image
Հրատապ լուրեր:

Տ. Աւագ Արք. Ասատուրեան. «Բաւական դժուար է ըսել, թէ այսօր դէպի ո՞ւր կ՚Երթայ Իրաքը»

Տ. Աւագ Արք. Ասատուրեան. «Բաւական դժուար է ըսել, թէ այսօր դէպի ո՞ւր կ՚Երթայ Իրաքը»

Տ. Աւագ Արք. Ասատուրեան այն հոգեւոր առաջնորդներէն է, որ հակառակ դժուարին պայմաններուն մերժեց հեռանալ Իրաքէն: Երկիր մը, որ անցնող քսան տարիներուն եղաւ պատերազմական գործողութիւններու թատերաբեմ: Ուրկէ՞ սկսիլ զրոյցին հոգեւոր առաջնորդի մը հետ, որ ականատեսը եղաւ տարածքաշրջանին մէջ կատարուող ամենաբարդ փոփոխութիւններուն, որոնց հետեւանքով էր նաեւ, որ համեմատաբար խաղաղ ու մանաւանդ բարեկեցիկ կեանք վարող Իրաքի պետութիւնը բարձրացաւ չարչարանաց խաչ ու ցայսօր ալ կը շարունակէ տառապիլ ու մնալ այդ «խաչ»ին վրայ:

Անոր ժողովուրդը վիրաւոր, քաղաքացիներուն մեծ տոկոսը փախստական ու անտէր, քաղաքներուն շատերը աւերուած ու այս բոլորին կողքին հովուական առաքելութիւն մը, որ կոչուած է պահել ու պահպանել դարերու կեանք ունեցող իրաքահայ համայնքը:

Նորին սրբազնութիւնը ազնուութիւնը ունեցաւ պատասխանելու մեր հարցումներուն։ Սակայն նախքան հարցազրոյցը, ծանօթանանք սրբազան հօր վաստակին։

Տ. Աւագ արք. Ասատուրեան, աւազանի անունով Վազգէն, ծնած է Պաղտատ՝ 1942-ին:

1962-1965 թուականներուն Պաղտատի Ալ-Հիքմա համալասարանէն ներս ուսանած է քաղաքային ճարտարագիտութիւն։

1968-1970 թուականներուն հետեւած է Լէյլ քաղաքի համալսարանի փիլիսոփայութեան բաժնին եւ ստացած է պսակաւոր արուեստի աստիճան (B.A.):

1968-1973 թուականներուն արժանացած է «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկի կրթաթոշակին՝ ուսումը հինգ տարիով Միացեալ Նահանգներու մէջ շարունակելու համար:

1972 թուականի Յունիսին, վկայուած է Նիւ Օրլիընսի Թուլէյն համալսարանէն եւ ստացած է փիլիսոփայութեան մագիստրոսի աստիճան (M.A.):

1972-1973 թուականներուն փիլիսոփայութեան տոքթորականի ձեռքբերման զուգահեռ, փիլիսոփայութիւն դասաւանդած է Թուլէյնի համալսարանէն ներս:

1973 թուականի Մարտին, սրբազան հայրը այն երկու ուսանողներէն մէկն էր, որոնք ներկայացուցած էին Նիւ Օրլիընսի Թուլէյն համալսարանը Ուաշինկթընի Միջազգային ղեկավարութեան համագումարի ընթացքին, որու նպատակը ուսանողներուն Միացեալ Նահանգներու կառավարութեան աշխատանքին հետ ծանօթացնելն էր:

1970-1973-ին, Աւագ սրբազան կրթաթոշակներ ստացած է Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութենէն (ՀԲԸՄ - AGBU), Ամերիկայի Հայ ուսանողնողական ընկերութենէն եւ «Սաթենիկ Ուզունեան» հիմնադրամէն:

1973-ի ամրան, եղած է Նիւ Եորքի ՀԲԸՄ-ի «Նուպար» ճամբարի երեխաներու հայեցի դաստիարակութեան պատասխանատուն:

1974-ի ամրան, Նիւ Եորքի Ս. Ներսէս ճեմարանի այլ ուսանողներու հետ մասնակցած է միամսեայ ճանապարհորդական ծրագրին, որ նուիրուած էր Ներսէս Շնորհալիի մահուան 800-ամեակին, այցելելով նաեւ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Արեւելեան Թեմի եկեղեցիններ:

1974-1975-ի ամրան, ան Տիթրոյթի ՀԲԸՄ-ի «Արարատ» ճամբարի փոխ-տեսուչն էր:

1973-1976 թուականներուն աշխատած է ՀԲԸՄ-ի Նիւ Եորքի մասնաճիւղին մէջ, որպէս Արեւելեան շրջանի վարիչ-քարտուղար, միաժամանակ հայերէն դասաւանդելով թէ՛ Առաջնորդարանի եւ թէ ՀԲԸՄ-ի մէջ։

1974-ի Փետրուարին, Նիւ Եորքի Ս. Վարդան մայր տաճարին մէջ, ձեռամբ Տ. Թորգոմ Արք. Մանուկեանի, ձեռնադրուած է սարկաւագ:

1974-1976 թուականներուն եղած է Ուեստչեստըրի հայկական երգչախումբի ղեկավարը:

1976-ի ամրան, յաճախած է Belleview հիւանդանոցի Բուժական-հովուական դասընթացքներուն (Clinical-Pastoral Education):

1976-1977 թուականներուն դասաւանդած է Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի Գէորգեան հոգեւոր ճեմարանին մէջ:

1977-ի Մայիսին, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինի մէջ՝ ձեռամբ Տ. Յուսիկ Արք. Սանթուրեանի, ձեռնադրուած է կուսակրօն քահանայ:

1977-ի Օգոստոսին, վերադարձած է Միացեալ Նահանգներ եւ նշանակուած է Նիւ Ճըրզիի Էլպերոն քաղաքի Ս. Աստուածածին (այժմ՝ Ս. Ստեփանոս) եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ:

1977-1979 թուականներուն, հովուական ծառայութեան ընթացքին ան Նիւ Ճըրզիի էլպերոն քաղաքին մէջ մասնակցած է Ազգային եկեղեցական խորհուրդի ժողովներուն՝ ներկայացնելով Հայ Եկեղեցւոյ Ամերիկայի Արեւելեան Թեմը:

1978-ի Փետրուարին, Ամենայն Հայոց Վազգէն Ա. Կաթողիկոսի՝ Պաղտատ այցելութեան ժամանակ ստացած է վարդապետութեան աստիճան՝ Տ. Պսակ Արք. Թումանեանի ձեռամբ:

1979-ի Մարտին, Ամենայն Հայոց Վազգէն Ա. Կաթողիկոսի կողմէ նշանակուած է Իրաքի Հայոց Թեմի առաջնորդական տեղապահ:

1980-ի Ապրիլին, Իրաքի Թեմի պատգամաւորական խորհուրդը զինք ընտրած է Իրաքի Թեմի առաջնորդ: Ան միաձայնութեամբ վերընտրուած է 1984, 1988, 1992, 1996, 2000 եւ 2004 թուականներուն:

1980-ի Հոկտեմբերին, պաշտպանելով «Փրկագործութեան պատմութեան ընթացքը» խորագրեալ թեզը, Օշականի Ս. Մեսրոպ եկեղեցւոյ մէջ ստացած է ծայրագոյն վարդապետութեան աստիճան՝ ձեռամբ Տ. Սիոն Արք. Մանուկեանի:

1982-ի Փետրուարին, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինի մէջ օծուած է եպիսկոպոս՝ ձեռամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Վազգէն Ա. Կաթողիկոսի:

1984-1988 թուականներուն, Իրաքի մէջ հաստատուած տարբեր կրօններու առաջնորդներու հետ այցելած է Հռոմ՝  հանդիպելով Պապին: Հանդիպումներ ունեցած է Վատիկանի տարբեր մարմիններու անդամներուն հետ, ԵՀԽ-ի քարտուղարի միջազգային Կարմիր խաչի յանձնախումբի, Քենթըպըրիի եւ տարբեր երկիրներու կաթողիկէ եկեղեցիներու յանձնախումբերու հետ: Այս այցելութիւններու նպատակն էր նը-պաստել Իրաքի եւ Իրանի միջեւ խաղաղութեան հաստատման:

1986-ին, Կիպրոսի մէջ մասնակցած է Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդի Միջեկեղեցական օգնութեան եւ ծառայութեան համաժողովի խորհըր-դակցութիւններուն: Սրբազան հայրն այդ ժողովի ընթացքին ընտրուած է ղեկավարման եւ ծրագրման յանձնախումբի անդամ: Իր ջանքերուն շնորհիւ, ժողովի որոշման ձեւակերպման։

1991-ին, հինգերորդ անգամ ըլլալով այցելած է Հռոմի Յովհաննէս Պօղոս Բ. Պապին:

1991-ին, Պարսից ծոցի մէջ ստեղծուած տագնապալի իրավիճակի պատճառով, Տ. Աւագ Արք. Ասատուրեան, որպէս պատուիրակութեան անդամ, հանդիպումներ ունեցած է Յովհաննէս Պօղոս Բ. Պապի, ԵՀԽ-ի անդամներու, Կաթողիկէ եկեղեցւոյ Եպիսկոպոսական խորհուրդի եւ եւրոպական երկիրներու բարձրաստիճան պաշտօնեաներուն հետ: Ան Նիւ Եորքի մէջ հանդիպած է նաեւ ՄԱԿ-ի գլխաւոր քարտուղարին հետ:

1992-1995 թուականներուն, այցելած է Շուէտի, Դանիոյ, Սկովտիոյ, Զուիցերիոյ եւ Անգլիոյ եկեղեցիները՝ նշեալ եկեղեցիներու առաջնորդներու կամ եկեղեցիներու խորհուրդներու նախաձեռնութեամբ:

1993-ի Դեկտեմբերին, ստացած է արքեպիսկոպոսի աստիճան՝ երջանկայիշատակ Վազգէն Ա. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին կողմէ:

1996-ի Յունիսին, աստուածաբանութեան մագիստրոսի աստիճանը ստացած է Ս. Վլատիմիր ճեմարանէն՝ որպէս Ս. Ներսէսի ուսանող:

1998-ի Նոյեմբերին, պաշտպանելով տոքթորական թեզ, Աւագ սրբազան ստացած է (PhD) տիտղոսը եւ Հռոմի Ս. Խաչ հայրապետական համալսարանի Summa Cum Laude գերազանցութեան վկայականը:

1991-2000 թուականներուն, բազմիցս մասնակցած է Ամման գումարուած Պարսից ծոցի պատերազմներու քննարկ-ման նուիրուած Միջին Արեւելքի Եկեղեցիներու խորհուրդի ժողովներուն:

1984 թուականէն սկսեալ Տ. Աւագ Արք. Ասատուրեան կազմակերպողն ու գլխաւոր ղեկավարն է ամուսնացեալ քահանաներու համար նախատեսուած հնգամեայ դասընթացքներուն: Շրջանաւարտները, քահանայ ձեռնադրուելով, կը ծառայեն Իրաքի Հայոց Թեմին: Քահանաներու պատրաստման ծրագիրը մինչ օրս կը շարունակուի: Սրբազանը մինչեւ այսօր ձեռնադրած է չորս կուսակրօն եւ ութ քահանայ:

1985-ին, հիմնած է կիրակնօրեայ դպրոցներ թեմական եկեղեցիներու եւ այլ ծուխերու մէջ: Այսօր հինգ հարիւր հայ երեխաներ կը յաճախեն կիրակնօրեայ դպրոցներ:

Սրբազանի եւ Թեմական խորհուրդի ջանքերով Իրաքի Հայոց Թեմը իր կալուածները վերածած է եկամտաբեր աղբիւրներու: Այդտեղ կառուց-ւած են յարկաբաժիններ, հիւրանոցներ, առեւտրական կեդրոններ եւ բնակելի շէնքեր, որոնցմէ ստացուած եկամուտը կը գործածուի կրօնական, դաստիարակչական եւ մշակութային ծրագիրներու իրականացման համար:

1997-ին, Նոյեմբերին սրբազան հօր ջանքերով առաջնորդարանի մէջ բացուեցաւ «Ծայրագոյն վարդապետ Մեսրոպի թանգարան»ը, ուր ցուցադրուած են ձեռագիրներ, սրբազան իրեր, սրբանկարներ, զգեստներ:

1986-ին, ան հիմնադրած է «Հայ եկեղեցասիրաց» կազմը: Տարբեր տարիքի աւելի քան երկու հարիւր հոգի կը մասնկացի կազմին կողմէ կազմակեր-պըւած միջոցառումներուն եւ սուրբգրային ու Հայ Եկեղեցւոյ նուիրուած դասախօսութիւններուն:

Ամէն տարի Տ. Աւագ Արք. Ասատուրեան Մեծ պահքի Կիրակի օրերը դասախօսութիւններ կը կազմակերպէ սուրբգրային, եկեղեցական եւ հոգեւոր նիւթերով՝ նպատակ ունենալով զօրացնել սփիւռքահայ երիտասարդութեան եւ մանուկներու ազգային եւ հոգեւոր դաստիարակութիւնը:

Առաջնորդութեան տարիներուն Տ. Աւագ Արք. Ասատուրեան, համագործակցելով Իրաքի Հայոց Թեմի Կեդրոնական ազգային վարչութեան հետ (Թեմական խորհուրդ), կեանքի կոչած է հետեւեալ ծրագիրները.

- Սուրբ Նահատակաց եկեղեցիներու կառուցում (1986-90թթ.)

- Պաղտատի չորս հայկական եկեղեցիներու ընդլայնում նոր կառոյցներով,

- Պաղտատի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ համար աւելի մեծ համալիրի կառուցում (1990-2000թթ.),

- Իրաքի հիւսիսը հայաբնակ Աւզրուկ գիւղի մէջ նոր եկեղեցւոյ կառուցում (1999-2000թթ.),

- Մուսուլի նորակառոյց եկեղեցւոյ հիմնարկէք (2001թ.),

- Ութ հասոյթաբեր շէնքերու կառուցում (1980-1998թթ.),

- Տասը կալուածներ, որոնք կտակուած են եկեղեցիին, դարձան ազգապատկան շէնքեր (1980-2000թթ.),

- Մշակութային կեդրոններու կառուցում, որոնք կ՚ընդգրկեն դասարաններ, թանգարան, գրադարան եւ մեծ սրահ (1999-2001թթ.),

- Խաչքար-յուշարձանի կառուցում՝ նուիրուած Հայոց Եղեռնի նահատակներուն (2000թ.):

1980 թուականէն ի վեր Մայր Աթոռի «Էջմիածին» ամսագիրի մէջ տպագրը-ւած են սրբազանի բազմաթիւ յօդուածներն ու քարոզները:

Հրատարակած է «Աւագ շաբաթ»ի արարողութիւններու վերաբերեալ գիրք մը: Յառաջաբանի մէջ բացատրուած է Աւագ շաբթուան աստուածաբանական նշանակութիւնը:

Սրբազանը Ս. Գրիգոր Նարեկացիի, Ս. Ներսէս Շնորհալիի եւ Ս. Գրիգոր Տաթեւացիի կենսագրութիւններու վերաբերեալ երեք անգլերէն յօդուածներու հեղինակ է, որոնք հրատարակուած են տասնվեց հատորնոց կրօնական հանրագիտարանի մէջ (Նիւ Եորք, Մաքմիլան տպարան, 1986):

Սրբազան հայրը երեսունեօթ տարիներէ ի վեր կը շարունակէ հովուել իրաքահայ համայնքը, աւելի՛ն, անոր ջանքերուն շնորհիւ է նաեւ, որ այսօր տարբեր համայնքներու մէջ հովուական ծառայութեան անցած սրբազան հայրեր կամ միաբան հայեր իր նեցուկով ու օրհնութեամբ է, որ ընդունած են Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ ծառայելու բարձրագոյն ուխտը:

Վկայութիւններ գրել նորին սրբազնութեան մասին, շարադրել տասնեակ դէպքեր, հանրութեան ծանօթացնել անոր ծաւալած գործունէութեան մասին հպարտառիթ դրոյթներ, կարելիութիւններ են ներկայացնելու համար անոր տիրական պատկերը, սակայն փաստը, որ սրբազան հայրը կը վայելէ արաբ, իսլամ, քիւրտ եւ այլ խօսքով ամբողջ Իրաքի կրօնական եւ աշխարհիկ շրջանակներու բարձր յարգանքը, աւելիով կ՚ամրացնէ մեր բոլորին երախտագէտ զգացումներն ու յարգանքը:

 Փաստը, այն մասին, որ Իրաքի շիի համայնքի միլիոնաւոր հաւատացեալներու առաջնորդ համարուող Սայէտ Ալի ալ Սիսթանին անձամբ ընդունած է Տ. Աւագ Արք. Ասատուրեանը, ինքնին մեծ ապացոյց է անոր վաւերական առաջնորդ մը ըլլալու մասին: Ու վաւերականականութեան մասին խօսքը աւելի կ՚իմաստաւորուի, որովհետեւ ան ոչ միայն Իրաքի հայերուն, այլ նաեւ բոլոր քրիստոնեաներուն առաջնորդն է:

 Տ. Աւագ սրբազան այն միաբաններէն է, որուն համար եպիսկոպոսական վեղար ու ասա ունենալը ձեւական բաներ չեն, այլ աշխարհընկալում մը, որ կը թարգմանուի Քրիստոսի ու անոր հետեւորդ ժողովուրդին ծառայելու անձնուիրութեամբ ու կամքով:

*

-Սրբազան Հայր, այսօր դէպի ո՞ւր կ՚երթայ Իրաքը։

-Բաւական դժուար հարցում մը ըրիք ու ոչ ոք կրնայ ըսել, թէ ո՛ւր կ՚երթայ Իրաքը, որովհետեւ Արեւմուտքը կ՚ուզէ ամէն գնով մեծ տագնապներու մատնել Միջին Արեւելքի երկիրները, եւ չ՚ուզեր անոնց զարգացումը: Կայ մօտեցում, որուն համաձայն Արեւմուտքը կը նախընտրէ, որ Միջին Արեւելքի եկիրները շարունակեն մնալ ներածող երկիրներ եւ այդ մօտեցման շնորհիւ Արեւելքի անվերջ հարստութիւնը՝ քարիւղ, տարբեր հանքեր, դրամ եւ այլն, իւրացուին արեւմտեան երկիրներուն կողմէ:

-Սրբազան հայր, դուք ապրած էք Սատտամ Հիւսէյինի ժամանակաշրջանը։ Այդ տարիներուն, շիիներու եւ քիւրտերու հանդէպ ճնշում կա՞ր: Հայերու նկատմամբ ինչպէ՞ս կը վերաբերէին:

-Այո՛, շիիներուն հանդէպ ճնշում կար: Քիւրտերու հանդէպ չեմ գիտեր, բայց միշտ հակամարտութիւններ եղած են՝ ըստ օրուան քաղաքականութեան: Այսինքն, օրը ինչ կը պահանջէ, այդպէս ալ վարուած են քիւրտերուն հետ: Իսկ հայերուն եւ քրիստոնեաներու հանդէպ, ընդհանրապէս, բարեացակամ եղած են, ոչ միայն նախորդ, այլ բոլոր շարժումներու օրով՝ սկսեալ Ֆայսալ Առաջին թագաւորի օրերէն:

-Ներկայիս իշխանութիւնները նոյն դրական մօտեցումը ունի՞ն հայերու նկատմամբ:

-Այո՛, ունին, որովհետեւ հայերը եւ քրիստոնեաները շինիչ եւ խաղաղասէր տարր եղած են, եւ ոչ թէ խանգարիչ:

-Բոլորս գիտենք, որ Սատտամ Հիւսէյինի վարչակարգին անկումէն ետք Իրաքի մէջ զարթօնք մը ապրեցան մինչ այդ ճնշումի տակ գտնուող շիիները: Ու այս առումով անոնք այսօր կը համարուին Իրաքի կարեւորագոյն ուժերէն մին: Շիիները ունին մէկէ աւելի յայտնի կրօնական առաջնորդներ, որոնց կարեւորագոյնը կարծեմ Սայիտ Ալ Սիսթանին է: Կրնա՞ք այս մասին պատմել մեր ընթերցողներուն:

-Ալ Սիսթանին, շիիներու՝ որոնք շուրջ 15 միլիոն են, կրօնական ամենէն վաւերական գերադասերէն մին է: Ընդհանրապէս շիիներրը ունին չորս գլխաւոր առաջնորդներ եւ բոլորը Նաճաֆ Աշրաֆի մէջ կը բնակին: Բոլորը հաւասար են, կամ հաւասարներուն մէջ առաջինն են: Իրենց զաւակներն ալ կրնան «Սայէտ» ըլլալ, բայց պայման չէ կրօնական գերադասեր դառնան: Կրօնական գերադաս կը նշանակուի այն անձը, որ ժամանակ կը տրամադրէ ուսումնասիրելու իրենց աստուածաբանութիւնը: Բայց ամենակարեւորը եւ հետաքրքրականը այն է, թէ որքան մարդ կը հետեւի իրեն: Այդ կ՚իմանան ձեռք համբուրելու եւ օրհնութիւն ստանալու ժամանակ, երբ այցելողները նիւթական նուիրատուութիւններ կ՚ընեն: Ու ապա հաւաքուած գումարներով, է որ անոնք կ՚իմանան տուեալ առաջնորդին կրօնական «զօրութիւնը կամ գերիշխանութիւնը»:

-Սրբազան հայր, ճի՞շդ է որ շիիներու պարագային կրօնը եւ քաղաքականութիւնը իրարու մօտ են: Այդպիսի բան մը նկատա՞ծ էք:

-Չէ, չեմ կրնար այդպիսի բան ըսել, բայց շիիները 2003 թուականէն ետք յաւելեալ զարգացում մը ապրեցան, երբ ամերիկացիները Իրաք մուտք գործեցին եւ այդ տխրահռչակ պատերազմը տեղի ունեցաւ: Նշեմ, որ իրենք թիւով աւելի շատ են քան սիւննիները: Սիւննիները միշտ իշխող դասակարգ եղած են՝ Օսմանեան կայսրութենէն սկսեալ, բայց երկրի դրամագըլուխը եւ առեւտուրը եղած են շիիներուն ձեռքը: Այսպիսով հաւասրակշռութիւն մը ստեղծուած էր՝ մէկը քաղաքական եւ զինուորական ուժի, իսկ միւսը դրամական եւ առեւտուրի ուժի տէրն էր: Սակայն, այս հաւասարակշռութիւնը խախտուած է այսօր:

-Անընդհատ կը լսենք, որ Իրաքի հայութիւնը միտումներ ունի հեռանալու: Ի՞նչ է արտահոսքի պատճառը եւ արդեօք կա՞ն ձեւեր զայն կանխելու:

-Միտումներ չեն, այլ իրականութիւն է, որ իրաքահայերը հեռանան կամ կը փափաքին հեռանալ: Ես շատ մտահոգ եմ: Ինչո՞ւ պէտք է կորսնցնենք լաւ համայնք մը…

Արտահոսքի պատճառներէն մէկը քաղաքական անկայուն վիճակն է, եւ այդ անկայուն վիճակին հետեւանքով յառաջացած ահաբեկչութիւններն են՝ ականուած ինքնաշարժեր, անձնասպանական արարքներ, եւ այլն:

-Մուսուլը ազատագրելու գործողութիւնները պսակուեցան յաջողութեամբ: Այսօր իրաքեան բանակը մեծ հաշուով տէրն է կացութեան: Կը կարծէ՞ք, որ վերջ պիտի տրուի ԻՇԻՊ-ին, յատկապէս Մուսուլի տարբեր շրջաներու մէջ:

-Չեմ կրնար ճշգրիտ պատասխան մը տալ: Նախ, պէտք է հարց տանք, թէ ինչպէ՞ս յառաջացաւ ԻՇԻՊ-ը: Ինծի եւ իմ նման շատերուն համար մութ է այդ պարագն: Յանկարծ լսեցինք, որ այսպիսի անունով խումբ մը կազմակերպուած է եւ գրաւած է Մուսուլ քաղաքը: Այս խումբը չեմ կարծեր մէկ օրուան ընթացքին կրնար կազմուիլ եւ լուրջ գործողութիւններ կատարել: Երկրի ղեկավարութիւնն ու կրօնական առաջնորդներէն ոչ ոք կրնայ մատը վէրքին վրայ դնել եւ ըսել, թէ ո՞վքեր ԻՇԻՊ-ի զինեալներ են, կամ ո՞վ կայ ու ի՞նչ ուժեր կան անոր ետին:

-Վերջին շաբաթներուն Իրաքի զարգացումներուն հետեւող ոեւէ անձ կը հասկնայ, որ գետնի վրայ նոր ձեւափոխումներ կը կատարուին: Ու այս առումով նորութիւն է «Հաշտ ալ Շահպի»ի («Ժողովրդային շարժում») երեւումը, որ ըստ երեւոյթին կարեւոր դերակատարութիւն պիտի ունենայ յառաջիկայ հանգրուանին: Ի՞նչ կրնաք ըսել այս առումով:

-Այո՛ ճիշդ էք: «Ժողովրդային շարժում»ը մէկ կողմէն, քիւրտերը միւս կողմէն Իրաքի պետութեան զօրքի հետ միանալով հաւասարակշռութիւն մը պիտի ստեղծեն: Կը յուսանք, որ այս երեք խումբերուն միջեւ բախումներ տեղի չեն ունենար, որովհետեւ բոլորի թշնամին ԻՇԻՊ-ն է, ու գլխաւոր նպատակը՝ անոնցմէ ձերբազատուիլը:

-Դուք հիմա ապահո՞վ էք Պաղտատի մէջ:

-Ոչ ոք ապահով է, որովհետեւ պայթումը ո՛ւր եւ ե՛րբ կ՚ըլլայ չես կրնար գիտնալ: Մենք ամէն օր վտանգի տակ ենք, բայց պարտաւոր ենք մեր ժողովուրդը հովուել:

-Տարբեր առիթներով դուք այցելեցիք Տհոք, Էրպիլ, Զախօ, Հավրեսք: Ի՞նչ կրնաք ըսել տեղւոյն հայերուն մասին:

-Իրաքի մէջ երկու տեսակ արտագաղթ գոյութիւն ունի՝ ներքին եւ արտաքին: 2003 թուականէն վերջ արտաքին արտագաղթ տեղի ունեցաւ՝ ժողովուրդը գաղթեց մօտակայ երկիրներ՝ Յորդանան, Սուրիա, Լիբանան, Եգիպտոս, իսկ ներքինը, քիչ մը աւելի ուշ սկսաւ, երբ Պաղտատէն տեղափոխուեցան հիւսիսային շրջան, ուր համեմատաբար աւելի խաղաղ էր:

-Զիս կը յուզէ Մուսուլի հայերու պարագան: Մուսուլի հայերուն թիւը որքա՞ն էր նախքան պատերազմը: Հիմա հայ ընտանիքներ կա՞ն հոն: Ինչպէ՞ս է իրենց վիճակը եւ արդեօք ազատագրումէն ետք կը վերադառնա՞ն Մուսուլ:

-Մուսուլի մէջ, նախքան պատերազմը, հայերու թիւը մեծ էր, բայց քաղաքը ԻՇԻՊ-ի տիրապետութեան տակ անցնելէ ետք 89 հայ ընտանիքներ Մուսուլէն հեռացան: Մուսուլը մեր հայկական ամենահին համայնքներէն մէկը եղած է: Մուսուլէն աւելի հին քաղաքը Պասրան է 1222՝ ըստ Աշոտ Աբրահամեանի հայ գաղթօճախներու մասին գիրքին: Այսօր, Մուսուլ հայ ընտանիք չկայ, դեռ աւելին՝ քաղաքի պատմութեան ընթացքին առաջին անգամն է, որ Մուսուլի մէջ ոչ մէկ քրիստոնեայ մնացած է:

Իսկ գաղթական բառը արդէն ինքնին կը բնորոշէ, թէ ինչ վիճակի մէջ կը գտնուի ժողովուրդը: Գաղթական կը նշանակէ տուն եւ գործ կորսնցուցած անձ, որ ուրիշի քով երթալով ապաստան խնդրած է: Որքան ալ հարազատի մը քով ըլլայ մարդ, նորէն օտարութիւն կը զգայ եւ կ՚ունենայ բազմաթիւ դըժ-ւարութիւններ: Ես քանի մը անգամ այցելեցի Իրաքի հիւսիսային շրջաններ գաղթած հայ ընտանիքներուն եւ փորձեցի նեցուկ կանգնիլ:

Անոնք այսօր շուարած վիճակ մը ունին եւ չեն կրնար ճիշդ որոշում առնել: Բոլորը կը սպասեն վիճակի բարելաւման: Եթէ քաղաքական վիճակը բարելաւուի եւ գործերը վերսկսին, ապա սեփական տուն ունեցողները, հաւանաբար վերադառնան եւ մնան, իսկ անոնք, որոնք դպրոցական զաւակներ ունին, դժուար, թէ ուզեն փոխել իրենց կեանքը:

-Սրբազան հայր, Դուք նաեւ եկեղեցապետերու խորհուրդի ընդհանուր քարտուղարն էք: Ի՞նչ գործունէութիւն կը ծաւալէ այդ խորհուրդը:

-Եկեղեցապետերը քով քովի գալով կը ներկայացնեն իրենց համայնքի դժուարութիւնները: Գրեթէ բոլորին դժուարութիւնները նոյնն են: Հարկ եղած ատեն, կը դիմենք նաեւ պետութեան: Պետութիւնը միշտ ալ բարեացակամ եղած է մեր նկատմամբ, բայց այդ բարեացակամութիւնը գործի կը վերածուի՞… Այս արդէն ուրիշ հարց է:

-Այսօր իրաքահայութիւնը քանի՞ հայկական եկեղեցի ունին Պաղտատի մէջ:

-Չորս հայկական եկեղեցի ունինք եւ չորսն ալ՝ այսպէս թէ այնպէս, գործող են: Այդ մէկը կապուած է ժողովուրդի քանակին հետ: Ցաւօք, այսօր ժողովուրդի թիւը նօսրացած է եւ այս պատճառով ալ արարողութիւնները միայն մէկ եկեղեցւոյ՝ առաջնորդանիստ Սուրբ Գիրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ տեղի կ՚ունենան:

-Ի՞նչ տեղեկութիւններ ունիք եզիտի համայնքին մասին:

-Մասնաւոր տեղեկութիւն չունիմ, բայց գիտեմ ինչ պատահեցաւ եզիտիներուն նկատմամբ: Մեր եկեղեցին, Զախոյի մէջ, գրեթէ մէկ ամիս 17 եզիտի եւ երեք քաղդէացի ընտանիքներու ապաստան տուաւ: Իսկ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը, իրենց իշխանին նամակ մը գրեց յայտնելով իր ցաւը եւ վիշտը, ի տես այն դժուարութիւններուն, որոնց ենթարկուեցաւ եզիտի ժողովուրդը: Ան նամակին մէջ նշած էր նաեւ, որ եթէ ազգ մը կայ որ կրնայ հասկնալ որեւէ ժողովուրդի ցաւը եւ տառապանքը, ապա ան հայ ազգն է, որ տեսած է Մեծ Եղեռնը:

-Սրբազան հայր, մենք «Աղաճանեան» անունով գիւղ մը ունեցած ենք: Հիմա այդ գիւղը ի՞նչ վիճակի մէջ կը գտնուի:

-Գիւղը Սարգիս Աղաճանեանի պատուին անուանեցի «Աղաճանեան»: Ան քաղաքական գործիչ եւ մեծ բարերար է: Միշտ օգնած է հայ եւ քրիստոնեայ համայնքներուն: Սարգիս Աղաճանեան այսօր Էրպիլ կ՚ապրի: Այդ գիւղին մէջ ան քսան տուն կառուցած է, ինչպէս նաեւ Տհոքի եկեղեցին: Ինծի վիճակուեցաւ 2008 թուականին կատարել եկեղեցւոյ օծման արարողութիւնը 200 հրաւիրեալներու հետ միասին ներկայ էին Եգիպտոսի Աշոտ Սրբազանը եւ Դամասկոսի Արմաշ Սրբազանը:

Գիւղը կը գտնուէր ԻՇԻՊ-ի լուծին տակ, բայց հիմա ազատագրուած է: Տուները փլատակ վիճակի մէջ են:

-Դուք Հիւսիսային Իրաքի մէջ ապագայ կը տենսէք հայութեան համար:

-Կը կարծեմ, որ պէտք է լաւատես ըլլալ: Հոգեւորականի մը համար լաւատեսութիւնը կարեւոր է, որպէսզի կարողանայ ներշնչել դիմացինը իր լաւատեսութեամբ, բայց պէտք չէ «կոյր» լաւատես մը ըլլալ:

Այս օրերուն չեմ տեսներ ապագայ, սակայն կոչ կ՚ուղղենք մեր ժողովուրդին, որ չհեռանան, որովհետեւ իրաքահայ ժողովուրդը հզօր անցեալ եւ պատմութիւն ունեցող համայնք մըն է: Իրաքի նոյնիսկ Բաբելոնի շրջանին մէջ կայ շրջան մը, որ կը կոչուէր «Հայերու թաղամաս», իսկ Պասրա 1222 թուականին, Մուսուլ 1375-ին եւ Պաղտատ 1639-էն ետք եկեղեցիներ ունեցած ենք:

-Ի՞նչն է որ Իրաքը կը կապէ իրաքահայերուն։

-Պատկերաւոր ըսեմ՝ Տիգրիսը եւ Եփրատը, որոնց ջուրերը Արարատէն կը բխին:

-Ամփոփ գիծերու մէջ կրնա՞ք ներկայացնել Հայաստան-Իրաք յարաբերութիւնները։

-Որոշ կապեր սկսան սկիզբ առնել, բայց դանդաղ կը զարգանան: Դիւանագիտական գետնի վրայ Հայաստան հիւպատոսարան մը հիմնեց Էրպիլի մէջ:

-Արդեօք այս նախանշա՞ն է Իրաքի բաժանման:

-Ոչ, որովհետեւ Հիւսիսային Իրաքը առանձինն չի կրնար կողմնորոշուիլ կամ Իրաքէն բաժնուիլ: Ըսեմ նաեւ, որ ներկայիս այնտեղ հայերը եւ քիւրտերը բաւական լաւ կապեր ունին:

-Ի՞նչպէս կը գնահատէք Պաղտատի մէջ Հայաստանի դեսպանատան գործունէութիւնը։

 -Շարժումները սահմանափակ են, սակայն տեղւոյն դեսպանը՝ Պրն. Կարէն Գրիգորեանը եւ կցորդը՝ Պրն. Սմբատ Խաչատուրեանը շատ աշխոյժ են: Առաջնորդարանի հետ կապը ամուր է, եւ մենք իբրեւ առաջնորդարան, առաջնորդ եւ վարչութիւն կը փորձենք ամէն գնով սատար հանդիսանալ:

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

«Ժամանակ»/ Պոլիս