image

Դաւիթ Տօնոյեան. Սուրիոյ մէջ մարտական խնդիրներ պիտի չկատարենք

Դաւիթ Տօնոյեան. Սուրիոյ մէջ մարտական խնդիրներ պիտի չկատարենք

ՀՀ պաշտպանութեան նախարար Դաւիթ Տոնոյեանի հարցազրոյցը Մետիամաքսին:


- Պարոն Տոնոյեան, վարչապետը տեղեկացուց, որ Սուրիա պիտի մեկնին հայ զինուորական բժիշկներ եւ սակրաւորներ՝ ոչ թէ խաղաղապահներ։ Այնուհանդերձ, կարելի՞ է ըսել, որ Հայաստանը Սուրիա պիտի գործուղէ ոչ մարտական զօրախումբ, թէ՞ այն ձեւակերպումը ճիշդ չէ։ 

- Հաշուի առնելով այն հանգամանքը, որ այս հարցը վերջին օրերու ընթացքին շատ կ'արծարծուի, կը ցանկանամ միանշանակ յայտարարել, որ մենք կը ծրագրենք Սուրիոյ Արաբական Հանրապետութիւն գործուղել Պաշտպանութեան նախարարութեան մասնագէտներու խումբ՝ կազմուած բժիշկներէ, մարդասիրական ականազերծման մասնագէտներէն եւ անոնց անվտանգութիւնը ապահովող անձնակազմէն։ 

Բնականաբար, պաշտպանութեան նախարարութեան մասնագէտները հիմնականին զինուորականներ են, սակայն այդ ոչ մէկ կերպ կարելի չէ ներկայացնել որպէս մարտական զօրախումբ, քանի որ հայ մասնագէտներու խումբը Սուրիոյ մէջ մարտական խնդիրներ պիտի չկատարէ, այլ պիտի զբաղի բացառապէս մարդասիրական խնդիրներով: Հետեւաբար, այն պիտի ունենայ ոչ թէ զօրախումբի, այլ մասնագէտներու խումբի կարգավիճակ:


- Արդէն կարծիքներ կը հնչեն այն մասին, թէ քանի որ ՀՀ Սահմանադրութիւնը չի նախատեսեր ՀՀ զինուած ուժերը ՀՀ տարածքէն դուրս օգտագործելու ընթացակարգ, Սուրիա գործուղելու որոշումը կ'ըլլայ հակասահմանադրական: Ի՞նչ կ'ըսէք այս առընչութեամբ:

- Մեր անմիջական ազգային շահերէն բխող տուեալ նախաձեռնութիւնը  իրաւաբանական բանավէճերու չվերածելու նպատակով ուղղակի շեշտեմ, որ այս պարագային ՀՀ տարածքէն դուրս ՀՀ զինուած ուժերու կիրառման մասին խօսք չի կրնար ըլլալ, քանի որ ինչպէս արդէն նշեցի՝ հայ մասնագէտները Սուրիոյ մէջ պիտի կատարեն բացառապէս մարդասիրական խնդիրներ մարտական գործողութիւններէն դուրս տարածքներու մէջ, մասնաւորապէս՝ Հալէպ քաղաքի մէջ: 

 Եթէ ուշադրութիւն դարձնէք՝ նոյնիսկ ականազերծողներու պարագային խօսքը ոչ թէ զինուորական սակրաւորներու, այլ մարդասիրական ականազերծման մասին, իսկ անոնք մասնագիտական առումով լրիւ տարբեր բաներ են: Կը կարծեմ՝ թիւրիմացութեան պատճառը ոչ թէ գործուղման խնդիրի եւ գործուղուողներու կարգավիճակի, այլ զուտ անոնց՝ զինուորական ըլլալու հանգամանքի վրայ:  


- Ի՞նչ պիտի ըլլայ գործուղման իրաւական հիմքը՝ կա՞յ պաշտօնական հրաւէր Սուրիոյ իշխանութիւններու կողմէ։

- Գործընթացի իրաւական հիմքը ՀՀ Սահմանադրութիւնն է, ՄԱԿ-ի եւ անոր մարմիններու կողմէ Մերձաւոր Արեւելքին վերաբերող բազմաթիւ բանաձեւերը ու գործողութիւններու ծրագիրները, ինչպէս նաեւ ՀՀ եւ Սուրիոյ միջեւ գոյութիւն ունեցող փոխգործակցութեան իրաւապայմանագրային պարտաւորութիւնները։ Սուրիոյ Արաբական Հանրապետութեան լիազօրուած գերատեսչութիւնը մեզի ներկայացուցած է համապատասխան խնդրանք, որուն մենք արձագանգած ենք։


- Քանի՞ մասնագէտ պիտի գործուղէ Հայաստանը, երբ անոնք պիտի մեկնին եւ որքան ժամկէտով:

- Մենք կը ծրագրենք Սուրիա գործուղել մօտաւորապէս 100 մասնագէտ՝ այս տարուան ընթացքին: Ինչ կը վերաբերի գործուղման ժամկէտին, ապա այդ ընթացքին կ'որոշուի եւ յստակ ժամկէտ սահմանուած չէ: 


- Ո՞ւր պիտի ըլլայ անոնց տեղակայման վայրը կամ վայրերը։

- Մեր առաջնային նպատակը մարդասիրական խիստ ճգնաժամի մէջ յայտնուած Հալէպի հայ համայնքին օժանդակելն է: Հետեւաբար, հայ մասնագէտները պիտի տեղակայուին Հալէպ քաղաքի մէջ եւ պիտի օժանդակեն Սուրիոյ բնակչութեան: 


 - Ո՞վ եւ ինչպէս պիտի ապահովէ հայ բժիշկներու եւ ականազերծողներու անվտանգութիւնը Սուրիոյ մէջ։ 

- Մեր բժիշկներու եւ մարդասիրական ականազերծողներու անմիջական ֆիզիքական անվտանգութիւնը պիտի ապահովուի յատուկ այդ նպատակով անոնց հետ մեկնող անվտանգութեան ապահովման մասնագէտներու կողմէ։  


- Ինչպէս պիտի կարգաւորուի մեր զինուորականներու յարաբերութիւնները Ռուսիոյ եւ Սուրիոյ Զինուած ուժերու հետ։ Օրինակ, ո՞վ հրաման պիտի արձակէ այս կամ այն վայրի մէջ ականազերծում կատարելու վերաբերեալ։ 

- Մեր մասնագէտներու խումբը Սուրիոյ մէջ պիտի գործէ ՀՀ պաշտպանութեան նախարարութեան հրամանատարութեան ներքոյ: Բնականաբար, խումբը իր գործունէութիւնը պիտի համակարգէ եւ ռուսական կողմի, եւ տեղի իշխանութիւններու հետ: Մարդասիրական գործողութիւններու ընդհանուր համակարգումը իրականացնելու, ստացուող տեղեկութիւնները, քաղաքացիական բնակիչներու կանչերը հաւաքելու եւ վերլուծելու, ինչպէս նաեւ անոնց արձագանգելու նպատակով Հալէպի մէջ կը գործէ այդ նպատակով ստեղծուած կեդրոն, ուր պիտի ըլլան նաեւ մեր ներկայացուցիչները եւ հայ մասնագիտական խումբերուն պիտի իջեցնեն այս կամ այն «պատուէրը»: Ինչ կը վերաբերի ՌԴ եւ Սուրիոյ զինուած ուժերուն եւ անոնց ռազմական գործողութիւններուն, ապա արդէն նշեցի, որ մարտական խնդիրներ մեր մասնագէտները պիտի չկատարեն: 

Մեր մասնագէտներու՝ Սուրիա տեղափոխման եւ այդ տեղ անոնց ապահովման հարցերու մէջ օժանդակութիւն ցուցաբերելու պատրաստակամութիւն յայտնած են մեր ռուս գործընկերները, որ օրերս կ'ամրագրուի համապատասխան Արձանագրութեամբ: Օգտուելով առիթէն՝ կը ցանկանամ շնորհակալութիւնս յայտնել անոնց:


- Հաշուի առնելով այն փաստը, որ մեր խաղաղապահները արդէն քանի մը տարի կը ծառայեն Լիբանանի մէջ՝ ՄԱԿ-ի UNIFIL առաքելութեան ներքոյ, կրնայ ըլլալ այս աւելի դիւրին դարձնել մեր զինուորականներու աշխատանքը Սիրիոյ մէջ։

- Լիբանանի մէջ մեր զօրախումբը կը մասնակցի խաղաղապահ առաքելութեան, որ փաստացի ռազմական բնոյթի գործողութիւններ կը պարունակէ: Ուստի Սուրիոյ մարդասիրական առաքելութեան հետ համեմատական կատարելը կը համարեմ սխալ։ 


- Արեւմուտքը ոչ միանշանակ վերաբերմունք ունի Սուրիոյ մէջ Ռուսիոյ գործողութիւններու նկատմամբ։ Մտավախութիւն չունի՞ք, որ մեր զինուորականներու գործուղումը Սուրիա կրնայ որոշակի խնդիրներ առաջացնել Հայաստանի եւ արեւմտեան գործընկերներու յարաբերութիւններու մէջ։

-Մենք մեր մտադրութիւնները քննարկած ենք մեր գրեթէ բոլոր գործընկերներու հետ: Մենք չենք մեկնիր Սուրիա որեւէ կողմի հետ ռազմական գործողութիւններու մասնակցելու: Ի վերջոյ՝ մեր առաքելութիւնը մարդասիրական է, իսկ մեր ազգային շահը՝ Հալէպի հայ համայնքի պահպանումն ու Սուրիոյ ժողովուրդի՝ բնականոն խաղաղ կեանքին վերադարձը: Կը կարծեմ՝ այս հարցի մէջ մեր գործընկերներու մօտ կայ լիարժէք ըմբռնում: 

 

 

Հարցազրոյցը ՝  «Մէտիամաքս»էն