image
Հրատապ լուրեր:

Քեսապ. Նշուեցաւ Սուրբ Աստուածածնայ տօնը. Բերիոյ Թեմի Առաջնորդը մատուցեց իր անդրանիկ սուրբ Պատարագը

Քեսապ.  Նշուեցաւ   Սուրբ Աստուածածնայ  տօնը.  Բերիոյ Թեմի  Առաջնորդը  մատուցեց     իր  անդրանիկ  սուրբ  Պատարագը

Հանդիսապետութեամբ Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տէր Մասիս Սրբ. Եպս. Զօպուեանի, Կիրակի, 18 Օգոստոս 2019-ին, Քեսապի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ, Քեսապահայ, ինչպէս նաեւ Դամասկոսէն, Հալէպէն, Լաթաքիայէն ժամանած հաւատացեալներու եւ Բերիոյ Հայոց Թեմի Ազգ. պատուիրակութեան եւ ՀՄԸՄ-ի Քեսապի արի-արենոյշներուն ներկայութեան, մատուցուեցաւ Ս. եւ Անմահ Պատարագ։

Օրուան պատարագիչն էր Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տէր Մասիս Սրբ. Եպս. Զօպուեան։

Պատարագի երգեցողութիւնը կատարեց Քեսապի դպրաց դասը։ Խորանին սպասարկեցին Տէր Նարեկ Քահանայ Զերենցեան եւ Տէր Մաշտոց Աւագ Քահանայ Արապաթլեան։

Պատարագի աւարտին սրբազան հայրը յաւուր պատշաճի քարոզեց եւ օրուան պատգամն ու խորհուրդը ուղղեց հաւատացեալ ժողովուրդին։ Անդրադարձաւ Ս. Աստուածածնի կեանքին, խոնարհութեան ու համեստութեան ։ Աստուած տեսնելով Մարիամի պարզութիւնն ու սրբութիւնը, բոլոր կիներուն մէջէն ընտրեց զինք որպէսզի ան ըլլայ Քրիստոսի Մայրը։ Հակառակ ընտրեալ ըլլալուն, Մարիամ շարունակեց իր  խոնարհ եւ համեստ կեանքը եւ ընկերացաւ Քրիստոսի իր առաքելութեան ընթացքին, տագնապեցաւ Քրիստոսի հետ, հալածուեցաւ, սակայն պահեց իր հաւատքը։

Քրիստոսի Յարութենէն ետք ալ մնաց շուքի մէջ, սակայն Աստուած յետ մահու Մարիամը առանձին չձգեց, այլ Մարիամը երկրէն երկինք փոխադրեց։ Արդարեւ, այս տօնը կը տօնենք ընդգծելու կարեւոր երեւոյթներ, որոնցմով յատկանշուեցաւ Մարիամ։

Առաջինը այն է, որ Մարիամ սկիզբէն իր հոգեւոր աչքերով տեսաւ Աստուծոյ իրեն ընծայած նուիրական ծրագիրը։ Մենք եւս, որպէս հաւատացեալներ, պէտք է մեր հաւատքի զօրութեամբ, հոգեւոր աչքերով կարենանք տեսնել Աստուծոյ մեզի ընծայած բարիքները, արժանիքները եւ զանոնք հարստացնելով բաշխենք նաեւ մեր նմաններուն։

Երկրորդ՝ Մարիամ ոչ միայն տեսաւ, այլեւ մասնակից դարձաւ գործնապէս Աստուծոյ իրեն վստահած փրկագործական ծրագիրին եւ Քրիստոսի հետ տագնապեցաւ, մասնակից դարձաւ իր որդւոյն տառապանքներուն։ Քրիստոնեայ հաւատացեալը եւս Աստուծոյ պարգեւները տեսնելով պէտք չէ բաւարարուի, այլեւ տառապանքի ու չարչարանքի ընդմէջէն ցոյց տայ, որ գործնապէս մասնակից է քրիստոնէական հաւատքին եւ ընթանայ Խաչի ճանապարհէն։

Երրորդ՝ Մարիամ տօնեց Ս. Յարութեան տօնը, ցնծութեան տօնը եւ Աստուծոյ անոր վստահած առաքելութիւնը Քրիստոսի Յարութեամբ իրականանալի դարձաւ։

Նոյնն է պարագան քրիստոնեայ հաւատացեալին։ Երբ կը կրենք Քրիստոսի խաչը գիտակցօրէն, հաւատքով եւ աղօթական կեանքով,կը հասկնանք, որ խաչը, մահը վերջակէտը չեն հանդիսանար քրիստոնեայ հաւատացեալին կեանքին, որովհետեւ քրիստոնեայ հաւատացեալը իր խաչելութեան աւարտին, իր մահէն ետք անմահութիւնը պիտի ճաշակէ։ Այս կը թելադրէ քրիստոնէական հաւատքը։

Քրիստոսի Յարութենէն ետք, Մարիամ ականատես դարձաւ նաեւ հոգեգալստեան դէպքին։ Մարիամ այս արժանիքներով ապրեցաւ եւ սէր տարածեց ժողովուրդին մէջ։

Մեր հայ մայրերը եղան Մարիամի նման, լծուեցան աշխատանքի՝ վառ պահելու մեր քրիստոնէական եւ ազգային արժէքները ու փոխանցելու զանոնք նոր սերունդի զաւակներուն։

Ապա Առաջնորդ Սրբազան Հայրը խօսքը ուղղելով ժողովուրդին շեշտեց, որ այսօր հաւաքուած ենք հաւատքով, հաւատարմութեամբ ու սիրով զօրանալու եւ տէր դառնալու մեր ազգային եկեղեցական բոլոր արժէքներուն։

Սրբազան հայրը կոչ ուղղեց մեր եկեղեցիներուն եւ պատմական կառոյցներուն պաշտպանը դառնալու։

«Մենք ուրախ եւ հպարտ ենք, որ Քեսապը պահած է իր ազգային դիմագիծը։ Քեսապահայը պահած է իր մշակոյթը, մայրենի լեզուն եւ կը փոխանցէ զանոնք նոր սերունդին», ըսաւ Գերշ. Տէր Մասիս։

Ապա ան աղօթք բարձրացուց առ Աստուած, որ պահէ, պահպանէ ու ծաղկեցնէ Սուրիական Հայրենիքը եւ ազատագրէ բոլոր այն շրջանները, ուր կ՚ապրի Սուրիոյ ժողովուրդը, կ՚ապրի նաեւ հայութիւնը։ Օրինակ բելերով Եագուպիէն, սրբազան հայրը մաղթեց, որ ան ազատագրուի եւ մենք կարենանք կրկին ուխտագնացութիւն կազմակերպել դէպի Եագուպիէ։

Եզրափակելով Առաջնորդ Սրբազան Հայրը ըսաւ, որ եկած ենք Քեսապ, շեշտելու որ ամէն ձեւով զօրակից ենք ձեր հոգեւոր, ազգային, կրօնական առաքելութեան՝ միասնաբար ծաղկեցնելու Բերիոյ Հայոց Թեմը։

Աւարտին, սկաուտները հաւատացեալներուն նուիրաբերած խաղողը բերին Ս.խորան, ուր ձեռամբ սրբազան հօր, տեղի ունեցաւ խաղողի եւ բկեղի օրհնութիւն։

Արարողութիւնը վերջ գտաւ «Կիլիկիա» մաղթերքով։ Ապա թափօրը, սրբազան հօր գլխաւորութեամբ ուղղուեցաւ եկեղեցւոյ շրջափակ, ուր ՀՄԸՄ-ի փողերախումբը հնչեցուց ազգային-յեղափոխական երգեր, հարստացնելով տօնական մթնոլորտը։

Լուրը ՝ «ԳԱՆՁԱՍԱՐ»էն