image

Ռուսաստանաբնակ հայորդին հսկայ անիւներ ամրացուցած է իր ինքնաշարժին

Ռուսաստանաբնակ  հայորդին հսկայ անիւներ  ամրացուցած է իր ինքնաշարժին

Կրասնոտարի մէջ  ինքաշարժներու սրահի  սեփականատէր Վահան Միքայէլեանը հսկայական անիւներ ամրացուցած է իր «Լատա Պրիորի» ինքնաշարժին: Այդ տեւած է 1.5 ամիս եւ այժմ անոր ինքնաշարժին  անիւները  ունին 72 չափը:

Ճիշդ է, «Պրիորիի» դռները այդպիսի անիւներու առկայութեամբ չեն բացուիր, եւ վարորդը ստիպուած է յայտնուիլ սրահին մէջ բաց պատուհանին միջոցով:

Ինքնաշարժը կրնայ  ետեւ  երթալ  եւ կայանուիլ, իսկ ատով երթեւեկել կարելի եղած է  է սուփերմարքեթներէն մէկուն կայանատեղիին  տարածքին մէջ:

Առեւտուրի կեդրոնի կայանատեղիի  մօտ մեր հայրենակիցը  իր մեքենան բերած էր յատուկ բեռնատարով:

«Անիւները հաւաքած ենք  1.5 ամսուայ ընթացքին,  մեքենայի  ընդհանուր գծագիրը    ես ըրած եմ, իսկ  անիւները տեղադրող մասնագէտները կատարած են այն, ինչ ես կը ցանկայի: Առհասարակ, այդ կ՛ըլլար աւելի արագ ընել, սակայն ես ընտանիք ունիմ եւ շատ ժամանակ կը տրամադրեմ ընտանիքիս: Մեքենան փորձարկուած է, եւ առաջին երթեւեկութիւնը ցոյց տուած են, որ կարելի է համարձակօրէն տեղաշարժիլ նաեւ քաղաքին մէջ։ Միայն, թէ ճանապարհային ոստիականները պիտի զարմանան»,- ըսած է ան։