image

Հալէպահայ երգիչը ռուսերէնով երկրորդ գիրքը գրած է

Հալէպահայ երգիչը ռուսերէնով երկրորդ գիրքը գրած է

Երեւանի մէջ կայացած է հալէպահայ երգիչ Աբրահամ (Աւրաամ) Ռուսոյի՝ Աբրահամ Իփճիեանի գիրքի շնորհահանդէսը: Հալէպահայ երգիչը ռուսերէնով գիրք գրած է հիւանդութիւններու մասին՝ փորձելով մարդոց հիւանդութիւնները ախտորոշել լեզուի եւ եղունգներու միջոցով: Ան նշած է, որ այդ մեթոտը սորված է չինացի բժիշկէ մը, հետաքրքրուած եւ մօտ տասը տարի է՝ կը մասնագիտանայ այդ ասպարէզին մէջ: Աբրահամ Ռուսոն ըսած է, որ կը կարողանայ մարդոց օգտակար ըլլալ իր բժշկական գիտելիքներով: 

Նշենք, որ սա երգիչի առաջին գիրքը չէ. Աբրահամ Ռուսոն նաեւ հոգեւոր թեմայով ռուսերէն գիրք ունի գրած: Իսկ հոգեւոր կեանքի հանդէպ անոր հետաքրքրութիւնը առաջացած է Լիբանան ապրած տարիներուն, երբ ապրած է վանքի մէջ:  Ռուսոն ծնած է Հալէպ,  այժմ կը բնակի ԱՄՆ եւ Մոսկուա, անոր երգերու մեծ մասը ռուսերէն են: