image
Հրատապ լուրեր:

«Խօսքերը այն մասին, որ Երուսաղէմի Պատրիարքութիւնը նիւթական դժուարութիւններ ունի, իրականութիւն չեն». Երուսաղէմի պատրիարքարանի դիւանապետ

«Խօսքերը այն մասին, որ Երուսաղէմի Պատրիարքութիւնը նիւթական դժուարութիւններ ունի, իրականութիւն չեն». Երուսաղէմի պատրիարքարանի դիւանապետ

Երուսաղէմի Պատրիարքանի դիւանապետ Տ. Կորիւն Վրդ. Պաղտասարեան բացառիկ հարցազրոյց մը տուաւ ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթի ընթերցողներուն։

*

-Հայր սուրբ, ի՞նչ առիթով կը գտնուիք Հայաստան:

-Հայաստան եկած եմ Երուսաղէմի Ժառանգաւորաց եւ ընծայարան բաժնի աշակերտահաւաքի աշխատանքները կատարելու համար: Այս տարի Տնօրէն ժողովի, ինչպէս նաեւ Պատրիարք հօր թելադրանքով մենք աշակերտահաւաքին պիտի սկսինք երկու ամիս աւելի կանուխ՝ անցեալ տարուան համեմատ: Մենք ընդհանրապէս Մայիս ամսուան ընթացքին յայտարարութիւնները կու տայինք եւ գործնական աշխատանքի կ՚անցնէինք Յունիսին, բայց տարբեր պայմաններու բերումով այս տարի որոշեցինք աւելի կանուխ սկսիլ այդ կազմակերպչական աշխատանքներուն:

Գիտէք, մեզի համար ամենագլխաւոր հարցը վիզայի հարցն է, ու նկատի առնելով անցեալ տարուան փորձը, երբ մեր Երուսաղէմ եկող ուսանողները Նոյեմբերին հազիւ կրցան վիզա ստանալ եւ այդ պատճառով ալ բնականաբար իրենց դասաւանդութիւններուն անցան աւելի ուշ, այդ վիճակին չմատնուելու նպատակով այս տարի մենք որոշեցինք աւելի կանուխ սկսիլ այդ կազմակերպչական աշխատանքներուն:


-Հայր սուրբ, այս օրերուն խօսակցութիւններ կան, թէ ընդհանրապէս նոր սերունդը հետաքրքրուած չէ Ժառանգաւորացի ուսանող դառնալով: Ինչքանո՞վ ճիշդ են այդ խօսակցութիւնները կամ ի՞նչ ունիք ըսելու այդ առումով:

-Եթէ թիւերով խօսինք, ապա այսօր Երուսաղէմի վանքի Ժառանգաւորաց բաժինը ունի քառասուն ուսանողներ, շրջան մը աւելի մեծ եղած է ժառանգաւորներու թիւը, որովհետեւ նաեւ Երուսաղէմի Աթոռը միաբաններ կը պատրաստէր եւ կը գործուղղէր աշխարհի տարբեր թեմեր, սակայն այսօր իրավիճակը նոյնը չէ եւ մեր ընդհանուր կարիքները կը բաւարարուին Երուսաղէմի եւ Սուրբ Տեղեաց վանքերու մէջ ծառայութիւն ընող միաբաններով եւ մեզի համար Ժառանգաւորացի մէջ քառասուն ուսանող ունենալը գոհացուցիչ թիւ մը կը համարուի: Իսկ ինչ կը վերաբերի անցեալ տարուան դիմումներուն՝ ըսեմ, որ մեզի դիմած են 23 սաներ, որոնք մասնակցած են քննութիւններու եւ քննութեան արդիւնքներով միայն 13-ը ընդունուած են որպէս Ժառանգաւորացի ուսանողներ եւ այդ թիւը մեզի համար գոհացուցիչ թիւ մըն է: Ըսեմ նաեւ, որ առաջին անգամ ըլլալով մեր միաբանութեան պատմութեան մէջ անցեալ տարի 7 սաներ միացած են մեր դասընթացքներուն եւ այդ սաները կու գան Աբխազիայէն, Սոչիէն եւ անոնք համշէնահայ են: Այստեղ նաեւ կ՚ուզեմ շեշտել, որ երբ այդ սաները միացան մեր դասընթացքներուն, հայերէն ոչ մէկ բառ գիտէին գրել կամ կարդալ, իսկ այսօր արդէն անոնք գրաբար կը սորվին, շարականներ կը ներկայացնեն, սկսած են գրել եւ այս ձեւով մենք ականատես կը դառնանք, թէ ինչպէս համշէնահայ արմատներ ունեցող մեր սաները կամաց-կամաց վանքի հայախօս ժառանգաւորները պիտի դառնան: Մենք անոնց համար յատուկ դասարան մը բացինք եւ այսօր այդ տղոցմէ շատեր գրաբարով սաղմոս կը կարդան:


-Գալով սաղիմահայութեան, այսօր վանքէն ներս Երուսաղէմի ծը-նունդ ուսանողներ կամ սաներ կա՞ն, կամ կ՚ընդունի՞ք որպէս Ժառանգաւորացի ուսանողներ:

-Ընդհանրապէս վանքի «անգիր կանոններ»ուն մէջ եղած է, որ Երուսաղէմի Սրբոց Յակոբեանց միաբանութիւնը իր շարքերուն մէջ չներգրաւէ սաղիմահայեր, անշուշտ տարբեր մտահոգութիւններով եւ բնականաբար այս մօտեցումը արդէն նուիրականացած մօտեցում մըն է մեզի համար: Այս մօտեցումը անգիր օրէնք մըն է միաբանութեան համար եւ ըսեմ, որ այս մէկը նորութիւն մը չէ, հինէն ի վեր աւանդոյթ է, որ սաղիմահայեր անդամ չդառնան կամ Ժառանգաւորացի ուսանողներ չըլլան:


-Վերջին շրջանին Երուսաղէմի թեման շատ աշխոյժ կերպով ներկայութիւն դարձաւ հայկական ընդհանուր օրակարգին մէջ։ Ի՞նչ կը կատարուի այսօր Երուսաղէմի մէջ։ Դուք ըլլալով Սրբոց Յակոբեանց միաբանութեան անդամ, բաւական երկար ժամանակէ ի վեր Երուսաղէմի բնակիչ, ինչպէ՞ս կրնաք լուսաբանել այս խնդիրները մեր ընթերցողներուն:

-Երուսաղէմի քաղաքապետարանը միշտ ալ փորձած է Սուրբ Տեղեաց վանքերէն եւ եկեղեցիներէն հարկեր գանձել, մշիտ այդ փորձը եղած է եւ միշտ ալ անոնք հանդիպած են բուռն դիմադրութեան, որովհետեւ դարեր շարունակ քրիստոնեայ համայնքները ազատուած եղած են պետական հարկերէ կամ տուրքերէ, խօսքը անշուշտ եկեղեցիներուն կամ վանքերուն կողմէ տրուելիք տուրքին կամ հարկին մասին է, բայց այս անգամ եղածը տարբեր էր, որովհետեւ Երուսաղէմի քաղաքապետը արդէն իսկ, առանց զգուշացնելու, որոշ եկեղեցիներու տուրքի ստացականներ ղրկեց եւ եթէ այդ եկեղեցիները նշուած ժամանակին տուրքերը չփակէին, ապա անոնց ունեցած դրամատնային բոլոր հաշիւները կառավարութեան կողմէ սառեցման պիտի ենթարկուէին: Երբ Երուսաղէմի գլխաւոր հոգեւոր պետերը իմացան այս որոշման մասին, արագ ժողով մը գումարեցին եւ համաձայնեցան, որ այս եղած որոշումին դէմ պէտք է անպայման մագլցողական քայլերու դիմեն, անշուշտ դժբախտաբար եղածը ամենէն ծայրայեղ քայլն էր, որուն հիմամբ ալ, որպէս բողոքի նշան՝ փակուեցաւ Սուրբ Յարութեան Մայր տաճարի գլխաւոր դուռը:

Հոգեւոր պետերը այս ծայրայեղական քայլին դիմեցին, որովհետեւ խորքին մէջ այլընտրանք չկար: Այս՝ Սուրբ Յարութեան Մայր տաճարի դուռը փակելու որոշումը Կիրակի, 25 Փետրուարին գործադրուեցաւ, որովհետեւ նոյն ժամանակ իսրայէլեան Քնեսեթի տարբեր յանձնախումբի մը մէջ կը քննարկուէր յաւելեալ տուրքեր դնելու խնդիրը, եւ աւելի ուշ մենք ականատես եղանք, որ Իսրայէլի կառավարութիւնը յայտարարութիւն մը հրապարակելով յետաձգեց քրիստոնեայ եկեղեցիներու վրայ յաւելեալ տուրքեր դնելու օրինագիծի քննարկումը: Այստեղ ձեր ուշադրութեան կ՚ուզեմ յանձնել նաեւ, որ Երուսաղէմի մէջ այն կալուածները, որոնք կը պատկանին քրիստոնեայ եկեղեցներուն եւ վարձակալութեան տրուած են տարբեր ընկերութիւններու, անոնք արդէն բնականաբար իրենց տուրքերը կը վճարէին, բայց խնդիրը կը բարդանար, որովհետեւ պետութիւնը այս անգամ հարկեր կը պահանջէր ո՛չ միայն այդ վարձակալութեան տրուած հողատարածքներէն, այլ նաեւ՝ եկեղեցիներէն եւ կրօնական սրբավայրերէն: Ըսեմ նաեւ, որ երեք օր փակ մնալէ ետք, Սուրբ Յարութեան տաճարի դուռը վերաբացուեցաւ անշուշտ, ի տես Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիյահուի գրասենեակին կողմէ հրապարակուած պաշտօնական հաղորդագրութեան, որու մէջ ալ կ՚ըսուէր, որ քրիստնեայ եկեղեցիներէն տուրքեր հաւաքելու վերաբերեալ քննարկման դրուելիք օրինագիծը ներկայ հանգրուանին առկախուած է: Աւելի ուշ նաեւ պարզ դարձաւ, որ վարչապետի թելադրանքով կազմուած է յատուկ յանձնաժողով մը, որուն մէջ կան իսրայէլացի պաշտօնեաներ եւ նախարարներ, ինչպէս նաեւ գլխաւոր համայնքները ներկայացնող կրօնական գործիչներ եւ այս յանձնախումբն է, որ մանրամասնօրէն պիտի քննարկէ այդ օրինագիծը եւ փորձէ տարբեր միջոցներով լուծում գտնել այս կնճռոտ խնդրին:


-Հայր սուրբ, ի՞նչ կը կարծէք, քրիստոնեայ պետերը պիտի համագործակցին այս հարցի կապակցութեամբ եւ իրենց մօտ կ՞այ այդ տպաւորութիւնը, թէ խնդիրը իրապէս լուրջ է:

-Անշուշտ որ քրիստոնեայ պետերը կը համագործակցին, եւ ինչպէս դուք նշեցիք, կը գիտակցին, որ բաւական բարդ կացութեան մը առջեւ են։ Շեշտեմ նաեւ, որ այս ներկայիս շրջանառութենէ դուրս դրուած օրինագիծի ամենէն խոցելի կէտը քրիստոնեայ համայնքներուն համար այն էր, որ քրիստոնեայ որեւէ եկեղեցի պիտի զրկուի անհատ ձեռնարկատէրերու հետ տնտեսական պայմանագիր կնքելու իր իրաւունքէն եւ այդ մէկը բնականաբար կ՚ունենայ նիւթական ազդեցութիւններ, այլ կերպ ըսած, այդ օրէնքը պիտի ստիպէ քրիստոնեայ համայնքներուն համագործակցիլ միայն պետութեան կողմէ ճանչցուած ընկրութիւններու հետ, հետեւաբար դրամական եկամուտի չաբաբաժինները պիտի նուազին եւ սահմանափակուին: Ու ըսեմ նաեւ, որ Երուսաղէմի մէջ ստեղծուած այս կացութիւնը, այսինքն հարկային նոր դրութեան սպառնալիքը այն քիչ դէպքերէն է, որուն համար քրիստոնեայ բոլոր պետերը պատրաստ եղան համագործակցիլ եւ քով քովի գալ, մէկդի դնելով իրենց մէջ եղած բոլոր տեսակի տարակարծութիւնները կամ անհամաձայնութիւնները:


-Հայր սուրբ, այս կալուածներու հետ կապուած օրինագիծի հարցը, ձեր կարծիքով, որեւէ առընչութիւն ունի՞ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի Իսրայէլի մօտ ամերիկեան դեսպանատունը Թել Աւիւէն Երուսաղէմ տեղափոխելու որոշումին հետ:

-Տեղին է ձեր հարցումը, որովհետեւ որքան ալ փորձենք անտեսել կամ շրջանցել այդ խնդիրը, բոլոր ցուցանիշները ցոյց կու տան, որ այս օրինագիծի պատմութիւնը կապ ունի նաեւ Երուսաղէմի շուրջ ընթացող ընդհանուր քաղաքական գործընթացներուն հետ: Ըսեմ նաեւ, որ անցեալին ալ նման փորձեր կատարուած են, սակայն չեն յաջողած անոնք ու բնաւ պատահական չէ, որ անցնող Դեկտեմբերին Միացեալ Նահանգներու նախագահի կողմէ այդ յայտարարութիւնը հնչելէն միայն երկու ամիս ետք նման կարգադրութիւններ տեղի կ՚ունենային: Այս բոլորը անշուշտ կու գան քրիստոնեայ համայնքներուն ըսելու, թէ ո՛վ է Երուսաղէմի իրական տէրը եւ թէ իրենք ստիպուած են այդ «տիրոջ» առջեւ գլուխ հակելու:


-Մեզմէ շատերուն համար հարցական մնացած է այն, որ տարբեր առիթներով, յատկապէս հայ եւ յոյն միաբաններու միջեւ վէճ, նոյնիսկ ծեծկռտուք տեղի կ՚ունենայ։ Ի՞նչ է պատճառը այդ տարակարծութեան, կրնա՞ք այս մասին փակագիծերը բանալ:

Օրինակ այն օրերուն, երբ Սուրբ Յարութեան տաճարը փակ էր, մենք նկատեցինք, որ փակ վիճակին մէջ ալ, տաճարին մէջ արարողութիւն, ժամերգութիւն տեղի ունեցաւ եւ ինչպէս դուք ալ այդ օրերուն տարբեր առիթներով հանդէս եկաք եւ նկատել տուիք, թէ եթէ մեր եկեղեցւոյ միաբանները չմասնակցին այդ արարողութեան կամ չլեցնեն իրենց յատկացուած ժամը, ապա տուգանքի պիտի ենթարկուին։ Ի՞նչ են այս պարագաները հայր սուրբ:

-Նախ ըսեմ, որ Երուսաղէմի Սուրբ Տեղեաց քրիստոնէական կրօնական վայրերու վանքերու, եկեղեցներու հետ կապուած որոշ «սթաթիւքօ» մը կայ, որ հաստատուած է 1852 թուականին, Օսմանեան կայսրութեան սուլթան՝ Մեճիտի կողմէ:

 

-Ի՞նչ է այդ «սթաթիւքօ»ն։

-Երուսաղէմի մէջ առկայ «սթաթիւքօ»ն՝ Օսմանեան կայսրութեան ժամանակաշրջանին սերտուած եւ թուղթի վրայ ամրագրուած որոշ կանոններ են: Կանոններ, Երուսաղէմի գլխաւոր եկեղեցիներուն իրաւասութիւններուն ու պարտականութիւններուն մասին: Եթէ Սուրբ Յարութեան տաճարի մասին է ձեր հարցումը, ապա այդ տաճարին մէջ գործադրուող կանոնները կ՚իրականաց-ւին համաձայն վերոնշեալ կանոնադրութեան, զոր մենք կը կոչենք Երուսաղէմի համար հաստատուած «սթաթիւքօ»: Ըսեմ նաեւ որ այս «սթաթիւքօ»ն կիրառուած է ո՛չ միայն Օսմանեան կայսրութեան օրերուն, այլ նաեւ՝ անկէ ետք, նոյնիսկ երբ այս շրջանները կը գտնուէին Յորդանանի կամ Մեծն Բրիտանիոյ հոգատարութեան տակ: Այսօր ալ նոյնպէս Իսրայէլի կառավարութիւնը հաստատած եւ ընդունած է այդ մէկը: Նոյնիսկ ՄԱԿ-ը ունի յայտարարութիւն մը, որ կը հաստատէ եւ կը վաւերացնէ այս «սթաթիւքօ»ն:

Անշուշտ ինչպէս քիչ առաջ ըսի, այդ վաւերաթուղթի նպատակներէն մէկն է. վերջ տալ առկայ տարակարծութիւններուն եւ օրէնքի ուժով սահմանել իւրաքանչիւր եկեղեցւոյ կամ համայնքի իրաւունքները եւ Սուրբ Տեղեաց մէջ շարժելու եւ համայքներու տաճարներուն մէջ կրօնական արարողութիւններ կատարելու իրաւունքները: Անշուշտ այս «սթաթիւքօ»ն կ՚օգնէ, որ համայնքներ իրարու հետ խնդիրներ չունենան, բայց կարծէք շատ յաճախ որոշ մանրամասնութիւններու պարագային կը ծագին տարակարծութիւններ եւ այդ տարակարծութիւնները կը վերածուին անհամաձայնութեան ու կարգ մը պարագաներու՝ բախումներու. ինչպէս, օրինակ, Հայ Եկեղեցւոյ եւ յունաց եկեղեցւոյ պարագային:

Մեր վերջին խնդիրը, որ եղաւ յունաց եկեղեցւոյ հետ, կապուած էր մեծահանդէս թափօրներու ընթացքին Տիրոջ գերեզմանի մօտ գտնուող միաբանին ինքնութեան հետ: Նախ ըսեմ, որ մենք որպէս Հայ Եկեղեցի, տարեկան եօթ մեծահանդէս թափօրներ կ՚ընենք, Երուսաղէմի կեդրոնական հատուածին մէջ: Այսինքն, արդեօք այդ մեծահանդէս թափօրներու ընթացքին յոյն հոգեւորականը իրաւունք ունի՞ սուրբ գերեզմանի մօտ ըլլալ, թէ՞ պէտք է գերեզմանի շըր-ջանագիծէն դուրս ըլլայ։ Այսպիսի հարցերն են, որ խորքին մէջ յաճախ տարակարծութեան կը վերածուին եւ առիթ կը դառնան բախումներու, բան մը, որուն համար մենք բնականաբար կը ցաւինք եւ մեզի համար որպէս քրիստոնեաներ անընդունելի բան մըն է:


-Հայր սուրբ, արաբները կ՚ըսեն «մանրամասնութիւններու մէջ է սատանան», ուրեմն այս պարագային ալ այդպէս է՞:

-Այո՛ իրաւացի էք, կան կարգ մը մանրամասնութիւններ, որոնք չեն նշուած «սթաթիւքօ»ին մէջ եւ այդ պատճառով է, որ այդ տարակարծութիւնները կը ստեղծուին:


-Եւ արդիւնքը ի՞նչ եղաւ, ի՞նչ վճռուեցաւ այդ վէճերէն ետք։ Յոյն հոգեւորականը իրաւունք ունի՞ Տիրոջ սուրբ գերեզմանին մօտ մնալու, կամ ան պէտք է դուրս գա՞յ այդտեղէն:

-Տեսէք, մենք բաւական երկար պրպտումներ եւ խորհրդակցութիւններ ունեցանք այդ հարցին շուրջ եւ պարզուեցաւ, որ այն օրը, երբ Հայ Եկեղեցիին յանձնուած է Տիրոջ սուրբ գերեզմանը եւ հոնկէ սուրբ պատարագ կը մատուցուի ու ապա ընթացք կ՚առնէ սուրբ թափօրը, այդ օրը հետեւաբար յոյն կրօնաւորը իրաւունք չունի Տիրոջ գերեզմանի մօտիկ գտնուելու:

Անշուշտ այս «սթաթիւքօ»ին հետ կապուած կայ յատուկ մշտական յանձնաժողով մը, որուն մէջ բոլոր համայնքները ներկայացնող եկեղեցականներ կան եւ հոն է, որ քննարկումներ կը կատարուին որեւէ տարակարծութեան կամ հարցի պարագային։ Եւ միշտ ցանկալի է, որ այդ բոլոր հարցերը այդ յանձնաժողովին մէջ գտնուին եւ աւարտին ու եզրակացութիւններու յանգին, այլապէս Երուսաղէմի ոստիկանութիւնը ելլելով քաղաքին մէջ ապահովութիւնը պահպանելու իր պարտաւորութիւնը կատարելու նախանձախնդրութենէն, կը միջամտէ եւ կրնայ տարբեր եւ կողմերուն ոչ-հաճոյ որոշումներ կայացնել:


-Հայր սուրբ, հարցում մը ունիմ, կապուած Զատիկի նախորդող Ճրագալոյցի արարողութեան Տիրոջ սուրբ գերեզմանէն կրակի յայտնաբերման հետ: Գիտէք ես ծնունդով լիբանանցի եմ եւ մտքիս մէջ տպաւորուած է, որ Զատիկի նախորդող Շաբաթ օրը յատուկ օդանաւով մը յոյն ուղղափառ համայնքի կրօնաւորներ այդ «սուրբ կրակ»ը Երուսաղէմէն կը բերեն Պէյրութ: Մեր եկեղեցին չունի այդպիսի աւանդոյթ։ Ի՞նչ կրնաք ըսել այդ առումով:

-Նախ մենք՝ հայերս «սուրբ կրակ» չենք կոչեր այդ մէկը, այլ կը կոչենք «կենարար կրակ», իսկ արարողութիւնը կը կոչուի լուսաւորեայի արարողութիւն, իսկ «լոյս հանողներ»ը՝ «լուսահան»ներ: Մենք կը հաւատանք, որ հայ «լուսահան»ին կողմէ Տիրոջ գերեզմանէն դուրս բերուած կրակը կը խորհրդանշէ մեր փրկչին՝ Յիսուս Քրիստոսի հրաշափառ Յարութիւնը եւ այդ արարողութիւնը կրնայ որեւէ հայկական եկեղեցւոյ մէջ ալ նոյն ձեւով կատարուիլ: Սակայն այս ժամանակներուն մեր եկեղեցիներուն մէջ այդպիսի արարողութիւն չենք կատարեր:


-Ի՞նչ է խորքին մէջ այդ արարողութիւնը, ինչպէ՞ս կը կատարուի այդ «կենարար կրակ»ը դուրս բերելու գործողութիւնը:

-Ըսեմ, որ յունաց պատրիարքը եւ հայ միաբան «լուսահան» մը մուտք կը գործեն Տիրոջ գերեզման եւ այնտեղ դրուած կ՚ըլլայ վառ կանթեղ մը եւ իրենք իրենց ջահը կը մօտեցնեն կանթեղին եւ կրակը վառելէն ետք ամէն մէկը իր կողմէն հաւատացեալներուն կը բաժնէ այդ կրակը։ Կան երկու պատուհաններ՝ հայկական պատուհան եւ յունաց պատուհան։ Անոնցմէ իւրաքանչիւրը իրեն սահմանուած վայրէն կրակը կը փոխանցէ այդ օրը սուրբ գերեզմանին շուրջ բոլորուած հազարաւոր հաւատացեալներուն: Անշուշտ այս բոլորը կը կատարուին Տիրոջ յարութիւնը խորրդանշող արարողութեամբ մը եւ հաւատացեալներուն նոր հաւատքի «լոյս» մը փոխանցելու տրամադրութեամբ:


-Երուսաղէմի մէջ պատահած վերջին դէպքերուն առընչութեամբ, ինչպէս դուք ալ նկատեցիք, հայրենի մամուլը, Հայաստանի հասարակութիւնը, քաղաքական վերնախաւը մօտէն հետեւեցաւ զարգացումներուն եւ բաւական մեծ հետաքրքրութիւն կայ: Ի՞նչ կը կարծէք, արդեօք մեր պետականութիւնը որեւէ ընելիք ունի՞ Երուսաղէմի մէջ, մանաւանդ որ մեզի՝ հայութեան համար ամենէն կարեւորը եւ ամենէն հիմնականը մեր Սուրբ Տեղեաց մէջ գործող հայապատկան վանքին, եկեղեցիներուն, կալուածներուն ճակատագիրն է։ Ի՞նչ կը մտածէք այս առումով։

-Համաձայն եմ ձեզի հետ, հայկական բոլոր մակարդակներու վրայ հետաքրքրութիւն ցուցաբերուեցաւ եւ մենք որպէս միաբանութիւն, նաեւ պատրիարք հօր գլխաւորութեամբ շատ բարձր կը գնահատենք մեր աշխարհասփիւռ հայութեան, ինչպէս նաեւ հայրենի պետականութեան նախանձախնդիր մօտեցումը Երուսաղէմի հանդէպ: Մեր մտքերուն մէջ թարմ է տակաւին, երբ 2016 թուականին Մայր Աթոռի եւ անշուշտ Հայաստանի վսեմաշուք նախագահ Տիար Սերժ Սարգսեանի բարձր տնօրինութեամբ Հայաստանը 1 միլիոն եւրոյով մասնակցեցաւ Տիրոջ գերեզմանի վերանորոգման աշխատանքներուն: Եւ նշեմ, որ իւրայատուկ էր, թէ մեր պատրիարք հայրը քառօրեայ պատերազմէն միայն երեք օր առաջ էր, որ խնդրագիր-նամակը յղած էր Հայաստանի իշխանութիւններուն եւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնին, խնդրելով իրենց աջակցութիւնը Տիրոջ սուրբ գերեզմանի վերանորոգութեան համար։ Հակառակ ապրիլեան դէպքերուն, հայրենի պետութիւնը, ինչպէս վերեւ նշեցի, գլխաւորութեամբ նախագահ Սարգսեանի, ինչպէս նաեւ Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսին, չզլացան եւ այդ գումարը ապահովեցին: Անշուշտ Հայաստանի պետականութեան եւ Մայր Աթոռին կողմէ այս նեցուկը հնարաւորինս ցոյց կու տար, թէ ինչքանով մեր պետականութիւնը եւ Մայր Աթոռը նախանձախնդիր են, որ Սուրբ Տեղեաց մէջ Երուսաղէմի պատրիարքութիւնը շարունակէ իր պատմական առաքելութիւնը: Այս նիւթական նեցուկէն բացի, շատ կարեւոր հանգամանք մըն է նաեւ ուսանելու համար Հայաստանէն դէպի Երուսաղէմ հասնող ուսանողներու կարգավիճակը եւ գաղտնիք չէ, որ մեր պետականութիւնը նոյնպէս իր կարելիութեան սահմաններուն մէջ տարբեր առումներով ալ կը լուծէ այդ սաներուն ունեցած տարբեր իրաւական եւ օրինական փաստաթուղթերու խնդիրը եւ մենք այդ առումով ալ շնորհակալ ենք, որովհետեւ ինչպէս գիտէք, այսօր Երուսաղէմի Ժառանգաւորացի ուսանողութեան մեծագոյն տոկոսը Հայաստանէն եկած ուսանողներն են, որոնք ապագային ալ պիտի դառնան միաբաններ եւ ծառայեն մեր եկեղեցիին:


-Հայր սուրբ, այլ հարցում մը ուղղեմ, Թէոֆիլոս յունաց պատրիարքի մասին վերջերս շատ տեղեկութիւններ հրապարակուեցան, յօդուածներ գրուեցան, տարբեր թերթեր մեկնաբանութիւններ կատարեցին եւ ինչպէս գիտենք, Թէոֆիլոս պատրիարքը Բեթղեհէմ իր այցելութեան ընթացքին յարձակման ենթարկուեցաւ ու անոր շարասիւնին դէմ բողոքարարներ հաւկիթներ նետեցին եւ վանկարկումներ կատարեցին։ Ի՞նչ կրնաք ըսել մեր ընթերցողներուն՝ յունաց պատրիարքին դէմ եղած արշաւին մասին:

-Մենք անշուշտ օրին դատապարտեցինք այդ արարքը, որովհետեւ ընդունելի չէ, որ կրօնական թափօր մը այդպիսի յարձակման ենթարկուի եւ այդ մէկը դատապարտելի է բոլոր առումներով: Ըսեմ նաեւ, որ Թէոֆիլոս պատրիարքին մասին, ինչպէս դուք ալ ըսիք, բազմաթիւ են հրապարակումները, մասնաւորաբար տեղեկութիւններ կան Իսրայէլի Կեսարիա քաղաքին մէջ հողամաս մը վաճառելու կամ «Ռախավիա» անունով հարուստներու թաղամասին մէջ քանի մը հողատարածքներ իսրայէլցիներու վաճառելու կապակցութեամբ։ Այս բոլորին մասին անշուշտ մենք ալ լսողաց ենք եւ կարդացած ենք «Հաարէթց»էն կամ «Թայմզ օֆ Իսրայէլ» թերթէն, բայց յստակ տուեալներ չկան այս առընչութեամբ: Նշեմ նաեւ, որ կայ ներհամայնքային հարց մը, որովհետեւ ինչպէս գիտէք, Թէոֆիլոսը յոյն է եւ տեղւոյն ուղղափառ համայնքի հաւատացեալներու ջախջախիչ տոկոսը արաբ պաղեստինցիներ են եւ իրենք ձեւով մը կը պահանջեն, որ արաբ պատրիարք մը ունենան, ոչ թէ յոյն պատրիարք մը, հետեւաբար Թէոֆիլոս պատրիարքի ներկայութիւնը իրենց համար ձեւով մը ընդունելի չէ: Մենք այս բոլորի մասին անշուշտ տեսակէտ չենք կրնար յայտնել, սա իրենց գործն է, մեր խնդիրը չէ եւ ատոր համար ալ պարզապէս կը հետեւինք իրադարձութիւններուն եւ կը փորձենք կարծիք չյայտնել:

Անշուշտ այս կալուածներու խնդրով պաղեստինցիները կը համարեն, որ տեղի ունեցածը պաղեստինցիներու կալուածները Իսրայէլին վաճառելու դէպքեր են, ինչ որ ամէն պարագայի ընդունելի չեն՝ հասկնալի պատճառներով:


-Գիտենք, որ Մայր Աթոռին հետ Երուսաղէմի Աթոռը բաւական փոթորկոտ յարաբերութիւններ ունեցաւ, բայց այսօր, ըստ երեւոյթին, այդ հարցերը լուծուած են եւ ամէն ինչ բնականոն հունի մէջ է. այդ մասին նոյնպէս կը հաստատեն Մայր Աթոռի հետ իմ ունեցած տարբեր մակարդակի շփումները։ Դուք ի՞նչ կ՚ըսէք այս առումով:

-Ճիշդ նկատեցիք, այսօր մենք շատ ջերմ յարաբերութիւններ ունինք Մայր Աթոռին հետ եւ անոնք բնական յարաբերութիւններ են, որովհետեւ Երուսաղէմը տարբեր առումներով ալ կապուած է Մայր Աթոռին եւ մեզի համար Հայ Եկեղեցւոյ նախամեծար աթոռի իր դիրքով մեծ նշանակութիւն եւ արժէք ունի։ Այս ջերմ յարաբերութեան վերջին մեծագոյն ապացոյցը, ինչպէս նշեցի վերեւ, Մայր Աթոռի եւ հայոց պետականութեան գլխաւորութեամբ սուրբ գերեզմանի տաճարի վերանորոգման աշխատանքի մասնակցութիւնն էր, ինչպէս նաեւ Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Պրն. Եդուարդ Նալպանտեանի գլխաւորած պատուիրակութեան մասնակցութիւնը՝ այդ պատմական արարողութիւններուն: Այլապէս ալ կը շարունակենք մենք մեր շփումը Մայր Աթոռին հետ եւ կը կարծեմ, որ այն տագնապը, որուն մասին դուք ակնարկեցիք, կը պատկանի անցեալին:


-Հայր Սուրբ, յաճախ կը լսենք, որ Երուսաղէմի Սուրբ Աթոռը նիւթական անձուկ պայմաններու մէջ է, երկրորդ՝ որեւէ ներքին կամ արտաքին վտանգ կը տեսնէ՞ք մեր հայկական կալուածներուն վերաբերեալ:

-Երուսաղէմի հայոց պատրիարքարանը Հայ Եկեղեցւոյ չորս նուիրապետական աթոռներէն միակն է, որ նիւթապէս ապահովուած է եւ ինքնաբաւ հաստատութիւն մըն է եւ ատիկա շնորհիւ Յովհաննէս Զմիւռնեցի պատրիարքի որոշման եւ քաղաքականութեան: Նախապատմութիւնը պատմելով շեշտեմ, որ երբ Խրիմի պատերազմը կը սկսի 1852 թուականին, մինչ այդ Երուսաղէմի հայոց պատրիարքարանը ուխտաւորներու կատարած նուիրատուութեամբ կ՚ապահովէր իր ծախսերը։ Երբ պատերազմը սկսաւ, շուրջ երեք տարի ուխտաւոր չեկաւ։ Տիգրան Սաւալանեանց պատմագիրը կը գրէ, որ վանքի գանձանակին մէջ մնացած էր երկու տարուան համար բաւարար գումար, որ սակայն հազիւ կը բաւէր օրական սոխով ապուր ընելու եւ երկու տարի այդպէս ապրած են։ Յովհաննէս Զմիւռնեցի պատրիարքը մտածելով, որ պատերազմը կրնայ երկարիլ եւ այդ պարագային վանքի վիճակը շատ աւելի կը վատթարանայ, որոշած է յետ այսու եկած գումարներով կալուածներ գնել, անոնց վրայ շէնքեր կառուցել եւ վարձակալութեան տալով այդ եկամուտով ապահովել պատրիարքարանի պիւտճէի հաւասարակշռութիւնը։ Այդպէս ալ, երբ երեք-չորս տարի ետք ուխտաւորներ դարձեալ սկսած են գալ եւ առատ նուիրատուութիւն ըրած են, Յովհաննէս պատրիարք խելացի գտնուելով, կալուածները գնած է ո՛չ թէ հին քաղաքէն ներս, այլ՝ դուրս։ Ան կռահած է, որ քաղաքը ապագային պիտի մեծնայ, աճի: Այդ օրերուն միաբանութիւնը քննադատեց իր արարքը՝ նշելով, որ այս եղածը վատնում է, սակայն ապագան ցոյց տուաւ, որ անոր քայլը շատ ճիշդ էր եւ իր գնած կալուածներուն վրայ յետագային շէնքեր շինուեցան։ Այսօր այդ կառոյցները վարձակալութեան տալով մենք ինքնաբաւ ենք, մեր ընթացիկ բոլոր ծախսերը կը կարողանանք ապահովել:

Այսինքն այն յայտարարութիւնները, թէ Երուսաղէմի հայոց պատրիարքութիւնը նիւթական լաւ վիճակի մէջ չի գտնուիր, իրականութեան չի համապատասխաներ։ Մենք ինքնաբաւ հաստատութիւն մըն ենք, եւ որպէս այդպիսին միակն ենք չորս նուիրապետական աթոռներուն մէջ, շնորհիւ Յովհաննէս Զմիւռնեցի պատրիարքի հեռատես եւ իմաստուն քաղաքականութեան:

Իսկ հարցիդ երկրոդ բաժնի վերաբերեալ, թէ կալուածները արդեօք վտանգուա՞ծ են, թէ՞ ոչ. ապա ըսեմ, որ վտանգը հետեւեալն է՝ 1967 թուականէն վերջ Իսրայէլի կառավարութիւնը ոչ միայն հայոց պատրիարքարանի, այլ բոլոր եկեղեցիներու բաւական վանքապատկան, եկեղեցապատկան կալուածներ «Կանաչ գօտի» (Green Zone) կամ «Ազգային այգի» (National park) յայտարարած է։ Իբր այդ ալ տուեալ կալուածներու վրայ եկեղեցիները որեւէ ծրագիր չեն կրնար իրականացնել. ո՛չ կառավարութիւնը կրնայ բան մը ընել առանց պատրիարքարանի համաձայնութեան, ո՛չ ալ հակառակը։ Այսինքն պատրիարքարանը կալուածներ ունի, բայց զանոնք չի կրնար օգտագործել: Այս ձեւով է որ սահմանափակում կայ:

 

Սագօ Արեան

«Ժամանակ»/ Պոլիս