image
Հրատապ լուրեր:

Հայրենի իշխանութիւնները պարտաւոր են ականջալուր ըլլալ մեր ժողովուրդի պահանջներուն.Երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի

Հայրենի իշխանութիւնները պարտաւոր են  ականջալուր ըլլալ մեր ժողովուրդի  պահանջներուն.Երեսփոխան  Յակոբ  Բագրատունի

Լիբանանահայ  երեսփոխանը  բացառիկ հարցազրոյց մը  տուաւ «Արեւելք»ին.

 

-Պարոն Բագրատունի, ինչպէ՞ս կը գնահատէք յետյեղափոխական Հայաստանի մէջ ստեղծուած իրավիճակը, ի՞նչ ունէինք երէկ եւ ի՞նչ ունինք այսօր:Ինչպիսի՞ն են ձեր տպաւորութիւնները։


Հայաստանի մէջ որեւէ զարգացում, որ կրնայ արգելակել փտածութեան եւ կամ արտագաղթի տուն տուող պատճառները, այնտեղ ժողովրդավարութիւն առաջացնել, վերացնել հարստահարումի իրավիճակը, շատ բնական կերպով քաջալերական է, շատ բնական արտայայտութիւն կրնայ գտնել նաեւ մեր մօտ, եւ սա մեր սպասումն է, մենք՝ իբրեւ Դաշնակցութիւն, հրապարակաւ մեր  ժողովուրդին    առաջ ալ  արտայայտուած ենք, խորհրդարանի մէջ, մամուլի մէջ, թէ մեր զանազան բանախօսութիւններու ընթացքին, հանդիպումներու ընթացքին՝ պահանջելով, որ մեր հայրենիքի տարբեր ժամանակներու իշխանութիւնները ականջալուր ըլլան ժողովուրդի պահանջներուն, դասակարգային խոր հեռացումները կարենայ վերացնել եւ ստեղծել արդարութեան վրայ հիմնուած այնպիսի համակարգ, որ իւրաքանչիւր քաղաքացի կարենայ ինքզինք դրսեւորել համաձայն իր կարողութիւններու, առանց չարաշահումներու՝ թէ աշխատաւորութեան, թէ կենցաղային, թէ ընկերային իմաստներով:

Այսօր թաւշեայ յեղափոխութենէն ի վեր նկատած ենք որոշ առաջացում, սակայն երեք ամիսներու ընթացքին շատ բան հնարաւոր չէ տեսնել, որովհետեւ երեք ամիսը պետութեան իշխանափոխութենէն ետք տակաւին բաւական ժամանակ չէ ամբողջական արդիւնքներ ձեռք ձգելու համար, սակայն անհրաժեշտ է, որ հաստատ քայլերով, չարաշահումներու դէմ պայքարը շարունակելով, կարենանք մենք իսկապէս ժողովուրդին փաստել, որ հայ մարդը, հայ քաղաքացին պատուախնդրօրէն կրնան ապրիլ:

 

-Յեղափոխութենէն ետք, ինչպէս գիտենք, չարաշահումներու դէմ պայքարը շարք մը բացայայտումներու տեղիք տուաւ՝ ի յայտ բերելով այնպիսի փաստեր, որոնք կապակցուած էին Մարտի 1-ի դէպքերու հետ, ու սա յանգեցուց ՀՀ երկրորդ նախագահ Ռոպերթ Քոչարեանի դէմ քրէական գործ յարուցելու: Դուք այս շղթային մէջ խտրական վերաբերմունք կը նկատէ՞ք, եւ ինչպէ՞ս կը գնահատէք դատական համակարգի աշխատանքը:


Պետականաշինական կամ պետութեան հետ կապուած շարք մը հարցեր կան, որոնք ճշդուած են շատ բնական կերպով, կ'ուզենք հաւատալ, որ ներկայ իշխանութիւնները վարչապետ Փաշինեանի ղեկավարութեամբ անհրաժեշտ ստուգումներով, դատարանի անկախ միջամտութիւններով եւ գործընթացով յանցաւորներուն պիտի կարենայ պատասխանատուութեան հրաւիրել, ով որ ալ ըլլայ յանցաւորը, որ ժամանակի մէջ որ գործած ըլլայ, առաջին, երկրորդ կամ երրորդ նախագահն է կամ ով որ է եւ ինչ պաշտօնի վրայ որ է, պայմանաւ, սակայն որ յարգուին պետութեան՝ Սահմանադրութեամբ ճշդուած հիմունքները, սկզբունքները, ժողովրդավարական պայմանները եւ մարդկային իրաւունքները, բան մը, որ ես կ'ենթադրեմ, որ իշխանութիւնները ժամանակի ընթացքին պիտի կարենան ընել: 

 

-Իսկ Դուք Հայաստանի մէջ դատական համակարգի առողջացման հիմքեր կը տեսնէ՞ք: Արդեօ՞ք ներկայ դատարանները, որ տարիներ շարունակ այլ ձեռագիրով աշխատած են, կրնան վերափոխվել ու գործել բացարձակ անաչառութեան պայմաններու մէջ՝ անտեսելով, որ իրենց առջեւ գտնուող մեղադրեալը իրենց նախկին վերադասն է:


Գիտէ՞ք՝ տարբեր իշխանութիւններու ժամանակ միշտ ալ խօսած ենք դատական իշխանութիւններու անկախութիւնը պահելու, պահպանելու անհրաժեշտութեան մասին, յոյս ունինք որ ներկայ հանգրուանին դատական իշխանութիւնները այդ անկախութիւնը կը պահեն: Անհրաժեշտ է պահել դատական իշխանութիւններու անկախութիւնը թէ՛ իբրեւ ընդհանուր համակարգ, թէ՛ իբրեւ անհատ դատաւորներ, որոնք, վերջին հաշուով, յարգելի անհատներ են, մասնագիտական իրենց գործին մէջ արդիւնք տուած անհատներ են, եւ պէտք է ապաւինի դատարանին, որովհետեւ երբ երկրի մը մէջ դատարանն ու արդարադատութիւնը առողջ է, կը նշանակէ՝ պետութիւնը առողջ է, եթէ պատահի, որ դէպքեր կամ վճիռներ ըլլան, որոնք  հակասահմանադրական կամ հակաժողովրդավարական են կամ փտածութեան հետեւանք, նաեւ որոշ բացթողումներ կան դատարաններուն մէջ, ես կը կարծեմ, որ դատական իշխանութիւնները նաեւ պատասխանատու են նման իշխանութիւններու առաջն առնելու:

 

-Դուք Ձեր խօսքի սկիզբը շեշտեցիք՝ «արտագաղթի տուն տուող պատճառներու» մասին, հետեւաբար, կը կարծէ՞ք, որ այլեւս պիտի վերանան այդ պատճառները օրինականութեան հաստատման պայմաններուն մէջ, եւ ի՞նչ քայլեր հարկաւոր են հայրենադարձութիւնը խրախուսելու համար:


Բնականաբար, արտագաղթի տուն տուող պատճառը փտածութիւնը չէ առանձնաբար, փտածութիւնը մաս կը կազմէ նաեւ այդ պատճառներուն: Կան բազում պատճառներ, որոնց հիմնականը նաեւ հայ մարդու արտագաղթելու ձգտումն է, նիւթական, տնտեսական աւելի լաւ պայմաններու ձգտումն է, իր հարկին նաեւ հայրենիքէն դուրս գործի փնտռտուքն է եւ այլ հոգեբանական պատճառներ: Իսկ ընդհանրապէս անհրաժեշտ է հայրենադարձութեան գաղափարը տեւական գործի մէջ դնել, միաժամանակ հայրենադարձութիւնը կրնայ ենթադրել արտագաղթը, այսինքն՝ անհրաժեշտ է առաջին հերթին արտագաղթի դէմ քայլեր առնել, բարելաւել ներքին կեանքը, որպէսզի կարենանք քաջալերել նաեւ հայրենադարձութիւնը: Հայրենադարձը պիտի ըսէ՝ ինչո՞ւ արտագաղթ կայ հայրենիքէն, մենք ինչո՞ւ հայրենադարձութիւն պիտի ընենք: Հայրենադարձութիւնը հայրենասիրական զգացումներէն կը բխի, այսօր, դժբախտաբար, արժեհամակարգային նոր դրոյթի մէջ հայրենասիրութիւնը եւ տնտեսական պայմաններու բարելաւումը, հայրենադարձութիւնն ու այլ արժէքները իրար հակասող են, հետեւաբար պէտք է միջին լուծում գտնել, որ կանխելով կամ նուազեցնելով արտագաղթը՝ միաժամանակ հայրենադարձութիւնը քաջալերուի:

 

 

 

 Հարցազրոյցը ՝ Վարդուհի  Արզումանեանի