image

Անորոշ ճակատագիր. Ի՞նչ պահուած է Խաշըքճիի «պատմութեան» ետին

Անորոշ ճակատագիր. Ի՞նչ պահուած է Խաշըքճիի «պատմութեան» ետին

Եթէ արագ հայեացք մը նետենք Ճեմալ Քաշըքճըի լրագրական «կենսագրութեան» վրայ, պիտի յանգինք այն համոզման, թէ ան Սէուտական Արաբիոյ թագաւորական ընտանիքի ամենէն «հաւատարիմ ձայներէն» մին էր։ Մինչեւ վերջերը լրագրողը կը համարուէր թագաւորութեան «բանբեր»ը։

Այդ տպաւորութեան տակ էի նաեւ ես, որ յաճախ ուշադրութեամբ կը կարդայի անոր «Ալ Հայաթ» պարբերականին մէջ հրապարակուած յօդուածները։ Հիացող մը չէի անոր գրութիւններով, սակայն կ՚ուզէի հաշուի առնել, թէ ինչպէս կը մտածէ սիւննի աշխարհը՝ յատկապէս Սուրիոյ զարգացումներուն վերաբերեալ։

2012-2014 թուականներուն յատկապէս «Ալ Հայաթ»ը դարձած էր սէուտցի թագաւորութեան «պատգամաբեր»ը։ Բոլորին համար անշուշտ յստակ էր, որ թագաւորութիւնը ի՛նչ կեցուածք ունէր Սուրիոյ իշխանութիւններուն եւ յատկապէս Սուրիոյ նախագահ Պեշար Էսատին մասին։ Ռիատ այդ օրերուն աշխարհին կը ներկայանար որպէս Սուրիոյ յեղափոխութեան (որ յեղափոխութենէ զատ ամէն բանի կը նմանէր) «կնքահայր»ը։ Այս «քոնթէքտս»ին մէջ հասկնալի էր, թէ ի՛նչ ոճով պիտի գրէր Քաշըքճըն, միշտ մեկնակէտ ունենալով թիրախ դարձնել Էսատն ու անոր վարչակարգը՝ զանոնք ներկայացնելով որպէս սեփական ժողովուրդը ոչնչացնող համակարգ մը։

Սուրիոյ իրադարձութիւններու լոյսին տակ, Սէուտական Արաբիա կարծես ինքզինք պարտուած զգալով՝ վերատեսութեան կ՚ենթարկէր իր մօտեցումները։ Աւելի ճիշդը՝ շատ մը պարագաներու կը նախընտրէր լռութիւն պահել ու չխօսիլ այդ տանջահար երկրին մէջ եղած դէպքերուն մասին։ Այս ձեւով, սէուտցի «բարձրախօսներ» կը փոխէին իրենց ուղղուածութիւնը եւ սուրիական տագնապին կը մօտենային բոլորովին այլ տեսանկիւններէ։ Սակայն Քաշըքճը չէր ենթարկուեր թագաւորական հրովարտակներուն ու կը շարունակէր իր յօդուածներուն մէջ դատապարտել սուրիական վարչակարգը։

Այդ փուլէն ետք կարեւոր փոփոխութիւններ կը կատարուէին նոյնինքն Սէուտական Արաբիոյ մէջ։ Զանազան քաղաքական յենարաններով իր դիրքերը ամրագրած Մուհամմէտ իշխան կը նշանակուէր գահաժառանգ՝ նոր իրավիճակ մը ստեղծելով ո՛չ միայն թագաւորութեան «ներքին խոհանոց»ին, այլեւ՝ այդ երկրի արտաքին քաղաքականութեան մէջ։

Այս կէտին իմ ընթերցողները շատ լաւ պէտք է յիշեն Ռիատի «Ռիթց» պանդոկէն ներս պատահած դէպքերը, երբ գահաժառանգ իշխան Մուհամմէտ ճնշումի կ՚ենթարկէր թագաւորութեան տըն-տեսական օղակներուն մէջ կարեւորագոյն դեր ստանձնած տասնեակ իշխաններ ու անոնց հետ «լեզու գտնելէ» ետք ազատ կ՚արձակէր զանոնք՝ հաւատալով, որ արդէն ապահոված է «Ալ Եամամա»ի թագաւորական պալատ հասնելու իր ծրագիրը։ Դաշտը կարծես թէ մաքուր էր։ Մուհամմէտ իշխանն ու իր նեղ շըր-ջանակը կը շարունակէին մօտէն հետեւիլ այն գործիչներուն ու լրագրողներուն, որոնք «կը յանդգնէին» քննադատութիւններ ուղղել երիտասարդ իշխանին, որ հանրութեան կը ներկայանար իր ընդդիմախօսները «լսել» կարենալու ունակութեամբ...։

Անհետացում ... Պոլսոյ մէջ

Հոկտեմբերի 2-ին, երեքշաբթի յետմիջօրէին սէուտահպատակ Ճեմալ Քաշըքճը մուտք կը գործէր Պոլսոյ մէջ գտնը-ւող Սէուտական Արաբիոյ հիւպատոսարանը։ Ան հիւպատոսարան կը մտնէր իր նշանածին՝ Թուրքիոյ քաղաքացի Հաթիճէ Ճենկիզի ընկերակցութեամբ։ Նշանածը կը մնար սպասման սրահին մէջ, իսկ Քաշըքճը կը մտնէր հիւպատոսարան՝ իր անձնական փաստաթուղթերը «կարգի դնելու» համար։ Առաջին օրերուն անոր անհետացումը պատմող լուրերուն մէջ երբեք չէր նշուեր, թէ ի՛նչ էր Քաշըքճըի հիւպատոսարան այցելելու հիմնական նպատակը, սակայն աւելի վերջ պարզ կը դառնար, որ ան իր երկրի դիւանագիտական նստավայրը կը հասնէր կարգաւորելու համար նախկին կնոջմէն բաժնուելու եւ ապահարզանի թուղթերը օրինականացնելու նպատակով։ Չորեքշաբթի առաւօտուն արաբական եւ ամերիկեան լրատուական գործակալութիւններու գլխաւոր լուրը կը դառնար անհետացումը Քաշըքճըի, որուն ճակատագիրը մինչեւ այս պահը կը շարունակէ մնալ անյայտ։ Եւ այսպէս կը սկսէր «լրատուական հետաքրքրական» ընթացք մը. հռչակաւոր լրատուամիջոցներէն իւրաքանչիւրը կը փորձէր իր բեմագրութիւնը շարադրել՝ յայտնի լրագրողի անհետացման դէպքին շուրջ։ Այդ լուրերուն մէջ ամենէն մտահոգիչները կը տարածուէին յատկապէս The Washington Post թերթին կողմէ, որ անցնող մէկ տարուան ընթացքին դարձած էր Քաշըքճըի ամենավստահելի ամպիոնը։ Թերթի Opinion («Տեսակէտ») բաժնին մէջ ամէն շաբաթ լոյս կը տեսնէր անոր յօդուածը։ Իսկ անհետացումէն ետք այդ բաժինը հրատարակուած էր «սպիտակ էջ»ով։ Անոր գործընկերները կը հրապարակէին տասնեակ յօդուածներ՝ պահանջելով սէուտցի պատասխանատուներէն անմիջապէս քօղազերծել Քաշըքճըի անհետացման հանգամանքները։

Լրագրողի անհետացման հանգամանքներուն մասին ուշագրաւ տեղեկութիւններ կը հրապարկէին ամերիկեան New York Times-ը եւ թրքական Daily Sabah-ը։ Մինչ առաջինը յղում կատարելով թրքական ապահովական բարձրաստիճան պատասխանատուի մը (որուն անունը բնականաբար չէր յիշուեր), կը յայտարարէր, որ Քաշըքճըի դէմ եղած հաշուեյարդարի հրամանը տրուած էր ուղղակի թագաւորական «սեղմ օղակ»ին կողմէ։ Աղբիւրը նաեւ դէպքը կը համարէր «բաւական խորհրդաւոր» եւ «խճճուած»։ Իր կարգին, Daily Sabah-ը կը գրէր, որ Քաշըքճըի դէմ եղած հաշուեյարդարը կատարուած է Պոլիս ժամանած սէուտցի 15 հոգինոց խմբակի մը կողմէ։ Անոնք իրենց վրայ դրուած «պարտականութիւն»ը կատարած են մեծ հմտութեամբ, նաեւ յաջողած են Քաշըքճիի անհետացման օրը անաղմուկ կերպով հեռանալ Թուրքիայէն։ Անշուշտ այս բոլորի կողքին կը հրապարկուէին զանազան վարկածներ, որոնք յաճախ կը պարունակէին բաւականին վտանգաւոր «տուեալներ»։

Վարկածներէն մէկուն համաձայն, Քաշըքճըի հիւպատոսարան մուտք գործած օրը շրջան կը հասնէր «սեւցուած» ապակիներով ինքնաշարժ մը, որուն մէջ կը նստէր Քաշըքճը ու կը հեռանար անյայտ ուղղութեամբ։

Հետախուզական, ոստիկանական, գաղտնի սպասարկութիւններու տետրակներուն մէջ յայտնուած նման տեղեկութիւնները մէկդի դնելով, հարկ է արձանագրել, որ Ճեմալ Քաշըքճըն, սէուտցի ամենափայլուն եւ վարկ ունեցող լրագրողը չկայ։ Ան մուտք գործած է Պոլսոյ մօտ սէուտեան հիւպատոսարան եւ ցարդ չկայ... Անոր անհետացումը, դէպքին հանգամանքները եւ ճակատագիրը առարկայ սկսած են դառնալ զանազան մակարդակի քննարկումներու։ Առնուազն Միացեալ Նահանգներու, Մեծն Բրիտանիոյ եւ արեւմտեան պլոքի բազմաթիւ երկիրներ խստաոճ յայտարարութիւններ կատարած են։ Անոնք բոլորն ալ կը պահանջեն դէպքին բացայայտումը, նաեւ Քաշըքճըի ճակատագրին յստակեցումը։ Հետաքրքրականը այն է, որ Սէուտական Արաբիա այդ երկիրներու «հաւատարիմ» դաշնակիցն է։ Իբր այդ ալ տեղի ունենալիք «բարձր լարում»ով շփումները պիտի ըլլան առաջինը իրենց տեսակին մէջ։

Պիտի մոռցուի լրագրողին անհետացման դէպքը, կամ այդ մարդուն ճակատագրին բացայայտումը որեւէ ձեւով պիտի ազդէ մէկ կողմէ այդ երկիրներու եւ Սէուտական Արաբիոյ միջեւ առկայ յարաբերութեանց վրայ։ Այս կէտին պէտք չէ մոռնալ մանաւանդ Միացեալ Նահանգներու պարագան, որ կը պատրաստուի նախագահական ընտրութեանց։ Հետեւաբար Քաշըքճըի մասին որեւէ վերլուծում կամ կեցուածքի որդեգրում կրնայ որոշ չափով ազդել այդ ընտրութիւններու ընթացքին վրայ։

ՔԱՇԸՔՃԸԻ վերջին խօսքը

Քաշըքճըի անհետացումէն անմիջապէս ետք, լրատուական հեռուստակայաններ հանրութեան ուշադրութեան յանձնեցին լրագրողին մասին լուրեր, տեղեկութիւններ ու յատկապէս վերջինիս հետ կատարուած բազմաթիւ հարցազրոյցներ։

Այս առումով միջազգային հնչեղութիւն ունեցող կայաններէն շատ-շատեր հանրութեան հրամցուցին Քաշըքճըի (վերջինը համարուող) ձայնասփռուած հարցազրոյցը, որ տարածուած էր BBC-ին կողմէ։ Ուշագրաւ էր, թէ Քաշըքճը հակառակ թագաւորութեան դէմ կարծիք յայտնելուն՝ կը խօսէր ընդունելի սահմաններու մէջ։ Հետեւաբար ենթադրել, որ յատկապէս իր վերջին ելոյթները առանցքային պատճառ են անոր դէմ եղած «ատելութեան», հիմնականին մէջ սխալ է։ Ու պարզ է նաեւ, թէ թագաւորութեան «փակ շրջանակներ»ուն մէջ լրագրողին դէմ աճած ժխտական մթնոլորտը վերջին օրերուն չէր, որ մարմին կը ստանար, այլեւ կապ ունէր առնուազն վերջին երկու տարիներուն անոր կողմէ հնչած կարծիքներուն հետ։

Վերադառնալով BBC-ին տրուած հարցազրոյցին՝ հարկ է նկատել, որ Քաշըքճը խօսելով Սէուտական Արաբիոյ ընդհանուր իրավիճակին մասին, իր դժգոհութիւնները յայտնած էր: Ան նաեւ ըսած էր, որ վերջին շրջանին յաճախ կը ճամբորդէր Ուաշինկթընէն դէպի Պոլիս, բայց երբեք մտքէն չէր անցըներ Ռիատ այցելել։ Քաշըքճը նաեւ «բացայայտած» էր Ռիատ երթալու գաղափարէն խորշելուն պատճառը, որովհետեւ (իր խօսքով) ինք վերջին շրջանին տեղեկութիւններ կը ստանար, թէ թագաւորութեան մէջ ձերբակալութեան դէպքերը դարձած են յաճախակի: Ան նաեւ կ՚ըսէր. «Սէուտական Արաբիան կը գտնուի փոխանցման շրջանի մը մէջ, բայց եւ այնպէս ժողովուրդին մօտ զանազան մտավախութիւններ կան, իսկ գահաժառանգ Մուհամմէտ իշխանը մեզի յաճախ կը մատուցէ անակնկալներ, որոնց մասին ո՛չ թերթերուն մէջ գրուած է, ոչ ալ հանրային կարծիքը տեղեակ է»:

Կայ մեծ հաւանականութիւն մը, որ յառաջիկայ օրերուն Քաշըքճըի ճակատագիրը բացայայտուի… Հակառակ անոր, որ Քաշըքճըի պատահարը կրնայ քաղաքական ինչ-ինչ հանգամանքներով մնայ ծածուկ։

Ի վերջոյ Քաշըքճը սովորական լրագրող մը չէ ու յստակ է, որ եթէ ան ենթարկուած ըլլայ ֆիզիքական հաշուեյարդարի, ապա այդ սեւ գործը կատարած կողմն ալ լաւ հաշուառած պիտի ըլլայ դէպքին զանազան երեսակները, ինչպէս նաեւ դէպքը գաղտնի պահելու բոլոր միջոցները։

 

Սագօ Արեան

«Ժամանակ»/Պոլիս