image

Լիբանանահայ երիտասարդ ընտանիքի թանկագին նուէրը՝ Մատենադարանին. Լուսանկարներ

Լիբանանահայ երիտասարդ ընտանիքի    թանկագին նուէրը՝ Մատենադարանին. Լուսանկարներ

Այսօր լիբանանահայ Արբաճեան ընտանիքը (ամուսիններ՝ Գրիգոր եւ Անահիտ, որդիներ՝ Աբրահամ եւ Հրակ) Երեւանի Մաշտոցեան Մատենադարանին նուիրաբերեց 1725 թուականին Կ. Պոլսոյ մէջ, Աստուածատուր Կոստանդնոպոլսեցիի տպարանին մէջ հրատարակուած հմայիլ մը, ինչպէս նաեւ «Մուխթասար խրիսթիան թաալիմաթ» անուանումով կրօնական բովանդակութեամբ հայատառ թրքերէն գիրք մը (Կ. Պոլիս, 1901 թ.):

Նուիրատւութիւնը եղաւ ի յիշատակ Գրիգոր Արբաճեանի ծնողներ Աբրահամի եւ Գոհարի: Մատենադարանի տնօրէն Վահան Տէր-Ղեւոնդեանը խորին շնորհակալութիւն յայտնեց ընտանիքին եւ յանձնեց շնորհակալագիր: