image
Հրատապ լուրեր:

Մահացած է Հալէպահայ Սեպուհ Գաբրիէլեանը (Ապու Արմէն)

Մահացած է Հալէպահայ  Սեպուհ Գաբրիէլեանը (Ապու Արմէն)

Միացեալ Նահանգներու մէջ   իր մահկանացուն կնքած է հալէպահայ      Սեպուհ Գաբրիէլեանը։ Այս մասին «Արեւելք»  տեղեկութիւն ստացաւ  հանգուցեալի   մտերիմներէն։

Շատերու համար Ապու Արմէն   անունով   յայտնի       Սեպուհ  Գաբրիէլեանը  եղած է  հալէպահայ   գաղութի   սիրուած եւ   յարգուած   անձնաւորութիւններէն մին։

Որպէս բարերար եւ  բարեսիրական միութիւններուն    սատար  կանգնած  անհատ   ունեցած է   ընկերներու եւ բարեկամներու  լայն շրջանակ մը, յատկապէս «Կիլիկեան»   վարժարանի    շրջանաւարտներու շարքերուն  մէջ։

Ամուսնացած էր Սոնա  Մարտիկեանին  հետ      եւ ունէր  երկու որդի ՝ Արմէն  եւ Մեղրիկ։

1960-ի ծնունդ   Ապու Արմէնը  յատկապէս  Հալէպի պատերազմի  թէժացումէն ետք  անցած էր Հայաստան եւ շրջան մը Երեւանի մէջ ապրելէ  ետք     գաղթած ՝ Ամերիկա։