image

Գրիգոր Խոտանեան. «Յառաջիկային Միացեալ Նահանգները մեծ տագնապներու առջեւ կրնայ կանգնիլ»

Գրիգոր Խոտանեան. «Յառաջիկային Միացեալ Նահանգները մեծ տագնապներու առջեւ կրնայ կանգնիլ»

ՍԴՀԿ Արեւմտեան Ամերիկայի վարիչ մարմնի ատենապետ Գրիգոր Խոտանեան պատասխանած է «ԺԱՄԱՆԱԿ»-ի հարցումներուն։

*

-Պր. Խոտանեան ներկայիս ի՞նչ են ամերիկահայ գաղութի առաջնահերթութիւնները։

Ամերիկահայ գաղութը բաւականին մեծ է, որովհետեւ կան բազմաթիւ շերտեր, որոնք կը ներկայացնեն սփիւռքի՝ այլ գաղութներէն ժամանած խմբաւորումներ: Կան նաեւ հին ամերիկահայեր, որոնք արդէն 4-5 սերունդէ ի վեր բնակութիւն հաստատած են: Կան անշուշտ պարսկահայերը, որոնք Ամերիկա հաստատծուած են Իրանի շահին տապալումէն ետք: Ինչպէս նաեւ Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմին հետեւանքով մեծաթիւ լիբանանահայեր, որոնք Ամերիկա գաղթեցին, ապա իրաքահայեր՝ թէեւ անոնց թիւը այդքան ալ մեծ չէ: Ամերիկայի մէջ սակայն մեծագոյն զանգուածը, գոնէ Գալիֆորնիոյ հայութեան գերակշռող մասը, կրնամ ըսել բոլոր ոլորտներու մէջ, բացի քաղաքական ոլորտէն՝ հայաստանցիներն են: Անոնք մեծ ներդրում ունին մշակութային կեանքին, ինչպէս նաեւ՝ տնտեսութեան մէջ, հակառակ որ կազմակերպուած չեն, միութիւններու կամ քաղաքական կուսակցութիւններու անդամ չեն: Եթէ անցեալին հայութեան կեդրոնը Ամերիկայի Արեւելեան ափն էր քաղաքական առումով, նաեւ հոն լոյս կը տեսնէին թերթերը, մտաւորականութիւնը հոն էր, ներկայիս այդ կեդրոնը տեղափոխուած է Գալիֆորնիա, Լոս Անճելըս: Այս տարբեր հատուածները իրարմէ անջատ կ՚ապրին, կը գործեն, ընտանեկան յարաբերութիւններ կը մշակեն, այսինքն՝ իւրաքանչիւր խմբաւորում դժբախտաբար, կ՚ապրի «կղզիացած»: Միեւնոյն ժամանակ պէտք է ըսել, որ վերջին տարիներուն հայութիւնը ամերիկեան քաղաքական կեանքէն ներս աւելի ազդեցիկ ներկայութիւն մըն է՝ թիւը անշուշտ իր ազդեցութիւնը ունի: Շատ մը ամերիկացի քաղաքական գործիչներ, ծերակուտականներ պէտք ունին հայերու քուէներուն: Ոմանք կ՚ըսեն, թէ իրենց շահերուն համար կը սատարեն, սակայն ամէն ինչ փոխադարձ է՝ մենք ալ մեր շահերը կը հետապնդենք իրենց միջոցաւ, ի վերջոյ քաղաքական կեանքը փոխադարձ շահերու վրայ հիմնուած է:

Անդրադառնալով առաջնահերթութիւններուն՝ անշուշտ առաջինը՝ Հայաստանն է։ Հայաստանը հզօրացնելու խնդիրը, ժողովուրդը հողին կառչած պահելը, ինչպէս նաեւ արտագաղթը կանգնեցնելն ու Հայաստանի քաղաքական-տնտեսական իրավիճակը բարելաւելը. ահա ասոնք են սփիւռքահայութեան գլխաւոր մտահոգութիւնները։ Երկրորդը՝ Ղարաբաղի ապահովութիւնը եւ անոր անկախութեան ճանաչումն ու ժողովուրդի ինքնավարութեան իրաւունքը՝ ճակատագիրը որոշելու առումով, իսկ երրորդը՝ ցեղասպանութեան ճանաչումը: Հիմնականին այս երեք ուղղութիւններով է, որ կը գործեն հայկական կազմակերպութիւնները:


-Ձեր գործունէութեան ընդհանուր ծիրին մէջ, ձեզ յաճախ կը մեղադրե՞ն, թէ Ամերիկա նստած, Հայաստանի հարցերով կը զբաղիք, կամ երբեւէ կը լսէ՞ք «Եթէ Հայաստանով մտահոգ էք, ապա եկէք եւ Հայաստանի մէջ ապրեցէ՛ք»ի նման խօսքեր։

Այդ հարցը քննարկման առարկայ չէ, որովհետեւ հայու ճակատագիրն է այս եւ մենք միշտ, դժբախտաբար ցրուած ժողովուրդ եղած ենք եւ այդքան ալ դիւրին չէ տեղափոխուիլ մէկ տեղէն միւսը, մանաւանդ, անոնց համար, որոնք ծնած եւ մեծցած են այլ երկիրներու մէջ: Բայց անոնք, որոնք Հայաստանէն արտագաղթեցին վերջին 20-30 տարիներուն ընթացքին՝ անոնց մէջ կան անհատներ կամ ընտանիքներ, որոնք կը մտածեն վերադառնալու մասին։ Անշուշտ եթէ վերանան բոլոր այն պատճառները, որոնց հետեւանքով ալ վերջիններս ստիպուեցան Հայաստանէն հեռանալ...։ Ըսեմ նաեւ, որ Ամերիկայի մէջ կայ հատուած մը, որ մտահոգ է իր զաւակներով։ Անշուշտ անոնք պիտի ուզէին, որ իրենց զաւակները մեծնան հայրենիքի մէջ, հետեւաբար կան յոյսեր, որ որոշ թիւ մը կրնայ վերադառնալ: Այս նաեւ մեծ կապ ունի վերջին դէպքերուն հետ, քանի որ յեղափոխութենէն առաջ որեւէ մէկը այդ ուղղութեամբ չէր մտածեր:


-Պրն. Խոտանեան քիչ առաջ հետաքրքրական բան մը ըսիք, որ համայնքին մէջ՝ եթէ մասնաւորենք Լոս Անճելըսը, քաղաքական գործունէութիւնները կը տանին աւանդական կուսակցութիւնները։ Արդեօք այդ քաղաքական գործունէութեան կը միանա՞ն նաեւ հայաստանցիները եւ ի՞նչ պայմաններու տակ:

Հայաստանէն արտագաղթողները շատ փոքր թիւով կը միանան, որովհետեւ աւանդական կուսակցութիւնները իրենց թեւերը երբեք լայն չեն բացած եւ այս պարագային ալ նոյնն է: Միւս կողմէ, Հայաստանէն եկողներու մօտ ալ որոշ հոգեբանական մօտեցում մը կայ, թէ կուսակցութիւնը իրենց պէտք է օգտակար դառնայ: Իրականութիւն է, որ Ամերիկայի մէջ ապրող հայութեան երկու թեւերը (նկատի ունի սփիւռքէն եւ Հայաստանէն ամերիկա գաղթած հայութիւնը) բոլորովին տարբեր հայեացքներ ունին կուսակցութիւն հասկացութեան հանդէպ։


-Ձեր կարծիքով՝ աւանդական կուսակցութիւնները գիտեն, որ իրենց եւ «հայաստանցիներու համայնք»ին միջեւ պատնէշ մը կա՞յ: Եւ կը մտածե՞ն այդ պատնէշը վերացնելու մասին:

Այո՛, գիտեն բնականաբար: Սակայն դժուար է այդ մասին գիտական վերլուծութիւն կատարել եւ խնդիրը աւելի խոր ուսումնասիրութեան կը կարօտի: Ինչպէս նաեւ Հայաստանէն արտագաղթողներու մօտ վերապահութիւն կայ կուսակցութիւն հասկացողութեան նկատմամբ, որ կու գայ Խորհրդային ժամանակաշրջանէն։ Անոնց համար կուսակցութիւն բառը դրական հնչողութիւն չունի: Թէեւ ըսեմ, որ մեր՝ Հնչակեան կուսակցութեան պարագային, մեծ թիւով հայաստանցի համակիրներ ունինք: Երբ միջոցառումներ կը կազմակերպենք՝ սրահը լեցուն կ՚ըլլայ հայաստանցիներով։ Այս երեւոյթը Հայաստանի անկախացումէն ի վեր այսպէս է: Լոս Անճելըսի հայկական գաղութը սկզբնական շրջանին, այսպէս կոչուած՝ «լեւոնական» էր, իսկ իշխանափոխութենէն՝ Քոչարեանի իշխանութիւն գալէն ետք, յատկապէս 27 հոկտեմբերէն վերջ, դարձաւ ընդդիմադիր: Օրինակ մը տալու համար՝ երբ տեղի ունեցան 2003 թուականի նախագահական ընտրութիւնները եւ Լոս Անճելըսի մէջ ընտրատեղամաս բացուած էր՝ մօտաւորապէս հազար հոգի մասնակցեցաւ ընտրութիւններուն եւ անոնց 90 առ հարիւրը իր քուէն տուաւ Ստեփան Տեմիրճեանին։ Արդէն անկէ ետք արտասահմանի մէջ տեղամաս հաստատելու սկզբունքը վերացաւ: Այդ որոշումն ալ, ըստ իս, սխալ էր։


-Մեր աւանդական կուսակցութիւնները որքանո՞վ ունին մեր այսօրուան կեանքին համապատասխան դրոյթները: Անոնց կանոնագրութիւնները, գործելակերպը կը համապատասխանէ՞ այսօրուան իրավիճակին։

Եթէ սփիւռքահայ կուսակցութիւնները դառնան հասարակական կազմակերպութիւններ, գաղութները մեծապէս կը տուժեն: Ինչ որ ըլլան իրենց թերութիւնները՝ համայնքներու կազմակերպման մէջ մեծ դեր ունին, քանի որ կազմակերպչական աշխատանքները որոշ կարգ ու կանոն կ՚ենթադրեն եւ այդ կուսակցութիւններու շնորհիւ է, որ գաղութները կը պահպանուին։ Ինչպէս նաեւ կուսակցութիւններն են, որ կը հովանաւորեն մարզական, մշակութային բարեսիրական եւ կրթական կազմակերպութիւնները: Աւանդական կուսակցութիւնները պիտի մնան՝ իմ համոզումս այդ է, քանի որ Հայաստանի մէջ այլ կուսակցութիւններու կայացումը ինչ-ինչ պատճառներով յաջողութեան չի հասնիր:


-Նոր սերունդը կը հաւատա՞յ կուսակցութիւններու ընդհանուր սկզբունքներուն: Ի՞նչ կրնաք ըսել այդ առումով։

Շատ փոքր թիւով երիտասարդներ կուսակցութիւններուն կը միանան: Սակայն մեր կուսակցութիւններու պարագային հետեւեալ առաւելութիւնը կայ՝ հազարաւոր կուսակցականներ ունենալու կարիքը չունինք՝ կուսակցութիւնները կրնան ղեկավարել շարժումը, ժողովուրդը ոտքի հանել: Մենք կը նախընտրենք հարիւր կուսակցականներ ունենալ եւ հազարաւոր համակիրներ եւ ոչ թէ հակառակը: Ճիշդ ձեւը այդ է, այլապէս կուսակցութիւնները չունին այն դաշտը, որ ներգրաւեն մեծ թիւով երիտասարդներ եւ բոլորը աշխատանքի մղեն, քանի որ մեր հողին վրայ չենք ապրիր եւ մեր քաղաքական գործունէութիւնը սահմանափակ է: Ամերիկայի մէջ ընդունուած է երկու հիմնական կուսակցութիւն. Խորհրդային Միութենէն տարբերութիւնը այն է, թէ մէկի տեղ երկու է: Այո՛, Ամերիկայի մէջ կան բազմաթիւ կուսակցութիւններ, սակայն միայն երկուքն են, որ կարողութիւնը ունին քաղաքական լայն գործունէութիւն ծաւալելու: Վերջերս Կլենտէյլի մէջ մեծ աղմուկ բարձրացաւ, երբ օրակարգի վրայ դրուեցաւ թաղամաս մը «Արցախ» կոչելու որոշումը. մաս մը տեղացիներ փորձեցին ընդդիմանալ, սակայն քանի որ քաղաքապետական խորհուրդի հինգ անդամներէն չորսը հայեր են, որոշումը եղաւ դրական։


-Ինչպէս գիտենք, Պաղ պատերազմէն ետք սփիւռքի մէջ մեծ բաժանումի առիթ ստեղծեց կաթողիկոսական երկու աթոռներ ունենալու խնդիրը։ Այսօր այդ մէկը գոյութիւն ունի՞ Ամերիկայի մէջ, բայց իմ տպաւորութիւնս այն է, որ Ամերիկայի Արեւելեան թեմի, նաեւ Գանատայի շատ աւելի շեշտուած այդ բաժանումը, քան, ըսենք Լոս Անճելըսի մէջ։ Դուք ինչպէ՞ս կը մեկնաբանէք այդ պատկերը եւ արդեօք ատիկա կը խանգարէ՞ մեր միասնականութիւնը եւ, ըստ ձեզի, ի՞նչ է հանգուցալուծումը ըստ ձեզի:

Այս մէկը ամենէն բարդ հարցերէն մին է, անբնական երեւոյթ է, որ նոյն քաղաքին մէջ գոյութիւն ունենան երկու տարբեր թեմեր: Օտարին համար տարօրինակ կը թուի, երբ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը կ՚այցելէ եւ օտար մամուլին ու քաղաքական անձնաւորութիւններուն մենք զինք կը ներկայացնենք, որպէս հայութեան պապը: Երկու ամիս ետք կ՚այցելէ Արամ Ա. Կաթողիկոսը նոյն հանգամանքով եւ քիչ մը տգեղ երեոյթ կը ստեղծուի ու դժուարութեան առջեւ կը գտնուինք: Մենք որպէս Հնչակեան կուսակցութիւն չենք ընդունիր այս իրողութիւնը ու մենք բացի քաղաքավարական յարգանքէ՝ ոչ մէկ կապ ունինք Անթիլիասի թեմին հետ։ Սակայն Հայաստանի անկախութենէն ետք՝ արցախեան պատերազմի բերումով անհրաժեշտութիւն մը ստեղծուեցաւ, որ միանան բոլորը, վերջ դնեն իրենց տարակարծութիւններուն, որպէսզի օգտակար ըլլան Հայաստանին եւ հայութեան: Հետեւաբար ձիւնհալ մը սկսաւ՝ առաջնորդներ, կղերականներ, որոնք նոյնիսկ իրարու հետ չէին շփուիր, սկսան միասին գործել, սակայն կայ այդ տարբերութիւնը եւ դժբախտաբար հեռանկար ալ չկայ, թէ հարցը ձեւով մը դրական լուծում կրնայ ստանալ: Իմ կարծիքով՝ պիտի շարունակուի երկու թեմերու գոյութիւնը Ամերիկայի մէջ՝ առնուազն յառաջիկայ քանի մը տասնամեակներուն:


- Դուք երկար տարիներէ ի վեր Ամերիկա կ՚ապրիք։ 2008-ին էր, որ Ամերիկան տնտեսական մեծ տագնապ մը ապրեցաւ։ Բազմաթիւներ այն կարծիքին էին, թէ «ամերիկեան կայսրութիւն»ը շուտով փուլ կու գայ, բայց օրերը ցոյց տուին, որ այդպէս չէ։ Ամերիկան այսօր նոր փուլի մէջ է։ Պիտի ուզէինք նաեւ այս առումով լսել ձեր տեսակէտը։

Եթէ պատմական անդրադարձ մը ընենք, պիտի տեսնենք, որ կայսրութիւնները մէկ օրուան ընթացքին չեն կազմուած եւ ոչ ալ մէկ օրուան ընթացքին կը փլուզուին։ Բայց 2008-2009 թուականներու տնտեսական տագնապէն ետք Ամերիկան իր նախկին դիրքերը սկսած է կորսնցնել, սկսած է անոր ետ քայլը։ Թրամփի վարածը անորոշ քաղաքականութիւն է՝ նախկին դաշնակիցները անտեսելու, նոր յարաբերութիւններ ստեղծելու։ Այդ քաղաքականութիւնը կը մղէ, որ ՆԱԹՕ-ի անդամ եւ Եւրոպական Միութեան մաս կազմող երկիրները կորսնցնեն իրենց վստահութիւնը Ամերիկայի հանդէպ եւ իրենց ուղին բռնեն: Յետոյ՝ վերջին տարիներուն շատ մը երկիրներ նաեւ սկսան խօսիլ տոլարը փոխարինելու մասին։ Ասոնք նշաններ են, հակառակ որ զինուորական առումով ԱՄՆ-ը կը շարունակէ մնալ գերարդիական երկիր մը։ Թրամփի վարած տնտեսական քաղաքականութիւնը Գանատայի հետ վէճեր կը ստեղծէ, հարցեր կան նաեւ Մեքսիքոյի հետ։ Տնտեագէտներ կը զգուշացնեն, որ Ամերիկան կրնայ տնտեսական բարդ դրութեան մէջ յայտնուիլ։ Ես ալ այդ կարծիքին եմ ու շատ հաւանական է, որ Ամերիկան լուրջ վտանգներու առջեւ կրնայ կանգնիլ:


-Դուք նաեւ կուսակցական թերթի մը մէջ կը գրէք, կը ղեկավարէք զայն։ Այսօր հայ մամուլը լուրջ տագնապ մը կ՚ապրի այն իմաստով, որ ինչպէ՞ս կարելի կ՚ըլլայ կուսակցական ուղղուածութիւնը եւ արդի մամուլի օրէնքները կամ սկզբունքները համատեղել: Կա՞յ այդ խնդիրը ձեր մօտ, մանաւանդ Ամերիկայի պէս երկրի մը մէջ չենք տեսներ հայկական թերթ մը, որ ունի «Los Angeles Times»ի, «Financial Times»ի կամ «Herald Tribune»ի որակը։

Մամլոյ տագնապը միայն հայկական մամուլին չի վերաբերիր: Համացանցի տարածումէն եւ լրատուութիւնը համացանցի միջոցով ժողովուրդին աւելի արագ հասանելի դառնալէն ետք, բոլոր թերթերը տուժեցին: Օրինակ՝ դուք ըսիք «Los Angeles Times», որ նախքան կը հրատարակուէր 60-80 էջով, ներկայիս վերածուած է 8 էջի: Մեծ տագնապի առջեւ է նաեւ ամերիկեան մամուլը, քանի որ համացանցի միջոցով իրենց ապահոված գովազդներու եկամուտը բաւարար չէ պահելու համար տպագիր մամուլը: Իսկ հայկական մամուլը քանի մը մեծ դժուարութիւններու առջեւ է: Առաջինը՝ հայերէն գրողի նուազումն է, ընթերցողի նուազումը եւ ֆինանսական հարցը: Հայկական թերթերու մեծ մասը 2-3 հոգիով լոյս կը տեսնէ: Արեւմտեան ափին մէջ, ուր ժամանակին կային բազմաթիւ թերթեր՝ հայատառ եւ անգլիատառ, մեծ մասը արդէն դադրած է եւ մնացած են միայն կուսակցական օրկանները: Մենք որպէս «Մասիս», վերջին տարիներուն սկսանք հրատարակել մեր համացանցային տարբերակը եւ եթէ տպագիր տարբերակը 4 հազար օրինակով կը տպէինք շաբաթը մէկ անգամ, ներկայիս մենք համացանցի վրայ 10 հազար ընթերցող ունինք: Մենք կը խորհինք, որ տպագիր մամուլը առաւելագոյնը 15-20 տարուայ կեանք մը ունի Ամերիկայի մէջ:


-Նոր սերունդը կը հաւատա՞յ կուսակցութիւններու ընդհանուր սկզբունքներուն: Ի՞նչ կրնաք ըսել այդ առումով։

Շատ փոքր թիւով երիտասարդներ կուսակցութիւններուն կը միանան: Սակայն մեր կուսակցութիւններու պարագային հետեւեալ առաւելութիւնը կայ. հազարաւոր կուսակցականներ ունենալու կարիքը չունինք՝ կուսակցութիւնները կրնան ղեկավարել շարժումը, ժողովուրդը ոտքի հանել: Մենք կը նախընտրենք հարիւր կուսակցականներ ունենալ եւ հազարաւոր համակիրներ եւ ոչ թէ հակառակը: Ճիշդ ձեւը այդ է, այլապէս կուսակցութիւնները չունին այն դաշտը, որ ներգրաւեն մեծ թիւով երիտասարդներ եւ բոլորը աշխատանքի մղեն, քանի որ մեր հողին վրայ չենք ապրիր եւ մեր քաղաքական գործունէութիւնը սահմանափակ է: Ամերիկայի մէջ ընդունուած է երկու հիմնական կուսակցութիւն. Խորհրդային Միութենէն տարբերութիւնը այն է, թէ մէկի տեղ երկու է: Այո՛, Ամերիկայի մէջ կան բազմաթիւ կուսակցութիւններ, սակայն միայն երկուքն են, որ կարողութիւնը ունին քաղաքական լայն գործունէութիւն ծաւալելու: Վերջերս Կլենտէյլի մէջ մեծ աղմուկ բարձրացաւ, երբ օրակարգի վրայ դրուեցաւ թաղամաս մը «Արցախ» կոչելու որոշումը. մաս մը տեղացիներ փորձեցին ընդդիմանալ, սակայն քանի որ քաղաքապետական խորհուրդի հինգ անդամներէն չորսը հայեր են, որոշումը եղաւ դրական։


-Ինչպէս ծանօթ է, Պաղ պատերազմէն ետք սփիւռքի մէջ մեծ բաժանումի առիթ ստեղծեց կաթողիկոսական երկու աթոռներ ունենալու խնդիրը։ Այսօր այդ մէկը գոյութիւն ունի՞ Ամերիկայի մէջ, բայց իմ տպաւորութիւնս այն է, որ Ամերիկայի Արեւելեան թեմի, նաեւ Գանատայի շատ աւելի շեշտուած այդ բաժանումը, քան, ըսենք Լոս Անճելըսի մէջ։ Դուք ինչպէ՞ս կը մեկնաբանէք այդ պատկերը եւ արդեօք ատիկա կը խանգարէ՞ մեր միասնականութիւնը եւ, ըստ ձեզի, ի՞նչ է հանգուցալուծումը:

Այս մէկը ամենէն բարդ հարցերէն մին է, անբնական երեւոյթ է, որ նոյն քաղաքին մէջ գոյութիւն ունենան երկու տարբեր թեմեր: Օտարին համար տարօրինակ կը թուի, երբ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը կ՚այցելէ եւ օտար մամուլին ու քաղաքական անձնաւորութիւններուն մենք զինք կը ներկայացնենք, որպէս հայութեան պապը: Երկու ամիս ետք կ՚այցելէ Արամ Ա. Կաթողիկոսը նոյն հանգամանքով եւ քիչ մը տգեղ երեոյթ կը ստեղծուի ու դժուարութեան առջեւ կը գտնուինք: Մենք որպէս Հնչակեան կուսակցութիւն չենք ընդունիր այս իրողութիւնը ու մենք բացի քաղաքավարական յարգանքէ՝ ոչ մէկ կապ ունինք Անթիլիասի թեմին հետ։ Սակայն Հայաստանի անկախութենէն ետք, արցախեան պատերազմի բերումով անհրաժեշտութիւն մը ստեղծուեցաւ, որ միանան բոլորը, վերջ դնեն իրենց տարակարծութիւններուն, որպէսզի օգտակար ըլլան Հայաստանին եւ հայութեան: Հետեւաբար, ձիւնհալ մը սկսաւ. առաջնորդներ, կղերականներ, որոնք նոյնիսկ իրարու հետ չէին շփուեր, սկսան միասին գործել, սակայն կայ այդ տարբերութիւնը եւ դժբախտաբար հեռանկար ալ չկայ, թէ հարցը ձեւով մը դրական լուծում կրնայ ստանալ: Իմ կարծիքով՝ պիտի շարունակուի երկու թեմերու գոյութիւնը Միացեալ Նահանգներու մէջ՝ առնուազն յառաջիկայ քանի մը տասնամեակներուն:


- Դուք երկար տարիներէ ի վեր Ամերիկա կ՚ապրիք։ 2008-ին էր, որ Ամերիկան տնտեսական մեծ տագնապ մը ապրեցաւ։ Բազմաթիւներ այն կարծիքին էին, թէ «ամերիկեան կայսրութիւն»ը շուտով փուլ կու գայ, բայց օրերը ցոյց տուին, որ այդպէս չէ։ Ամերիկան այսօր նոր փուլի մէջ է։ Պիտի ուզէինք նաեւ այս առումով լսել ձեր տեսակէտը։

Եթէ պատմական անդրադարձ մը ընենք, պիտի տեսնենք, որ կայսրութիւնները մէկ օրուան ընթացքին չեն կազմուած եւ ոչ ալ մէկ օրուան ընթացքին կը փլուզուին։ Բայց 2008-2009 թուականներու տնտեսական տագնապէն ետք Միացեալ Նահանգներ իր նախկին դիրքերը սկսած է կորսնցնել, սկսած է անոր ետ քայլը։ Տանըլտ Թրամփի վարածը անորոշ քաղաքականութիւն է՝ նախկին դաշնակիցները անտեսելու, նոր յարաբերութիւններ ստեղծելու։ Այդ քաղաքականութիւնը կը մղէ, որ ՆԱԹՕ-ի անդամ եւ Եւրոպական Միութեան մաս կազմող երկիրները կորսնցնեն իրենց վստահութիւնը Ամերիկայի հանդէպ եւ իրենց ուղին բռնեն: Յետոյ, վերջին տարիներուն, շատ մը երկիրներ նաեւ սկսան խօսիլ տոլարը փոխարինելու մասին։ Ասոնք նշաններ են, հակառակ որ զինուորական առումով Միացեալ Նահանգները կը շարունակէ մնալ գերարդիական երկիր մը։ Թրամփի վարած տնտեսական քաղաքականութիւնը Գանատայի հետ վէճեր կը ստեղծէ, հարցեր կան նաեւ Մեքսիկայի հետ։ Տնտեագէտներ կը զգուշացնեն, որ Ամերիկան կրնայ տնտեսական բարդ դրութեան մէջ յայտնուիլ։ Ես ալ այդ կարծիքին եմ ու շատ հաւանական է, որ Միացեալ Նահանգները լուրջ վտանգներու առջեւ կրնայ կանգնիլ:


-Դուք նաեւ կուսակցական թերթի մը մէջ կը գրէք, կը ղեկավարէք զայն։ Այսօր հայ մամուլը լուրջ տագնապ մը կ՚ապրի այն իմաստով, որ ինչպէ՞ս կարելի կ՚ըլլայ կուսակցական ուղղուածութիւնը եւ արդի մամուլի օրէնքները կամ սկզբունքները համատեղել: Կա՞յ այդ խնդիրը ձեր մօտ, մանաւանդ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու պէս երկրի մը մէջ չենք տեսներ հայկական թերթ մը, որ ունի «Los Angeles Times»ի, «Financial Times»ի կամ «Herald Tribune»ի որակը։

Մամլոյ տագնապը միայն հայկական մամուլին չի վերաբերիր: Համացանցի տարածումէն եւ լրատուութիւնը համացանցի միջոցով ժողովուրդին աւելի արագ հասանելի դառնալէն ետք, բոլոր թերթերը տուժեցին: Օրինակ՝ դուք ըսիք «Los Angeles Times», որ նախքան կը հրատարակուէր 60-80 էջով, ներկայիս վերածուած է 8 էջի: Մեծ տագնապի առջեւ է նաեւ ամերիկեան մամուլը, քանի որ համացանցի միջոցով իրենց ապահոված գովազդներու եկամուտը բաւարար չէ պահելու համար տպագիր մամուլը: Իսկ հայկական մամուլը քանի մը մեծ դժուարութիւններու առջեւ է: Առաջինը՝ հայերէն գրողի նուազումն է, ընթերցողի նուազումը եւ ֆինանսական հարցը: Հայկական թերթերու մեծ մասը 2-3 հոգիով լոյս կը տեսնէ: Արեւմտեան ափին մէջ, ուր ժամանակին կային բազմաթիւ թերթեր՝ հայատառ եւ անգլիատառ, մեծ մասը արդէն դադրած է եւ մնացած են միայն կուսակցական օրկանները:

Մենք որպէս «Մասիս», վերջին տարիներուն սկսանք հրատարակել մեր համացանցային տարբերակը եւ եթէ տպագիր տարբերակը 4 հազար օրինակով կը տպէինք շաբաթը մէկ անգամ, ներկայիս մենք համացանցի վրայ 10 հազար ընթերցող ունինք: Մենք կը խորհինք, որ տպագիր մամուլը առաւելագոյնը 15-20 տարուայ կեանք մը ունի Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մէջ:

 

Սագօ Արեան

«Ժամանակ»/Պոլիս