Համահայկական ամառնային 7-րդ խաղերու ծիրէն ներս, տեղի ունեցած է աւանդական դարձած գեղեցկութեան մրցոյթը: 13 աղջիկներ պայքարած են գեղեցկուհի տիտղոսին համար: Դատակազմը գնահատած է ոչ միայն մասնակիցներու արտաքին տեսքը, այլ նաեւ գիտելիքները: Կը հաղորդէ Shantnews.amը:
Մրցոյթին յաղթած է 25 տարեկան Աննա Թունեանը, որ ներկայացուցած է Ռոստովի «Ճանֆիտա» վոլիպոլի խումբը: Երկրորդ տեղը գրաւած է կրկին Ռոստովէն ժամանած Արմինէ Գալստեանը, իսկ երրորդը՝ Անկելինա Մանասեանը, Արցախէն: