image

Արմէն Պետրոսեան. «Արաբներու առաջնահերթութիւնները փոխուած»

Արմէն Պետրոսեան. «Արաբներու առաջնահերթութիւնները փոխուած»

Յայտնի արաբագէտ Արմէն Պետրոսեան հետաքրքրական դիտարկումներ ունի Սպիտակ տան մէջ ստորագրուած համաձայնութեան եւ անոր հետ պայմանաւորուած հեռանկարներուն շուրջ։ Ան կը նկատէ արաբական նոր արեւելում մը եւ չի բացառեր նոր բարեկամութիւնները։ Մեզի տուած հեռավար հարցազրոյցին մէջ ան վերջին զարգացումները մանրամասնօրէն մեկնաբանեց, անդրադառնալով նաեւ Երեւանի պաշտօնական դիրքորոշման, որ միշտ հիմնարար սկզբունքներու առանցքին շուրջ է։ Ստորեւ կը ներկայացնենք Արմէն Պետրոսեանի խորհրդածութիւնները։


-Արաբ-իսրայէլեան հակամարտութեան մեծ տոմարին մէջ եւ Քեմփ Տէյվիտի համաձայնութենէն ետք Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ (ԱՄԷ)-Իսրայէլ նոր համաձայնութիւնը կարծէք ամենակարեւոր համաձայնութիւնը պիտի հանդիսանայ։ Ի՞նչ է ձեր գնահատականը։

Անշուշտ, ԱՄԷ-Իսրայէլ հաշտութեան գործարքը, ըլլալով երրորդը՝ 1978 թուականի Քեմփ Տէյվիտէն, ապա 1979 թուականի Ուաշինկթընի Եգիպտոս-Իսրայէլ եւ 1994 թուականի Արավայի (Արաֆա) Յորդանան-Իսրայէլ հաշտութեան պայմանագիրներէն յետոյ, բաւականաչափ կարեւոր նշանակութիւն ունի միաժամանակ քանի մը հարթութիւններու վրայ։ Նախ եւ առաջ, այն իր բնոյթով կը տարբերի նախորդ երկուքէն, այն բովանդակային տարրով, որ ԱՄԷ-ը սահմանակից չէ Իսրայէլին եւ երբեւէ ուղիղ ռազմական գործողութիւններ չէ վարած այդ երկրին հետ։ Յաջորդ կարեւոր հանգամանքը այն է, որ ԱՄԷ-ը իր կշիռով բաւականաչափ ազդեցիկ պետութիւն մըն է ինչպէս մերձաւորարեւելեան, այնպէս ալ համաարաբական հարթակներով, եւ անոր մասնակցութեամբ նմանատիպ գործընթացը, անշուշտ, շղթայական ազդեցութիւն պիտի ունենայ. Պահրէյն-Իսրայէլ գործարքը նշուածին վառ ապացոյցն է։ Միւս ուշագրաւ ուղղութիւնը Պաղեստին-Իսրայէլ հիմնախնդրի համաթեքստով՝ Իսրայէլի դէմ համաարաբական միասնական ճամբարի մասնատման հանգամանքն է եւ խնդրի կարգաւորման հարցին մէջ բոլոր արաբական երկիրներու կողմէ համընդունելի համարուող 2002 թուականի արաբական միասնական նախաձեռնութեան տրամաբանութեան ոչնչացումը։ Ան կ՚ենթադրէր միաժամանակ հիմնախնդրի կարգաւորում՝ մինչեւ 1967 թուականի «Վեցօրեայ» պատերազմը եղած սահմաններուն վերադարձը՝ Արեւելեան Երուսաղէմ մայրաքաղաքով, Պաղեստին պետութեան հիմնումով եւ բոլոր արաբական երկիրներու ու Թել Աւիւի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորումով։ Թուարկուած եւ շարք մը այլ ածանցեալ հանգամանքներ էականօրէն կը կարեւորեն քննարկուող գործարքի կարեւորութիւնը, որ, ինչպէս նկատեցինք, սկզբունքօրէն կը փոխէ պաղեստինեան հիմնախնդրի կարգաւորման առընչութեամբ համաարաբական ռազմավարութեան բովանդակութիւնը։


-ԱՄԷ-Իսրայէլ համաձայնութեան լոյսին տակ մենք նոյնպէս կը նկատենք, որ Արաբական ծոցի երկիրներու պարագային դրական մեծ աշխուժութիւն մը կայ Իսրայէլի հետ յարաբերութիւններու բնականոնեցման առընթեր։ Որքանո՞վ խորքային է այս մօտեցումը եւ որքանո՞վ այն պայմանաւորուած է Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահական ընտրութիւններուն հետ։

Ընդհանուր առմամբ այս զարգացումները մեծապէս պայմանաւորուած են ԱՄՆ-ի մէջ իշխող վարչակազմի մերձաւորարեւելեան քաղաքականութեամբ եւ մասնաւորապէս Իսրայէլի հետ կապուած տարաբնոյթ խնդիրներուն, անոր կարգին նաեւ անվտանգային միջավայրի ամրապնդման առաջնահերթութեամբ։ Անոր վառ ապացոյցն է անցնող երեք տարիներու ընթացքին Տանըլտ Թրամփի վարչակարգի նախաձեռնած շարք մը գործընթացները. Իրանի միջուկային համաձայնագիրէն միակողմանի հրաժարումը, Իրանի իսլամական յեղափոխական պահակագունդին՝ որպէս ահաբեկչական կազմակերպութիւն հռչակումը, ամբողջական Երուսաղէմի Իսրայէլի մայրաքաղաք ճանաչումը եւ ԱՄՆ-ի դեսպանատան այնտեղ տեղափոխումը, Սուրիոյ Կոլանի բարձունքներու նկատմամբ Իսրայէլի ինքնիշխանութեան ճանաչումը, իսրայէլա-պաղեստինեան հիմնախնդրի կարգաւորման միտուած իսրայէլամէտ «Դարու գործարքի» հրապարակումը եւ այլն։ Նոյն տրամաբանութեան մէջ է նաեւ Իսրայէլի եւ շարք մը արաբական երկիրներու միջեւ հաշտութեան գործարքներու նախաձեռնութիւնը։ Հետեւաբար, ժամանակային առումով, յատկապէս ԱՄՆ-ի մէջ սպասուող նախագահական ընտրութիւններու արդիւնքներուն հետ կապուած անորոշութեան պայմաններուն տակ, կը նկատուի որոշակի աշխուժութիւն այն երկիրներու կողմէ, որոնք էական զգայնութիւն, ներգրաւուածութիւն չունին պաղեստինեան հիմնախնդրի կարգաւորման հարցով։ Բայց եւ այնպէս, ընտրութիւններու պատճառով սահմանափակ-ւած են Իսրայէլի հետ յարաբերութիւններու հաստատման տեսանկիւնէն, ինչպէս նաեւ կը փորձեն առաւելագոյն օգուտ քաղել միջնորդի դերակատարութիւնը ստանձնած ամերիկեան վարչակազմէն՝ միանալով «Իսրայէլի հետ խաղաղութեան հաստատման շքերթին»։


-Այս բոլորի ներքոյ նկատելի է նաեւ Սէուտական Արաբիոյ սպասողականութիւնը։ Ըստ ձեզի, Սէուտական թագաւորութիւնը կը միանա՞յ ԱՄԷ-ու, Պահրէյնի եւ Օմանի կողմէ հիմնադրուած «Խաղաղութիւն Իսրայէլի հետ» ակումբին։

Սէուտական Արաբիոյ մօտեցումը, բնականաբար, կը տարբերի միւս արաբական երկիրներու դիրքորոշումէն։ Այդ առաջին հերթին պայմանաւորուած է համաարաբական ճամբարը, նոյնիսկ իսլամական աշխարհը առաջնորդելու այդ երկրի նկրտումներով։ Հետեւաբար, Ռիատ չի կրնար համաարաբական, նոնիսկ համաիսլամական ամենազգայուն՝ պաղեստինեան հիմնախնդրի հանգուցալուծման հարցով առանց շօշափելի ձեռքբերումներու երթալ Իսրայէլի հետ յարաբերութիւններու կարգաւորման, որքան ալ այդ մէկը շահեկան ըլլայ։ Բայց կարեւոր նրբութիւն մը պէտք է արձանագրել։ Ռիատ առնուազն դրական տրամադրուած է տարբեր արաբական երկիրներու եւ Իսրայէլի միջեւ խաղաղութիւն հաստատելու գործընթացներուն։ Աւելի՛ն. թէ՛ ԱՄԷ եւ թէ յատկապէս Պահրէյն չէին կրնար նման քայլի երթալ, առանց Սէուտական Արաբիոյ հետ համախոհութեան։ Իսկ անկէ կարելի է ենթադրել, որ կը ծաւալուին ստուերային գործընթացներ, որոնց ծիրէն ներս կը քննարկուի նաեւ պաղեստինեան հիմնախնդրի հանգուցալուծման հարցը, ինչպէս ամերիկեան ծրագիրի, այնպէս ալ հնարաւոր այլ տարբերակներու տրամաբանութեան մէջ։ Եւ դարձեալ չի բացառուիր, որ այդ գործընթացներուն Սէուտական Արաբիան իր մօտեցումները ներկայացնէ միջնորդաւորուած՝ ԱՄԷ-ու միջոցով։ Յամենայնդէպս, յառաջիկային որոշ ստուերային գործընթացներու հետ կապուած կ՚ըլլայ որոշակի յստակութիւն, որու հետեւանքով կ՚ընդլայնուին անոնց խորքային վերլուծութեան հնարաւորութիւնները։

 

-Այս համաձայնութիւնները արդեօք վերջին գամերն են դրուած .Պաղեստինեան դատեի վերջին տարիներուն պատրաստուող դագաղին մէջ։

Ձեր բնորոշումը բաւականաչափ զգացական է խնդրին վերաբերեալ, որուն ես կ՚առաջարկեմ մօտենալ այլ դիտանկիւնէ։ Ընդհանուր առմամբ, համոզուած եմ, որ Պաղեստինի հիմնախնդրի արդի իրողութիւններուն մէջ ամենաառանցքային դերը կամ մեղքի բաժինը ունին իրենք՝ պաղեստինցիները։ Մեծ մասամբ պաղեստինեան կողմի թիւր հաշուարկներու հետեւանքն է ներկայիս ստեղծուած իրավիճակը։ Ներպաղեստինեան հարթութեան վրայ տարբեր խումբերու, տարբեր արտաքին հովանաւորներ ունեցող կազմակերպութիւններու միջեւ առկայ պայքարը, մրցակցութիւնը սեփական հնարաւորութիւններու եւ առկայ իրողութիւններու ոչ-սթափ գնահատականը, առաւելապաշտական դիրքորոշումը, ազգային խնդիրը տարբեր դերակատարներու եւ Իսրայէլի միջեւ սակարկութիւններու, Իսրայէլի դէմ «ճիպոտ» շարժելը հնարաւորութիւն դարձնելու հիմնական մեղաւորը իրենք՝ պաղեստինցիներն են, աւելի յստակ՝ անոնց շահերը ներկայացնող տարաբնոյթ կազմակերպութիւնները։ Ներկայիս ականատես ենք իրողութեան մը, որ տասնամեակներ շարունակ Պաղեստին պետութեան ստեղծման միտուած ռազմավարական մօտեցումները, որոնց հիմքը համաարաբական, համաիսլամական միասնութեան կեղծ հանգամանքներն էին, ապացուցած են իրենց անպտուղ ըլլալը, եւ ժամանակն է նոր դիրքորոշում եւ քաղաքականութիւն վարել այդ ուղղութեամբ։ Հնարաւոր է, որ նաեւ անոր ականատեսն ենք ներկայիս։

 

-Մօտիկ անցեալին արաբական եւ իսլամական աշխարհին համար միակ գերխնդիրը «Պաղեստինեան խնդրին» լուծում մը ապահովելն էր. այսօր կարծէք փոխուած են մօտեցումները, ի՞նչ է պատճառը եւ ինչո՞ւ արաբական աշխարհը (յատկապէս սիւննի աշխարհը) որոշ չափով կ՚ուզէ «անտեսել» այդ դատը։ Այս առումով ալ պէտք է հաշուի առնել, որ արաբներուն համար բաւական բարդ է խաղաղութիւն կերտել Իսրայէլի հետ, բացի պաշտօնական մակարդակի վրայ արձանագրուող զարգացումներէն. արդեօք արաբական աշխարհը պիտի «մարսէ՞» իրադարձութիւնը, այլ խօսքով՝ արաբ հասարակութիւնները հալած իւղի պէս պիտի ընդունի՞ն զայն։

Այս հարցի պատասխանը սերտօրէն կ՚առընչուի նախորդին։ Տասնամեակներ շարունակ արաբական հասարակութիւններու մեծամասնութեան մէջ գերակշռող եղած է հակաիսրայէլական, հակասիոնիստական, հակաիմփերիալիստական գաղափարական քարոզչութիւնը, ինչ որ, անշուշտ, կը շարունակէ որոշակի ազդեցութիւն ունենալ առանձին երկիրներու մէջ Իսրայէլի հետ յարաբերութիւններու հարցով հասարակական տրամադրութիւններուն վրայ։ Բայց եւ այնպէս, տարածքաշրջանին մէջ փոխուած են իրողութիւնները, նոյնիսկ համաարաբական մարտահրաւէրները։ Արաբական երկիրներն ու հասարակութիւնները այսօր առաւելապէս կը մտահոգեն այլ երկիրներէն, դիցուք՝ Թուրքիայէն, Իրանէն նկատուող սպառնալիքները, քան Իսրայէլէն։ Հետեւաբար նաեւ տրամաբանական է, որ գրագէտ քարոզչութեամբ մատուցման պայմաններուն Թել Աւիւի հետ խաղաղութեան եւ նոր հնարաւորութիւններու ստեղծման հանգամանքը գուցէ նաեւ բովանդակային առումով այլ դրսեւորումներ ունենայ։

Միւս կողմէ, գոնէ ինծի համար, պաղեստինեան հիմնախնդրի համաարաբական եւ համաիսլամական ընկալման իւրօրինակ ցուցիչ էր Երուսաղէմի հարցով ԱՄՆ-ի քաղաքականութեան եւ յստակ քայլերու հանդէպ վերաբերմունքը եւ դրսեւորումները, որոնք, ինչպէս կը տեսնենք, ցայժմ որեւէ արդիւնաւէտութիւն չեն արձանագրած:

 

-Ամերիկեան կողմին համար այս բոլորէն քաղաքական-ընտրական միաւորներ կորզելու քաղաքականութիւնն է ամենակարեւորը, ընտրութիւններէն ետք Միացեալ Նահանգներ նոյն հաստատակամութեամբ պիտի հետապնդէ՞ «խաղաղութեան ծրագիր»ը։

Ամէն բան կախուած է նախագահական ընտրութիւններու արդիւնքներէն։ Տանըլտ Թրամփ տակաւին 2017 թուականի մայիսին իր արտասահմանեան առաջին այցը իրականացուց Մերձաւոր Արեւելք, որ բացառիկ էր ԱՄՆ-ի նախագահներու պարագային, նաեւ խորհրդանշական՝ հիմքեր ստեղծելով կանխատեսելու այս տարածքաշրջանի կարեւորութիւնը ամերիկեան նոր վարչակազմի արտաքին քաղաքականութեան ուղեծիրէն ներս։ Այդ ապացուցուեցաւ Թրամփի կառավարման յետագայ տարիներու ընթացքին։ Վերագնահատուեցան Մերձաւոր Արեւելքի անվտանգային միջավայրը եւ անոր ուղղուած նոր սպառնալիքները։ Իսկ անոնց կանխման առանցքին դրուեցան Ուաշինկթընի բոլոր տարածքաշրջանային դաշնակիցներու համախմբան միտուած ջանքերը, ընդդէմ այլ՝ առաւել ընդհանուր հակառակորդի՝ Իրանի։ Եւ անոր արդիւնքն են նաեւ վերջին գործընթացները։ Հետեւաբար, միանշանակ է, որ գործող վարչակազմը իր տարաբնոյթ քայլերով արդէն իսկ հասցուցած է վաստակելու աջ-պահպանողական դիրքորոշում ունեցող հրեաներուն, նաեւ աւետարանական համայնքի վստահութիւնը։ Ուստի, եթէ Տանըլտ Թրամփ վերընտրուի եւ եթէ շարունակէ պաշտօնավարել նոյն խմբային տրամաբանութեամբ, ուր առանցքային դերակատարում ունին հրեայ եւ իսրայէլամէտ գործիչները, ապա համոզուած եմ, որ այս քաղաքական ուղեգիծը պիտի շարունակուի։ Ճօ Պայտընի յաղթանակի եւ դեմոկրատական վարչակազմի ձեւաւորման պարագային կանխատեսելի է ընթացող գործընթացներու սահմանափակում, որ պետութեան ստեղծման հարցով հազիւ թէ լուրջ արդիւնքներու յանգեցնէ պաղեստինցիներուն համար։ Այս պարագային, վստահաբար, տեղի կ՚ունենայ Մերձաւոր Արեւելքի հիմնախնդիրներու, տարածքաշրջային սպառնալիքներու եւ անոնց կանխման միտուած քաղաքականութեան վերագնահատում։ Այս պարագային, կանխատեսելի է, որ աւելի կը կարծրանայ Իսրայէլի դիրքորոշումը, որ զգալիօրէն կը խոչընդոտէ պաղեստինեան հիմնախնդրի կարգաւորման գործընթացը։

 

-Պաղեստինեան խնդրին առընթեր Հայաստան մինչեւ այս պահը յստակ դիրքորոշում մը չունի. ի՞նչ պիտի ըլլայ Հայաստանի կեցուածքը օրէ օր կարծրացող տեսակէտներ ունեցող երկու պլոքներուն վերաբերեալ։ Նկատի ունիմ Իսրայէլի դէմ պայքարելու յանձնառութիւնը վերցուցած երկիրներու պլոքը՝ գլխաւորութեամբ Իրանի եւ Իսրայէլի հետ յարաբերութիւններու բնականոնացման գործընթացին ընթացք տուող եւ նոր կազմուող Արաբական ծոցի պլոքը։

Պաղեստինեան հիմնախնդրի առընչութեամբ Հայաստանի դիրքորոշումը եղած է եւ կը շարունակէ մնալ միջազգային հիմնարար սկզբունքներու եւ փաստաթուղթերու հիման վրայ խնդրի կարգաւորման հանդէպ համախոհութիւնը։ Այն հիմնուած է «երկու պետութիւն երկու ժողովուրդի համար» հանրայայտ սկզբունքի աջակցութեան վրայ։ Ինչ կը վերաբերի երկու դաշինքներու միջեւ ռազմավարական շարժումներու հարցին, ապա, կը կարծեմ, որ Երեւանի դիրքորոշումը պէտք է տարբեր ըլլայ, քանի որ ինչպէս ձեր նշած դաշինքներէն եւ անոնց մասնակիցներէն իւրաքանչիւրը, այնպէս ալ Հայաստան ունի նաեւ իր նեղ հետաքրքրութիւնները այս հիմնախնդրի հետ կապուած։ Մեր օրակարգին վրայ պէտք է ըլլայ ոչ թէ աւելի կարծր դիրքորոշում ունեցող՝ Իրանի, Թուրքիոյ կամ աւելի մեղմ մօտեցում որդեգրած արաբական երկիրներու գլխաւորած խումբերուն աջակցութիւն ցուցաբերելու հարցը, մանաւանդ, երբ երկու կողմին մէջ ալ առկայ են բարեկամ եւ գործընկեր դերակատարներ, այլ՝ հիմնախնդրի խաղաղ կարգաւորման հակամարտ կողմերու համախոհութիւնը վայելող որեւէ գործընթացի աջակցութիւն ցուցաբերելը։ Այդ տարածքաշրջանին մէջ հայկական կողմը ունի իր սեփական շահերը, որու առանցքին հայկական համայնքի եւ հայ պատմամշակութային, եկեղեցական անվտանգութեան ապահովման գերխնդիրն է։ Եւ պաշտօնական Երեւանի քաղաքականութիւնը պէտք է հիմնուած ըլլայ այս կանխադրոյթին վրայ, իսկ մնացած գործօնները ածանցեալ են։

 

Սագօ Արեան

«Ժամանակ»/Պոլիս