image

«Ուր հաց, հոն կաց». Կամ ի՞նչ բանի մասին պատմեց Անդրանիկ Մարաշլեան

«Ուր հաց, հոն կաց». Կամ ի՞նչ բանի մասին պատմեց Անդրանիկ Մարաշլեան

Կայ սուրբգրային համար մը, որուն հիմամբ՝ եթէ Աստուծոյ խօսքերը վէմի վրայ դրուին, լաւ արդիւնք պիտի տան։ Համարը մօտաւորապէս այդպէս կը յիշեմ, բայց վստահ եմ, որ ԺԱՄԱՆԱԿ-ի միւս գործընկերներս, որ գիշեր-ցերեկ կրօնական նիւթերով կը զբաղին, լաւ գիտեն այդ համարը, անգիր գիտեն։

Հարցը այդ չէ հիմա… Կրօնականի մասին գրողը թող գրէ, իր եւ իր Աստուծոյ միջեւ առկայ կապին մասին մտորողը թող իր գոհարները հրամցնէ, իսկ այն, որ Քրիստոսի անունով սուրբգրային խորհուրդներ «կը հիւրասիրէ» մեր ընթերցողներուն, այն ալ հանգիստ խիղճով թող կատարէ իր վրայ եղած «բեռը»։

Խնդիրը այլ բանի մասին է։ Խնդիրը սփիւռքի «յաւիտենութեան» նիւթին մասին է, որուն հանդէպ մեզմէ շատ-շատեր կը շարունակեն հաւատք տածել։

Այս պատմութիւնը, սիրելի ընթերցող, նորութիւն մը չէ, բայց հետաքրքրականը այն է, որ արդէն քանի անգամներ կը կրկնուի մեր առջեւ, այս անգամ ալ մեր աչքերուն առջեւ։

Պատմական Հայաստանի ամենէն խուլ անկիւններուն մէջ ծուարած պատմութիւն մը, մեր պատմութիւնը, իմ պատմութիւնս, իմ ընտանիքիս անդամներուն, իմ նախահայրերուս պատմութիւնը, երբ Ուրֆա ծնած մեծ հօրս եղբայրը՝ Արմենակը կը գերադասէր իր հողին վրայ ապրիլ, անդին անոր հարազատ եղբայրներէն մին՝ Ղազարը կը լքէր իր հողն ու տունը, կ՚արտագաղթէր դէպի հեռո՜ւ-հեռուներ, որուն անունը մենք յաճախ արտասահման դրած ենք։

Պատմութեան անիւը կը շրջուէր, այս անգամ մեծ հայրս կայք կը հաստատէր Ճերապլուսի մէջ, երդիք կը կապէր, ընտանիք կը կազմէր ու ամուսնութիւն կը կնքէր մեծ մօրս՝ Թագուհի Պալապանեանին հետ։ Ճերապլուսի օրերը շատ երկար չէին տեւեր, մեծ հայրս ըլլալով քրտերէնին հմուտ անձնաւորութիւն մը, կը յաջողէր Ճերապլուսի մէջ առեւտուրով զբաղիլ, յաճախ ճամբորդելով Հալէպի ծայրամաս համարուող գաւառակ՝ Ճերապլուսին շուրջբոլորը։

Այս պատմութիւնը կը տեւէր մինչեւ որոշ ժամանակ։

1940-ին Խըտըր Սարգիսը, իր աւագ որդիին՝ հօրս Աբրահամ Ղազարեանին հետ կը լքէր Ճերապլուսը եւ կը հասնէր Պէյրութ։

Այդ տարիներուն Ճերապլուսի, Արաբունարի, Պընպուճի եւ շրջակայից հայերու «սիրելի» ուղղութիւններէն էր Պէյրութը։ Թէկուզ եւ դէպի Հալէպ ալ հոսք մը կար, սակայն եղեռնէն ճողոպրած հայերուն համար Պէյրութը դարձած էր բարեկեցութեան հոմանիշ ու անոնք ամէն ճիգ ի գործ կը դնէին, որպէսզի կարողանային հասնիլ «Մայրիներու երկրի» մայրաքաղաքը։

Երեւի այս մօտեցումը, կամ աւելի ճիշդ պիտի ըլլար ըսել ընթացքը, յարիր է դաշտային ժողովուրդներու բնաւորութեան։ Այդ ժողովուրդներու զաւակները անընդհատ կը նախընտրեն ճամբորդել, քաղաքէ-քաղաք ու նոյնիսկ երկրէ-երկիր երթալ։

Անոնց հիմնական նպատակը անշուշտ բարեկեցիկ կեանք մը վարելն է. հասնիլ աւելի փայլուն պայմաններու, աւելի լաւ կեանքի ու, ամենակարեւորը, աւելի լաւ ապագայ մը խոստանալ իրենց զաւակներուն։

Յստակ տուեալներ չունիմ, բայց շատ հաւանական է, որ այդ օրերուն անգամ մեծ հայրս՝ Խըտըր Սարգիսը, իր մտքին մէջ ունէր մէկ հանգանակ՝ «Ուր հաց, հոն կաց» եւ կ՚առաջնորդուէր ու կ՚ապրէր այդ սկզբունքով։

Այպանելի է՞ր այդ մէկը, կամ թէ հասկնալի, ընդունելի է մարդու մը կողմէ, որ անցած էր դժուարին ճանապարհ ու կարողացած էր բոլոր տեսակի դըժ-ւարութիւնները հարթելով կազմել ընտանիք ու վառ պահել տան լոյս ու օճախ։

Ճշմարտութիւն էր նաեւ, որ հացի, լաւ կեանքի, ապրուստը ապահովելու մասին մեծ հօրս մօտեցումները աւելի ուշ կը դառնային Միջին Արեւելքի զանազան քաղաքներուն մէջ կայք հաստատած իմ հայրենակիցներուս համար։ Այսինքն բոլորն ալ կ՚ապրէին մէկ բնաբանով եւ մէկ մօտեցումով՝ «Ուր հաց, հոն կաց»։ Կարծէք բոլորն ալ վաչկատուն ցեղի զաւակներ ըլլային… ու մարդիկ՝ հայեր, որոնք իրենց ետին թողնելով ամէն ինչ, ուզէին ու փափաքէին հեռանալ այն հողերէն, ուր ծնունդ առած ու աճած էր իրենց իսկական հայու, իսկական արմատը։

«ՖԸԼԱՍԹԻՆ» ԳԱՂԹԱԿԱՅԱՆԻ ՎԵՐՋԻՆ ՀԱՅՈՒՆ ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆԸ

Անդրանիկ Մարաշլեան միայն վերջերս կրցած էր լուսանկարներու միջոցաւ ծանօթանալ Դամասկոսի արուարձան Ֆըլասթին (Արաբերէնով՝ Պաղեստին) գաղթակայանին մէջ գտնուող իր հօր՝ Յովսէփի եւ եղբօր՝ Ճորճի խանութի այսօրուան վիճակին:

«Երամուք» կամ «Մուխայեամ Ֆըլասթին»ը կը գտնուէր մայրաքաղաք Դամասկոսի հարաւային շրջանը եւ այս տարուան մայիսին կ՚ազատագրուէր Սուրիոյ բանակին կողմէ։ Գաղթակայանի աւերուածութեան չափը այնքան մեծ եղած էր, որ յայտարարուած էր, թէ բնակիչներու վերադարձը այս պահուն անհնար է: 2012 թուականին ժողովուրդը դուրս եկած էր հոնկէ եւ շրջանը դարձած էր տարբեր ահաբեկչական խմբաւորումներու՝ գլխաւորապէս ԻՇԻՊ-ի եւ Ժապհէթ Ալ-Նուսրայի կեդրոնատեղի։

Անդրանիկ Մարաշլեան կը պատմէ, որ հայրն ու եղբայրը վերջին անգամ իրենց խանութը գտնուած են 2012-ի Ալ-Ատհա տօնի (Քուրպան պայրամը) նախօրէին ըսելով՝ «Սենտուիչի խանութ էր հօրս խանութը, պայրամի օրերն էին, շուկան աշխոյժ եռուզեռ կ՚ըլլար, հետեւաբար ահագին մսեղէն, ապրանք բերուած էր խանութ: Սակայն պայրամի երկրորդ օրը, խանութին ճիշդ առջեւը Սուրիոյ Ազատ բանակը անցարգել մը տեղադրեց, եղբայրս ապահովութեան համար, մի քանի ժամուան համար գոցեց խանութը, երբ կէսօրէ ետք վերադարձաւ, տեսաւ, որ հարցը շատ լուրջ է, որոշեցին խանութը քանի մը օրուան համար փակ պահել եւ այդ քանի մը օրը դարձաւ վեց տարի»:

Մարաշլեանները այդ չարափաստիկ օրուընէ ի վեր, ոչ մէկ տեղեկութիւն ունէին խանութին մասին։ Վերջերս ստացած նկարներուն միջոցաւ տեսած էին աւերուածութեան չափը, հարեւանները Անդրանիկ Մարաշլեանին՝ Պրն. Յովսէփի անդրանիկ զաւակին խորհուրդ տուած էին անձամբ չայցելել այնտեղ։ «Ես չկրցայ երթալ, մենք քրիստոնեայ ենք եւ այդ շրջանները թունդ այլազգ են եւ ատոր համար մեզի խորհուրդ տուին չերթալ: Չենք գիտեր ինչ պիտի ըլլայ, այնտեղ դեռ ո՛չ ելեկտրականութիւն կայ, ո՛չ ջուր, նոյնիսկ եթէ երթանք, չենք գիտեր ինչ կրնանք ընել: Խանութին մէջ բան չէ մնացած. ո՛չ սառնարանները, ո՛չ աթոռ, սեղան, ոչ մէկ բան», կ՚ըսէր Մարաշլեան ու կ՚ընդգծէր, որ տակաւին իրենք բախտաւոր կը համարուին, քանի որ խանութին պատերը, շէնքը դեռ կանգուն է, նկատի ունենալով, որ «Մուխայեամ Եարմուք»ի 80 առ հարիւր շէնքերը ամբողջութեամբ փլած են:

