image

Լաւ լուր Երեւանէն. Ամերիկահայ փոքրիկը գիտակցութեան գալէ ետք ճանչցած է իր ծնողները (Լուսանկար)

Լաւ  լուր Երեւանէն. Ամերիկահայ  փոքրիկը     գիտակցութեան գալէ  ետք  ճանչցած է իր ծնողները (Լուսանկար)

Երեւանի «Սուրբ Աստուածամայր» բժշկական կեդրոնէն  կը յայտնեն, որ Երեւանի Թումանեան 32 շէնքի 6-րդ յարկէն  ինկած 2.5 տարեկան ամերիկահայ երեխան գիտակցութեան  եկած է  ու ճանչցած իր  ծնողները:

Փոքրիկը 5  սեպտեմբերին  անգիտակից վիճակով տեղափոխուած  էր «Սուրբ Աստուածամայր»   հիւանդանոցի  վերակենդանացման բաժանմունք:

 Անոր մօտ առկայ են   ոսկրային   կոտրուածքներ ,  յատկապէս  կոնքի ոսկորներու  կտրուածքներ:  Ան երկու օր առաջ սկսած էր  շնչել ինքնուրոյն:

 

Կը  նշուի    նաեւ,  որ   փոքրիկի վիճակը  կը շարունակէ   մնալ ծանր, բայց կայուն: Հիվանդանոցէն նաեւ    կը յայտնեն,  որ, որ ընտանիքը օգնութեան կարիք չունի, անոնք   անձամբ  կը հոգան   իրենց երեխայի առողջութեան հարցերը:

 

Յիշեցնենք, որ չորս հոգիէի  բաղկացող  ամերիկահայերու  ընտանիքի՝ Հայաստան այցելելու յաջորդ օրը երեխան, յենուելով  միջատներու  պաշտպանութեան համար պատուհանին դրուած ցանցին,ինկած  էր  ընտանիքի վարձած  տան  6-րդ յարկէն: