image

Մարմնամարզիկ Վահագն Դաւթեան Իսրայէլի բաց առաջնութեան յաղթողն է

Մարմնամարզիկ Վահագն Դաւթեան Իսրայէլի բաց առաջնութեան յաղթողն է

Հայաստանի մարմնամարզութեան հաւաքականի անդամ Վահագն Դաւթեան ոսկէ մետալ նուաճած է միջազգային մրցաշարին: Այս մասին կը գրէ ՀԱՕԿ-ը:

Թել Աւիւի մէջ կայացած է մարմնամարզութեան Իսրայէլի բաց առաջնութիւնը, որուն մասնակցած են նաեւ հայ մարմնամարզիկներ:

Օղակներու վարժութիւն մրցաձեւին մէջ ախոյեան դարձած է եւրոպական խաղերու արծաթէ մետալակիր Վահագն Դաւթեան, իսկ եւրոպական խաղերու ախոյեան Արթուր Դաւթեանը՝ նոյն վարժութեան՝ նուաճած է արծաթէ մետալ:

Մարզիկները Իսրայէլ մեկնած էին հաւաքականի գլխաւոր մարզիչ Յակոբ Սերոբեանի եւ մարզիչ Սօս Սարգսեանի գլխաւորութեամբ: