ի վստահութիւնը: