image

Հայաստանը կը տեսնենք աշխարհաքաղաքական մեծ ճանապարհներու խաչմերուկներու վրայ. Սեւակ Արծրունի

Հայաստանը կը տեսնենք աշխարհաքաղաքական մեծ ճանապարհներու խաչմերուկներու վրայ. Սեւակ Արծրունի

Հարցազրոյց գործարար, «Կառուցէ Հայաստան» նախաձեռնութեան համահիմնադիր՝ Սեւակ Արծրունիի հետ

 

-Պարոն Արծրունի, յայտնի է, որ «Կառուցէ Հայաստան»-ը իր ծրագիրները պիտի հրապարակէ 2019-ի սկիզբը, եւ արդէն յայտարարուած է, որ այն ունի աշխարհաքաղաքական եւ մաքրօտնտեսական հեռանկարներ: Կրնա՞ք այդ մասին աւելի մանրամասն պատմել:

Բոլորին պարզ է, որ Հայաստանը այսօր լիարժէք չի կայանար՝ նախեւառաջ իր մեկուսացուածութեան պատճառով: Իսկ Հայաստանի Հանրապետութեան մեկուսացման պատճառներն են.

  1. Թուրք-ատրպէյճանական շրջափակումը՝ ռազմական, քաղաքական, տնտեսական եւ աշխարհագրական առումներով:
  2. Հայաստանեան օդակայաններու եւ հայկական օդային գիծերու թերզարգացումը:
  3. Հիւսիս-հարաւ մայրուղին աւարտին հասցնելու դանդաղկոտութիւնը:
  4. Չինաստան-Ռուսիա-Պարսից Ծոց «Մէկ գօտի մէկ ճանապարհ» (OBOR) նախաձեռնութեան միջազգային ուղղութեան առումով հայկական հատուածի անորոշութիւնը եւ հայկական կողմի անհետեւողականութիւնը:

-Այս իրավիճակէն դուրս գալու համար, հայկական կողմը ի՞նչ տարբերակներ ունի: «ԿառուցէՀայաստան»-ը ունի՞ տեսութիւն:

-Այս իրավիճակէն դուրս գալու համար, Հայաստանը ունի առաւելութիւններ:

Հայաստանի Հանրապետութեան գլխաւոր լծակը՝ Հայաստան-Վրաստան առանցքի միջոցով ռուս-պարսկական հաղորդակցութեան ճանապարհները թրքական վերահսկողութենէն ազատելու միակ ճանապարհն է: Եւ այդ կրնայ տեղի ունենալ հայ-ռուս-վրացական արեւելեան-քրիստոնէական առանցքի ձեւաւորումով:

 -Ռուսիոյ շահերուն կը համապատասխանէ՞  այս մօտեցումը:

-Այո՛, Ռուսիան Հայաստանի միջոցով, իր իսկ շահերէն ելլելով, Եւրասիական ցամաքամասի մէջ կրնայ ձեւաւորել ռուս-հայ-վրացական արեւելեան- քրիստոնէական անշրջանցելի տնտեսական-ռազմական-հաղորդակցական գօտի, որ կ'ըլլայ չին-եւրասիա-Պարսից Ծոց ցամաքային հաղորդակցական միջոցներու վերահսկելիութեան միակ միջոցը:

Ռուսիան եւ անոր ժողովուրդի տնտեսական շահերը բոլոր ժամանակներուն ալ կախուած են դէպի արեւելք ազդեցութեան գօտիներու կառուցումէն, սա, կը կարծեմ, ապացուցելու կարիք չկայ: Վկայ՝ անոր ռազմական ներկայութիւնը մեր երկրի մէջ:

-Այսինքն, ըստ ձեզի, այստեղ հայկական եւ ռուսական շահերը կը համընկնի՞ն:

Թողնենք ռուսերը՝ հասկնալ իրենց շահերը, մենք կեդրոնանանք մեր շահերուն վրայ: Հարցին պատասխանեմ հարցով՝ կա՞յ արդեօք հայ-չին-ռուսականի այլընտրանքը.

Ի՞նչ կը ներկայացնէ ՆԱԹՕ-ի հիմքը կազմող եւ արեւմտեան քաղաքական ուղղութիւնը սահմանող ատլանտականութիւնը: Սա Միացեալ Նահանգներու, բրիտանացիներու ու անոնց անգլո-սաքսոնական դաշնակիցներու կողմէ երկրագունդի հաղորդակցութեան միջոցներու ու համաշխարհային տնտեսութիւնը ծովային ճանապարհներու միջոցով վերահսկելու քաղաքական ուղեգիծն է:

Հայաստանը հազարամեակներէ ի վեր կը գտնուի ցամաքային ճանապարհներու խաչմերուկի վրայ, Եւրոպայի եւ Ասիոյ կեդրոնը: Այսինքն Հայաստանը Արեւմուտքը Արեւելքին կը կապէ Սեւ Ծովի աւազանով եւ Իրանով:

Ահա թե ինչու, ատլանտականութեան անգլո-սաքսոնական ուղղութիւնը ի բնէ հակահայկական է եւ միտուած է ռուսական ազդեցութիւնը բացառելուն եւ ցամաքային ճանապարհի կայացումը չարտօնելուն: Անոր փոխարէն այդ ուղղութիւնը միտուած է աշխարհին  պարտադրելու անգլո-սաքսոնական ծովային բացարձակ առաւելութիւնը:

Այս իսկ տրամաբանութեամբ, մեր երկրի կայացման հեռանկարներուն կը սպառնան երկու գլխաւոր վտանգներ, անոնք են՝  Հայաստանի մէջ ձեւաւորուող ատլանտականութեան հակառուսական անհեռանկար ու անտեղի նկրտումները եւ  ռազմավարական ծրագիրները չարաշահելու՝ ոմանց անկուշտ մոլուցքը:

-Իսկ Եւրոպա՞ն:

Իմ կարծիքով, եւրո-ատլանտականութեան այլընտրանքը՝ գերմանա-ֆրանսական ուղղութիւնը հեռանկարային չէ: Ամէն պարագայի, այստեղ եւս Հայաստանը կրնայ ձեւաւորել Եւրոպական մետաքսի ճանապարհի ճիւղաւորումը դէպի արեւմտեան Եւրոպա՝ Յունաստան-Վրաստան-Հայաստան-Իրան խաչաձեւուող ճանապարհով:

-Ռուսատեացութեան հոսանքը Հայաստանի մէջ հակուած է մտածելու, որ Ռուսիոյ հարկաւոր է թոյլ եւ ստրկացուած Հայաստան, եւ որ մեր երկրի միակ կոչումն է՝ ըլլալ ռուսական ռազմական ֆորթփոսթ: Այդպէ՞ս է արդեօք:

Մեր 23 տարուան յապաղումներն ու ձախողութիւնները համարել ռուսական քաղաքականութեան հետեւանք, արդիւնք է վատագոյն պարագային կեղծաւորութեան, իսկ լաւագոյն պարագային՝ չիմացութեան:

Օրինակ՝ Լեռնային Ղարաբաղի հարցի մէջ Ռուսիան կողմնակից է հաստատուած սահմանին, իսկ մենք այդ իրավիճակին մէջ կրնայինք օգտուիլ վերաբնակեցնելով ազատագրուած տարածքները եւ Արաքսի արցախեան հարաւային հովիտը վերածելու տնտեսական հաղորդակցական հզօր գօտիի: Կրնայինք վերակառուցել հայ-վրացական փոխվստահութիւն եւ այդ ճանապարհով Հայաստանը մերձեցնել Սեւծովեան աւազանին: Հնարաւոր էր նաեւ վաղուց աւարտել հիւսիս-հարաւ մայրուղին ու կայացնել հայկական տնտեսութիւնը՝ զարկ տալով եւրասիական երկիրներու արտադրութիւններուն, հայ-չինական տնտեսական յարաբերութիւններուն, փոքրասիական եւ եւրասիական զբօսաշրջային ճանապարհներուն եւ հայրենադարձութեան աշխուժացման:  Այս ուղղութիւններէն ո՞ր մէկը ռուսական շահերը կը հակասէ. ո՛չ մէկը:

Ըլլալով քիչ մը իրատես ու տրամաբանող, կրնանք իսկոյն բացայայտել, որ հայկական արտաքին երկչոտ եւ թուլամորթ քաղաքականութիւնը եւ տնտեսական ինքնակործան գործելաոճը, վնասած են նաեւ տարածաշրջանի մէջ ռուսական ծրագիրները եւ ռուս, հայ ու վրացի ժողովուրդներու շահերուն:

-«Կառուցէ Հայաստան»-ը, փաստօրէն, Հայաստանը կը տեսնէ աշխարհաքաղաքական մեծ ծրագիրներու խաչմերուկներուն վրայ: Բայց այսօր անոր նպաստող իրավիճակ կա՞յաշխարհի մէջ: Մեր ցանկութիւնը թերեւս իրականութիւն չէ:

Անշուշտ, կայ:

Կը հրաւիրեմ մէկ կողմ դնել ռուսասիրութիւնը եւ ռուսատեացութիւնը, փոխարէնը խոկալ Չինաստան-Եւրասիա-Իրան ցամաքային ճանապարհներու հեռանկարի վրայ Չինաստան-Ռուսիա-Վրաստան-Հայաստան-Իրան-Պարսից Ծոց առանցքի շուրջ, եւ հայ-ռուսական, նոյնիսկ հայ-վրացական եւ հայ-իրանեան յարաբերութիւններուն նայիլ այդ քոնթեքսթի մէջ:

«Կառուցէ Հայաստան»-ը ոչ թէ ցանկութիւններու ոլորտի մէջ կը ձեւաւորուի, այլ՝ ժամանակի փոփոխուող պահանջներու:

Հայաստանը իր դիրքով եւ նաեւ՝ որպէս արեւելեան քրիստոնէութեան ամրոց, այսօր կրկին յայտնուած է աշխարհաքաղաքական հզօր խաչմերուկի վրայ: Հարկաւոր է ընդամէնը այս ծրագիրի շուրջ կեդրոնացնել ոչ միայն Հայաստանի, այլեւ համայն հայութեան ներուժը:  Ճիշդ այդ ալ պիտի փորձէ իրականացնել «Կառուցէ Հայաստան»-ը:  

Եւրասիական աշխարհաքաղաքական դաշտի ձեւաւորումը նոր, կարեւոր իրավիճակ է, սակայն անոնցմէ ա՛լ աւելի մեծ է Չինաստանի գործօնը ամբողջ աշխարհի մէջ:

Չինաստանի հզօրացումը կրնա՞յ ազդել Հայաստանի վրայ: Ի՞նչ առումով:

Ոչ միայն Հայաստանը, այլեւ ամբողջ Եւրասիան պիտի վերակազմակերպուի Չինաստանի համաշխարհային գերակայութեան տեսլականի համաձայն:

 Նկատի ունենանք, որ Չինաստանը ինքզինք կը համարէ Եւրասիոյ կարեւոր մաս, իսկ չինական Նոր մետաքսի ճանապարհը կը յաւակնի Եւրասիան դարձնել կամուրջ՝ Խաղաղ,  Հիւսիսային սառուցեալ, Ատլանտեան եւ Հնդկական ովկիանոսներու միջեւ:

2020-ական թուականներէն սկսած, ԱՄՆ-ի զուգահեռ չինական գերակայ ազդեցութիւնը աշխարհաքաղաքական, տնտեսական եւ ֆինանսական նոր իրողութիւն կը ստեղծէ ամբողջ աշխարհի մէջ: Մենք պարտաւոր ենք պատրաստ ըլլալ այս նոր իրավիճակին:

Չինաստանը վերջ պիտի չտայ համաշխարհայնացման, սակայն նոր իրավիճակի մէջ մարդկութիւննը կը յայտնուի տարբեր աշխարհի մէջ, աւելի խաղաղ եւ աւելի հանդուրժողական աշխարհակարգի մէջ: Չինաստանի կողմէ ստեղծուելիք ազդեցութեան գօտիներու վրայ աշխարհը պիտի ըլլայ բազմակեդրոն, ազգերու եւ ժողովուրդներու ինքնութիւնը պիտի ապահովուի նորարարութեան եւ թեխնոլոկիաներու զարգացման ճանապարհներով: 2013 թուականին, Չինաստանի նախագահ Սի Ցզինպինը յայտարարած է Նոր Մետաքսի Ճանապարհի ստեղծման հսկայածաւալ նախագիծի մասին:  Այս ծրագիրի հետեւանքները արդէն նկատելի են:

Հայաստանի համար կարեւորը այստեղ այն է, որ Չինական «Մէկ Ճանապարհ, Մէկ Գօտի» նախաձեռնութիւնը պատրաստ չէ մեր տարածաշրջանը մեկուսացնել ի օգուտ ծովային հաղորդակցութիւնններու:

Այս իրավիճակի մէջ Հայաստանը կրնայ վերայայտնուիլ երկու միջազգային ցանցերու կենդրոնը, առաջինը՝ ցամաքային՝ ճանապարհային, երկաթգիծի եւ մետաքսի եւ երկրորդը՝ թուային եւ ժամանակակից թեխնոլոկիաներու ճանապարհներուն, Հայաստանը դարձնելով տեղեկատուական եւ բարձր  թեխնոլոկիաներու կարեւոր կեդրոն:

Ահա այս բոլոր իրողութիւններու եւ զարգացումներու տեսլականի համաձայն կը պատրաստուի «Կառուցէ Հայաստան»-ի ծրագիրը, եւ մենք այս ամէնը կը գտնենք ոչ միայն հնարաւոր եւ իրատեսական այլ հեշտ իրագործելի, եթէ միայն բացառուին հին ու տարրական սխալները, որոնք են՝ միջոցներու չարաշահումները եւ աշխարհաքաղաքական եւ արժեհամակարգային, մեղմ ըսած, կոյր ու անհեռատես արկածախնդրութիւնները: