image

Նիկոլ Փաշինեան գրողը. «Ինծի Հայաստանի ճանապարհը ցոյց մի տաք, ես կ՚երթամ իմ գիտցած ճամբովս, ես կ՚երթամ երկրին հակառակ կողմէն»

Նիկոլ Փաշինեան գրողը. «Ինծի Հայաստանի ճանապարհը ցոյց մի տաք, ես կ՚երթամ իմ գիտցած ճամբովս, ես կ՚երթամ երկրին հակառակ կողմէն»

Նիկոլ Փաշինեանի «Երկրին հակառակ կողմը» վէպը արդէն իսկ ընթերցողին սեղանին է: Հայաստանի մէջ գիրք վաճառելու նոր աւանդոյթ մը ձեւաւորուած է: Գիրքը տպարանէն ելլելէն անմիջապէս ետք հրատարակիչները Նիկոլ Փաշինեանի լուսանկարով գիրքը իրենց ձեռքերուն պտտեցան Երեւանի փողոցները, հասան նոյնիսկ մինչեւ արուարձաններ եւ վայրկեաններու ընթացքին վաճառեցին գիրքէն բազմաթիւ օրինակներ: Նախորդ օրը, Հանրապետութեան հրապարակին վրայ նշուեցաւ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի ծննդեան տօնը: Յաջորդ առտու, անոր հեղինակութեամբ գիրքը վաճառքի հանուած էր: Բնականաբար անիկա պիտի սպառէր արագօրէն՝ Հայաստանը տակաւին կը գտնուի յեղափոխական թարմ զգացումներու ազդեցութեան տակ եւ այս գիրքին հրատարակիչները պահը ճշգրտօրէն օգտագործած են վարչապետին վէպը հրատարակութեան տալով:

Փողոցներուն մէջ գիրքը վաճառողները առաջին գնորդները կը հիւրասիրէին նաեւ կրկնեփով, որուն ծրարին մէջ, թուղթի վրայ, գրուած է՝ «Դուխով», որ դարձած էր «թաւշեայ յեղափոխութեան» կարգախօսներէն:

«Ինծի Հայաստանի ճանապարհը ցոյց մի տաք, ես կ՚երթամ իմ գիտցած ճամբովս, ես կ՚երթամ երկրին հակառակ կողմէն», տասը տարի առաջ գրած է Նիկոլ Փաշինեանը «Երկրին հակառակ կողմը» վէպին մէջ: Տասը տարի յետոյ ան իրականութիւն դարձուց վէպին մէջ իր գրածները:

«Երկրին հակառակ կողմը» վէպը տարիներ առաջ հատուածաբար տպագրուած է Նիկոլ Փաշինեանի հիմնած «Հայկական Ժամանակ» օրաթերթին մէջ:

Գիրքին ետեւի կողքին վրայ հետաքրքրական մանրամասնութեան մը կը հանդիպինք: Նիկոլ Փաշինեան կը գրէ, որ այս տարուան Յունարին, իրեն մօտեցած է սկսնակ հրատարակիչ մը եւ առաջարկած է գիրքի տեսքով տպագրել մամուլին մէջ ցրուած այդ վէպը: Նիկոլ Փաշինեան թերահաւատօրէն մօտեցած է այդ գործը կազմակերպելու սկսնակ հրատարակիչին հմտութեան, բայց եւ այնպէս՝ քաղաքավարօրէն, ժամանակ խնդրած է հրատարակիչէն, վէպը նորէն վերընթերցելու համար, վերախմբագրումի նպատակով: Այդ առաջարկէն ետք Նիկոլ Փաշինեան սկսած է վերընթերցել տասը տարի առաջ գրած իր վէպը եւ ինչպէս կը խոստովանի՝ անիկա զինք տակնուվրայ ըրած է, եւ տասը տարի ետք իր ներսը փոթորիկ մը տեղի ունեցած է: «Իսկական յեղափոխութիւն մը տեղի ունեցաւ իմ ներսս: Ես հասկցայ, որ ժողովուրդին յաղթանակին ժամը եկած է», գիրքին առիթով կը գրէ Նիկոլ Փաշինեան: Ճիշդ է, որ այսօր վէպը կը հրատարակուի բոլորովին ուրիշ հրատարակիչի մը՝ «Անտարէս»ի կողմէ, սակայն Նիկոլ Փաշինեան կը շեշտէ, որ սկսնակ հրատարակիչին հետ Յունուարին ունեցած իր հանդիպումը էական նշանակութիւն մը ունեցած է յետագայ զարգացումներուն համար: Հետաքրքրական է կարդալ վարչապետին անկեղծ խոստովանութիւնը այն մասին, որ սովորական հրատարակիչի մը առաջարկը յուշած է իրեն յեղափոխութիւն ընելու միտքը, ուժ տուած է եւ տեղի ունեցած է անիկա, որուն ականատես եղանք բոլորս Ապրիլ ամիսէն սկսեալ:

Նիկոլ Փաշինեանի ղեկավարած «Իմ քայլը» նախաձեռնութիւնը անհնազանդութեան գործողութիւններու սկսաւ Կիւմրի քաղաքէն եւ աւարտեց Երեւանի մէջ՝ օրեր շարունակուող ցոյցերով, որոնց պահանջքը Սերժ Սարգսեանի հրաժարականն էր: Արդիւնքին ձեւաւորուեցաւ, ժողովուրդի ընտրեալին ղեկավարութեամբ, կառավարութիւն մը, եւ Նիկոլ Փաշինեան ստանձնելով երկրին ղեկը՝ ձեւաւորեց իր խումբը:

Ինչ կը վերաբերի վէպին, ապա պէտք է ըսել, որ գիրն ու գրականութիւնը խորթ չեն Նիկոլ Փաշինեանին: Ըլլալով լրագրող, հրապարակախօս, ան իր կեանքի ընթացքին հազարաւոր յօդուածներ ստորագրած է, մամուլի եւ այլ հարթակներու մէջ տարածուած են անոր բազմաթիւ գրութիւնները, որոնք կը վերաբերին մեր կեանքի զանազան ասպարէզներուն՝ անօրինութենէն մինչեւ փտածութիւն, մարդու իրաւունքներ եւ այլն: Նիկոլ Փաշինեան նաեւ գրած է հէքեաթ մը «Չար տնակին հէքեաթը» խորագրով, որ այս տարուան Մարտ ամսուն մանուկներուն համար ընթերցած է անձամբ ինքը՝ Խնկօ Ախպոր անուան գրադարանին մէջ: Շատեր այդ հէքեաթին մէջ քաղաքական պատգամներ փնտռեցին, բայց Նիկոլ Փաշինեան ըսաւ, որ ընդհանրապէս հէքեաթ մը հետաքրքրական կը դառնայ, երբ անոր մէջ կարելի է տեսնել քու մտածածդ եւ կարելի է չտեսնել զայն…

«Երկրին հակառակ կողմը» վէպը Նիկոլ Փաշինեան գրած է 2008 թուականի Մայիս-Դեկտեմբեր ամիսներուն եւ հատուածաբար տպագրած է թերթին մէջ, երբ ինքը ընդյատակի մէջ էր եւ անոր գտնուած վայրը անյայտ էր: Այդ ժամանակ Հայաստանի ոստիկանութիւնը յայտարարեց, որ Նիկոլ Փաշինեան հատած է հայաստանեան սահմանը, սակայն Նիկոլ Փաշինեան այդ օրերուն մասին կ՚ըսէ, թէ ինք ոչ մէկ օր բացակայած է Հայաստանէն: Փաշինեան ընդյատակ անցած էր 1-2 Մարտ 2008 թուականի իրադարձութիւններէն յետոյ եւ իր վէպին մէջ ան կը նկարագրէ այդ ողբերգական օրերէն յետոյ իր ընդյատակեայ շուրջերկրեայ ճամբորդութիւնը՝ շեշտելով, որ քիչեր կը սպասէին, թէ հետախուզման մէջ ըլլալով ինքը կը կարողանայ շուրջերկրեայ ճամբորդութիւն մը կատարել: Վէպը նուիրած է 1 Մարտի տասը զոհերու յիշատակին. 2008 թուականի նախագահական ընտրութիւններէն յետոյ ճնշուեցան իշխանութիւններու կողմէ Երեւանի մէջ սկսած բողոքի ցոյցերը, որոնց արդիւնքին զոհուեցան երիտասարդներ: Նիկոլ Փաշինեան, որ անհնազանդութեան ցոյցերու կազմակերպիչներու կողքին էր, ընդյատակ անցաւ, եւ մէկ տարի յետոյ դուրս եկաւ եւ ինքնակամ ներկայացաւ ոստիկանութեան: Ան քաղաքական պայքարը շարունակեց բանտին մէջ, բայց մինչ այդ արդէն գրած էր վէպը:

Վէպը քաղաքական մտածումներով յագեցած արկածային ճամբորդութիւն մըն է, որ հեղինակը կը տանի բազմաթիւ երկիրներ, քաղաքներ, ուր կը հանդիպի զանազան մարդոց, անոնց հետ կը կիսէ իր մտորումները, խոհերը եւ աւարտին կը վերադառնայ Հայաստան, ուր իրեն կը սպասէ փոփոխութիւններու անհրաժեշտութիւնը, եւ ան, ըստ վէպին մէջ նկարագրածին, ելոյթ կ՚ունենայ ժողովուրդի առջեւ... Գրականութիւնը, փաստօրէն, ճամբայ հարթած է յեղափոխութեան համար, եւ այդ մէկը զարմանալի չէ, քանի որ պատմութեան մէջ բազմաթիւ են այն օրինակները, երբ միտքի յեղափոխութիւնը ժողովուրդը առաջ տարած է: Նիկոլ Փաշինեան, ըլլալով լրագրող, լաւ գիտնալով խօսքին արժէքը, իր յեղափոխութեան հիմքին մէջ դրած էր խօսքը, գիրը, իբրեւ գերագոյն արժէք. հաւատալով, որ անիկա անմահ է, ճշմարիտ խօսքը երբեք չի մեռնիր, ան յեղափոխական է: Յատկանշական է, որ վարչապետ ընտրուելէն օրեր յետոյ Նիկոլ Փաշինեան մասնակցեցաւ Հայաստանի մէջ աւանդական դարձած Թանգարանային գիշեր ձեռնարկին, եւ Գրականութեան եւ արուեստի թանգարանին մէջ, այսպիսի գրառում մը կատարեց, որ կրկին կը բնորոշէ գրականութեան, ստեղծուած գրական արժէքներուն իրեն համար առաջնային ըլլալը իբրեւ վարչապետ. «Թանգարանային այս երեկոյ, կեցած Թումանեանի, Կոմիտասի, Չարենցի մասունքներուն առջեւ, միտքիս մէջ անընդհատ կը կրկնէի՝ մենք մեր հայեացքը չենք թաքցներ ձեզմէ, մենք լիարժէք կ՚ապրինք ձեր անաւարտ կեանքը եւ ձեր ողբերգութիւնը կը թարգմանենք որպէս երջանկութիւն՝ այսօրուան եւ վաղուան սերունդներուն ի պահ»: Իսկ օրեր առաջ, Թիֆլիզի մէջ Նիկոլ Փաշինեան, այցելելով հայոց մեծերուն՝ Խոջիվանքի պանթէոնը, խոնարհած է Յովհաննէս Թումանեանի շիրիմին առջեւ՝ այդպէսով կրկին հաստատելով գիրէն, գրականութենէն սնած ըլլալու իր էութիւնը: Ինչպէս Փաշինեան, այնպէս ալ իր վէպին հրատարակիչները վստահ են, որ գրականութիւնը հզօր զէնք մըն է եւ մեր ժողովուրդը իր ձեռքէն երբեք վար պէտք չէ դնէ այդ զէնքը:

«Երկրին հակառակ կողմը» վէպին լոյս ընծայած «Անտարէս» հրատարակչութեան տնօրէն Արմէն Մարտիրոսեան կ՚ըսէ, թէ գրականութիւնը կեանքէն միշտ ալ առաջ անցած է եւ Նիկոլ Փաշինեանի այս վէպով այդ մէկը կը փաստուի անգամ մը եւս:

Արմէն Մարտիրոսեան նաեւ կ՚ըսէ, թէ վէպը տպագրելու պայմանաւորուածութիւնը ձեռք բերած են վարչապետի թեկնածու Նիկոլ Փաշինեանին հետ, իսկ պայմանագիրը արդէն կնքած են Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանին հետ: Բջիջային յաւելուած մըն ալ գործարկուած է այս գիրքին լոյս ընծայման առթիւ: Ընթերցողը, իր ձեռքի հեռաձայնին մէջ ներբեռնելով arloopa անունով բջիջային յաւելուածը եւ զայն պահելով գիրքին կողքին ուղղութեամբ, կը լսէ Նիկոլ Փաշինեանի ծանօթ ելոյթներէն մին, որ հնչած է հանրահաւաքներուն ընթացքին:

Արմէն Մարտիրոսեան նաեւ ըսած է, որ այս գիրքը հրատարակելով, իր նպատակը միայն Նիկոլ Փաշինեանի գիրքը հրատարակելը չէ եղած, ան փորձած է այդ քայլով գրականութեան գաղափարը հանրահռչակել եւ վստահ է, որ Նիկոլ Փաշինեանին գիրքը կրնայ իր ետեւէն տանիլ բազմաթիւ հայ գրողներ եւ անոնց գործերը հասու դարձնել հայ ընթերցողին: Ինք՝ Նիկոլ, միշտ եղած է գրականութիւնը խոր թմբիրէն հանելու կողմնակից ու իր թերթով եւ նաեւ իր հրապարակախօսութեամբ պաշտպանած է այդ գաղափարը:

Հատուածներ՝ Նիկոլ Փաշինեանի

«Երկրին հակառակ կողմը» վէպէն

- Նաւը զիս կը հեռացնէր Հայաստանէն, բայց ատիկա փախուստ չէր: Ես կը հեռանայի Հայաստանէն, բայց կ՚երթայի դէպի Հայաստան: Չէ՞ որ Երկիրը կլոր է, եւ եթէ աննահանջ շարունակես քու ճանապարհդ, կը հասնիս նոյն՝ քեզի համար սիրելի ու հարազատ տեղը:

- Հայաստանի մէջ, գիտէ՞ք, սէրն ալ բոյր ունի: Սէրը կը բուրէ թարմ լաւաշի մէջ փաթթուած տաք խորովածին պէս:

- Կը հասկնա՞ս, որ կռուիլը ինքնանպատակ չէ, խաղաղութիւնը՝ նոյնպէս: Կը յաղթէ ան, ով որ կռուելու ժամանակ կարենայ զանազանել ժամանակին հետ հաշտուելու եւ կռուելու, ժամանակին մէջ կռուելու, ժամանակին մէջ հաշտուելու:

- Բայց մի՞թէ ես չեմ ճանչնար Ծովին երազանքը, միթէ չե՞մ գիտեր անոր մասին ամէն ինչ, գրեթէ ամէն ինչ: Միթէ ես այդ երազանքի իրագործումին չե՞մ ծառայեր:

