image

Ինքնատիպ հարսանիք՝ Հայաստանի մէջ. Շքեղ մեքենաներու փոխարէն՝ հրշէջ հսկայ մեքենաներ (Լուսանկարներ)

Ինքնատիպ հարսանիք՝ Հայաստանի մէջ. Շքեղ  մեքենաներու փոխարէն՝ հրշէջ հսկայ մեքենաներ (Լուսանկարներ)

18 Օգոստոսին ինքնատիպ հարսանիք կայացած է  Հայաստանի մէջ. ամուսնացած են  Ճգնաժամային կառավարման պետական ակադեմիայի շրջանաւարտներ Սամուէլ Կոստանդեանն ու Ռաիսա Մեսրոպեանը: Անոնք ծանօթացած էին ուսումնառութեան տարիներուն եւ արկածներով ու փորձութիւններով լի երկու տարի անցուցած: Երիտասարդները որոշած են իրենց յետագայ կեանքը ապրիլ միասին: 

Արտակարգ իրավիճակներու նախարար Ֆելիքս Ցոլակեանի թոյլտւութեամբ՝ երիտասարդներուն հարսանեաց սրահ ուղեկցած են հրշէջ-փրկարարական մեքենաները, իսկ հանդիսութեան սկիզբը յայտարարուած է նախարարի որոշումը՝ նորապսակներուն աշխատանքի ընդունիլ Արտակարգ իրավիճակներու նախարարութեան փրկարար ծառայութիւն։