image

Փայլան այցելած է ՀՅԴ Պուենոս Այրէսի կեդրոն

Փայլան  այցելած է    ՀՅԴ  Պուենոս Այրէսի  կեդրոն

Թուրքիոյ   Խորհրդարանի հայազգի   անդամ   Կարօ Փայլան  ընկերակցութեամբ  Էպրու Կիւնէյի,  այցելած է Պուենոս Այրէսի մէջ ՀՅԴ Հարաւային Ամերիկայի Կեդրոնական կոմիտէի կեդրոնատեղի: Զիրենք ընդունեցին ՀՅԴ Հարաւային Ամերիկայի Կեդրոնական կոմիտէի անդամներ, ուղեկից կազմակերպութիւններու` ՀՕՄ-ի, ՀՄԸՄ-ի եւ Համազգայինի, շրջանային թէ տեղական ղեկավարներ, երիտասարդական կազմակերպութեան եւ սկաուտներու ներրկայացուցիչներ: Հանդիպումին իր մասնակցութիւնը բերաւ Ընկերվար միջազգայնականի մէջ ՀՅԴ ներկայացուցիչ Մարիօ Նալպանտեան:

Հիւրերուն բարի գալուստի խօսքով հանդէս եկաւ ՀՅԴ Հարաւային Ամերիկայի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Ջանիկ Քէչեան, որ կուսակցութեան Հարաւային Ամերիկայի կառոյցին եւ ուղեկից կազմակերպութիւններուն անունով ամբողջական զօրակցութիւն յայտնեց իրենց առաքելութեան: Ելոյթ ունեցան Կիւնայ եւ Փայլան, որոնք հակիրճ ձեւով ներկայացուցին Թուրքիոյ մէջ այսօր տիրող շատ մտահոգիչ իրավիճակը, իրենց պայքարն ու մասնաւորաբար կիներու դերակատարութիւնը: Անոնք անդրադարձան նաեւ շրջան իրենց այցելութեան, որ իր տեսակին մէջ առաջինն էր` գոհունակութիւն յայտնելով իրենց ունեցած քաղաքական հանդիպումներուն, ինչպէս նաեւ մամլոյ անդրադարձին մասին: Մեր նպատակը, ըսաւ մասնաւորաբար Փայլան, Հարաւային Ամերիկայի հանրային կարծիքին ներկայացնելն է Էրտողանի հալածական քաղաքականութեան սպառնալիքը, որ կրնայ նոր ցեղասպանութեան յանգիլ: Թուրքիոյ ժողովրդավարացման համար մեր պայքարը ձեր ալ պայքարն է, ըսաւ ան` դիմելով ներկաներուն, որոնց կոչ ուղղեց նոր սերունդին սորվեցնելու, որ Արեւմտեան Հայաստանը նոյնքան իրենց հայրենիքն է, որքան Հայաստանի Հանրապետութիւնը, եւ համոզում յայտնեց, որ Թուրքիոյ ժողովրդավարացումով եւ ազգայնականութեան վերացումով Հայոց ցեղասպանութիւնը պիտի ճանչցուի:

Լուրը ՝ «Ազդակ»էն