Այդ խանութին տէրը՝ Յովսէփ Մարաշլեանը անցեալ տարի՝ 2017-ի նոյեմբերին արդէն հրաժեշտ տուած էր կեանքին։ «Եարմուք»ի շրջանի գրաւումը եւ իր տարիներու աշխատանքով, ճակտի քրտինքով հիմնած խանութէն զրկուիլը մեծապէս ազդած էր անոր թէ՛ հոգեպէս եւ թէ նիւթապէս: «Խանութը հօրս եւ եղբօրս եկամուտի միակ աղբիւրն էր, 2012-էն ի վեր անոնք օգնութիւններով կ՚ապրին, եղբայրս հիւանդացաւ, ստիպուեցաւ իր տունը վարձու տալ եւ զոքանչին տունը մնալ, որպէսզի կարենայ եկամուտ մը ունենալ եւ ապրիլ: Հայրս ալ անցեալ տարի մահացաւ, մահուընէ երկու տարի առաջ ուղեղի կաթուած առաւ», պատմեց Անդրանիկ։

Ան պատմելով հօրը կեանքի վերջին տարիներուն ապրած տառապանքին մասին՝ ըսաւ. «Անոր դէմքին վրայ որեւէ արտայայտութիւն կարելի չէր տեսնել, ոչ ալ արցունք, իր ցաւը միշտ մէջէն կ՚ըլլար, անոր ապրած վիշտը կը զգայինք միայն երբ խանութին մասին կը խօսէր եւ կ՚ըսէր. ձեռքերնին կոտրուի, ինչ ըրին երկիրը»: Անդրանիկ համոզուած է, որ եթէ իր հայրը այսօր ողջ ըլլար եւ խանութին վերջին նկարները տեսնէր, ուղեղի երկրորդ կաթուածը կ՚ունենար...: «18 տարիներ այդտեղ էր, շատ յայտնի խանութ մըն էր, սուճուխ, շիշ թաուկ կը պատրաստէր, ամբողջ «Մուխայեամ Ֆըլասթին»ին մէջ «Ապու Եուսէֆ» եթէ ըսէին, բոլորը կը ճանչնային: Պզտիկ խանութ մըն էր, բայց հայրս շատ աշխատած, յոգնած էր անոր համար եւ շատ լաւ անուն ունէր: «Եարմուք»ի ազատագրուած օրը երիտասարդներ մասնաւորապէս գացին, որպէսզի տեսնեն, թէ «Ապու Եուսէֆ»ին խանութը ինչ եղած է», կը մանրամասնէր Անդրանիկ:

ԽԱՆՈՒԹՆԵՐՈՒ ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

Ճիշդ է, քիչ մը «գեղարուեստական» դարձաւ այս գիրը, սակայն կարեւորը այն է, որ հիմնուած է ապրուած փորձառութիւններու վրայ։

Պատմութիւնը կ՚ըսէ, որ սփիւռքի տարածքին, անցնող վերջին յիսուն-վաթսուն տարիներուն մարդիկ իրենց կեանքը կապած են խանութներու հետ։

Հայու խանութներ, հայկական խանութներ, հայերու կողմէ կառուցուած խանութներ, հայ խանութպաններ...

Ու այնտեղ այդ խանութներուն մէջ, վաչկատուն խանութպաններ, ազգը սիրող խանութպաններ, ազգի խնդիրներով «ապրող» խանութպաններ, ազգը խանութի վերածող ազգայիններ եւ այսպէս կարելի է երկար շարունակել ու գրել զանազան խանութներու եւ խանութպաններու մասին։

Բառը իսկականին մէջ պարսկերէն է եւ արաբներն ալ կը գործածեն զայն անոր տալով «հանութ» (հայերէնի մէջ գոյութիւն չունեցող հնչերանգը, որ կրնամ միայն հնչելով բացատրելի դարձնել)։ Խնդիրը խանութը չէ, խնդիրը մեր խանութպանները չեն, խնդիրը ապրիլին խանութը բանալ-չբանալու մէջ չէ, այլ խանութպանի հոգեբանութենէն դուրս գալն է։

Մեղադրելի է՞ր մեծ հայրս, որ հաւատաց ու գործադրեց «Ուր հաց, հոն կա՛ց» մօտեցումը։ Մեղադրելի է՞ր Անդրանիկ Մարաշլեանին հայրը, որ ամէն վտանգ մէկդի նետեց եւ խանութ մը հիմնեց Դամասկոսի ամենէն վտանգաւոր շրջանին մէջ։

Ի հարկէ ոչ։

Սակայն մեղադրելի են անոնք, որոնք այսօր առանց ճիշդ հաշուարկ ընելու, հեռու եւ ամայի ափերու վրայ նոր խանութներ կը բանան...

Նոր խանութներ, ինչո՞ւ… հիները կորսնցնելէ ետք...

Խանութները ջուրի պէս են, ըսուած է չէ՞. ջուրին բերածը, ջուրն ալ կը տանի...

 

Սագօ Արեան

«Ժամանակ»/Պոլիս