image

Սոֆիա Աճառեանի յուշերը. Անուշ Թրուանց

Սոֆիա Աճառեանի յուշերը. Անուշ Թրուանց

Այս տարեսկիզբին՝ յունուար ամսուն, երբ հարցազրոյց մը հրատարակեցինք մեծ լեզուաբան ու բանասէր Հրաչեայ Աճառեանի անուանակից թոռան՝ Հրաչեայ Աճառեանին հետ, անոր Պոլիս այցէն առաջ, ան հարցազրոյցին ընթացքին յայտնեց, որ տպագրութեան յանձնած է իր մեծ մօր՝ Սոֆիա Աճառեանի յուշերը Հրաչեայ Աճառեանի մասին: Մեր զրուցակիցը նկատած էր նաեւ, որ իր մեծ մօրը բաժին ինկած է Աճառեանի կեանքին ամենէն դժուար շրջանը, բայց ան տոկացած է եւ նոյնիսկ կրցած է յուշերուն գիրքը շարադրել:

Ահաւասիկ, ընթերցողներու սեղանին է Սոֆիա Աճառեանի «Իմ յուշերը Աճառեանի մասին» գիրքը, հրատարակուած «Ասողիկ» հրատարակչութենէն, 286 էջնոց բացառիկ յուշապատում մը, որ մէկ շունչով կ՚ընթերցուի եւ նորանոր մանրամասնութիւններ ի յայտ կը բերէ մեծն Աճառեանի կեանքէն:

Զարմանալի ճշգրտութեամբ, մանրամասնօրէն, սիրով եւ քաջութեամբ, Սոֆիա Աճառեան գրած է իրենց կեանքին պատմութիւնը, եւ ահաւասիկ, տարիներ ետք, երբ բազում գիրքեր, յուշեր, վկայութիւններ հրապարակուած են մեծ լեզուաբանին, անոր կեանքին եւ ընտանիքին մասին, փաստօրէն կան գրութիւններ, որոնք տակաւին մեծ հետաքրքրութեամբ կ՚ընթերցուին եւ կը կլանեն ընթերցողը՝ կրկին տանելով այն օրերը, երբ ապրած, տառապած, հալածուած եւ իր կոթողային անմահ գործերը ստեղծած է Հրաչեայ Աճառեան:

Սոֆիա Աճառեանի յուշերը ոչ միայն անոնց համատեղ կեանքին մասին են, այլ այն անձերուն, որոնք եղած են Աճառեաններուն բարեկամները, նաեւ՝ թշնամիներուն եւ հայ մեծ գիտնականին ճակատագիրը խեղողներուն:

Իր կեանքի օրերուն Հրաչեայ Աճառեան նոյնպէս յուշեր կազմած է, ան առողջութեան կորուստին պատճառով չէ կրցած այդ յուշերը անձամբ գրի առնել եւ թելադրած է իր դստեր եւ ուսանողներուն: Յետագային, գիտնականին յուշերը լոյս տեսած են «Կեանքիս յուշերէն» խորագրով: Սոֆիկ Աճառեանի յուշերուն մէջ կը կարդանք. «Իմ յուշերը կարծես Աճառեանի յուշերուն անքակտելի բաղկացուցիչ մասն ու շարունակութիւնը կը կազմեն։ Աճառեանը չէր սիրեր խօսիլ իր մասին. իմ յուշերուս մէջ սակայն, ես կը խօսիմ Աճառեանին, անոր շրջապատին, հին ու նոր բարեկամներուն հետ անոր հանդիպումներուն, հետաքրքրական խօսակցութիւններուն ու տեսակցութիւններուն, ուսանողներուն եւ ասպիրանտներուն նկատմամբ անոր քաջալերական վերաբերմունքին մասին։

«Երեխայի պարզութեամբ ու անմեղութեամբ այդ մարդուն կեանքին մէջ թունաւորող երեւոյթները, դժբախտաբար, անպակաս եղան։ Անհատի պաշտամունքին մռայլ ժամանակաշրջանին ան եւս տուժեց։ Իմ յուշերուն մէջ տեղ գտած են Աճառեանի այն ժամանակուան կրած տառապանքներն ու դառնութիւնները, բանտին մէջ ունեցած մեր հանդիպումներուն նկարագրութիւնը, բախտակից ու բանտակից իր ընկերներուն պատմածներն ու յիշողութիւնները։

«Ես ջանք գործադրած եմ բացայայտելու Աճառեանի բնաւորութեան, խառնուածքին իւրայատուկ, երբեմն նոյնիսկ տարօրինակ թուացող կողմերը: Ուշադրութեան արժանի եւ ուսանելի շատ բան ունի Աճառեանի աշխատասիրութիւնը, հետեւողականութիւնը անոր աշխատանքին գիտականօրէն կազմակերպուած համակարգը, որով ան կրցած է այնքան բեղմնաւոր ըլլալ», իր յուշերուն մասին այսպիսի նախաբան մը գրած է Սոֆիկ Աճառեան:

Սոֆիան մեծ լեզուաբանին կողմէ կոչուած է Սոֆիկ: Ան, ինչպէս ծանօթ է, եղած է Հրաչեայ Աճառեանի երկրորդ կինը, եւ Աճառեանը՝ անոր երկրորդ ամուսինն էր: Մինչ Սոֆիային հետ ամուսնանալը, Հրաչեայ Աճառեան կորսնցուցած էր իր սիրելի կինը՝ Արուսեակը. վերջինս մահացած էր՝ խոր վշտի մէջ ձգելով գիտնականը:

1923 թուականին, երբ Երեւանի մէջ կը գործէր Պետական համալսարանը, պոլսահայ Աճառեանը այդ ժամանակ կը պաշտօնավարէր Թաւրիզ: Ան Թաւրիզէն կը դիմէ Հայաստանի ղեկավարներէն Ալեքսանդր Միասնիկեանին՝ «Ինծի պէսերուն համար կա՞յ գործ աշխատելու» հարցնելով եւ անմիջապէս կը հրաւիրուի Հայաստան, որպէսզի դասաւանդէ Պետական համալսարանին մէջ: Աճառեան Հայաստան եկած է Արուսեակին հետ (որուն ան ծանօթացած էր Շուշիի մէջ ուսուցչութեան տարիներուն):

Երկու տարի ետք, Երեւանի մէջ, Արուսեակը կը մահանայ: Աճառեանի նամակներուն մէջ կայ մէկը, որ հասցէագրուած է կնոջ Իրան բնակող հարազատներէն մէկուն. «Եւ այսպէս, խեղճ Արուսեակս մահացաւ՝ իւրայիններէն հեռու, նոյնիսկ չարժանացաւ անոնց կարեկցանքին: Գիշեր-ցերեկ անդադար զայն կը յիշեմ, կ՚ողբամ եւ կը ցաւիմ: Այսօր յատկապէս շատ դառն յուշերու մէջ էի, կը վախնամ, որ խելագարիմ: Տունը բոլորովին առանձին եմ, մէկը չկայ, եթէ արկած մը պատահի ինծի, փողոցի շան վիճակէն ալ վատ կ՚ըլլայ դրութիւնս»:

Այդ ծանր հոգեվիճակը կը շարունակուի երկար ժամանակ, մինչեւ որ Աճառեան կը հանդիպի Սոֆիային: Անոնց տարիքային տարբերութիւնը բաւական ակնառու էր, սակայն այդ մէկը չի խանգարեր Աճառեանը Սոֆիային ամուսնութեան առաջարկ ընելու:

Սոֆիա Հրաչեայ Աճառեանի մասին յուշերուն մէջ կը պատմէ, թէ ինչպէս ծանօթացած է մեծ գիտնականին: Ծանօթացած է 1935 թուականին, երբ ինք՝ Սոֆիան, կ՚ուսանէր Երեւանի անասնաբուժական-անասնաբուծական համալսարանին մէջ եւ յունուարի կիսամեակային առաջին իսկ քննութենէն ձախողած էր իր ընկերուհիին հետ: Ընկերուհին կը գիտնայ, որ այդ առարկային դասախօսը Աճառեանի մօտ ընկերն է, իսկ ընկերուհին ծանօթ էր Աճառեանին եւ կ՚առաջարկէ միասին այցելել Աճառեանին եւ խնդրել միջնորդել, որպէսզի իրենք կրկին յանձնեն այդ քննութիւնը: Ահա այդ այցին ժամանակ Հրաչեայ Աճառեան կը նկատէ Սոֆիկը, անոնք կրկին կ՚այցելեն, որպէսզի Աճառեան կրնա՛յ բարեխօսել իր ծանօթ դասախօսին եւ երկրորդ այցին ժամանակ Աճառեան ջերմ զրոյցի մը կը բռնուի Սոֆիկին հետ: Սոֆիկին եղբայրը անհիմն զրպարտութիւններու պատճառով կը բանտարկուի եւ Սոֆիկին ամուսինը, զգուշանալով այդ դէպքէն, կը հեռանայ կինէն, եւ Սոֆիկ, որ արդէն բաժնուած էր իր ամուսինէն, անվստահութեամբ կը վերաբերի ամուսնութեան մասին խօսակցութիւններուն, մանաւանդ, Աճառեանի կողմէն, քանի իրմէ բաւականին մեծ էր, եւ ինչպէս Սոֆիկ կը նկարագրէ՝ տարօրինակ կեանքով մը կ՚ապրէր իր տան մէջ: Այդ երկրորդ հանդիպումին ընթացքին Սոֆիկ կը նկարագրէ, որ Աճառեանին մէկ ոտքին մէկ տեսակ կօշիկ կար, միւս ոտքին՝ ուրիշ տեսակ: «Փրոֆեսէօր Աճառեանի արտաքին տեսքը զիս շատ զարմացուցած էր: Ես չէի կրնար հաւատալ, որ կրնայ այդպիսի փրոֆեսէօր մը ըլլալ: Կը նայէի անոր ու կը զարմանայի։ Ան չափազանց պարզ արտաքին մը ունէր: Այդ օրը հագած էր մետաքսեայ վերնաշապիկ մը, կուրծքը բաց, թեւերը երկար, ձեռքերը մէջն ինկած, անդրավարտիքը գօտիով ամուր կապած։

«Անոր մէկ ոտքին կրկնակօշիկ կար, միւսին՝ թաղիքէ ճտքերով կօշիկ: Չափազանց անհանգիստ բնաւորութեամբ, աշխոյժ, կենսուրախ մարդ մը կ՚երեւէր…», գրած է Սոֆիկ Աճառեան:

Որոշ ժամանակ անց, Աճառեան ամուսնութեան առաջարկ կ՚ընէ Սոֆիկին, մինչ այդ անընդհատ այցելելով անոր իր ապրած տան մէջ, հետաքրքրուելով անոր ուսանողական կեանքով… Երկար մտածելէ ետք, Սոֆիկ կու տայ ամուսնանալու համաձայնութիւն:

Սոֆիկ շատ պատկերաւոր ձեւով կը նկարագրէ բնակարանը, ուր կը բնակէր Աճառեան, կը նշէ, որ Աճառեան բնակարանը եւ ամբողջ գոյքը ստացած էր պետական համալսարանէն, երբ զինք Պարսկաստանէն հրաւիրած էին դասախօսելու Երեւանի նորաբաց պետական համալսարանին մէջ:

«Ննջարանին մէջ տեղադրուած էին պարզ, փայտեայ թախտ մը, մահճակալ մը, խոշոր սնտուկ մը, որուն մէջ կը գտնուէին Արուսեակին իրերը, որոնք Աճառեանը, որպէս յիշատակ եւ մասունք, աչքի լոյսի պէս կը պահպանէր։ Պատերուն տակ, յատակին դասուած էին գիրքեր, որոնք կը ծածկէին մինչեւ իսկ լուսամուտին մէկ մասը. ան չէր սիրեր գրապահարան։ Արուսեակին պատկանած թախտին տակ շարուած կը մնային անոր տասը զոյգէ աւելի կօշիկները։ Կնոջ մահէն ետք, Աճառեան անոր անկողինը ծածկած էր սեւ ծածկոցով, որ երբեք չէր վերցուցած եւ իր ըսելով՝ այդպէս ալ պէտք է մնար։ Աճառեանի թախտին տակը կը ծառայէր որպէս մառան. այնտեղ լեցուած էր գետնախնձոր եւ սոխ։ Դրան մօտ կար հասարակ տախտակէ ամպիոն մը։

«Սենեակին կեդրոնական մասը՝ պահարանին կողքին, տեղաւորուած էր շատ փոքր, արծնապակեպատ լուացարան մը, տակը՝ տաշտ մը: Սենեակին կենդրոնը կար նաեւ կոտրած սեղան մը, որուն ջարդուած մէկ ոտքին փոխարէն արկղ մը դրուած էր։ Սենեակին մէջ կային նաեւ խախտած ոտքերով բազկաթոռ մը եւ չորս հասարակ աթոռ։ Աջակողմեան պատին տակ դրուած էին կուժ մը եւ փարչ մը կանթերով, բայց ջարդուած գլուխներով։ Այդտեղ կար նաեւ գաւաթ մը, որ Արուսեակին վերջին անգամ ջուր խմած պահուն կոտրած էր։ Տասը տարի շարունակ պահպանուած էին Արուսեակին դեղի սրուակները, Աճառեան տակաւին չէր ուզեր զանոնք նետել: Կը մնային Արուսեակին գործածած ափսէները։ Այդ բոլորը սրբութեան նման, գուրգուրանքով կը պահէր Աճառեան։ Ան յատկապէս շատ կ՚ուրախանար բազկաթոռին համար եւ զայն կը կոչէր «թագաւորական». մինչեւ հիմա կը մնայ այդ բազկաթոռը։ Սենեակին ձախ կողմը աչքի կը զարնէր թիթեղեայ հին վառարանը, որուն տակը դրուած էր թաս մը՝ յատակը կրակէն պահպանելու համար։ Թասին մէջ կը մնային փուքսը, ունելին եւ ակիշը։ Այդ բոլոր իրերը ժամանակը ծածկած էր փոշիի թանձր շերտով, Հրաչեան չէր ձգեր, որ զանոնք մաքրեն. ան կ՚ըսէր. Հանգուցեալ Արուսեակս իրերը ինչպէս ձգած է, թող այնպէս ալ մնան. ոչ ոք իրաւունք ունի զանոնք տեղաշարժելու։ Քնքոյշ էակ մը անդարձ գացած էր այս բնակարանէն՝ ձգելով իր տեղը պարապ, ամուր պահելով սակայն իր գրաւած տեղը ամուսինին սիրտին մէջ։ Հակառակ ինծի հանդէպ արտայայտած բուռն սիրոյն եւ խանդաղատանքին՝ Աճառեանը միշտ անկեղծօրէն կ՚ըսէր, թէ անդարձ մեկնած կնոջը տեղը ոչ ոք կրնայ գրաւել: Ան կը մնայ միշտ իր սիրտին եւ յիշողութեան մէջ»։

Միաժամանակ, Սոֆիկ կը յայտնէ, որ Արուսեակ նաեւ իր գեղեցիկ ձեռագրով եւ խնամքով արտագրած էր Աճառեանի որոշ գրութիւնները, ուստի Աճառեան ոչ միայն կողակից մը կորսնցուցած էր, այլ նաեւ՝ աշխատակից մը:

Սոֆիան, այդ բոլորը հանդուրժելով, միաժամանակ տանելով կնոջ մահով տասնեակ տարիներու ընթացքին Աճառեանին մէջ յառաջացած հոգեբանական դժուարութիւնները, շատ դանդաղ, առանց զայն նեղացնելու, կը յաջողի փոխել ոչ միայն Աճառեանի արտաքինը, տան կահաւորումը, այլ դրական ազդեցութիւն կ՚ունենայ անոր բնաւորութեան վրայ:

Սոֆիան գորովանքով կը նկարագրէ Աճառեանի յոյժ աշխատասիրութիւնը, ճշդապահութիւնը, աշխատանքին, ուսանողներուն, համալսարանին հանդէպ սէրն ու նուիրուածութիւնը, ինչ որ ան միշտ ունեցած է, սկսած դասաւանդումի առաջին օրէն.

«Առանձին ուշադրութեան եւ ուսումնասիրութեան արժանի է Աճառեանին աշխատանքի կարգը, անզուգական աշխատասիրութիւնը եւ աշխատունակութիւնը։ «Աճառեանն իր աշխատանքով է Աճառեան, եթէ չաշխատիմ, ի՜նչ Աճառեան», յաճախ կը սիրէր կրկնել այս խօսքը»։

Շատեր յաճախ կրկնած են, թէ Աճառեան կատարած է այնքան աշխատանք, որ դժուար թէ կարենայ կատարել ամբողջ գիտական հիմնարկ մը կամ համալսարան մը։

«Աճառեան յատուկ սէր ունէր արեւելեան ճաշերու, յատկապէս Պոլսոյ ճաշակով պատրաստուած ճաշատեսակներու հանդէպ։ Այսպէս, անոր սիրած կերակուրներն էին սմբուկով «իմամ պայըլտը», փլաքիներ, միտիայով տոլմա եւ այլն։ Առանձին սէր ունէր ապուխտի հանդէպ։ Ապուխտը կը սիրէր ոչ միայն հաճելի համով ըլլալուն համար, այլ կը գտնէր, որ օգտակար է։ Ան նոյնիսկ սորված էր ապուխտի պատրաստութեան ձեւը եւ երբեմն իր ձեռքով կը սիրէր պատրաստել փոքր քանակութեամբ։ Ամէն անգամ, երբ առիթը ներկայանար, սեղանակիցներուն այնքան կը գովէր ապուխտին յատկութիւնները, որ անոնց մէջ հետաքրքրութիւն կ՚արթնցնէր եւ մանրամասնօրէն կը բացատրէր պատրաստութեան ձեւը։ Ան կը խօսէր նաեւ կեսարացիներուն ապխտագործութեան եւ ապուխտի վաճառականութեամբ զբաղելուն մասին, այս առընչութեամբ մանրամասնօրէն գրած էր իր յօդուածներէն մէկուն մէջ», գրած է Սոֆիկ:

Սոֆիկ Աճառեան իր յուշերուն մէջ կը նկարագրէ նաեւ իրենց համատեղ ճամբորդութիւնները, երբ գնացքին մէջ, նաւուն վրայ, զանազան վայրերու մէջ Աճառեան կը խօսէր քանի մը լեզուով՝ ամէնուր զարմանք պատճառելով զբօսաշրջիկներուն, իսկ շատերը պարզապէս կը ճանչնային զայն կամ լսած էին հայ գիտնական, լեզուագէտ Աճառեանին մասին:

1937 թուականին, ի թիւս բազմաթիւ մտաւորականներու, ձերբակալեցին նաեւ Աճառեանը… Սոֆիան, իբրեւ ձերբակալուածի կին, հեռացուցին դպրոցէն, ուր ան կ՚աշխատէր. կղպեցին անոնց տան դռները, եւ ան ստիպուած կը գիշերէր բարեկամներու տուները: Աճառեանը կը մեղադրէին լրտեսութեան, ազգայնամոլութեան, անգլամոլութեան, Փարիզի մէջ ապրած ժամանակ ուսման զուգահեռ աշխատելուն եւ այլ անհեթեթ մեղադրանքներու մէջ… Աճառեանի բանտարկութեան ընթացքին Սոֆիան կրցած է, իրենց նախկին սպասուհիին միջոցաւ, կղպուած բնակարանին պատշգամէն, թաքուն եւ խորամանկ եղանակով հանել Աճառեանի ձեռագիրներուն մէկ մասը: Անոնք գիշերով տարած, թաղած է իր քեռիի տան բակին մէջ, ծառի մը տակ, ծառը չեն ջրած, չորցած է, ձեռագիրները այդպէս փրկուած են:

Յուզիչ է կարդալ այն տողերը, երբ Սոֆիա բանտին մէջ առաջին անգամ տեսակցութեան կ՚երթար Աճառեանին եւ կը տեսնէր, որ երկու տարի շարունակ գիշեր-ցերեկ ան եղած էր նոյն հագուստով, որ արդէն փոխած էր գոյնը՝ կեղտին եւ մաշուածութեան պատճառաւ: Բանտին մէջ Աճառեան կորսնցուցած էր իր առողջութիւնը, առանց այդ ալ վատթար տեսողութիւնը եւ կ՚ապրէր ուրուականի մը կեանքով… Սակայն, վերջապէս թոյլատրուած տեսակցութիւնները կնոջ հետ, կարծես կեանքի վերադարձուցած են Աճառեանը, անոր մէջ կեանք մտած է, եւ կարճ ժամանակամիջոցին Աճառեան բանտին մէջ սկսած է վայելել բոլորին սէրն ու յարգանքը։ Անոր խոր հմտութիւնը, բնագիտութիւնը, բազմաթիւ լեզուներու իմացութիւնը, պատմութեան իմացութիւնը կը հիացնէին բոլորը։ Չկար հարց մը, որուն մասին Աճառեան լայն ծանօթութիւններ չունենար, չգոհացնէր այդ մասին իրեն դիմողներուն։ Բանտարկեալներէն շատեր դարձան իր աշակերտները, ուսանողները։

Աճառեան ազատ կ՚արձակուի, սակայն Սոֆիան, իբրեւ բժիշկ, կը գործուղղեն պատերազմական գօտի՝ ծառայութեան: Որոշ ժամանակ համալսարանի մէջ աշխատելէ ետք՝ Աճառեանը կրկին կը հեռացնեն աշխատանքէն՝ լեզուի նոր ուսմունքը չպաշտպանելու համար, իսկ յետոյ, բաւական դիմումներէ եւ միջնորդութիւններէ ետք, կրկին կը վերականգնեն:   

Տարիներ ետք, երբ կ՚աւարտի անոնց կեանքին ծանր շրջանը, Աճառեան կ՚արդարացուի եւ իբրեւ գիտնական կը վայելէ սէր եւ յարգանք թէ՛ գիտական շրջանակներուն, թէ՛ հասարակութեան մէջ, կը ստանայ գիտական կոչումներ, հրատարակութեան կը յանձնէ տարիներու իր քրտնաջան աշխատանքի արդիւնքը՝ գիրքերը, բառարանները, ուսումնասիրութիւնները:

Դժբախտաբար, բանտին մէջ Աճառեան կորսնցուցած էր առողջութիւնը, առողջութիւնը քայքայուած էր նաեւ տարիներու հալածանքներու, անոր հասցէին անտեղի քննադատութիւններու, անհիմն կասկածներու, հետապնդումներու պատճառաւ, եւ հակառակ բժիշկներու գործադրած ջանքին, մեծ գիտնականը կը մահանայ 1953 թուականին, իր տան մէջ, խաղաղ ու անխռով, մինչ այդ Սոֆիկին եւ դստեր համար օփերայի տոմս գնելով եւ զանոնք ղրկելով օփերա… Օփերայէն վերադարձին Սոֆիկ ննջասենեակին մէջ մահացած կը գտնէ ամուսինը: Սոֆիկ կը պատմէ, որ թաղման թափօրը Աճառեանի բնակարանէն կը հասնէր մինչեւ պողոտայի վերջը: Այդ բազմութիւնը պերճախօս վկան էր Աճառեանի վայելած յարգանքի, ժողովրդականութեան։ Ամենայն Հայոց Գէորգ Զ. Չէօրեքճեան Կաթողիկոսը, նկատի ունենալով այն, որ Աճառեանը եղած է Գէորգեան հոգեւոր ճեմարանի դասախօս, իր ցանկութիւնը յայտնած էր, որ յուղարկաւորութիւնը կատարեն Էջմիածնի մէջ։ Բայց, Աճառեանի աճիւնը, ի վերջոյ ամփոփած են Երեւանի քաղաքային կեդրոնական գերեզմանատան մէջ։

 

Անուշ Թրուանց

«Ժամանակ»/ Պոլիս