image

Ամազոնի հրդեհներու հարց. Բնապահպաններ բողոքի ցոյցեր կատարած են Պրազիլիոյ դեսպանատուներուն դիմաց (Լուսանկարներ)

Ամազոնի հրդեհներու հարց. Բնապահպաններ բողոքի ցոյցեր կատարած են  Պրազիլիոյ դեսպանատուներուն դիմաց (Լուսանկարներ)

Ամբողջ աշխարհի մէջ ցուցարարները դուրս եկած են Պրազիլիոյ դեսպանատուներու մօտ՝ պահանջելով նախագահ Ժաիր Պոլսոնարուէն քայլեր ձեռնարկել Ամազոնի արեւադարձային անտառներուն մէջ  մրցանշային թիւով հրդեհները մարելու ուղղութեամբ: Այս մասին կը հաղորդէ Daily Mail-ը:


Աղբիւրի հաղորդմամբ՝ ցուցարարները Լոնտոնի, Ժընեւի, Փարիզի, Մատրիտի, Միլանի եւ Պերլինի մէջ հաւաքուած են հիւպատոսարաններու մօտ եւ ճանապարհներ փակած՝ պատմութեան մէջ վատագոյն հրդեհները դադրեցնելու կարգախօսներով եւ պաստառներով:

Բողոքի ցոյցի մասնակիցները Փարիզի մէջ Պրազիլիոյ դեսպանատան մօտ վանկարկած են՝«Պոլսոնարու, հեռացի՛ր»:

Ցոյցերը յաջորդած են Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնի այն դիտարկման, որ Պրազիլի մէջ գտնուող Ամազոնի խոնաւ արեւադարձային անտառներուն մէջ մրցանշային թիւով հրդեհները «միջազգային ճգնաժամ» է, որ պէտք է «Մեծ Եօթնեակի» (G7)՝ օրերս կայանալիք գագաթնաժողովի օրակարգին մէջ առաջնային քննարկման դրուի:

Նշենք, որ վերջին շաբթուան ընթացքին Ամազոն գետի շրջանին 9500 հրդեհ բռնկած է:

Ամազոնի խոնաւ արեւադարձային անտառը աշխարհի մէջ ամենամեծն է, եւ այն կենսական նշանակութիւն ունի տարբեր կազերու արտանետումներու կլանման առումով: Այն նաեւ աշխարհի մէջ կը դանդաղեցնէ համաշխարհային տաքացումը:

Հրդեհներու թիւի մրցանշային աճին համար քննադատները կը մեղադրեն երկիրի նախագահ Ժայիր Պոլսոնարուն, որ, ըստ անոնց, չի կանգնեցներ անտառահատումներն ու հողագործները կը խրախուսէ ընդլայնելու իրենց տարածքները: