image

Արցախի շուրջ մէկ կողմէն «լռութիւն», իսկ միւս կողմէն՝ սպասողական վիճակ

Արցախի շուրջ մէկ կողմէն «լռութիւն», իսկ միւս կողմէն՝ սպասողական վիճակ

Երեւանի պաշտօնական աղբիւրները կը շարունակեն լռութիւն պահել որոշակիօրէն առանձնակի համարուած Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հանդիպման մասին: Առանձնակի, ոչ անոր համար, որ առաջին անգամն է, որ երկու երկիրներու առաջին դէմքերը Արցախի հարցով քով-քովի կու գան, այլեւ հանդիպման «ժամկէտ»ին ընտրուած վայրին եւ տեւողութեան կապակցութեամբ:

Ճիշդ է, որ Նիկոլ Փաշինեան Տաւոսի հանդիպումէն ժամեր անց իր «աւանդական» դարձած դիմատետրի էջի ուղիղ եթերով արագ կ՚արձագանգէր տեսակցութեան մասին, սակայն այդ մէկը իրապէս բաւարար չէր հասկնալու համար, թէ ի՛նչ է տեղի ունեցածը կամ ինչ է հանդիպման իրական պատճառն ու բնոյթը: Ամէն պարագայի նորութիւն ալ չէ, թէ Արցախի խնդրին վերաբերեալ այսօր մենք մտած ենք նոր փուլ մը, որ նաեւ պայմանաւորուած է ռուսական կողմին ունեցած այս հարցը, եւ յատկապէս կովկասեան տարածքաշրջանը, «մաքուրի հանելու» հին-նոր քաղաքականութեամբ։

Սուրիոյ պատերազմէն ասդին, Ռուսաստան բաւական աշխոյժ կերպով սկսած է ներգրաւուիլ Միջին Արեւելքի գործընթացներուն։

Աւելի՛ն, Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութին մեծ ճիգեր իրականացուցած է եւ դեռ ալ կ՚իրականացնէ, որպէսզի կարողանայ առկայ խաղերուն մէջ իր երկրին համար ապահովել պատուաբեր դեր մը։ Այդ դերը անշուշտ միայն զինուորական ձեւաչափով եղած միջամտութեան մասին չէ, այլ քաղաքական տարողութիւն ունեցող դերի մը մասին է խօսքը, որ արդէն իսկ սկսած է յարգանքի արժանանալ բոլոր խաղացողներուն կողմէ։

Սա անշուշտ այդ դերակատարութեան սկիզբն է. ապագային ալ չի բացառուիր, որ Մոսկուա կարեւոր ու նշանակալից դեր ունենայ իրարու դէմ ելած Մերձաւոր Արեւելքի երկու հզօր ուժերը՝ Ռիատն ու Թեհրանը իրարու մօտեցնելու։

Այս առումով ալ շատ կարեւոր ու նոյնիսկ անհրաժեշտ է, որ Ռուսաստան ունենայ «ամուր» կռնակ մը եւ զանազան ուժերու կողմէ օգտագործելի եւ Կովկասի մէջ առկայ վառօդի պատրոյգը ընդհանրապէս չէզոքացուի։

Այս բոլորը հաշուի առնելէ ետք պարզ կը դառնայ, որ Կովկասի կայունութեամբ եւ ղարաբաղեան հիմնախնդրի մէջ նոյնիսկ որոշակի յառաջխաղացով շահագրգռուած գլխաւոր կողմը՝ Մոսկուան է։

Վերադառնալով գետնի վրայ ընթացող գործընթացներուն, եթէ փորձենք հաշուի առնել Տաւոսի հանդիպումէն ետք ամենէն կարեւոր տուեալը կապուած արցախեան հիմնախնդրին՝ ապա պարտաւոր ենք ամէն գնով նկատի ունենալ Արցախ-Ատրպէյճան սահմանային գօտիին վրայ (շփման գիծ) առկայ հանդարտ վիճակը, համեմատած ըսենք անցեալ տարեսկիզբի օրերուն։ Ճիշդ է, որ կրակոցներ միշտ ալ կան, սակայն բոլորին համար աւելի քան յստակ է, թէ սահմանը կ՚ապրի իր ամենէն խաղաղ ժամանակաշրջանը։

Շատեր կը խօսին, որ այսօր առկայ դրութիւնը պարզապէս դադար մըն է, կամ փոթորիկէն առաջ առկայ վիճակ մը, որ կրնայ մէկ օրէն միւսը վատթարանալ եւ վերածուիլ ամբողջական պատերազմի։

Անշուշտ կարծիքներ ալ կան, թէ գոյութիւն ունի որոշ պայմանաւորուածութիւն, որ պիտի դառնայ հիմք յառաջիկայ օրերուն աւելի յստակօրէն երեւելի դառնալիք քաղաքական-բանակցային գործընթացներու, որոնք պիտի յանգեցնեն տագնապի ամբողջական լուծման։

Ամէն պարագայի, յառաջիկայ ամիսները շատ կարեւոր են թէ՛ Հայաստանի, թէ՛ Ատրպէյճանի, մանաւանդ, Արցախի համար։ Այսօր առկայ խաղաղ դրութիւնը պիտի շարունակուի՞, կամ թէ ի՞նչ գործընթացներ պիտի գան լրացնել տարիներէ ի վեր առկայ «սթաթիւքօ» իրավիճակին։

ԹՈՄԱՍ ՏԸ ՎԱԱԼԻ «ՍՊԱՍՈՂԱԿԱՆ» ԼԱՒԱՏԵՍՈՒԹԻՒՆԸ

Ստորեւ իր շահեկանութեան համար իմ ընթերցողներուն կը ներկայացնեմ յայտնի փորձագէտ Թոմաս տը Վաալի հետ «Հետք» կայքէջի կատարած հարցազրոյցը։

-Վերջերս ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահներու մասնակցութեամբ տեղի ունեցաւ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներու հանդիպումը: Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարութեան հաղորդագրութեան մէջ ըսուած է. «Աւելի քան 4 ժամ տեւած հանդիպման ընթացքին զրուցակիցները անդրադարձան խաղաղ գործընթացին առընչուող հարցերու լայն շրջանակի՝ ներառեալ ժողովուրդները խաղաղութեան նախապատրաստելու, անվտանգութեան ու տարածքաշրջանային կայուն զարգացման»: Ըստ ձեզի՝ ի՞նչ կը նշանակէ այս: Արդեօք սա բանակցութիւնները վերջնական փուլ տանելու սկի՞զբն է, թէ՞ շատ հեռու ենք այդ կէտէն:

-Մենք դեռ հեռու ենք բանակցութիւններու վերջնական փուլէն: Փարիզի մէջ տեղի ունեցած հանդիպումը չափազանց դրական էր, բայց այն պէտք է դիտարկել վատ նորութիւններով լի տարիներու ֆոնին վրայ, ինչպէս նաեւ այն իրավիճակի, երբ 2016-ին երկու երկիրները փաստացի յանգեցան քառօրեայ պատերազմի: Ըստ էութեան, 2011-ի Քազանի հանդիպումէն ետք գործօն բանակցային գործընթաց չէ եղած ղարաբաղեան հակամարտութեան վերաբերեալ: Հիմա գլխաւորապէս այն պատճառով, որ Հայաստանի մէջ նոր կառավարութիւն կայ, կողմերը թարմ հայեացքով կը նային իրավիճակին եւ, կարծես, պատրաստ են վերսկսելու բանակցային գործընթացը: Լաւ է, որ անոնք կրկին պատրաստ են լրջօրէն խօսիլ, շատ լաւ է նաեւ, որ քաղաքական գործիչները կը յիշեն, որ հասարակութիւնը կարիք ունի ներգրաւուելու խաղաղ գործընթացի մէջ: Բայց մենք երբեք պէտք չէ մոռնանք, որ անոնք կը սկսին չափազանց վատ կէտէ, եւ բանակցային դիրքերը դեռ շատ հեռու են իրարմէ:

-Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան դեռ անցեալ տարի յայտարարած է, որ ինք պիտի բանակցի միայն Հայաստանի անունով, իսկ Արցախի անունով պէտք է խօսին Արցախի իշխանութիւնները: Այս մասին կը բարձրաձայնէ նաեւ Ստեփանակերտը: Արդեօք տեսանելի ապագային հաւանական կը համարէ՞ք պաշտօնական Ստեփանակերտի վերադարձը բանակցային սեղան:

-Ներկայիս բանակցային գործընթացը տեղի կ՚ունենայ Պաքուի եւ Երեւանի միջեւ, իսկ Մինսքեան խմբակի համանախագահները կը շարունակեն այցելել Ղարաբաղ՝ խորհրդակցելով տեղւոյն «տէ ֆաքթօ» իշխանութիւններուն հետ: Սա է իրողութիւնը 1998-էն ի վեր: Այս փուլին գրեթէ անհաւանական է, որ Ատրպէյճանի իշխանութիւնները թոյլ տան, որ Ղարաբաղի հայերը վերադառնան բանակցային սեղան: Կը կարծեմ՝ լաւագոյն հեռանկարը այն է, որ յառաջընթաց ըլլայ բանակցութիւններուն մէջ, եւ բանակցային ձեւաչափը ընդլայնուի՝ ընդգրկելով այլ «բաժնետէրեր»: Որոշ հարցերու մէջ անոնք կ՚ըլլան Ղարաբաղի հայերը, որոշ հարցերու մէջ ալ՝ Ղարաբաղի ատրպէյճանցիները: Բայց որպէսզի սա տեղի ունենայ, անհրաժեշտ է, որ բանակցութիւններուն մէջ աւելի շատ բովանդակութիւն ըլլայ: Ներկայիս, եկէք ազնիւ ըլլանք, շատ քիչ բան կայ, որ Ստեփանակերտը կրնայ աւելցնել անոր, ինչ կ՚ըսէ Երեւանը:

-Հնարաւո՞ր է, որ Ղարաբաղ-Ատրպէյճան սահմանին տիրող յարաբերական խաղաղութիւնը, այսպէս ըսած, անդորր է փոթորիկէն առաջ:

-Ակնյայտ է, որ հակամարտութեան աշխարհագրութիւնը եւ շփման գիծին միջազգային լուրջ ներկայութեան պակասը կը նշանակէ, որ երկու կողմերը միշտ մէկ քայլ հեռու են մարտական գործողութիւններէն: Անցեալ տարի դրականն այն էր, որ շփման գիծի երկու կողմերուն ալ զոհերու թիւը քիչ էր (մօտ 14 հոգի երկու կողմէն), ինչ որ, կը կարծեմ, վերջին տասնամեակին ամենացած ցուցանիշն էր: Սա կը խօսի այն մասին, որ սահմանին տեղի ունեցող բռնութիւնը էականօրէն պայմանաւորուած է քաղաքական որոշումներով, եւ ռազմական հրամանատարները շատ լաւ կրնան կարգապահութիւն պահպանել, եթէ վերէն հրահանգ ունենան: Սա լաւ նորութիւն է: Իսկ փոթորիկ միշտ հնարաւոր է, սակայն եթէ կողմերը կարողանան շարունակել խօսիլ եւ փոքր քայլեր ընել, ապա յետագային իրավիճակը կը կայունանայ:

-Ղարաբաղեան խնդրի կարգաւորման գծով ի՞նչ զարգացումներ կ՚ակնկալէք: Յառաջիկային պէ՞տք է սպասել որեւէ տեղաշարժի:

-Յաջորդ մեծ քայլը, որուն կրնանք սպասել, երկու առաջնորդներու՝ Իլհամ Ալիեւի եւ Նիկոլ Փաշինեանի հանդիպումն է գարնան: Ատոր մէջ նոր բան չկայ. նման տասնեակ երկկողմանի հանդիպումներ եղած են տարիներ շարունակ: Բայց ես յոյս ունիմ, որ այս անգամ այդ հանդիպումը կ՚ըլլայ ոչ միայն տեսախցիկներու համար, ու կողմերը կը սեւեռուին փոքր մանրամասնութիւններու վրայ, այլեւ աւելի յստակ արդիւնքներ կ՚ունենան: 2016-ի մայիսին Վիեննայի մէջ երկու առաջնորդները համաձայնած էին որոշ լուրջ քայլեր ձեռնարկել. օրինակ՝ բանակցային ձեւաչափի ընդլայնումն ու անվտանգութեան միջոցներու աւելացումը։ Վիեննայի հանդիպումէն ետք, Մինսքեան խմբակի համանախագահներու տարածած յայտարարութեան համաձայն, երկու երկիրներու նախագահները

1. Վերահաստատած են զինադադարը պահպանելու եւ հակամարտութիւնը խաղաղ ճանապարհով կարգաւորելու իրենց յանձառութիւնը։

2. Համաձայնած են հնարաւորինս կարճ ժամանակահատուածի մէջ ԵԱՀԿ-ի հետաքննական մեքանիզմի ներդրման։

3. Համաձայնած են ԵԱՀԿի գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչի լիազօրութիւններու ընդլայնման։

4. Համաձայնած են փոխանակել տեղեկատուութիւն՝ անհետ կորսուածներու մասին Կարմիր խաչի Միջազգային կոմիտէի հովանիի ներքոյ, որու շուրջ պայմանաւորուած էին 2014 թուականի հոկտեմբերին Փարիզի գագաթնաժողովին։

Կը Կարծեմ՝ ժամանակն է վերադառնալ այս յանձնառութիւններուն, ինչ որ շունչ պիտի տայ բանակցային գործընթացին:

 

Սագօ Արեան

«Ժամանակ»/Պոլիս