image

Երեւանի մէջ պիտի կառուցուի 71 յարկանի երկնաքեր

Երեւանի մէջ պիտի կառուցուի 71 յարկանի երկնաքեր

Երեւանի մէջ 270 մեթր բարձրութեամբ եւ 71 յարկ ունեցող երկնաքեր պիտի կառուցուի: «Արմէնբրես»-ի փոխանցմամբ՝ այս մասին 19 օգոստոսին լրագրողներու հետ զրոյցի ժամանակ ըսած է նախագիծի նախաձեռնող «Լաուրա ինվեսթմընթ» ընկերութեան տնօրէն Մերի Մկրտչեանը:

«Մօտեցման  մշակումն արդէն աւարտին է մօտենում, եւ սկսւում են նախագծային աշխատանքները, որոնք կը տեւեն մօտ 2 տարի, եւ դրանից յետոյ մինչեւ 5 տարի շինարարական աշխատանքները կ’ընթանան: Այն ոչ միայն բազմագործօն բնակելի համալիր է, այլ ինչպէս մենք նախատեսում ենք, այնտեղ 200 հեքթարի վրայ կը լինեն ծիրանի այգիներ, խաղահրապարակներ, ընտանեկան հանգստի գօտի եւ ճոպանուղի: Այդ ամէնը՝ մատչելի պայմաններով»,- ըսած է Մկրտչեանը:

Մերի Մկրտչեանը նշած է, որ սեյսմիկ բոլոր վտանգները հաշուարկուած են, եւ շինութիւնը պիտի ըլլայ անվտանգ: Շինարարական աշխատանքներու ընթացքին պիտի ստեղծուի շուրջ 1300 աշխատատեղ, իսկ անոնց աւարտէն ետք, ըստ նախնական հաշուարկներու, 2500 աշխատատեղ պիտի բացուի շէնքի շահագործման հետ մէկտեղ:

Բազմագործօն համալիրի կառուցման համար մօտ 270 միլիոն տոլարի ներդրում կը նախատեսուի: Մերի Մկրտչեանը նշած է, որ իրենք յառաջիկային կը ծրագրեն համագործակցիլ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու «Պայնոնա ճարտարապետական խորհրդատւութիւն» ընկերութեան հետ, որու համար յուշագիր ստորագրած են:

« «Պայնոնա» ընկերութեան հրաւիրել ենք, եւ յուշագիրը ստորագրելու ենք յետագայ համագործակցութեան համար: «Պայնոնա»-ն, քանի որ առաջադէմ է, իրենց տարածաշրջանին մէջ եւ բաւականին մեծ փորձ ունի, մենք փորձում ենք իրենց հետ համատեղ գործունէութիւն ծաւալել»,- նշած է Մկրտչեանը:

Համալիրը պիտի կոչուի «Անմոռուկ», այն պիտի կառուցուի մայրաքաղաքի հարաւային մասին մէջ, Ծովակալ Իսակովի պողոտայի հարեւանութեամբ: