image

Այս համաժողովներուն ամենակարեւորը բաժինը գործադրուելու բաժինն է. Կիրակոս Գույումճեան

Այս համաժողովներուն ամենակարեւորը  բաժինը  գործադրուելու բաժինն է.  Կիրակոս Գույումճեան

Քուէյթահայ մտաւորական, գործարար, արաբական մամուլի մէջ հայկական թեմաներով հանդէս եկող յօդուածագիր Կիրակոս Գույումճեան նոյնպէս Հայաստան-Սփիւռք 6-րդ համահայկական համաժողովի հրաւիրեալներու թուին է:  ‹‹Փոխադարձ վստահութիւն,  միասնականութիւն եւ պատասխանատուութիւն›› խորագիրը կրող համաժողովէն առաջ քուէյթահայ մտաւորականէն հետաքրքուեցանք  համաժողովէն  իր ակնկալիքներուն մասին:

 

-Ի՞նչ ակնկալիքներ, սպասելիքներ ունիք Հայաստան-Սփիւռք համաժողովէն, որուն պիտի մասնակցիք:


-Մինչեւ նոր համաժողովէն սպասելիքներու մասին խօսիլը, անհրաժեշտ է անդրադառնալ նախորդ համաժողովներուն ընդունուած որոշումներու ճակատագրերուն, շատ կարեւոր է որեւէ նոր համաժողով սկսիլ նախորդին որոշումները քննարկելով:

 

Անկեղծ ըսեմ, ես մանրակրկիտ կերպով չեմ հետեւած, թէ նախորդ համաժողովի ժամանակ քննարկուած նիւթերը, թեմաները ի՞նչ ընթացք ստացած են, որոշումներու ո՞ր մասը գործադրուած է  (թերեւս այդ աւելի շատ մասնագէտներու գործն է), բայց արդիւնքները զիս միշտ չէ, որ կը գոհացնեն, եւ բնական է, որ միշտ աւելի շատ արդիւնքներու կը սպասեմ եւ կը կարծեմ, որ աւելի մեծ ծաւալի յաջողութիւններու պէտք է հասած ըլլայինք այսօր, եթէ ամբողջութեամբ գործի դրուէին մեր անցեալ ժողովէն ստացուած որոշումները:


-Հայաստան-Սփիւռք վեցերորդ համաժողովի խորագիր ընտրուած է ‹‹Փոխադարձ վստահութիւն, միասնականութիւն եւ պատասխանատուութիւն›› ձեւակերպումը: Ինչպէ՞ս կը վերաբերիք խորագիրի ընտրութեան:


-Որեւէ թեմա, որ կը դրուի համաժողովի հիմքին մէջ, կրնայ մեր ազգին համար օգտակար ըլլալ, եթէ լաւ ձեւով քննարկուի, ամէն կողմէ քննուի, եւ նշանաբաններու իրականացման համար  իրատեսական  ու տրամաբանական որոշումներ ընդունուին ու գործադրուին: Ամենակարեւոր բաժինն այս համաժողովներուն, անշուշտ, կը մնայ գործադրուելու բաժինը: Կրնար ասկէ աւելի լաւ նշանաբաններ ըլլալ, բայց պարտադիր չէ,  ինչ որ ընդունուած է, եթէ այդ ալ կարողանանք իրագործել, այդ արդէն մեծ քայլ է, յաղթանակ  ու ձեռքբերում պիտի ըլլայ:


-Պարոն Գույումճեան, ինչո՞ւ սփիւռքահայ մտաւորականները համաժողովի օրերուն շատ ոգեւորուած կ՛ըլլան, բայց, իրենց երկիրները վերադառնալէ ետք անոոնց ոգեւորութիւնը կամաց-կամաց կը մարի:


-Ես կը կարծեմ, որ այդ ոգեւորութիւնը եւ յետագային պակաս խանդավառութիւնը երկկողմանի են, այն կը  վերաբերի թէ՛ Սփիւռքի, թէ՛ Հայաստանի պատասխանատուներուն: Համաժողովին մասնակցելու հրաւէրները, նամակները, ընդունուած որոշումներու գործադրման թերթիկները կ՛ուղղուին Սփիւռքի  հաստատութիւններու, գործող մարմիններու ատենապետներուն կամ անոնց փոխանորդներուն, օգնականներուն: Բոլոր հրաւիրեալներն ալ,  եթէ նոյնիսկ պաշտօնեաներ չեն, շատ կարեւոր տեղերու մէջ ներգրաւուած մարդիկ են, յայտնի անհատներ են, ուրեմն կը սպասուի, որ բոլորն ալ, իրենց տեղերը վերադառնալէ ետք իրենց որդեգրած ծրագիրերու եւ ընդունած նշանաբաններու գործադրութեան մասնակցին եւ այն իրականացնելու աշխատանք կատարեն: Թէ ինչո՞ւ չեն կատարեր, արդէն իւրաքանչիւրը ինք իր գործին պատասխանատուն է:   

Հայաստան-Սփիւռք հինգերորդ համաժողովը, որ Ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցի նախորդ տարին կայացած էր, եւ քննարկումներու հիմնական մասն ալ այդ թեմաներով էր, Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչում եւ Հայ Դատի այլ հարցեր, այդ առումով աշխատելու, գործելու մեծ մղումներ տուաւ: Ես իմ ելոյթիս մէջ նշեցի, որ կը պատրաստուիմ օտարները Ցեղասպանութեան թեմային ծանօթացնելու ուղղութեամբ աշխատանք տանիլ, եւ բարեբախտաբար, կարողացայ աշխատիլ այդ ուղղութեամբ: Արաբերէնով  զանազան յօդուածներ գրեցի, հրատարակեցի արաբական մեծ տպաքանակ ունեցող օրաթերթերու մէջ,  օտարներուն   ներկայացուցի մեր դատը, մեր ժողովուրդի տեսակէտները պաշտպանեցի, հանդէս եկայ ընդդիմացողներու դէմ՝ դէմ կանգնելով ոչ հայանպաստ տեսակէտներուն…   Այսօր կրնամ ըսել, որ ես, իբրեւ անհատ, իմ չափով, իմ հնարաւորութիւններու սահմաններուն մէջ իմ  ստանձնած պատասխանատուութիւնս կատարեցի,  անհրաժեշտ քայլեր ձեռնարկեցի:  Անշուշտ, ինչ կ՛ընեմ, կատարուած աշխատանքը միշտ պակաս կը նկատեմ, երբեք չեմ գոհանար կատարուածով, բայց կ՛ենթադրեմ, որ աւելին ըրի անոնց համեմատութեամբ,  որոնք ոչինչ ըրին կամ քիչ բան ըրին: Անոնք են, որ պէտք է անդրադառնան ու յայտարարեն, որ իրենց խանդավառութիւնը մարած է: Խորհրդաժողովէ խորհրդաժողով պիտի գան իբրեւ բան մը ընելու, բայց կու գան, կ՛ողջագուրուին, կը նկարուին, կարծես կու գան ճիշդ այդ բաժինը լրացնելու, երթալու:

Ես կ՛ուզեմ, որ հրաւիրուած մօտ հազար մարդէն իւրաքանչիւրը, համաժողովէն ետք ամէն մէկն իր երկիրը վերադառնալէ ետք մտածէ այս ուղղութեամբ: Այս շատ կարեւոր հանգամանք է,  եւ կը կարծեմ, որ այս նոյնիսկ համաժողովի ժամանակ քննարկման թեմա պէտք է դառնայ, պէտք է կատարուած գործը տոկոսներու վերածեն եւ հաշուեն, նախ իւրաքանչիւր թեմա քանի տոկոսով կեանքի կոչուած է եւ ընդհանուր նիւթերու վրայ պէտք է կատարուածին տոկոսները հաշուուին:  Այս տիպի չափանիշ մը պէտք է ըլլայ, եւ մասնակիցներուն ուղղակիօրէն պէտք է ըսուի, որ համաժողովի գալով, այսքան յոգնութիւն ներդնելով թէ՛ կազմակերպիչներու կողմէ, թէ՛ մասնակիցներու, նոյնպէս՝ այսքան ծախս,  ուրեմն վերջը մեծ արդիւնքներ պէտք է ունենանք, բայց վերջը յատուկ երեւելի արդիւնքներ չենք տեսներ:  Կա՛մ պէտք է մօտեցման ձեւը փոխուի, կամ ալ այլ տեսակի գործողութիւններ կատարուին, որոնց արդիւնքն աւելին ըլլայ, քան՝ ցուցադրութիւնը: Համաժողովի կազմակերպիչներն անպայման արդիւնքներ պէտք է պահանջեն,  եւ բոլոր  մասնակցողները պէտք է քաջ իմանան, որ միայն ներկայ գտնուելով չէ, այլ՝ վերադառնալէն ետք որոշումները գործադրելով է: Եւ իւրաքանչիւրն այդ որոշումներէն բան մըն ալ որ ընէ ի նպաստ հայրենիքին, մենք ա՛յլ հայրենիք պիտի ունենանք, աւելի բարգաւաճ, աւելի զարգացած:

 

-Այնուամենայնիւ համաժողովները կը կայանան, հիւրեր կու գան, եւ եթէ դրական տեսանկիւնէ նայիք, ի՞նչ կրնաք ըսել:  


-Մենք չենք կրնար ամբողջովին անտեսել համաժողովի փաստը, անոր գոյութիւնը:  Համաժողովը զանազան տեսակի օգուտներ ունի,  ամենապարզը կապերու, ծանօթութիւններու  ստեղծումն է: Կապեր կը ստեղծուին եւ համաժողովէն դուրս կը գործեն ու կը պահպանուին անոնք, անկախ համաժողովէն:  Երկրորդը՝ մարդիկ կան, որ հեռու գտնուելով կամ զբաղուածութեան պատճառով թերեւս, անտեղեակ կը մնան հայութեան, հայ իրականութեան  թեմաներէն, ուրեմն, համաժողովն առիթ կը դառնայ իմանալու, թէ անցնող ժամանակաշրջանին ինչ տեղի ունեցած է, այսօրուայ կացութիւնը ինչ է, կամ մարդիկ ապագայի մասին ինչ կը մտածեն: Ես, օրինակ, կը հետեւիմ, քայլ կը պահեմ եւ ինծի համար առանձնապէս նորութիւն չեն այդ հարցերը, բայց կան մարդիկ, որոնք չեն կրնար քայլ պահել եւ ճիշդ այս համաժողովներու ժամանակ է, որ շատ բաներու մասին կ՛իմանան: 

Զբօսաշրջութեան տեսակէտէ ալ եթէ նայինք համաժողովին, վատ չէ, հարիւրաւոր մարդիկ դուրսէն կու գան, այստեղ օրեր կը մնան, գումար կը մտնէ երկիր: Եւ վերջապէս, ամբողջ աշխարհին այս համախմբումը ցոյց կու տայ, որ մենք միասնական ենք, այսքան մեծ թիւով կու գանք, տասնեակ հազարաւոր քիլօմեթրեր կը կտրենք,  հարցեր կը քննարկենք,  մեր սիրտն ու հոգին Հայաստանի հետ է, ժողովներ կը գումարենք, նշանաբաններ կ՛որդեգրենք եւ ինչու չէ նաեւ խնջոյք կը կազմակերպենք:


-Այս անգամ Դուք անձամբ ի՞նչ հարցի պիտի անդրադառնաք, ո՞ր հարթակի վրայ ելոյթ պիտի ունենաք:


-Ես, հակառակ անոր, որ գործարար եմ, եւ կրնայի տնտեսական հարցերով ներկայանալ եւ այդ մասին խօսիլ, բայց նախընտրեցի այլ թեմա, որ նոյնպէս արդիական ու կարեւոր կը համարեմ: Ընտրած եմ Սփիւռքի երիտասարդութեան ազգային պատկանելիութեան գիտակցութեան տեսլականը, եւ կը կարծեմ, որ ըսելիք կայ այդ ուղղութեամբ, որուն մասին պիտի խօսիմ, ներկայացնեմ իմ տեսակէտս,  այս հայապահպանութեան ամենակարեւոր հարցերէն է:  Ճիշդ է, ես գործ կը կատարեմ նաեւ հակահայկական քարոզչութեան դէմն առնելու հարցին մէջ, իբրեւ օտար մամուլի հեղինակ, իմ յօդուածներովս  ուղղակիօրէն այդ կ՛ընեմ, եւ համաժողովին ալ այդ մասին հարթակ կայ, բայց ես այս անգամ այդ քննարկման ժամանակ ելոյթ պիտի չունենամ, այլ պիտի գերադասեմ խօսք ուղղել երիտասարդներուն, իմ խօսքս ուղղել անոնց,  որովհետեւ կը կարծեմ, որ այդ ասպարէզին մէջ բացթողում կայ: