image

Սերժ Թանքեանը միացաւ SaveAmulsar շարժումին

Սերժ Թանքեանը միացաւ SaveAmulsar շարժումին

System Of a Down ռոք խումբի մենակատար Սերժ Թանքեանը միացած է #SaveAmulsar արշաւին: 

Թանքեան իր ֆէյսպուքեան էջին հրապարակած է «Փրկենք Ամուլսարը» գրառմամբ նկար:

Յիշեցնենք, որ օրերս Քննչական կոմիտէն հրապարակած է Ամուլսարի ոսկեբեր  հանքավայրի շահագործման հետ կապուած համալիր փորձաքննութեան արդիւնքները, որու կատարումը յանձնարարուած էր Advanced Resources Development (ELARD) ընկերութեան փորձագէտներու խումբին: 

Ըստ այդ փորձաքննութեան արդիւնքներու՝ եզրակացութեան ընթացքին 16 կէտ նշուած է, որոնք պահպանելու պարագային բնապահպանական ռիսքերը պիտի դառնան կառավարելի:

Ջերմուկի բնակիչները, եւ ոչ միայն անոնք, դէմ հանդէս եկած են այս արդիւնքներուն, հանրահաւաքներ ու երթեր իրականացուեր են:

Հանքի շահագործման դէմ հանդէս եկողները կը պահանջեն հանդիպում վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հետ, կը հնչեն կոչեր, որ վարչապետը այս հարցին վերաբերեալ պետականամէտ դիրքորոշում որդեգրէ: