image

Հայաստանի hանրապետութիւն. 100-ամեակ. Մայրենի եզուի օրը, Մամուլի տարին եւ մերօրեայ «Լեզուի կոմիտէն»

Հայաստանի hանրապետութիւն. 100-ամեակ. Մայրենի եզուի օրը, Մամուլի տարին եւ մերօրեայ «Լեզուի կոմիտէն»

Հինգ յօդուածներով անդրադարձ կատարուեցաւ 1918-1920 Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ հայոց լեզուի վերականգնումին մասին, օրուան մամուլէն քաղուած` լուրերու, յօդուածներու եւ օրէնքներու ընդմէջէն (1), (2)(3)(4)(5):

 

Այս յօդուածներէն կարելի է եզրակացնել հետեւեալը.

Ա.- Հայերէնի վերականգնումին գործնական եւ կազմակերպուած մղիչ ուժը, նախաձեռնողը եւ անշեղ հետապնդողը օրուան մամուլն էր`  յանձինս անոնց խմբագիրներուն, որոնք նախաձեռնեցին եւ կազմեցին «Հայացման կոմիտէն»` հրաւիրելով նաեւ մամուլի այլ (բացակայող) խմբագիրներ, իւրաքանչիւր նախարարութենէ եւ Երեւանի քաղաքապետարանէն ներկայացուցիչներ:


Բ.- Օրուան մամուլը եւ խմբագիրները մեծ հեղինակութիւն կը վայելէին: Փաստօրէն, իրենց հրաւէրով, երկրի աւագանին` վարչապետ, խորհրդարանի նախագահ, նախարարներ եւ Երեւանի քաղաքապետը ժողովի ներկայացան եւ հայերէնը պաշտօնական լեզու վերածելու աշխատանքներուն մասին զեկուցեցին:


 

«Յառաջ» 15-4-1920-ի հայերէնի ուսուցման մասին լուրը եւ Սիմոն Վրացեանի յաջորդող ու Վահան Նաւասարդեանին նախորդող երկրորդ խմբագիրը` Ռուբէն Դարբինեան, բուն անունով`  Արտաշէս Չիլինգարեան:

 

Գ.- ՀՅ Դաշնակցութիւնը` իբրեւ իշխող մեծամասնութիւն, նաեւ զօրակցեցաւ հայացումի աշխատանքին, որով ՀՅԴ Հայաստանի Շրջանային ժողովը որոշեց. «Ընդունելով, որ լեզուն որեւէ պետութեան անկախութեան, անոր ուրոյն քաղաքական գոյութեան հաստատումին ապացոյցներէն մէկն է, եւ ընդունելով, որ Միացեալ եւ Անկախ Հայաստանի մէջ պետական լեզուն հայերէնը պէտք է ըլլայ, Հայաստանի (ՀՅԴ) Շրջանային ժողովը կառավարութեան կ՛առաջարկէ անմիջապէս հայերէնը պետական միակ պաշտօնական լեզուն յայտարարել»:

 

Դ.- «Հայացման կոմիտէին» բոլո՛ր որոշումները գործադրութեան դրուեցան, ստորեւ` նմուշներ.

1.- «Յառաջ» 15 ապրիլ 1920-ին կը գրէ. «Պետական պաշտօնեաներուն համար հայոց լեզուի դասընթացքները կը սկսին ապրիլ 15-ին: Այդ դասընթացքները ցարդ չէին սկսած` յաճախել փափաքողներուն անբաւարար թիւին եւ ուսուցումի վայրին անբաւարար լուսաւորումին պատճառով: Հանրային կրթութեան նախարարը նորէն դիմած է բոլոր նախարարութիւններուն` իրենց հիմնարկութիւններու պաշտօնէութեան յայտնելու դասընթացքներուն վերսկսումին մասին» (6):

2.- «Յառաջ» 7 յուլիս 1920-ին կը գրէ. «Կառավարութիւնը հանրային կրթութեան նախարար Գ. (Գէորգ) Ղազարեանին յանձնարարած է ուսումնասիրել «Հայացման կոմիտէ»-ին նախագիծը եւ իր կարծիքը յայտնած այդ կոմիտէին մասին» (7):


«Հայացման կոմիտէ»-ի մասին կառավարութեան անդրադարձը, «Յառաջ», 7 յուլիս 1920:

 

3.- «Յառաջ» 18 յուլիս 1920-ին կը գրէ. «Քաղաքիս բոլոր փողոցներուն անունները ազգայնացուած են. այսպէս, օրինակ, Աստաֆեան փողոցը պիտի կոչուի Խ. (Խաչատուր) Աբովեանի փողոց, Նազարեանը` Քրիստափորի, Բէհբութեանը` Զաւարեան փողոց եւ այլն» (8):

4.- «Յառաջ» 21 յուլիս 1920-ին կը գրէ. «Երեւան քաղաքի փողոցներուն ազգայնացումը կը շարունակուի: Ցարդ մեր յայտարարածներէն ետք փոխուած են նաեւ Ցարսկայան` Արամի փողոց, Թարխանովսկայան` Ռոստոմի, Մալերսկայան` Խ. (Խաչատուր) Կարճիկեանի, Գուբերնսկայան` Հանրապետութեան եւ Բեզիմենանայան` Ս. (Ստեփանո՞ս) Նազարեանի փողոց» (9):

5.- «Յառաջ» 14 սեպտեմբեր 1920-ին կը գրէ. «Բժիշկ Վ. (Վահան) Արծրունին (կրթութեան նախարարութեան պաշտօնեայ, ՅՉ) պատրաստած է բժշկական բառարան` լատիներէն, ռուսերէն եւ հայերէն: Բառարանը 14 հազար բառ կը պարփակէ:

«Հրատարակութեան համար յատկացուած էր 385.500 ռուբլի: Այժմ տպագրական ծախսերուն յաւելումին պատճառով կը խնդրուի յաւելեալ 1.414.500 ռուբլի» (10):


Երեւանի փողոցներու անուններուն հայացումը «Յառաջ» 18 եւ 21 յուլիս 1920 յաջորդաբար:

 

6.- «Յառաջ»-ի 2 հոկտեմբեր 1920-ի համարին մէջ Արշալոյս (Աստուածատո՞ւրեան) գրած է «Հայոց լեզուն եւ մեր հիմնարկութիւնները» խորագիրով երկար յօդուած մը` դժգոհութիւն յայտնելով հայացումի դանդաղ եւ անբաւարար ընթացքին դէմ (11), որ ուսանելի է այսօր: Ստորեւ` հատուածներ.

«… Եւ կը թուէր, թէ կասկածիլ անգամ կարելի չէր, որ մեր դժոխային ճիգերով ձեռք բերած հանրապետութեան մէջ ամէն ինչ հարազատ ու սեփական ըլլար, եւ այն ամէնը, որ օտար է, անհարազատ, որ մեր ուսերուն վրայ նստած էր քմահաճ ժամանակի անխիղճ բերմունքով, առաջին իսկ առիթին դուրս պիտի շպրտէինք, պիտի թօթափէինք:

«Բայց այդպէս չեղաւ:

«… Հապա երեւակայեցէք, որ Ֆրանսայի մէջ պետական լեզուն հայերէն է, կամ Անգլիոյ մէջ` չինարէն:

«Բայց եկուր տես, որ Հայաստանի մէջ այդպիսի գլխիվայր դրութիւն գոյութիւն ունի եւ իսկապէս այս մէկը զարմանալի չ՛երեւիր:

«Հայոց կառավարութեան մէջ, մեր հանրապետութեան հիմնարկութիւններուն մէջ հայուն լեզուն չի գործածուիր, կարծես` իսկական հայու հիմնարկութիւններ չեն անոնք:

«… Կար ժամանակ, երբ Ռուսիա բնակող շատ մը հայեր իրենց հայ ըլլալը կը ծածկէին, որովհետեւ «կ՛ամչնային»… որովհետեւ հայը «չարչի է» (փերեզակ), տգէտ է եւ այլն: Այժմ ալ հայերէն չեն խօսիր, կ՛երեւի թէ ամչնալով, որ հայը «անկախ հանրապետութիւն» ունի…

«Օրէնք մը հաստատուեցաւ, որ յունիս 1-էն (1920) սկսեալ բոլոր հիմնարկութիւններուն մէջ մեր լեզուն պէտք է գործածուէր, բայց չորս ամիս անց ո՛չ միայն այդ որոշումը չգործադրուեցաւ, այլ բոլոր այն պաշտօնեաները, որոնք հայերէն չէին գիտեր, մնացին պաշտօնի վրայ, նոյնիսկ` մեծ թիւով ռուսեր…


Արշալոյսին հայացումի անբաւարար ընթացքին մասին յօդուածը, «Յառաջ» 2-10-1920

 

«Թուղթերն ալ ռուսերէն կը գրուին, կը խօսին ու կը պատասխանեն ռուսերէն, իսկ այն տեղերը, ուր հայերէնը կը գործածուի, այն ալ Աստուած թող հայերէն համարէ: Օրինակ` «Ծիեր կործ ուժ է ղօրկած իենկ ասիել` վռազ մտիկանի են…» կը պատասխանէ պաշտօնեան: «Արֆիստը Ալալեանը լիազօրւած Արաւանում բոլոր համապատասխան հիմնապետութիւններում…», կը գրէ պաշտօնեան…

«Եւ այսպիսի հայերէնով խօսելու եւ գրելու հազարաւոր օրինակներ կան ամէն օր, մեր բոլոր հիմնարկութիւններուն մէջ:

«Իսկ այն երեւոյթը, որ իւրաքանչիւր նախադասութեան տակն ու վրան ռուսերէն կը խառնուի եւ կամ ձեր հարցումին ուղղակի ռուսերէն կը պատասխանեն…

«Այլ բան է, եթէ բարձր դիրքի պաշտօնեայ է եւ իր փորձառութիւնով եւ կարողութիւններով անփոխարինելի, այսպիսիները կարելի է պահել` պահանջելով, որ իրենց մայրենի լեզուն սորվին:

«Սակայն ի՛նչ ըսել գրասենեկային պաշտօնեաներու, գործավարներու, քարտուղարներու եւ դիւանապետներու մասին, երբ անո՛նք ալ հայերէն չեն գիտեր եւ կը շարունակեն պաշտօնի վրայ մնալ:

«… Ճիշդ չէ, որ այս պաշտօնեաները փոխարինողներ չկան: Իսկ (հայերէնի) դասընթացքները բացուեցան բացուած ըլլալու համար եւ ո՛չ մէկ հիմնարկութիւն ստիպեց իր պաշտօնեաներուն դասընթացքներուն հետեւելու:

«Պէտք է վերջ տալ այս կացութեան:

«Պէտք է իրականացնել (պարտադրել, գործադրել) օրէնքը:

«Իսկ եթէ օրէնքն իսկ չըլլար, միթէ հայոց հանրապետութեան տիրող լեզուն իր ժողովուրդին լեզուն պիտի չըլլա՞ր:

Արշալոյս»

 

7.- «Յառաջ» 5 հոկտեմբեր 1920-ին կը գրէ. «Գործավարութեան (պաշտօնէութիւն) լեզուի ազգայնացումին պատճառով (գործէ) արձակուած են Ղամարլուի բանտապետ Կիրիլովիչը եւ Կաղզուանի բանտապետ Զամինօպուլլօն» (12):


Հայերէն չսորվելու պատճառով գործէ արձակում «Յառաջ», 5-10-1920

 

Այնպէս` ինչպէս 1918-1920 տարիներուն հայկական մամուլը եղաւ մղիչ ուժը Հայաստանի լեզուն օրէնքով հայերէնի վերածելու, ապա` օրէնքը պարտադրելու, վերանկախացած Հայաստանի Հանրապետութիւնն ալ Լեզուի մասին օրէնք ընդունուած է 17 ապրիլ 1993-ին (13), որ կ՛ըսէ.

 

«Յօդուած 1. Հայաստանի Հանրապետութեան լեզուական քաղաքականութիւնը

Հայաստանի Հանրապետութեան պետական լեզուն հայերէնն է, որը սպասարկում է հանրապետութեան կեանքի բոլոր ոլորտները: Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտօնական լեզուն գրական հայերէնն է:

Հայաստանի Հանրապետութիւնն աջակցում է իր սահմաններից  դուրս բնակող հայերի շրջանում հայոց լեզուի պահպանմանն ու տարածմանը:

Հայաստանի Հանրապետութիւնը նպաստում է հայերէնի ուղղագրութեան միասնականացմանը», որ փոխուած է 23 մայիս 2011-ին, աւելցնելով` «Հայաստանի Հանրապետութիւնը նպաստում է ժամանակակից գրական հայերէնի կանոնարկմանը, բառակերտման, տերմինաբանութեան (եզրաբանութեան), ուղղագրութեան, ուղղախօսութեան, տառադարձութեան եւ կէտադրութեան կանոնարկման սկզբունքների մշակմանը»:

Զարմանալի կերպով միայն «եզրաբանութեան» գրելով չէ բաւարարուած օրէնսդիրը, այլ գործածած է օտար բառը, մինչ փակագիծի մէ՛ջ դրած է անաղարտ հայերէն բառը, այն ալ` լեզուի մասին օրէնքին մէջ® Իսկ ի՞նչ կը հասկնանք գրական հայերէն, եւ ապա փոխուած ժամանակակից գրական հայերէն եզրերով: Ինչո՞ւ այս փոփոխութիւնը եւ բառախաղը, ինչո՞ւ բանը իր անունով չէ ամրագրուած: Սակայն յատկանշական է, որ ո՛չ արեւելահայերէն եւ ո՛չ ալ արեւմտահայերէն եզրերը օգտագործուած են` հետեւցնելով, որ ակնարկութիւնը երկուքին մասին է: Բայց «ժամանակակից գրական հայերէնը» կրնայ նշանակել նաեւ Հայաստանի մէջ ներկայիս գործածուող հայերէնը, այսինքն` աղաւաղուածը, խորհրդայինը:

 

«Յօդուած 3. Քաղաքացիների լեզուական պարտականութիւնները

Պաշտօնատար անձինք եւ սպասարկման առանձին ոլորտներում աշխատող Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացիները պարտաւոր են տիրապետել հայերէնին:

Հայաստանի Հանրապետութիւնը ներկայացնող անձանց պաշտօնական ելոյթների լեզուն հայերէնն է, եթէ դա չի հակասում տուեալ միջազգային ատեանում ընդունուած կարգին:

Պաշտօնական խօսքում Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացիները պարտաւոր են ապահովել լեզուի անաղարտութիւնը»:

Վերջին յօդուած 5-ի վերջին տողը կ՛ըսէ. «Հայաստանի Հանրապետութեան օրէնսդրութեամբ սահմանւում է պատասխանատուութիւն (պատիժ, տուգանք) սոյն օրէնքի պահանջները խախտելու համար» (Ընդգծումները իմս, Յ. Չ.):

Բոլորիս համար յստակ է, որ այս օրէնքը ի զօրու դառնալէն ի վեր, 26 տարի ամէն օր կը խախտուի զանգուածային կերպով, բարձրագոյն պաշտօնատարներէն մինչեւ պարզ քաղաքացիներուն կողմէ, որոնք ընդհանրապէս չեն ապահովեր լեզուի անաղարտութիւնը: Մանաւանդ մամուլի` գրաւոր եւ հեռատեսիլի բերանացի հաղորդումներուն մէջ, նոյնիսկ` երբեմն պաշտօնական հաղորդակցութեանց մէջ:

Ստորեւ ՅՈՒՍԱԽԱԲՈՒԹԵԱՆ մատնող 14 օգոստոս 2018-ի «Լեզուի կոմիտէ»-ի նախագահին մամլոյ ասուլիսը` արեւմտահայերէն (14):

«Յունիս 2018-ի սկիզբը ԿԳՆ (կրթութեան եւ գիտութեան նախարարութիւն) Լեզուի պետական տեսչութիւնը վերածուեցաւ Լեզուի կոմիտէի, որուն նախագահ նշանակուեցաւ անուանի լեզուաբան, հարիւրաւոր գիտական աշխատանքներու հեղինակ Դաւիթ Գուրջինեանը:

«Այսօր լրագրողներու հետ հանդիպումին ընթացքին ան յիշեցուց 1993-ին ընդունուած «Լեզուի մասին օրէնքը», որուն գործադրութեան համար ստեղծուեցաւ Լեզուի պետական տեսչութիւնը, որ պիտի հետեւէր այդ օրէնքի կիրարկումին: Եւ ահա, հիմնադրութենէն 25 տարի ետք, տեսչութիւնը վերածուեցաւ կոմիտէի, որուն նոր գործունէութիւն վերապահուած է: Աւելի՛ն. կոմիտէն պիտի աշխատի «նոր սկզբունքներով»:

«Լեզուական իրավիճակը փոխուած է: Եթէ մենք 1990-ականներու սկիզբը ունէինք յետխորհրդային շրջան, ռուսերէնի տիրապետութեամբ` բազմաթիւ դպրոցներու եւ համալսարանական բաժիններու մէջ, հիմա ունինք համատարած հայախօսութիւն, օտարալեզու դպրոցներ քիչ ունինք, եւ այդ սահմանափակուած է», ըսաւ Գուրջինեանը (իսկ այդ հայախօսութիւնը խորհրդայինին աղաւաղած լեզուն չէ՞, Յ.Չ.):

«Նախկին «տուգանքի քաղաքականութենէն», որ Գուրջինեանի խօսքով` բոլորովին արդիւնաւէտ չէր, Լեզուի կոմիտէն այսուհետեւ գործունէութեան շեշտադրումը պիտի փոխէ` անցնելով «կանխարգելիչ, քարոզչա-յորդորական քաղաքականութեան»: Օտարալեզու ցուցանակներու գործածութեան կանխարգիլումը աւելի արդիւնաւէտ կը դառնայ:

«Ոչ թէ սպասենք, որ շէնքին վրայ յայտնուի այդ ու յետոյ հանելը գրեթէ անհնարին ըլլայ (ինչո՞ւ անհնարին, Յ.Չ.), այլ` այն պահուն, երբ պիտի գրանցուի, պիտի չարտօնեն: Մեր աշխատանքը այդ քարոզչա-յորդորական մօտեցումը պէտք է ըլլայ եւ ուղիղ յարաբերութիւններ պէտք է ըլլան տեղական ինքնակառավարման մարմիններուն հետ, որպէսզի անոնք իւրայատուկ լեզուական տեսուչներու դեր կատարեն, (մի՛այն) օտար լեզուով անուանումները արգիլեն: Տուգանքը միշտ կարելի է, բայց անով մենք արդիւնքի չենք հասած»:

«Լեզուի կոմիտէն, ի հարկէ, պիտի շարունակէ վերահսկողութիւն իրականացնել, բայց հիմնական նպատակը, անոր խօսքով` «պետական լեզուական քաղաքականութեան մօտեցումն ու ծրագիրը ընդունուիլն է»:

«Ծայրայեղութեան պիտի չի դիմենք, չենք պատրաստուիր ամէն ինչ արհեստականօրէն հայացնել, կը նշէ Լեզուի կոմիտէի ղեկավարը: Պատասխանելով լրագրողի մը հարցումին` ան ըսաւ «Դուխով»-ը մենք պիտի չի հայացնենք, այդ չենք կրնար հայացնել, որովհետեւ հասարակութիւնը ինքը պիտի ընէ: Հասարակութիւնը կը սիրէ այդ բառը, մենք ինչո՞ւ պիտի պայքարինք անոր դէմ, երբ այդ 40 տոկոսով հայերէն է` «ով»-ի շնորհիւ, որ բառակերտիչ արժէք ունի»:

Իսկ ինչո՞ւ հայերէն «ոգիով» կամ «սրտանց» բառերը պիտի չգործածուին, ուրեմն «դուխութիւնը» 63,3 տոկո՞ս հայերէն է… Այս ի՛նչ սարսափելի տրամաբանութիւն է:

«Գաղտնիք չէ, որ վերջին տարիներուն արուեստի տարբեր ճիւղերուն մէջ` գրականութիւն, թատրոն, կինօ (շարժապատկեր) ու հեռատեսիլ` ներթափանցած է ժարկոնային (jargon=կորճաբանութիւն, Յ.Չ.) հայերէնը` իբրեւ առօրեայ խօսակցական լեզու: «Ազատութեան» հարցումին, թէ` այդ կապակցութեամբ կոմիտէն որոշ քայլերու պիտի նախաձեռնէ՞, թէ՞ այդ անհնար է, Գուրջինեանը պատասխանեց.

«Անհնար չէ, պիտի ըսեմ, որ մարդիկ չհասկնան, թէ ի՛նչ է ազատութիւնը: Սա ազատութեան չարաշահումի դէպք է, եւ այդ հակամշակոյթը, որ կը թափի մեր գլուխին, հասարակութիւնը պարբերաբար անոր կ՛ընդդիմանայ: Եթէ ուշադիր ըլլանք, նման հակամշակութային ֆիլմերու, հաղորդումներու թիւը պակասած է: Եթէ հասարակութիւնը մերժէ, անոնք կը վերանան» (իսկ եթէ չմերժէ… Յ.Չ.):

«Անդրադառնալով դպրոցական շտեմարաններուն, հարցարաններուն եւ առհասարակ` դպրոցի հայերէնի ուսուցման արդիւնաւէտութեան, Լեզուի կոմիտէի ղեկավարը ըսաւ. «Այդ շտեմարանները եւ հարցաթերթիկները ժամանակավրէպ են, անոնք կապ չունին, կամ սերտ կապ չունին դպրոցական ուսուցման հետ եւ չեն բաւարարեր այսօրուան պահանջները: Անոնք պիտի փոխուին»:

Եթէ որեւէ օտար բառի մը վերջաւորութեան «ով» աւելցնելով հայերէն կը դառնայ, եթէ պետութեան լեզուի օրէնքը «նոր մօտեցումով» պիտի մեկնաբանուի եւ կիրարկուի, քանի որ այս կամ այն իշխանաւորին հաճելի է օտար բառ մը, փոխանակ գործածելու գոյութիւն ունեցող մեր հարուստ բառապաշարը` մեր լեզուն յաւելեալ աղաւաղումի պիտի ենթարկուի:

ԶԳԱՍՏԱՑԷ՛Ք ԱՅԼԵՒՍ:

 

Յարութ Չէքիճեան

«Ազդակ»

 

(1)   http://www.aztagdaily.com/archives/413172
(2)   http://www.aztagdaily.com/archives/424601
(3)   http://www.aztagdaily.com/archives/425964
(4)   http://www.aztagdaily.com/archives/427440
(5)   http://www.aztagdaily.com/archives/428207
(6)   «Յառաջ» օրաթերթ, Երեւան, Բ. տարի, թիւ 76, 15 ապրիլ 1920, էջ 4:
(7)   «Յառաջ» օրաթերթ, Երեւան, Բ. տարի, թիւ 141, 7 յուլիս 1920, էջ 4:
(8)   «Յառաջ» օրաթերթ, Երեւան, Բ. տարի, թիւ 151, 18 յուլիս 1920, էջ 4:
(9)   «Յառաջ» օրաթերթ, Երեւան, Բ. տարի, թիւ 152, 21 յուլիս 1920, էջ 4:
(10) «Յառաջ» օրաթերթ, Երեւան, Բ. տարի, թիւ 198, 14 սեպտեմբեր 1920, էջ 4:
(11) «Յառաջ» օրաթերթ, Երեւան, Բ. տարի, թիւ 214, 2 հոկտեմբեր 1920, էջ 2, 3:
(12) «Յառաջ» օրաթերթ, Երեւան, Բ. տարի, թիւ 216, 5 հոկտեմբեր 1920, էջ 4:
(13) http://www.parliament.am/legislation.php?sel=show&ID=1793&lang=arm
(14) https://www.azatutyun.am/a/29433417.html