image

Հայ դաստիարակին ամէնօրեայ «Աղօթք»-ը

Հայ դաստիարակին ամէնօրեայ «Աղօթք»-ը

… Բայց կը կարծեմ, որ այսօրուան պայմաններուն մէջ կարեւոր է 

հայապահպանման համար աւելի շատ դպրոց, քան` եկեղեցի:
ՊԱՐՈՅՐ ՍԵՒԱԿ

(«Ազդակ», «50 տարի առաջ», 19-1-2019)

 

Ո՛չ, սովորական աղօթքին չէ ակնարկութիւնը, ոչ ալ` առ Բարձրեալն ուղղուած մխիթարանքի կամ գոհունակութեան խօսքեր:

Նշեալ «աղօթք»-ը կ՛ընդգրկէ յաւելեալ ինքնաճանաչումի եւ տոկալու հրաւէր, միջակութենէ զերծ մնալու կամք, ազգային արժէքներէ հեռացած սերունդներուն միտքերը լուսաւորելու հզօր ճիգ, կորով եւ տրամադրուածութիւն, ձուլումի ենթակայ հայ աշակերտներու հոգեմտային աշխարհը վերանորոգելու համարձակութիւն, պատկանելիութեան ու հայրենապաշտի  զգացողութիւնը վառ պահելու ներուժ, հայ վարժարանի փառքն ու պատիւը բարձր պահելու հաւատամք, մայրենի լեզուն եւ ազգային մշակոյթը փրկելու համոզում, անանձնականութիւն եւ կենդանի օրինակ:

Այո՛, հայրենի հողէն, ջուրէն եւ օդէն զրկուած հայ դաստիարակին աղօթքը խորքին մէջ ամէնօրեայ ճակատամարտ մըն է, նախ իր անձին հետ, ապա` իր շրջապատին: Շրջապատ, որուն մաս կը կազմեն ծնողք, ուսուցչակազմ, տնօրէն, հայաշունչ կառոյցներ եւ գաղութահայ կեանքի խայտաբղէտ արտայայտութիւններ:

Ու այդ ճակատամարտին մէջ հայ դաստիարակ-ուսուցիչը, իր շալակին առած հայապահպանութեան ամենասուրբ գործը, շատ անգամ միայնակ կը տանի իրեն վստահուած աշխատանքը, նոյնիսկ երբեմն հանդիպելով տգեղ վերաբերումներու:

Փաստօրէն, դարերու խորերէն ժառանգուած եւ հայ դաստիարակի կեանքին սերտօրէն առնչուած դժուարութիւններու, մտահոգութիւններու, ապրումներու, յոյզերու եւ մշտնջենական տառապանքի մասին է խօսքը, զոր առ այսօր կը լսենք հայ նուիրեալ եւ ազգակերտ  ուսուցիչներու շրթներուն:

Արդար է նշել, որ հայոց պատմութեան թէ գրականութեան էջերու կատարին կը հանդիպինք հայ դաստիարակ-ուսուցիչներու, որոնց անունները ոսկեայ տառերով գրուած են, իսկ անոնց թողած վաստակն ու դրոշմը կը մնան անժամանցելի ու առյաւէտ:

Այդուհանդերձ, եւ ցաւ ի սիրտ, երբ կ՛ուսումնասիրենք նման առաքելատիպ անհատներու կեանքի մանրամասնութիւնը եւ կը կարդանք անոնց մտածումներն ու պատգամները, մեր մտքի պաստառին վրայ կ՛ուրուագծուին նաեւ անոնց կեանքի դժուարին պահերն ու դիմագրաւած անասելի փորձութիւնները:

Այլ խօսքով, հայ ուսուցիչին (հայերէնագիտական նիւթերու մասնագէտին)  նկատմամբ ցուցաբերուած վերաբերումը` իրաւ յարգանքի, անկեղծ գնահատանքի թէ նիւթականի պարտաւորութիւններու յանձանձում եւ այլն, մե՛րթ եղած են ձեւական, մե՛րթ ժամանակաւոր եւ շատ անգամ` յապաղած:

Ճիշդ է նաեւ, որ պատեհ առիթներու հայ ուսուցիչի վաստակն ու տարիներու նուիրումը արժեւորուած է, շքանշանի մը տուչութեամբ կամ հրապարակային ելոյթի մը ընթացքին, այդուամենայնիւ, հիմնական մտահոգութիւնը մնացած է անլոյծ եւ միշտ ենթակայ քմահաճոյքներու յորձանուտին:

Այսինքն, հայ նուիրեալ դաստիարակը զերծ չէ եղած նիւթաբարոյական հոգէ կամ իր ապրուստը նուազագոյն չափով ապահովելու մտատանջութենէ, ընդհակառակը, ան ապրած է ու տակաւին կ՛ապրի «զուգահեռ» կեանք, մէկ կողմէ հաւատարիմ իր առաքելութեան, միւս կողմէ` դժուարութիւններու դէմ յանդիման:

Բոլոր ժամանակներու հայ մեծագոյն բանաստեղծներէն` Պարոյր Սեւակի վերոնշեալ գողտրիկ պատգամը, մարգարէաշունչ ըլլալով հանդերձ, իր մէջ կը պարփակէ այնքան խոհականութիւն եւ այժմէականութիւն, որ իրերայաջորդ սերունդներ չեն կրնար անտարբեր մնալ անոր նկատմամբ:

Բնականաբար, խօսքը չի վերաբերիր հայ եկեղեցւոյ գոյութեան կամ անոր ունեցած դարաւոր առաքելութեան: Մանաւանդ որ հայոց եկեղեցին ազգային է  իր էութեամբ եւ իւրայատուկ` հոգեկերտուածքով:

Ըսել ուզուածը այն է, որ հայ վարժարանին վերապահուած առաքելութիւնը կը մնայ գերազանցապէս անփոխարինելի, որովհետեւ անոր երդիքին տակ հայ մանուկին սրտին տրոփները պիտի հայանան ու արեան բաղադրութիւնը առաւել պայծառանայ:

Աւելի՛ն. հայ վարժարանի ջամբած հայաշունչ դաստիարակութեամբ է, որ իրերայաջորդ սերունդներ կրցած են տոկալ եւ դիմակայել ազգաքանդ բոլոր երեւոյթներն ու ծրագիրները:

Ի դէպ, հայոց անկրկնելի բանաստեղծը իր այս պատգամը արտասանած է Փարիզ գտնուած ատեն, 50 տարի առաջ, ռուս եւ հայ խումբ մը մտաւորականներու ներկայութեան, որոնք այցելութիւն տուեր էին Լոյսերու քաղաք:

Ըստ երեւոյթին, հայոց սփիւռքի(ներու) գոյութենական պատերազմը դեռ երկար պիտի թաւալի, շերտաւորուի եւ գտնուի` ապազգայնացնող ահաւոր կացութիւններու դէմ յանդիման, որոնց դիմակայման ու յաղթահարման ամենաապահով կռուանը հայ վարժարանն է եղած` իր հայեցի դիմագիծով, հայապահպանութեան աշխատանքով եւ առանձնապէս հայ դաստիարակի անփոխարինելի նուիրումով:

Այսօր, սակայն, ի՞նչն է, որ մեզ կը մղէ լոյսին բերելու մտահոգութիւններ, որոնք ուղղակիօրէն կ՛առնչուին հայ դաստիարակին ու հայ կեանքին:

Այլ խօսքով, երբ կ՛անդրադառնանք գաղութահայ կեանքի դիմագրաւած բազմաթիւ դժուարութիւններու, միշտ ալ մեր բոլորին հայեացքը կը կեդրոնանայ հայ դաստիարակի կերպարին վրայ, որովհետեւ ան է հաւաքական մեր կեանքին շունչ ու ոգի մատակարարողը, անով մենք հայացանք, ինքնուրոյն դիմագիծ ստացանք եւ քաղաքակրթութիւն կերտեցինք, աւելի՛ն. Եղեռն տեսած ու տարագիր դարձած հայութիւնը, շնորհիւ հայ ուսուցիչ-դաստիարակին, կրցաւ վերապրիլ եւ պատուով  գոյատեւել:

Արդ, ուսուցչաց տօնին առիթով հարկ է ըլլալ աւելի խոհական եւ աչալուրջ` մեր կեանքի տնօրինման մէջ, պարզ այն հասկացողութեամբ` որ սեմինարներու թէ խորհրդաժողովներու, հաւաքներու թէ գիտաժողովներու ընթացքին արծարծուած ազգային մտահոգութիւններն ու ախտաճանաչումները կը մնան սպիտակ թուղթի վրայ արձանագրուած լոկ խօսքեր, եթէ երբեք քաջութիւնը չունենանք մատնանշելու իրականութիւն մը անսեթեւեթ, թէ` առանց հայ ուսուցիչ-դաստիարակի գոյութեան եւ մեր աներկբայ աջակցութեան` կարելի պիտի չըլլայ հաւաքական կեանքի ճիշդ տնօրինում եւ կողմնորոշում:

Այո՛, այնքան ատեն որ հայ դաստիարակին կը զլացուի գիտական ամպիոններ նուաճելու եւ հայերէնագիտական նիւթերու մէջ բարձրագոյն տիտղոսներու հասնելու առիթը, աւելի՛ն. այնքան ատեն որ հայ վարժարանի առաքելութեան մէջ հայ ուսուցիչի տիրական ներկայութիւնը չ՛ամրագրուիր, դժուար թէ կարենանք հարցերու լուծումներ առաջադրել եւ հետագայ տարիներուն յաջողութիւններ արձանագրել:

Փաստօրէն, առանց հայ ուսուցիչ-դաստիարակի կերպարին, օրինակ, ինչպէ՞ս պիտի կարենանք հայեցի դիմագիծ պահպանել, օտարամոլութեան դէմ ըմբոստանալ, հայ գրաւոր մամուլի ճգնաժամը թեթեւցնել, հրապարակագիրներու եւ խմբագիրներու նոր սերունդ ունենալ, հայ մամուլի եւ գիրքի հանդէպ առկայ բացարձակ անտարբերութիւնը նուազեցնել, մայրենին սիրցնել, հայ եկեղեցւոյ փառքը հիւսել, ազգային արժէքներ լոյսին բերել, մշակութային կեանքն ու հարթակը աշխուժացնել, հայոց պատմութեան ու գրականութեան գոհարները փոխանցել, այսպէս ըսած, նորահաս սերունդին կողմէ քմծիծաղի եւ ժխտական մօտեցումի դրսեւորումները ընդմիշտ վերացնել, քննական միտք զարգացնել, քաղաքական ու գաղափարական հասունութիւն ունեցող ղեկավարութիւն պատրաստել եւ մասամբ նորին:

Հաւատացողն ենք, որ եթէ երբեք հաւաքական կեանքի ղեկավարման մէջ նորովի մօտեցումներ ցուցաբերենք եւ գործնական սկզբունքներ որդեգրենք, աւելի՛ն. հայ դաստիարակը ձերբազատենք ընթացիկ ու մաշեցնող աշխատանքներէ, այլապէս նպաստած պիտի ըլլանք հայաբոյր ու կենսաշող մթնոլորտի ստեղծման եւ առաւել աշխուժացման:

Ահա մեծագոյն մարտահրաւէրը` ուսուցչաց տօնին առիթով:

 

Համբիկ Պիլալեան

«Ազդակ»