image
Հրատապ լուրեր:

Հայոց տառապանքները գերմանական գաղտնի տեղեկագրութեանց մէջ

Հայոց տառապանքները գերմանական գաղտնի տեղեկագրութեանց մէջ

Հայասպանութենէն վերապրած յուշագրող հայ ականատես վկաներու պատումներն ու օտար ականատես վկաներու տեղեկագրութիւնները գրեթէ նոյնն են, միակ տարբերութեամբ, որ օտարներու գրութիւնները աւելի մանրամասն եւ բացատրողական են, որովհետեւ վերջիններս եղած են ազատ` դիտելու, լսելու, փոխադրուելու եւ նկատելու մէջ, մինչ տառապած հայ յուշագրողները ստրուկի կամ գերիի իրենց վիճակին մէջ բոլոր կարելիութիւնները չեն ունեցած լաւ տեսնելու եւ անցուդարձերը ազատօրէն ընկալելու լրիւ պատեհութիւնը:

1915-ի գարնան վերջաւորութեան եւ ամրան սկիզբի դէպքերուն մասին Հալէպի մէջ Գերմանիոյ հիւպատոս Վալթեր Ռէօսսլեր իր երկրի ռայխսքանցլեր (վարչապետ) Թէոպալտ ֆոն Պեթման-Հոլվեկին հայոց դաժան կեանքի մասին կը զեկուցէ 27 Յուլիս 1915 թուակիր նամակով, որ կը կրէ հետեւեալ դիւանական թուագրութիւնը` Սկզբնաղբիւրը` PA-AA/R 14087, Տպագրուած` Գ. Եւ Հ. փաստ. 120 (կրճ.) 144 (կրճ.) -1915-07-27-DE-001, եւ լոյս տեսած է Վոլֆկանկ Կուսթի ՙՀայերի Ցեղասպանութիւնը 1915-1916 - Գերմանիոյ Արտաքին Գործերի Նախարարութեան Քաղաքական Արխիւի Փաստաթղթերից՚ (The Armenian Genocide: Evidence from the German Foreign Office Archives 1915-1916) հատորին մէջ, էջ 117: Գիրքին հայերէնի թարգմանիչը` Ռուզան Եորտանեան կþըսէ, որ մինչեւ գիրքի հրատարակութեան տարին` 2005 թուականը, Հայկական Հարցը Գերմանիոյ հասարակութեան յայտնի չէր պէտք եղած չափով: Այս պատճառաւ Վոլֆկանկ Կուսթ հարկադրուած է նկարագրելու պատմական փաստերը եւ միայն անկէ ետք ընելու իր ընդհանրացումները:

Եթէ երբեք օսմանեան իշխանութիւնները հայկական բոլոր նահանգներուն, Կիլիկիոյ եւ Հալէպի մէջ ՙյարմար՚ նկատած էին հայերը տեղահանել երկրին եւ հայոց ապահովութեան համար, ապա` ինչո՞ւ հապճեպօրէն եւ անպատրաստից տեղի կþունենային այդ բռնագաղթերը, հարց կու տայ հիւպատոս Ռէօսսլեր: Երբ Հալէպի կուսակալ Ճելալ պէյ ընդդիմացած էր թրքական իշխանութիւններուն հայերը տեղահան ընելու հարցով, ան պաշտօնանկ եղած էր: Ուստի թուրքերը անմիջապէս հրաման տուած էին Հալէպի նահանգի ծովեզերեայ գաւառներու հայերը տեղահան ընելու: Հրամանը կþընդգրկէր Աղեքսանտրէթի, Անտիոքի, Հարեմի, Պէյլանի, Սուքլուքի, Քեսապի եւ այլ վայրերու հայերը բռնագաղթեցնել:

Միւս կողմէ 800-1000 հայ երիտասարդ Տիգրանակերտէն դէպի հարաւ քշուած էին ու անոնց հետքը կորսուած էր, կը հաղորդէր Սիսի Կաթողիկոսութիւնը: Ռէօսսլեր այս մասին կþըսէ. ՙԵնթադրւում է որ նրանց բոլորին սպաննել են: Այստեղ խօսքը պէտք է որ լինի շաբաթներ առաջ տեղի ունեցած դէպքի մասին՚: Շարունակելով թուել ու նկարագրել հայոց տառապանքը, Ռէօսսլեր կþըսէ, որ շաբաթներով շարունակ Եփրատի ջուրերուն վրայ տեսնուած են ծփացող հայոց դիակներ մեծ մասամբ կիներու եւ երեխաներու: ՙԻշխանութիւնների հրահանգով կատարուած սպանութիւններ են՚, կþըսէ Ռէօսսլեր:

Հիւպատոս Ռէօսսլեր կþիմանայ Թէլ Ապիատ ապրող իրեն ծանօթ զուիցերիացի ամոլէ մը, որ հայ բռնագաղթուածներ տեղւոյն թուրք ընտանիքներուն իրենց 8-12 աղջիկները վաճառած են սկիզբը 2 մեճիտէի եւ աստիճանաբար աւելի նուազ գիներով: Աւելի ուշ, կարգ մը հայ մայրեր իրենց զաւակները ձրի տուած են թուրքերու եւ քիւրտերու, գալիք վտանգներն ու նեղութիւնները նախատեսելով, ՙըստ երեւոյթին նրանք ուզեցել են զաւակներին ազատել անապատի կլիմայական վատ պայմաններից եւ պետեւիների սպասուող ճակատագրից՚, կþըսէ Ռէօսսլեր:

1915-ի գարնան հայ գաղթականներուն մեծ մասը Զէյթունէն կու գար եւ նախնական որոշումով պէտք է որ Ռաքքա տարուէին: Այդ բռնագաղթուածները ՙիրենց ճակատագրից բթացել էին եւ լռակեաց տանում էին ամէն ինչ՚ (էջ 108): Ռէօսսլեր քանի մը ժամ կþընկերակցի հայ գաղթականներու պարտադիր երթին: Թէլ Ապիատէն աւելի հարաւ, ուր ջուրը շատ սուղ գինով կը վաճառուէր, բազմաթիւ մանկահասակ աղջիկներ ու տղաներ կը մահանան ծարաւէն: Երէցներէն շատերը անօթութեան զոհ կը դառնան:

Կառավարութիւնը խիստ օրէնքներ սահմանած էր հայ տարագրեալներուն համար, որոնք իրենց ընկերակցող թուրք, քիւրտ կամ չէրքէզ ոստիկան-զինուորներու քմահաճոյքին կամ գութին ձգուած էին: Գաղթականները երբեմն յարաբերաբար լաւ վերաբերմունք կը գտնէին ոստիկաններէն ու մեծ մասամբ ալ` վատ: Լաւ վերաբերմունք կը նշանակէր քիչ մը հանգիստ, արտօնութիւն` հաց, ջուր կամ ուտելիք գնելու միայն: Վատ վերաբերմունքը կը կայանար կոշտ վարուելակերպէն մինչեւ սպանութիւն: Ռէօսսլեր կը շեշտէ, որ թուրք պատասխանատուներ չէրքէզներն ու քիւրտերը հաւաքագրած էին հայոց ջարդերը գործադրելու համար եւ յաճախ իրենք միա՛յն կը դիտէին պատահածը` գաղտնի հրամաններ արձակելով ոճրագործներուն:

1915-ի ամրան սկիզբը Խարբերդէն, Կարինէն ու Բաղէշէն հայ բռնագաղթուածներ Ռաս-իւլ-Այնի գաղթակայանը կը հասնին ծայր աստիճան թշուառ վիճակի մէջ: Խարբերդէն հանուած գաղթականներուն մէջէն ու պարտադիր երթէն քանի մը ժամ ետք միայն, թուրքերը այր մարդիկը զատելով տարած էին անորոշ ուղղութեամբ եւ անոնք ա՛լ չէին վերադարձած: Թուրքերը զանոնք մորթելով նետած էին այն ճանապարհի եզերքները, ուրկէ աւելի ուշ անոնց կիներն ու երեխաները անցան: Պետեւիները Մարտինի եւ Ռաս-իւլ-Այնի միջեւ երկարող ճամբուն վրայ այդ կիներն ու մանուկները կողոպտած ու չարչարած էին եւ գեղեցիկ աղջիկներն ու առողջ տղաները առեւանգած: Ականատեսի մը վկայութեամբª թուրքերը 17 հոգինոց խարբերդցի ընտանիքի մը եօթը այրերը սպաննած էին, անոնցմէ երկու կին բռնագաղթի ճանապարհի դաժան պայմաններուն տակ մահացած էին եւ մնացեալ ութ հոգիները հասած էին Ռաս-իւլ-Այնի գաղթակայանը, ուրկէ անդին ճանապարհի դժուարութիւնները աւելի պիտի սաստկանային:

Հալէպի մէջ Գերմանիոյ հիւպատոս Վալթեր Ռէօսսլեր Ռաս-իւլ-Այնի գաղթակայանին մէջ տեսած էր Կ. Պոլիս ձերբակալուած, Հալէպ տարուած ու ապա հոն բերուած Օսմանեան խորհրդարանի հայ երեսփոխաններ Գրիգոր Զօհրապն ու Վարդգէսը: Անոնք տարուած էին Տիգրանակերտ քանի մը ոստիկան-զինուորներու հսկողութեամբ, որոնք, վերադառնալով գաղթակայան, Ռէօսսլերի պատմած էին, թէ Տիգրանակերտէն անդին դէպի Եդեսիա ճամբուն վրայ աւազակներª յարձակելով Զօհրապի եւ Վարդգէսի վրայ, զանոնք սպաննած են: Ռէօսսլէր այս պատմութեան հաւատք չէ ընծայած եւ եզրակացուցած է, ՙթէ կառավարութիւնն է կարգադրել նրանց սպաննել Ուրֆայի եւ Տիարպեքիրի միջակայքում՚:

Այս տեղեկագիրը գրեթէ իր աւարտին հասած էր երբ յանկարծ տարիներէ ի վեր Ռէօսսլերի համար որպէս բացառիկ վստահելի մարդէ մը` թուրքերու ձեռքով հայոց տառապանքներուն վկայագրութիւնը կը ստանայ ան: Այդ մարդը Պաղտատի երկաթուղագիծի ընկերութեան մէջ կը ծառայէր: Այդ վկայութիւնը Գերմանիոյ վարչապետին յատուկ ուշադրութեան արժանի է, կը գրէ Ռէօսսլեր, որովհետեւ անոր մէջ կը շեշտուի, որ ՙՀայ ժողովուրդի հանդէպ նկարագրուած վերաբերմունքը բնակչութեան լայն շրջանակներում` նաեւ մահմետականների մէջ, դա վերագրւում է թուրքական կառավարութեան վրայ գերմանական ազդեցութեանը: Դա նշանակում է, որ իբր Գերմանիան է առիթ տուողը հայ ժողովրդին` մինչեւ նրա ամբողջովին աննշան մասնիկը ջախջախելու թուրքական կառավարութեան վճռի համար: Թուրքական կառավարութիւնը, հաւանաբար, կանի ամէն բան` այդ տեսակէտին նպաստելու համար: Նա ուրախ կը լինի իր միջոցառումների խայտառակութիւնը բարդել մեզ վրայ: Բայց դրա հետեւանքով Գերմանիայի անունը կը խառնուի կեղտի հետ՚:

Գալով Պաղտատի երկաթուղային գիծի մէջ ծառայող վերոյիշեալ մարդու վկայագրութեան, ան կþըսէ, որ թուրքերը բոլոր հայերը քշեցին անապատ, առանց նկատի առնելու հիւանդներն ու յղի կիները, առանց խնայելու բանակ գացած հայ այրերու ընտանիքներուն: Բռնագաղթի ճանապարհի վրայ թուրքերը անոնց ո՛չ ջուր եւ ո՛չ ալ հաց տուին: Ամբոխին մէջ տարածուած համաճարակ հիւանդութիւններու հանդէպ թուրքերը ձեռնածալ նստան ու դիտեցին կարգով մահացողները: Հայ կիներն ու աղջիկները այնպիսի յուսահատութեան մատնուեցան, որ իրենց ծծկեր մանուկները կէս ճամբան թողուցին եւ իրենց ճամբան շարունակեցին: Այդ կիներն ու մանկամարդ աղջիկները, իրենց պատիւը պահպանելու համար, իրենց գիրկի մանուկներով գետը նետուեցան եւ վերջ դրին իրենց կեանքերուն: Ամայի վայրերու մէջ թուրք զինուոր-ոստիկաններ հայերը պետեւիներուն յանձնեցին եւ կամ ալ գնդակահարեցին: Խեղճ հայ զոհերուն մարմինները շուներուն, գիշատիչ թռչուններուն եւ վայրի կենդանիներուն կեր դարձան:

Ռէօսսլեր, ի տես տեղի ունեցող ահռելի սպանդներուն, լրջօրէն կը մտածէ անոնց առաջքը առնելու միջոցներ գտնելու մասին: Ան մատը վէրքին վրայ կը դնէª ըսելով. ՙԵթէ ռազմական նկատառումներով հայերին տեղահանումն անխուսափելի է, միթէ հնարաւոր չէ՞ նրանց փոխադրումը յետաձգել մէկ-երկու ամսով եւ խնամքով նախապատրաստել` տրամադրելով լծկան անասուններ եւ սննդամթերք՚: Ռէօսսլեր կþառաջարկէ իր տեղեկագիրներուն մէջ հայերը ժամանակաւորապէս բնակեցնել Եդեսիոյ կամ Հալէպի մէջ եւ արդէն յայտարարուող` իրենց տեղերը յետագայ վերադարձի իրաւունքով, որովհետեւ թրքական իշխանութիւնները կը յայտարարէին, որ բռնագաղթը ժամանակաւոր էր եւ ամէն մարդ իր տեղը պիտի վերադառնար: Ռէօսսլեր մեծ զարմանքով կþարտայայտուի Հալէպի նահանգի արեւմտեան ծովեզերեայ շրջանի հայոց բռնագաղթին մասինª ընդգծելով, որ միայն խաղաղ ժողովուրդը մեծաւ մասամբ կիներով եւ երեխաներով է որ կը տեղահանուին: Ան կþըսէ. ՙՄիթէ Պէյլանը, Սուքլուքը, Քեսապը եւ այլն իրօք ռազմական շրջաննե՞ր են: Միթէ այնտեղ իսկապէս վտանգաւո՞ր է կանանց եւ երեխաների առկայութիւնը, չէ՞ որ բոլոր տղամարդիկ զօրակոչուած են՚:

Թրքական սուտն ու կեղծիքը միշտ ներկայ էին այդ օրերուն, ինչպէս եւ այսօր, արդարացնելու համար հայոց դէմ գործուող վայրագութիւններն ու անարդար միջոցառումները: Դժբախտաբար գերմանական մամուլը այդ սուտերուն ու կեղծիքին արձագանգ կը դառնար եւ մանաւանդ` ՙՀիւսիսային Գերմանական Ընդհանուր Լրագիր՚ (Norddeutsche Allgemeine Zeitung) գերմանական թերթը, որ 9 Յունիս 1915-ին ՙՕսմանեան Կառավարութիւնը Թշնամական Մեղադրանքների Դէմ՚ վերնագրեալ յօդուածով մը կը շեփորէր հետեւեալը. ՙԹուրքական կառավարութիւնը պնդում է թէ տեղահանութիւնները ժամանակաւոր էին՚: Գերմանական մամուլը կը տարածէր այդ պոչաւոր սուտերը եւ անոնց ընկերացող լպրծուն բացատրութիւնները:

Ռէօսսլեր հեռագրային զեկուցագիրով անսովոր եւ լաւ հաստատուած փաստերով տեղեկացուցած էր Գերմանիոյ վարչապետը Թէլ Էրմենի (տե՛ս Թել Էրմենի, Հայկական, Թիլ -հողաբլուր, պատմական Հայաստանի հարաւում, Տիգրիսի ձախակողմեան վտակ Խաբուր գետի հովտում -Թադէոս Յակոբեանի, Ստեփան Մելիք-Բախշեանի եւ Յովհաննէս Բարսեղեանի կազմած ՙՀայաստանի Եւ Յարակից Շրջանների Տեղանունների Բառարան՚ը, Երեւան, էջ 1472/4814- համացանցային բառարան) կոտորածներուն մասին: Հիւպատոսը կþըսէ, որ գերմանացի հազարապետ Ֆոն Միկուշը լուսանկարած էր փաստերը եւ ի վիճակի էր ներկայացնել, սակայն գերմանական եւ թրքական կողմերը շուտով կը հերքեն այս ստոյգ լուրը: Կոտորածը քիւրտերու ձեռքով գործադրուած էր եւ թրքական կառավարութիւնը իր զինուած ուժերով ներկայ էր դէպքին վայրը ու հաւանական էր թուրքերու գործօն մասնակցութիւնը:

Հայերը Թուրքիոյ պատերազմական գօտիներէն հեռացնելու պատրուակով, թրքական կառավարութիւնը հազարներով անմեղ հայեր անապատ քշելով բնաջնջեց, կþըսէ Ռէօսսլեր եւ այդ բռնագաղթերուն ընկերացող բոլոր դաժան պայմանները կը նկարագրէ գիրքին էջ 122-ի մէջ: Իբրեւ եզրակացութիւն ան հարց կու տայ ըսելով. ՙԲայց ի՞նչ է նա [րքական կառավարութիւնը] հաստատում իր կիսապաշտօնական յայտարարութեան մէջ. ՙՕսմանեան կառավարութիւնը... իր բարեհաճ հովանաւորութիւնը տարածում է Թուրքիայում ապրող բոլոր ազնիւ ու խաղաղասէր քրիստոնեաների վրայ...՚: Իսկապէս աչքերիս չհաւատացի երբ տեսայ այդ յայտարարութիւնը եւ խօսք չեմ գտնում` բնութագրելու այդ կեղծիքի ահաւորութիւնը՚:

Օտարներու վկայութեամբ կը տեսնենք թէ թուրքը որքա՜ն նենգ, ստախօս ու կեղծաւոր է: Մեր օրերուն ալ յաճախ ականատես եւ ականջալուր կþըլլանք թուրքին սուտին ու կեղծիքին: Աւելի քան հարիւր տարի ետք, Թուրքիա կþուրանայ Հայասպանութիւնը եւ յամառօրէն դէմ կը դնէ անոր միջազգային ճանաչման, մանաւանդ ԱՄՆ-ի մէջ: Ան միլիոնաւոր տոլարներ կը վատնէ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման դէմ, մասնաւորաբար Ամերիկայի եւ ընդհանրապէս եւրոպական երկիրներու մէջ շահախումբեր (lobby) ստեղծելու եւ անոնցմով գործելու համար: Թրքական գաղտնի սպասարկութիւնը (Միլլի իսթիհպարաթ թաշքիլասը, ՄԻԹ) հարիւրաւոր համացանցային կայքեր հաստատած է հակահայկական սուտ քարոզչութեան համար: FactCheckArmenia.com հայկական անուն յիշեցնող թրքական կայքը ամէնէն կարկառուն կայքերէն է, որ միշտ ՙբռնագաղթ՚ բառը կը փոխարինէ ՙվերատեղափոխութիւն՚ բառով, այդպիսով փորձելով արդարացնել Օսմանեան պետութեան հակահայկական ամէնէն դատապարտելի միջոցառումը, որ ուղղակի սկիզբն էր հայոց կոտորածներուն` Հայասպանութեան: Բռնագաղթի մասին Թաներ Աքչամ կþըսէ. ՙՎերատեղաւորումները կամ բռնագաղթերը հաւասար էին մահուան՚, որովհետեւ Հայասպանութեան կանխամտածուած բնոյթը յստակ է երբ նկատի առնենք, թէ թուրքերը նախապէս ծրագրած էին հայոց արագ, անպատրաստից ու հապճեպային բռնագաղթեր իրականացնել:

Թուրքերը մէկ նպատակ կը հետապնդէին այս բոլորին ետին` բնաջնջել Հայ Ազգը...

 

Յարութիւն Իսկահատեան

« Արարատ»/  Պէյրութ