image
Հրատապ լուրեր:

Հարցազրոյց Արեւմտեան Ամերիկայի Հ.Յ.Դ. Ներկայացուցիչ ՝Դոկտ. Վիգէն Յովսէփեան

Հարցազրոյց Արեւմտեան Ամերիկայի Հ.Յ.Դ.  Ներկայացուցիչ ՝Դոկտ. Վիգէն Յովսէփեան

-Պրն  Յովսէփեան,    օրեր առաջ ՀՀ  Սփիւռքի նախարար Տիկ. Հրանուշ Յակոբեան լրագրողներուն հետ խօսելով  առիթով մը լրագրողներուն հետ խօսելով շատ կարեւորութեամբ   շեշտադրած  էր Ամերիկայի մէջ ձեր եւ այլ ազգայիններու  կողմէ   գործադրուած ըրած ճիգերը ամերիկեան իշխանութիւններուն մօտ կապուած ՝Հալէպի հայերու անվտանգութեան: Ի՞նչ ունիք ըսելիք այս առումով, ի՞նչ կարել է ըսել  այն ժողովի արդիւնքներուն մասին, որուն դուք մասնակցեցաք Ուաշինկթընի մէջ:

-Թէեւ ես Տիկ. Յակոբեանի արտայայտութիւններուն ծանօթ չեմ, սակայն, կ'ուզեմ ըսե,լ որ մեծ յաւակնութիւններ չունինք, որ մեր կապերը կամ ճնշումները կրնան դրական  առումով  գետնի վրայ ուղղակի քաղաքական , ապահովական հետեւանքներ ունենալ , բայց ճնշումները կը շարունակենք բանեցնել  Ամերիկահայ համայնքիանունով եւ վերջին մեր հանդիպումը, որ կայացաւ Ուաշինկթընի մէջ գլխաւորաբար  մարդասիրական օժանդակութեան գծով էր, որովհետեւ ինչպէս ձեզի ծանօթ է, ըլլայ հոն գետնի վրայ Սուրիոյ կամ Հալէպի մէջ , թէ հոն ուր կայք հաստատած են սուրիահայերը՝ ըլլայ ատիկա Հայաստանի մէջ կամ Լիբանանի կամ այլուր, շատ լուրջ ընկերատնտեսական կարիքներ կան, եւ մեր տեսանկիւնէն ԱՄՆ-ը այնտեղ պէտք է, որոշ դերակատարութիւն վերցնէ մանաւանդ, որ վերջին շրջանին կը յայտարարեն թէ 3 կամ 4 միլիառ  ամերիկեան  տոլար արդէն ուղարկած են:  Այդ գումարները ընդհանրապէս գաղթականներու օժանդակութիւն հասցնելու համարեն, մինչ մեզի ծանօթ է, որ հայ գաղթականներուն շատ մեծ գումարներ չէ որ կը հասած են, ուրեմն այդ էր միտք բանին մեր հանդիպման:

 

- Հայաստան հաստատուած սուրիահայ գաղթականներուն առումով ամերիկայի հայկական միութիւններուն կամ ընկերակցութիւններուն կամ եկեղեցւոյ մօտ յստակ ծրագիրներ կա՞ն օգնութիւն ուղարկելու, թէ այդ մասին խօսակցութիւն չկայ:

-Առաւելաբար, մինչեւ այս օրը ճիգերը եղած են, Հայաստանի պետութեան դիմելով եւ անոնց մօտ հարցը բարձրացնելով, անոնց զգայնութիւնները բարձրացնելով:  Ըսեմ, որ  վերջին շրջանին գործանական գետնի վրայ  մէկ կարեւոր ճիգ    կատարուեցաւ  այստեղի (արեւմտեան ափ- Խմբ.՝ «Արեւելք»)  մէջ  ստեղծուած սուրիահայ օժանդակութեան մարմնին   եւ  եւ OXFAM միջազգային ընկերութեան միջ եւ որոշ գործակցութեամբ մը: Այդ ծրագրին հիման վրայ  վարձքերու որոշ նպաստ  մը  պիտի տրամադրուի  , կեցութեան խնդիրներ պիտի լուծուին  եւ բնակարաններու վարձքի որոշ օժանդակութիններ   պիտի տրուին սուրիահայ կարիքաւոր ընտանիքներուն  եւ այդ ծրագիրը ընթացքի մէջ է ներկայիս, ատիկա եղած է առաջինը գետնի վրայ, որ  յաջողած ենք իրագործել   եւ  ապագային վստահաբար այլ ճիգեր պիտի ըլլան, բայց  ներկայիս այդ   ծրագիրն է, որ ընթացքի մէջ է:

 

-Դուք մօտ էք ամերիկեան տարբեր շրջանակներու, արդեօ՞ք ձեր վերջին շփումներու ընթացքին այս մի քանի տարիներուն ամերիկեան ղեկավարութեան մօտ մտահոգութիւն կա՞յ Միջին Արեւելքի մէջ քրիստոնեաներու ապագայով, թէ այդ մասին ընդհանրապէս չեն խօսիր, չեն ուզեր արտայայտուիլ:

-Այս մէկը  շատ զգայուն նիւթ է: Վերջերս աւելի եւ աւելի սկսած են այդ ուղղութեամբ մտածել հետաքրքուիլ:  Անշուշտ իրենք տարբեր պարունակի մէջ կը   դնեն հարցը ըսելով,  որ ընդհանրապէս իրենք փոքրամասնութիւններով մտահոգ են, ոչ անպայման միայն քրիստոնեայ, բայց առհասարակ փոքրամասնութիւններով: Մենք անշուշտ   կարեւոր ճիգեր  ի գործ կը դնենք,   իրենց վրայ նաեւ յաւելեալ պատասխանատուութիւն դնելու եւ  ըսելու, որ իրենք ուղղակի մեղսակցութիւն ունին այս իրավիճակին ստեղծման առընթեր: Հետեւաբար  պարտաւոր են առնուազն վստահ ըլլալու, որ այն փոքրամասնութիւնները, որոնք աւելի եւս վտանգուած են հիմա քրիստոնեայ եւ ինչու չէ նաեւ հայհամայնքը  աւելի եւս պէտք է օժանդակութեան եւ գուրգուրանքի առարկայ դառնան:

 

- Այլ  ըսելիքներ կամ յաւելումներ ունի՞ք մեր զրոյցին

 -Պարզապէս յաջողութիւն ձեր աշխատանքներուն եւ յոյսով եմ,  որ բոլորս մէկ կրնանք հասնիլ մեր ներկայի մարտահրաւէրներուն եւ այդ բոլորէն  անդին  նաեւ  կը յաջողինք ապագայի ուղղութեամբ նոր ճանապարհներ բանալ  ի փառս մեր ազգին եւ հայրենիքին:

 

Հարցազրոյցը ՝ «Արեւելք»ի