image
Հրատապ լուրեր:

Արմէն Մարտիրոսեան. «Ա. Աշխարհամարտէն ետք հայերուն Հնդկաստանէն հեռացումը մեծագոյն կորուստն Էր»

Արմէն Մարտիրոսեան. «Ա. Աշխարհամարտէն ետք հայերուն Հնդկաստանէն հեռացումը մեծագոյն կորուստն Էր»

Հնդկաստանի հանդէպ մեր շատ յաճախ ունեցած ըմբռնումները իրաւացի չեն եւ կը պատկանին անցեալին: Կրթութիւն, բժշկութիւն, առողջապական ոլորտ, տնտեսութիւն, ջերմուժ, այլընտրանքային տնտեսութիւն, բանակ եւ տարբեր ոլորտներ այսօր հասած են բաւական բարձր մակարդակի: Ու այդ բոլորին շնորհիւ է նաեւ, որ միջազգային ընտանիքին անդամ Հնդկաստան աշխարհին կը ներկայանայ որպէս աճ ապրող երկիրներու կարգին առաջնակարգ դիրք գրաւողներէն:

Երբ Հնդկաստանի մասին խօսինք ապա անպայման անդրադարձ պիտի ըլլայ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի հովանին վայելող Կալկաթայի ճեմարանին մասին: Հայաստան-Հնդկաստան յարաբերութիւններու ծիրին մէջ եւս այդ պատմական վարժարանը կարեւոր դեր եւ նշանակութիւն ունեցած է: Նոյն կարծիքին է նաեւ Հնդկաստանի մօտ Հայստանի արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Արմէն Մարտիրոսեան, որուն հետ ունեցած մեր զրոյցի ընթացքին ան կարծիք կը յայտնէ, որ Կալկաթայի մէջ գործող ճեմարանը բոլոր տուեալները ունի սփիւռքահայութեան համար ալ ուսման կարեւոր կեդրոն մը դառնալու: Ան այս ծիրէն ներս կը վկայակոչէ Սուրիոյ եւ յատկապէս Հալէպի հայ աշակերտութեան պարագան, որ պատերազմին պատճառաւ դարձաւ ցիրուցան, մինչ լաւ առիթ կար, որ հալէպցի հայ աշակերտներ Կալկաթա մեկնէին ու այնտեղ շարունակէին իրենց ուսումը: Պարոն դեսպանը այս առումով նաեւ տարակոյս յայտնեց, որ հայութիւնը կամ չի ճանչնար Հնդկասատնը, կամ ալ չի գիտեր, թէ ինչ կարեւոր դեր ունեցող երկիր մըն է հայութեան եւ Հայաստանին բարեկամ Հնդկաստանը:

Այս բոլորին կապակցութեամբ ու յատկապէս Հնդկաստանի մէջ խոր արմատներ ունեցող հայութեան մասին ձեր ուշադրութեան կը յայնձնեմ Հնդկաստանի մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան Արմէն Մարտիրոսեանին հետ կատարած հարցազրոյցս:

-Պրն. Մարտիրոսեան ի՞նչ պայմաններու տակ եւ ե՞րբ ստանձնեցիք Հնդկաստանի մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպանի պաշտօնը:

-2003-2009 թուականներուն եղած եմ ՄԱԿ-ի Հայաստանի դեսպան, ապա տեղափոխուած եմ Գերմանիա, որպէս Հայաստանի դեսպան: Չորս տարի ետք վերադարձած եմ Հայաստան եւ մէկ տարի եղած եմ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահի խորհրդական, ապա նշանակուած եմ Հնդկաստանի դեսպան: Հնդկաստանի ճանապարհով էր, որ ես աւելի մօտէն ծանօթացայ հեռաւոր Ասիային ու այդ առումով կըր-նամ ըսել, որ 21-րդ դարը ոչ թէ Արեւմուտքի, այլ Արեւելքի դարն է, եւ Արեւելքն է, որ պիտի որոշէ աշխարհի ընդհանուր գործընթացները:

-Պարոն դեսպան, կ՚ուզեմ քիչ մը ձեր գործունէութեան մասին խօսինք: Ի՞նչ կ՚ընէ այսօր Հնդկաստանի մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանատունը եւ ի՞նչ է ձեր գործունէութեան ընդհանուր ոլորտը բացի թղթատարական գործերէն:

-Մեր գործունէութեան ոլորտը պայմանաւորուած է երկրի ընդհանուր կառավարութեան առաջնահերթութիւններով: Երբ դեսպանութիւնները իրենց աշխատանքները կը կազմեն, նկատի կ՚առնեն երկրի նախագահի դրած խնդիրները, որոնց համաձայն կառավարութիւնը իր գործունէութիւնը կը ծաւալէ, նաեւ նկատի կ՚առնենք տուեալ երկիրի իւրայատկութիւնները, հնարաւորութիւնները եւ ներուժը, այնուհետեւ կը մշակենք մեր խնդիրները եւ ձեռնամուխ կ՚ըլլանք իրականացնելու զանոնք: Հնդկաստանը մէկ միլիառ երեք հարիւր քսան միլիոննոց երկիր է, ունի հսկայ շուկայ եւ տնտեսական հզօր ներուժ: Ինչպէս գիտէք, վերջերս Հնդկաստանը ամենաբարձր տնտեսական ներուժ ունեցող երկիր հանդիսացած է եւ արձանագրած է մեծ աճ: Ցաւօք, Հայաստանը շատ փոքր երկիր ըլլալով, կը գտնուի անոր աշխարհաքաղաքական եւ աշխարհատնտեսական շրջանէն դուրս, որովհետեւ Հնդկաստանի կառավարութեան տնտեսական գործունէութեան առաջնութիւնները այլ են: Մեր փոքր երկիրը, անոր 3 միլիոննոց շուկան Հնդկաստանի համար ռազմավարական մեծ արժէք մը չի ներկայացնել, բայց մենք ունինք միւս երկիրներէն տարբեր հսկայ առաւելութիւն՝ պատմական մեծ ժառանգութիւն: Վկայագրերը յանձնելու ժամանակ Հնդկաստանի Նախագահ Պարոն Մուխէրճին, որ կու գայ Պենկալի շրջանէն՝ ըսաւ. «Ես կը յիշեմ հայերու դերը Հընդ-կաստանի մէջ: Անոնք յարգուած, ազնիւ, աշխատասէր եւ բարեխիղճ մարդիկ էին: Ցաւօք, հայերը լքեցին մեր երկիրը»: Հնդկաստանի յայտնի ամսագ-րերէն մէկուն հետ հարցազրոյցի ընթացքին առիթ ունեցած եմ ըսելու, որ հայերու արտահոսքը Հնդկաստանէն կը սեպեմ մեր ազգի ամենամեծ սխալ հաշուարկը:

Հայերը Հնդկաստանը լքած են Առաջին համաշխարհային պատերազմէն ետք, երբ սկսաւ Ազգային ազատագրական շարժումը, եւ ինչպէս բոլոր երկիրներուն մէջ, նոյնպէս Հնդկաստանի մէջ ծնունդ առաւ ազգայնական ջիղը, վախը, անորոշութիւնը եւ այլ փոփոխութիւններ: Այս բոլորը հայերուն ստիպեց լքել Հնդկաստանը, իր ետին թողլով պատմական հսկայ ժառանգութիւն: Մեզի յայտնի են Կալկաթան կամ Մատրասը, սակայն մանաւանդ այդ հատուածներուն մէջ մենք ականատես կ՚ըլլանք հայութեան հետ կապ ունեցող նոր յայտնագործումներու: Օրինակ՝ անցեալ տարի Թելանկանա նահանգի Հայտարապատ քաղաքին մէջ յայտնաբերած էին գերեզմաննոց, որ 12-րդ դարու հայկական գերազմաննոց մըն էր՝ վաթսուն տապանաքարերով: Մենք այս առթիւ կառավարութենէն խնդրեցինք ցան-կապատ մը կառուցել, որպէսզի կարելի ըլլայ պահպանել այդ պատմական ժառանգութիւնը:

-Այսօր Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացիներ կա՞ն Հնդկաստանի մէջ: Այս առումով ալ, օրերս շատ մեծ պատուիրակութիւն կար Երեւանի մէջ եւ Հայաստանի նախագահին հետ հանդիպում ունեցան։ Արդեօք համագործակցութեան հեռանկարներ կա՞ն երկու պետութիւններուն միջեւ:

-Անշո՛ւշտ կան: Համագործակցելու ներուժը կայ, հնարաւորութիւնները կան, նկատի ունիմ տնտեսական բնագաւառի մէջ, որովհետեւ ինչպէս քիչ առաջ ըսի, մեր համբաւը, մշակութային ժառանգութիւնը, ինչ որ ունինք Հնդկաստանի հետ, շատ դրական եւ բարիդրացիական միջավայր ստեղծած է, եւ երկու պետութիւններու քաղաքական յարաբերութիւնները կը գտնուին շատ բարձր մակարդակի վրայ: Մենք տարաձայնութիւններ չունինք եւ ՄԱԿ-ի մէջ ալ շատ արդիւնաւէտ գործակցութիւն ունինք Հնդկաստանի հետ, բայց տնտեսական համագործակցութիւնը պէտք է աւելիով աճի: Այստեղ պէտք է նշեմ, որ այս առումով Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեանի հետ տեղի ունեցած հաշուետուութեան ընթացքին քննարկուեցան երկու պետութիւններու տնտեսական զարգացման ուղիները, եւ Հայաստանի նախագահը տուաւ իր յանձնարարականները: Նախ մեր գլխաւոր ընելիքները որոշեցինք, եւ երկրորդ որոշեցինք, որ կառավարութիւնը դեսպանատան հետ միատեղ Հնդկաստանի առընթեր ծրագիրներ մշակէ:

Այսօր Հնդկաստանի մէջ կան շուրջ 5 հարիւր հայեր, որոնց մէջ բնիկներու թիւը չ՚անցնիր յիսունը: Նաեւ կրնամ ըսել, որ այսօր հնդկահայ համայնքը կը բազմանայ շնորհիւ Հայաստանէն գաղթած հայերու, որոնք տարբեր հանգամանքներով կը յայտնուին Հնդկաստանի մէջ: Այստեղ պէտք է նշեմ, որ Հայաստանի համալսարաններուն մէջ ուսանող հնդիկ ուսանողները շատ կարեւոր նպաստ կը բերեն Հնդկաստանի հետ նոր կապեր հաստատելու առընթեր: Երեւանի Բժշկական համալսարանին մէջ ուսանող 8 հարիւր հնդիկներէն շատեր իրենց ուսումը աւարտելէ ետք կ՚ամուսնանան հայուհիներու հետ եւ կը տեղափոխուին Հնդկաստան ու այս պարգային է նաեւ, որ կը կազմուին հայ-հնդկական նոր ընտանիքներ: Ուստի, հոն ապրող հայերու մեծամասնութիւնը բժիշկներ են: Օրինակ, Հնդկաստանի Նախագահ Մուխէրճի անձնական բժշկական խումբին մէջ է նաեւ հայ բժշկուհի Գայիանէ Մովսիսեանը: Նշեմ նաեւ, որ ան Նիւ Տելհիի Հայկական մշակութային կեդրոնի ղեկավարն է, որ հիմնադրուած է 21 Սեպտեմբեր, 2015 թուականին: Իսկ կեդրոնի փոխ-նախագահը հնդկաստանի նախագահի գլխաւոր հնդիկ բժիշկն է:

-Պարոն դեսպան, քիչ առաջ շատ կարեւոր թիւ մը նշեցիք եւ ըսիք, Երեւանի Բժշկական համալսարանէն ներս կ՚ուսանին 800 հնդիկներ: Այս առումով որեւէ ընդհանրապէս գնահատական կը ստանաք Հայաստանի մասին: Ի՞նչ կը լսէք: Օգտակա՞ր է Հայաստանի բժշկական ոլորտը Հնդկաստանի համար:

-Յաճախ կը լսեմ, եւ միայն դրական գնահատականներ են անոնք: Կ՚ուզեմ նշել, որ հոն կան պետական եւ անձնական բժշկական համալսարաններ: Պետական համալսարան կ՚ընդունուին լաւագոյն եւ տաղանդաւոր ուսանողները եւ տեղերը անշուշտ սահմանափակ են: Իսկ մասնաւոր համալսարաններու թոշակները բաւական բարձր են յատկապէս միջին խաւին համար: Մեր համալսարանը որակով լաւ է եւ ուսումը մատչելի, այս պատճառով ալ հնդիկ ուսանողները կը ձգտին Հայաստան ուսանիլ, ապա ուսումը աւարտելէ ետք կը վերադառնան Հնդկաստան եւ քննութիւններ տալէ ետք կը վաւերացնեն իրենց վկայականը ու կը սկսին աշխատիլ: 2015 թուականի տեղեկատուութեամբ, Երեւանի Բժշկական համալսարանի շրջանաւարտներու միայն 18 տոկոսն է, որ յաջողած է: Ուսանողը այս քննութիւնը քանի մը անգամ անցընելու հնարաւորութիւն ունի: Հոս կ՚ուզեմ նշել, որ Հնդկաստանի բժշկութիւնը եւ հիւանդանոցները այսօր կը մրցին Գերմանիոյ եւ Անգլիոյ լաւագոյն հիւանդանոցներուն հետ, եւ նոյն ժամանակ աշխարհի մէջ լաւագոյն բժիշկները հնդիկներն են, որովհետեւ հնդիկ բժիշկները շատ մեծ փորձառութիւն ունին: Հնդկաստանի մէջ բժիշկները շատ ծանրաբեռնուած գործունէութիւն եւ աշխատանք ունին ու թերես այդ պատճառով է նաեւ, որ առողջապահական ոլորտը մշտական վերելքի մէջ է:

-Իսկ ի՞նչ կրնաք ըսել Հնդկաստանէն դէպի Հայաստան հոսքի ընդհանուր թիւերուն մասին: Մե՞ծ է տոկոսը դէպի Հայաստան եկողներուն:

-Ոչ, քիչ է: Հնդիկներ աւելի շատ կը փափաքին երթալ Ռուսաստան, Սպիտակ Ռուսիա, Ուքրայնա, Ղազախիստան: Հայաստանը կը գտնուի ցուցակի մէջտեղի դիրքերուն վրայ:

-Պարոն դեսպան, ձեր ներկայութեան մասին իմացանք Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ Կալկաթայի վարժարանին նուիրուած միջոցառումէ մը: Պիտի փափաքէինք, որ յաւելեալ տեղեկութիւններ տաք այդ միջոցառման մասին:

-Ես սփիւռքի մասնագէտ չեմ, բայց չեմ կարծեր, որ սփիւռքի մէջ այսօր մենք ունինք Կալկաթայի վարժարանի առանձնայատութիւնները ունեցող երկ-րորդ կրթական օճախ մը: Կալկաթայի վարժարանը ունի 200 տարուան պատմութիւն եւ այս տարիներու ընթացքին այդ վարժարանը դարփնած է սերունդներ։ Դպրոցը 20-րդ դարու վերջերուն եւ 21-րդ դարու սկիզբին, դատարանի որոշմամբ կ՚ենթարկուի Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնին: Դպրոցի ղեկավարը այսօր Հայր Մովսէս Սարգիսեանն է, իսկ տնօրէնը հնդիկ է: Կրթութիւնը եռալեզու է՝ հնդկերէն, հայերէն եւ անգլերէն, եւ ցանկութիւն ունեցող աշակերտը նաեւ հնարաւորութիւն ունի ֆրանսերէն ալ սորվելու: Ուսանողները կը սորվին նաեւ հայոց պատմութիւն, հայոց լեզու, հայ եկեղեցւոյ պատմութիւն: Դպրոցը հնարաւորութիւն ունի ընդունելու 250 աշակերտ, սակայն մենք ցաւօք ունինք միայն 75 հայ աշակերտ, որոնց մեծ մասը հայաստանցներ են, մէկ մասը իրանահայեր եւ քանի մը իրաքահայ աշակերտներ կան: Տարբեր առիթներով Սփիւռքի նախարարութեան նամակ գրած եմ տեղեկացնելու համար սփիւռքահայութեան Կալկաթա դպրոցի մասին, ուր յայտնած եմ, որ մեծ սիրով կ՚ընդունինք աշակերտներ, սակայն հետա-քըրքրութիւն չեմ նկատած: Թերեւս ծնողները վախ մը ունին իրենց զաւակը մինչեւ Հնդկաստան ղրկելու, սակայն նոյն ծնողները եթէ հնարաւորութիւն ունենան, իրենց զաւակը Անգլիա կը ղրկեն: Դպրոց ընդունուելու համար աշակերտը պէտք է անգլերէն լեզուի իմացութիւնը ստուգելու հարցազրոյց մը ունենայ, որովհետեւ ուսումը անգլերէն է, ուստի աշակերտը պէտք է կարենայ խօսիլ գերազանց անգլերէն: Նաեւ կ՚ուզեմ նշել, որ դպրոցը արձակուրդին, երեք տարին անգամ մը կը հոգայ աշակերտներուն ճամբորդութեան ծախսերը դէպի իրենց ծննդավայր:

-Հնդկաստանը այսօր ոչ միայն հզօր երկիր է, այլ G 20-ի մէջ ունի իր արժանի եւ յարգուած տեղը: Ճիշդ է նաեւ, որ երկիրը ունի բնակչութեան աճի խնդիր, բայց եւ այնպէս յստակ է, որ վերջին տարիներուն երկիրը մեծ ցնցումներու մէջ չէ, հետեւաբար նաեւ տնտեսական աճը կարեւոր հունի մը մէջ է: Ընդհանուր քաղաքական պատկերը ներկայացնելու համար ի՞նչ կ՚ուզէիք ըսել:

-Շատ դժուար է Հնդկաստանի դերը հասկնալը, եթէ միայն դուրսէն ըլլան դիտումներդ: Երեւակայեցէք, քսանհինգ նահանգ ունեցող երկիր մը, որու գրեթէ իւրաքանչիւր նահանգ ունի իր յատուկ լեզուն, իր կրօնը, իր մշակոյթը: Այս ամէնով հանդերձ, շատ խաղաղ ձեւով ժողովուրդը կ՚ապրի իրարու հետ: Ժամանակ առ ժամանակ տեղի կ՚ունենան որոշ հարցեր, սակայն ընդհանուր առմամբ, շատ հանգիստ եւ խաղաղ է կեանքը, որովհետեւ պետութիւնը կը վերահսկէ վիճակը եւ կարծես ժողովուրդի մտածելակերպին մէջ կը փորձէ տեղաւորել այն միտքը, որ բոլորը նախ հնդիկ են եւ ետքը՝ քրիստոնեայ, իսլամ կամ հինտու: Անշուշտ, առաջին գրաւականը տնտեսական զարգացումն է, եւ եթէ օր մը տնտեսութիւնը նուազի, ապա երկիրը լուրջ քննութեան կ՚ենթարկուի:

-Պաղ պատերազմի ժամանակաշրջանին Հնդկաստանը եղած է հիմնադիրներէն մին «Ոչ յանձնառու երկիրներ» շարժումին: Ան նաեւ ազդեցիկ եւ կարեւոր ներկայութիւն եղած է արաբ-իսրայէլեան հակամարտութեան ժամանակ, ըլլալով պաշտպաններէն մին պաղեստինցիներու խնդրին: Այսօր ի՞նչ մնացած է այդ դերէն եւ ինչպէ՞ս կը բնորոշուի Հնդկաստանի արտաքին քաղաքականութիւնը:

-Եթէ դուք այս հարցումը հարցնէք արաբական երկրի ներկայացուցիչներուն, ապա շատ դժգոհութիւն պիտի յայտնեն, որովհետեւ, Հնդկաստանի այսօրուան վարչակազմը լուրջ եւ երեւելի ձեւով կը զարգացնէ իր յարաբերութիւնը Իսրայէլի հետ: Սա արաբները եւ յատկապէս պաղեստինցիները կը վրդովեցնէ, որովհետեւ անոնք Հնդկաստանը իրենց անդաւաճան բարեկամն ու դաշնակիցը կը համարեն: Ու գաղտնիք ալ չէ, որ այսօր Հնդկաստանի աւանդական դիրքորոշումը փոխուած է, քանի որ Իսրայէլը ունի գիտական, տնտեսական, ռազմական ներուժ ու պատահական չէ, որ օրեր առաջ երկրի վարչապետը առաջին անգամ ըլլալով Իսրայէլ այցելեց: Արաբական երկիրներուն համար սա լուրջ եւ «մտահոգիչ» քայլ մըն էր եւ շատ բացայայտ ձեւով իրենց դժգոհութիւնը եւ տարակուսանքը արտայայտեցին: Սակայն Հնդկաստանը միշտ ալ յայտարարած է, որ իր ազգային շահերէն ելլելով է, որ այդպիսի քայլեր կ՚առնէ: Իսկ ինչ կը վերաբերի ներասիական խնդիրներուն, ապա Հնդկաստան Չինաստանի հետ սահմանային, մեծ տարածքներու խնդիրներ ունի, իսկ Փաքիստանի հետ Քաշմիրի խնդիրը ունի եւ Չինաստանը միշտ ալ աջակից է Փաքիստանին: Սակայն հակառակ այս խնդիրներուն՝ Չինաստանը Հնդկաստանի առաջին առեւտրական գործընկերն է:

-Ի՞նչ պէտք է ընել Հնդկաստանի հանդէպ մարդոց հետաքրքրութիւնը շարժելու, աւելցնելու համար:

-Իմ կարծիքով, Հնդկաստանի դեսպանատունը պէտք է ընէ այդ մէկը: Հնդկաստանի մէջ իմ պարտաւորութիւնը Հայաստանը ներկայացնելն է, իրենք ալ Հայաստանի մէջ պէտք է աւելի լաւ ձեւով ներկայացնեն իրենց երկիրը: Քանի մը անգամ առիթն ունեցած եմ իրենց պաշտօնեաներուն ըսելու, որ ձեր մասին աշխարհը շատ սխալ պատկերացում ունի, դուք պէտք է ձեր պատկերը փոխէք: Պատկերացուցէք Հնդկաստանը աշխարհի առաջին պետութիւնն է, որ մէկ հրթիռով 108 արբանեակ հանած է տիեզերք, իսկ երկրորդ երկիրը՝ Ռուսաստանն է, որ դէպի տիեզերք արձակած է 38 արբանեակներ: Եւ այս բոլոր հանգամանքները ի մտի ունենալով է, որ պէտք է ճիշդ պատկերացումներ ունենանք Հայաստան-Հնդկաստան յարաբերութիւններու զարգացման ճանապարհին: Ինչպէս քիչ առաջ ըսի, Հայաստանը պատմական աւանդ ունեցող երկիր է ու այդ հանգամանքը շատ կարեւոր եւ նշանակալից հանգամանք է Հնդկաստանի եւ հնդիկներուն համար:

 

Սագօ Արեան

 

«Ժամանակ»/
Պոլիս