image
Հրատապ լուրեր:

Արցախի Աղաւնօ գիւղին մէջ լիբանանահայ համայնքապետ ընտրուած է

Արցախի Աղաւնօ գիւղին մէջ լիբանանահայ համայնքապետ ընտրուած է

Ըստ Արցախէն հասած տեղեկութիւններու, Արցախի մէջ երէկ կայացած տեղական ինքնակառավարման մարմիններու ընտրութիւններուն, Քաշաթաղ շրջանի Աղաւնօ համայնքին մէջ համայնքապետ (գիւղապետ) ընտրուած է լիբանանահայ հայրենադարձ Անդրանիկ Չաւուշեանը (ծնունդով Գամիշլիցի): 

Աղաւնօն կը գտնուի Աղաւնօ գետի ափին՝ Արցախի հարաւ-արեւմտեան հատուածին մէջ, նոր հիմնուած համայնք է, ունի մօտ 200 բնակիչ: 

Յայտնի է, որ  Քաշաթաղի շրջանի վերակառուցման եւ զարգացման գործին մէջ մեծ է լիբանանահայերու ներդրումը: Աղաւնօ գիւղին մէջ լիբանանահայերը հիմնած են «Արիաւան» նորակառոյց թաղամասը եւ տարբեր ծրագիրներով կ'աջակցին շրջանի զարգացմանն ու վերաբնակեցման: 

Արցախի Կեդրոնական ընտրական յանձնաժողովի տուեալներով՝ երէկ ամբողջ հանրապետութեան տարածքին կայացած ընտրութեան մասնակցած է 57 հազար 443 ընտրող: