image

Երէկ Բոլշեւիկները, այսօր իրենց ժառանգորդները

Երէկ Բոլշեւիկները, այսօր իրենց ժառանգորդները

Բոլշեւիկ զաւթողներու դէմ Փետրուարեան արդար ապստամբութեան 98-ամեակին առիթով գրառում չկատարեցի երեկ՝ ամսի 18-ին։ Բայց հիմա կ՚ուզեմ կիսել հետեւեալ խոհերը։

Փետրուարեան ապստամբութիւնը հայ ժողովրդի արդար ցասումն էր՝ հակապետական եւ հակա-անկախական հայ բոլշեւիկներու բռնարարքներուն, կեղեքումներուն եւ սեփական ժողովուրդի իրաւունքներու ոտնակոխումին դէմ։ Հայաստանը իր անկախութիւնը կորսնցուց ոչ թէ թուրքերուն, ազերիներուն կամ վրացիներուն պատճառով, այլ՝ հայ-ռուս բոլշեւիկներու դաւադրութեամբ եւ տխրահռչակ Կարմիր բանակի օժանդակութեամբ։ Հակառակ անոր, որ այդ օրերուն անկախ Հայաստանի կառավարութիւնը կը փորձէր բնականոն եւ բարեկամական եւ փոխադարձօրէն ինքնիշխանութիւնը յարգող յարաբերութիւններ մշակել կարմիր Ռուսաստանի հետ, միեւնոյնն է, բոլշեւիկները չհանդուրժեցին ինքնիշխան Հայաստանի գոյութիւնը եւ հայ դաւաճաններու ձեռքով բռնազաւթեցին երկիրը։

Իսկ այսօ՞ր։ Այսօր ալ հայեր կան, դասական ստրկամիտները, իրենք իրենց ռուսամէտ հռչակածները, որոնք Քրեմլինի դռներուն առջեւ ծնկաչոք՝ գոյն եւ ձեւ փոխած, բայց խորքով նոյն կայսերապաշտը մնացած ռուսէն օգնութիւն կը խնդրեն՝ Հայաստանը փրկելու համար «արեւմուտքին ծախուած» իշխանութիւններէն։ Ինքնիշխանութիւն, ռազմավարական բայց հաւասարէ հաւասար յարաբերութիւններ պարապ բաներ են բոլշեւիկներու ժառանգորդ այս մարդոց համար, որոնք օր մը կրնան նժդեհական ըլլալ, ուրիշ օր մը՝ ազգայնական եւ այլ պայծառ օր մը՝ միջազգայնական: Այս մարդիկը Հայաստանը կը տեսնեն մեծ եղբօր մը մականին տակ ապրող երկիր, իրենք ալ՝ մարզպանի կարգավիճակով երկրի կառավարիչներ, իրենց դուրսի տէրերուն հետ երկրի հարստութիւնը կիսողներ: Անոնք, երկրի փրկութեան համար ժողովուրդին չեն դիմած, պիտի չդիմեն, ու չեն կրնար դիմել: Իրենք միայն կրնան դուրսէն օգնութիւն խնդրել՝ հայրենիք կոչուող հողատարածքին վրայ իրենց սեփական քոյր-եղբայրներուն հետ յարաբերութիւնները «վերէն» կարգաւորելու համար:

Ես այս պարունակին մէջ կը դիտեմ ռուսական որոշ մետիա եւ քաղաքական շրջանակներու հակահայ քարոզչութիւնը, Հայաստանի նոր քաղաքական եւ հասարակական ղեկավարութեան մասին սուտ տարաձայնութիւնները, ինչպէս օրինակ՝ Ռուսաստանի մէջ յեղափոխութիւն կազմակերպելու սեմինարի մը ծիծաղելի լուրը, «բրիտանական ակումբ»ին անդամակցելու պաշտպանութեան նախարարին մասին ռուս վերլուծաբանի մը յերիւրածոյ յայտարարութիւնը, կամ՝ ռուս նոր աշխարհակալութեան գործակալ՝ Մարգարիտա Սիմոնեան կոչեցեալի մը հակահայաստան talk show-երը:

Ճիշդ է, հաւանաբար ներ-ռուսական, թուրք-ադրբեջան լոբիստական եւ այլ պատճառներ եւս կան այս հակահայաստան քարոզչական արշաւի դրսեւորումներու ետին: Բայց վստահ եղէք, նոյնքան մեծ եւ աւելի դերակատարութիւն հաստատ որ ունին մեր նորօրեայ ստրկամիտները, օտար մեծ եղբօր օգնութեամբ Հայաստանի մարզպան նստիլ ցանկացող եւ երկրի հարստութիւններուն տիրել ուզող «քաղաքական գործիչները»:

Փետրուարեան անխուսափելի ապստամբութեան յիշատակի այս օրերուն, կարելի չէ չմտածել, որ Հայաստանի ինքնիշխանութիւնը կախեալ չէ միայն թշնամի ու բարեկամ երկիրներու հետ Հայաստանի լաւ կամ վատ յարաբերութիւններէն, այլ նաեւ՝ դարեր շարունակ ինքնիշխանութեան դէմ դաւած, սեփական ժողովուրդի ազատութիւնը օտարին զոհած որոշ հայ ղեկավարներու վարք ու բարքէն:

Ինքնիշխանութիւնը իրականութիւն կը դառնայ այն ժամանակ, երբ հայի այս տեսակը արմատախիլ ըլլայ մեր իրականութենէն:

Ռաֆֆի Տուտագլեան