image

Հալէպի ելեկտրամատակարարումը ամբողջովին պիտի վերականգնուի մինչեւ օգոստոսի վերջ

Հալէպի ելեկտրամատակարարումը ամբողջովին պիտի վերականգնուի մինչեւ օգոստոսի վերջ

Սուրիոյ Հալէպ քաղաքի բնակչութեան աւելի քան 80 տոկոսը արդէն ապահովուած է ելեկտրականութեամբ, քաղաքի ելեկտրամատակարարումը կը ծրագրուի ամբողջովին վերականգնել մինչեւ օգոստոս ամսուն վերջը: Այդ մասին յայտարարծ է քաղաքի ջերմուժի ընկերութեան ղեկավար Մուհամատ Սոլլան:

Սոլլան յայտնած է, որ ելեկտրականութեան մատակարարման ամբողջական վերականգման խնդիրը քաղաքի իշխանութիւններու գերակայ հարցն է, տեղեկացնելով, որ ներկայիս այդ ուղղութեամբ աշխատանքները կեդրոնացուած են քաղաքի արեւելեան մասի՝ Սալահ Ալ-Տինի շրջանին մէջ:
«Մինչեւ ամսուան վերջը մենք կը ծրագրենք լույսով ապահովել Հալէպի արեւելեան բոլոր շրջանները»,- ըսած է Սոլլան: