image
Հրատապ լուրեր:

Սփիւռքահայ կեանքեր ինչպէս որ տեսայ

Սփիւռքահայ կեանքեր ինչպէս որ տեսայ

Հայաստանի Սփիւռքի նախարարութեան մէջ, տեղի ունեցաւ Արաբական ծոցի երկիրներու Աստուածաշնչեան ընկերութեան ընդհանուր քարտուղար, աստուածաբանութեան տոքթոր, գրող, հրապարակախօս Հրայր Ճէպէճեանի «Սփիւռքահայ կեանքեր՝ ինչպէս որ տեսայ» գիրքին շնորհանդէսը: 2018-ին լոյս տեսած այս գիրքը սփիւռքի մէջ արդէն ունեցած է շնորհանդէսներ եւ այս մէկը եղաւ գիրքին հայաստանեան ներկայացումը՝ ընթերցասէր հասարակութեան եւ սփիւռքի հետ առընչուող պաշտօնեաներուն:

Սփիւռքի նախարարի պաշտօնակատար Մխիթար Հայրապետեանի ողջոյնի խօսքը ներկաներուն փոխանցենց նախարարին օգնականը՝ Վաղարշակ Յակոբեան: Այդ խօսքին մէջ մասնաւորապէս ըսուած էր. «Հրայր Ճէպէճեան գործիչը սփիւռքի եւ Հայաստանի մէջ կը ներկայանայ որպէս հայրենասէր հայ, Հայ դատի եւ պահանջատիրութեան համար պայքարող, քրիստոնէական սկզբունքները որպէս ճշմարտութիւն դաւանող մարդ, լայնախոհ աստուածաբան, Աստուածաշունչի խոր գիտակ ու մարդասէր»:

«Խաչատուր Աբովեան» հայկական մանկավարժական համալսարանի դասախօս, սփիւռքագէտ Սուրէն Դանիէլեան ընդգծեց Ճէպէճեանի գիրքին հրապարակախօսական արժէքը եւ գիրքը նկատեց հինգ մայրցամաքներու մէջ ապրող հայ մարդոց մտորումներով եւ ապրումներով, մարդկային դիմանկարներով եւ կենսագրութիւններով հարուստ շտեմարան մը:

Շնորհանդէսին ելոյթ ունեցան նաեւ Երեւանի Պետական համալսարանի Պատմութեան բաժնի ղեկավար Էդիկ Մինասեան, որ Հրայր Ճէպէճեանի «Սփիւռքահայ կեանքեր՝ ինչպէս որ տեսայ» գիրքը նկատեց հայու մը գոյապայքարին աշխատութիւնը, ուր կը բիւրեղանան սփիւռքահայերուն հոգեկերտուածքը, ապրումներն ու միտքերը, կը նշմարուի նաեւ պատմական անցեալի պահանջատիրութեան գաղափարը:

Հայ Աւետարանչական ընկերակցութեան մամուլի եւ հրատարակչական բաժնի վարիչ Անդրանիկ Մարտոյեան գիրքը ներկայացուց անոր մէջ նկարագրուած քանի մը պատմութիւնները վերլուծելով:

Գիրքին մասին ելոյթներ ունեցան նաեւ Գիտութիւններու ազգային ակադեմիոյ «Մանուկ Աբեղեան» գրականութեան կաճառի տնօրէն Վարդան Դեւրիկեան, Մեսրոպ Մաշտոց Մատենադարանի տնօրէն Վահան Տէր-Ղեւոնդեան, Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան-կաճառի գիտաշխատող Միհրան Մինասեան, գիրքը համադրող խմբագիր, հեղինակի կողակիցը՝ Արտա Ճէպէճեան:

Խօսք առաւ նաեւ Հրայր Ճէպէճեան։ Շնորհանդէսը կազմակերպելուն համար շնորհակալութիւն յայտնելով Սփիւռքի նախարարութեան, գիրքին հեղինակը հաստատեց ներկաներուն խօսքերը՝ նշելով, որ փափաքած է իր երկրորդ գիրքով ներկայացնել հայը՝ իր առօրեայ կեանքին ու գոյապայքարին մէջ: «Ըլլալով բազմաթիւ երկիրներու մէջ՝ ես տեսայ, թէ մեր սփիւռքը որքան բազմերանգ է: Հայ ենք, բայց տարբերութիւններ կան: Սփիւռքի մէջ այսօր հայապահպանումի պատերազմ կայ: Իւրաքանչիւր հայ համայնք «ճակատամարտ»ի մը մէջ է: Պիտի շարունակենք պատերազմն ու պիտի յաղթենք», նշեց հեղինակը:

Շնորհանդէսը իր օրհնութեան խօսքով ամփոփեց Հայաստանի Աստուածաշնչեան ընկերութեան գլխաւոր քարտուղար Տ. Եզնիկ Արք. Պետրոսեան:

Այս գիրքը հեղինակին երկրորդ գիրքն է, որ կազմած է գործին բերումով ունեցած իր ճամբորդութիւններուն ընթացքին՝ աշխարհասփիւռ հայերուն հետ հանդիպումները, հայկական վայրերու, միութիւններու մէջ ապրած խոհերն ու տպաւորութիւնները ամփոփելով յօդուածներու մէջ:

Շնորհանդէսէն ետք Հրայր Ճէպէճեան պատասխանեց ԺԱՄԱՆԱԿ-ի հարցումներուն՝ նշելով, որ Պոլիսը իրեն համար իւրայատուկ հայկական վայր մըն է, որ միշտ տեղ կը գտնէ իր գրութիւններուն մէջ:

 

-Պարոն Ճէպէպճեան, հայկական սփիւռքը կրցա՞ծ էք ճանչնալ Ձեր բազում ճամբորդութիւններուն ընթացքին:

-Երբ երկիր մը ճամբորդեմ, միշտ աշխատանք կը տանիմ մեր հայկական իրականութիւնները տեսնելու: Դժբախտաբար ըսեմ, թէ՝ բարեբախտաբար, ամէն տեղ հայ կայ. երբ կ՚ուզեմ իրականութիւնը տեսնել, գաղութին առաջնորդ դասէն, կուսակցական ղեկավարներէն, դպրոցներու պատասխանատուներէն զատ միեւնոյն ժամանակ կ՚ուզեմ տեսնել հայեր՝ իրենց առօրեայ կեանքին մէջ: Կ՚ուզեմ տեսնել, թէ հայը, իր ապրած երկրին մէջ ինչպէ՛ս կը կատարէ իր գոյապայքարի փնտռտուքները կամ մարտահրաւէրները: Եւ այդ բոլորը տեսնելէ, զգալէ, խորհելէ ետք թուղթին կը փոխանցեմ: Տեղեկագրութիւն չէ իմ գրածս, ըսենք՝ այսինչ գաղութին մէջ քանի՞ հայ կայ, ի՞նչ կառոյցներ կը գործեն. կ՚ուզեմ մարդոց զգացումները, ապրումները, հոգեվիճակը փոխանցել, խորհիլ, թէ ի՞նչ կը նշանակէ հայ ըլլալ: Իմ տպաւորութիւններս եւ մտածումներս կարեւոր բաժին կը բերեն յօդուածներուս մէջ: Ըսեմ նաեւ, որ ամէն տեսածս վարդագոյն չէ: Պէտք է անկեղծ ըլլանք եւ ինչպէս ժողովրդական առածը կ՚ըսէ՝ մեր մատին ետեւը պէտք չէ պահուըտինք: Բայց այդ դժուար վիճակներուն մէջէն կ՚ուզեմ տեսնել, թէ ո՛րն է այն ուժը, որ հայուն կ՚ուղեկցի: Տեսած եմ, թէ հայը իր կեանքին մէջ որքան կը պայքարի հայապահպանութեան համար, ես այդ մէկը կը բնորոշեմ իբրեւ մեծ պատերազմ: Պատերազմը միայն զէնքով չէ, պատերազմը տարբեր բովանդակութիւններ կ՚ունենայ եւ մենք, սփիւռքի մէջ, հայապահպանութեան այդ պատերազմին մէջ ենք: Եւ կրնամ ըսել՝ գաղութներու մէջ շատ զոհեր կու տանք:

 

-Աւելի շատ ո՞ւր են այդ կորուստները:

-Աւելի շատ ամերիկեան մայրցամաքամասին մէջ, Եւրոպա եւ այլն: Միջին Արեւելքն ալ այն Միջին Արեւելքը չէ, ինչ որ մենք ունէինք: Ամէն տեղ զոհ կայ, պարզապէս կարգ մը տեղեր շատ աւելի զոհ կայ, քան միւս տեղերը: Բայց եւ այնպէս, կը տեսնեմ, թէ ինչպէ՛ս պայքարը կը շարունակուի եւ շատ զօրաւոր է այդ պայքարը: Տարբերութիւններ կան, սփիւռքի բոլոր գաղութները միեւնոյնը չեն ու մեզ կը միացնէ մեր ինքնութիւնը:

Բացի այդ, ուրիշ երեւոյթ մըն ալ սկսած եմ տեսնել, մանաւանդ վերջին շրջանին. այդ մէկը հայ երիտասարդութեան մօտ քաղաքական ինքնութեան հասկացողութիւնն է: Քաղաքական ինքնութիւն ըսելով պիտի հասկնանք իր ազգային ինքնութիւնը, իր պատկանելիութիւնը, այն տեղը, որու մասին ինք կը խորհի, թէ պէտք է պատկանի: Եւ սկսած եմ տեսնել, թէ ինչպէս այդ պատկանելիութեան գիտակցութիւնը երիտասադներուն քով սկսած է արթննալ եւ մէջտեղ գալ: Այդ իմաստով շատ կարեւոր դեր կը խաղայ Հայաստանը: Երբ սփիւռքահայերը, ի մասնաւորի երիտասարդները, կու գան Հայաստան, իրենց փնտռածը կը գտնեն եւ Հայաստանը շատ մը ձեւերով այդ քաղաքական ինքնութեան հասկացողութիւնը կ՚արթնցնէ: Ան, որ չէր մտածած կամ չէր անդրադարձած անոր եւ միայն գիտէր, թէ Հայաստան մը կայ, երբ անգամ մը երթայ, վերադարձին այդ գիտակցութիւնը կը սկսի շատ զօրաւոր կերպով արթննալ: Կան մարդիկ, որ կ՚ուզեն բնակիլ, ուրիշներ ալ կը վերադառնան, բայց երբ վերադառնան, կը սկսին իրենց հայեացքները փոխել: Ասիկա կը պատահի նաեւ միակողմանի հայերուն մօտ: Հայաստանը այսօր նպաստաւոր վայր մըն է, իբր այդ ալ, մանաւանդ՝ թաւշեայ յեղափոխութենէն ետք, որ սիրոյ, ժողովրդավարութեան սկզբունքներ բերած է:

Այսօր շատ կը խօսուի հայրենադարձութեան մասին, ես Սփիւռքի նախարարին հետ այս հարցին շուրջ քննարկումներու ընթացքին ալ ըսի, որ հայրենադարձութեան ձեւերը նոյնպէս փոխուած են այսօր, այլեւս առաջուան այդ աւանդական հայրենադարձութիւնը չկայ, երբ հազարներով մարդիկ բերած են: Այսօր կան մարդիկ, որ կու գան, տուն կը գնեն Հայաստանի մէջ, եթէ նոյնիսկ չեն բնակիր, կը պահեն տունը, կ՚երթան-կու գան: Մարդիկ ալ կան կու գան՝ տարուան մէկ մասը հոս կ՚անցընեն, մէկ մասը՝ ուրիշ երկրի մը մէջ: Երբեմն գործով կու գան, որոշ շրջան մը կը բնակին, ետ կ՚երթան… Ասիկա այլեւս աշխարհի կենցաղը դարձած է, ոչ միայն հայութեան համար, այլեւ՝ շատ մը ազգերու, երկիրներու. կան բազմաթիւներ, որոնք տարուան մէկ մասը տեղ մը կը բնակին, միւս մասը՝ ուրիշ տեղ մը: Այս վիճակը նաեւ հայութեան բնորոշ դարձաւ: Ես ալ, իմ աշխատանքիս բնոյթով մէյ մը Կիպրոս եմ, մէյ մը՝ Պէյրութ, Հայաստան յաճախ կու գամ, այլ երկիրներ կ՚երթամ… Երբ մէկը Հայաստան կու գայ, ոտքը գետնին կը դնէ, երկիրը իրական կը դառնայ: Նոյնը բանը եղած է ինծի համար, երբ մանաւանդ Սովետական Միութեան փլուզումէն ետք մենք Աստուածաշնչեան ընկերակցութիւնը հիմնեցինք Հայաստանի մէջ եւ այդ պատճառով ալ յաճախ կ՚երթայի-կու գայի:

 

-Գիրքին մէջ նաեւ Ձեր աստուածաբանական յօդուածները տեղ գտած են, ի՞նչ խոհեր ունիք այդ յօդուածներուն մէջ:

-Այդ յօդուածները կը փորձեմ կամրջել իրական վիճակներու, մեր ապրած կեանքերու, նաեւ՝ նախանշելով հայկական իրականութիւնները:

Աստուածաբանութիւնը չես կրնար մարդու մը եւ հաւաքականութեան մը ընկերային, անհատական, ազգային, մշակութային կեանքէն տարանջատել: Անպայմանօրէն կապուած է, բան մը ունի ըսելիք: Օրինակ մը բերեմ՝ Նիկոլ Փաշինեան երբ վերջերս Լիբանան այցելեց, լիբանանահայ համայնքին հետ հանդիպման ընթացքին ես ալ ներկայ էի, ըսաւ, որ Հայաստանը հիմա սիրոյ, համերաշխութեան եւ ժողովրդավար Հայաստանն է: Ասիկա շատ զգացական էր ինծի համար, ուրախալի երեւոյթ մըն էր լսել, որովհետեւ մեր քրիստոնէական աստուածաբանութեան հիմքերն էր անոր բաժնածը: Շատ լաւ բան էր քաղաքական ղեկավարէ մը լսել, թէ ի՛նչ են իր ազգային, գաղափարախօսական հիմքերը՝ երկիրը վերակազմակերպելու առընչութեամբ: Այնպէս որ աստուածաբանական նիւթերս ալ փորձած եմ կամրջել մեր ազգային նիւթերուն հետ:

Իմ նիւթերուս մէջ արծարծած եմ նաեւ հպարտութեան հասկացողութիւնը, փորձելով ցոյց տալ, թէ հպարտութիւնը գերակայութեան համար չէ, ինքզինքդ տեսնելու եւ դիմացինդ վարկաբեկելու համար չէ: Հպարտութիւնը անոր համար է, որ դուն քու ինքնութեամբ, լեզուով, մշակոյթով, ամէն ինչով հպարտ զգաս: Ասիկա նաեւ քրիստոնէական աստուածաբանութեան հիմքերէն մէկն է: Եթէ դուն քու անձիդ մէջ սէր չունենաս, դիմացինդ չես կրնար սիրել: Մենք մեր ինքնութիւնը պիտի սիրենք, որպէսզի կրնանք դիմացինը լաւ հասկնալ: Երբ դուն քու անձդ լաւ կը ճանչնաս, կրնաս դիմացինդ լաւ հասկնալ: Դիմացինդ, այսինքն՝ ոչ-հայը:

 

-Ասիկա ձեր երկրորդ գիրքն է, ուրիշ գիրք մըն ալ կը պատրաստէ՞ք:

-Յուսամ երրորդն ալ կը հրատարակուի, որովհետեւ բաւական յօդուածներ կան արդէն գիրքին լոյս ընծայումէն ետք: Արդէն լոյս տեսած այս գիրքս կ՚ընդգրկէ 2011 թուականէն մինչեւ 2017 թուականը գրուած յօդուածներս, իսկ յաջորդը կը կազմուի ատկէ ետք գրուած յօդուածներով:

 

-Ինչպէ՞ս կը նկարագրէք հայութեան վիճակը Կիպրոսի մէջ, ուր այժմ կը բնակիք:

-Պզտիկ գաղութ մը ունինք, բայց բաւական մեծ համեմատութեամբ, հայախօս գաղութ մըն է: Այն գաղութները, որ համայնքային դրութիւն ունին, կարծես համայնքային այդ դրութիւնը եղած է պարիսպի պէս բան մը, որ պահած է հայութիւնը, ինչպէս Լիբանանը, ուր նոյնպէս քաղաքական դրութիւնը համայնքային է: Հակառակ որ համայնքային դրութիւնը շատ անպատեհութիւններ ունի, բայց առաւելութիւններ ալ ունի:

Կիպրոսի մէջ Մելգոնեան կրթական հաստատութիւնը դժբախտաբար գոցուեցաւ, բայց միեւնոյն ժամանակ մինչեւ միջնակարգ դպրոց մը ունինք այնտեղ: Հազիւ երեք հազար հոգինոց գաղութ մը կը հաշուէ, հայկական դպրոցին հետ նաեւ հայկական եկեղեցին կը գործէ. բարեկեցիկ, հայախօս գաղութ մըն է, անշուշտ, խառն ամուսնութիւններ տեղի կ՚ունենան, ինչպէս ամէն տեղ, բայց գործունէութիւններ կան՝ պարախումբեր եւ այլն, եւ թիւին համեմատ որակ մը կայ: Կիպրոսը հանգիստ, խաղաղ երկիր մըն է, ուր ապրող հայերը արտագաղթելու միտք չունին:

 

Անուշ Թրուանց

«Ժամանակ/Պոլիս