- Երբ ան գիտցաւ, որ ես կը փափաքիմ Հայաստան վերադառնալ, բայց երկրին հակառակ կողմէն՝ շշմեցաւ…

* * *

… Մեր յաջորդ հանգրուանը պիտի ըլլար ստոյգ Երեւանի պռունկին, ու այդ մէկը զիս կը յուզէր։ Աւարտելով շուրջերկրեայ ճանապարհորդութիւնը՝ կը մօտենայի նպատակակէտին։ Տրամադրութիւնս երթալէն գործնական կը դառնար. կը հասկնայի, որ կը մօտենայ ժամանակը, երբ անհրաժեշտ է ստոյգ որոշումներ կայացնել։ Ըստ էութեան, որոշում կայացնելու բան ալ չկար. ես պէտք է հասնէի Ազատութեան հրապարակ։ Խնդիրը, սակայն, նրբութիւններուն մէջն էր, եւ նրբութիւնները քիչ չէին։ Կարեւորագոյնը, թերեւս, «երբ»ին հարցն էր։ Իմաստուն Ծերուկը կ՚ըսէր, որ այդ մէկը պէտք է ընել ճիշդ ժամանակին, ես կ՚ըսէի, թէ մենք ժամանակի միայն մէկ չափ ունինք։

-Ո՞րն է այդ,- հարցուց ան։

-«Հիմա»ն,-ըսի ես։ Այսուհանդերձ, ասիկա այն դէպքը չէր, երբ «հիմա»ն ճիշդ հիման էր, որովհետեւ «հիմա»ն ալ իր ժամանակն ունի։ Երկար ժամանակ անցուցի մտորումներու մէջ։ Իմաստուն Ծերուկին հերթական գաղտնի բնակարանին մէջ կը գծագրէի զանազան բեմագրութիւններ, զանազան եղանակներ եւ երթուղիներ, կը զգայի բոլորովին տարբեր տրամադրութիւններ։ Երեւանի փողոցներուն մէջ երկար ժամանակ լռութիւն կը տիրէր, եւ այդ լռութիւնը ինծի ոչինչ կ՚ըսէր: Կը հասկնայի, որ այդ լռութիւնը խաբուսիկ է, կը հասկնայի, որ քիչ չեն այդ լռութենէն խաբուողները։ Այդ լռութիւնը խախտուելու էր, խախտուելու էր անպայման։

… Եւ ահաւասիկ օր մը Իմաստուն Ծերուկը գաղտնի բնակարան մը մտաւ, տարօրինակ հայեացք մը աչքերուն մէջ պահած։ Ան սեղանին դրաւ օրուան թերթերը, որ կ՚ազդարարէին, թէ եկած է «հիմա»ին ժամանակը։ Մենք նայեցանք իրարու եւ ոչինչ ըսինք: Ամէն ինչ պարզ էր, առանց խօսքի։ Այդ օրը արթնցայ սովորականէն վաղ, սափրուեցայ, ձուածեղ ըրի եւ կերայ: Ծերուկը եկաւ պայմանաւորուած ժամուն։ Դրան ձայնին հետ սիրտս սկսաւ արագ բաբախել: Ես կը հասկնայի, որ աւարտին կը մօտենայ գաղտնի կեանքը, կը հասկնայի, որ շուտով տեսանելի եւ հասանելի պիտի դառնամ՝ առաջուան պէս։ Արդէն պատրաստ էի՝ հագած էի ճերմակ վերնաշապիկ եւ ալ փողկապ. բաճկոնս գրկած էր ուսերս. վերարկուս կը փայլէր թարմութենէն։ Տունէն դուրս եկանք սովորականին պէս, ամէն օր աշխատանքի երթալու նման։ Բայց Երեւանին մօտենալուն զուգընթաց՝ յուզմունքս կը մեծնար։ Կը զգայի սիրտիս իւրաքանչիւր տրոփիւնը, մարմինս պրկուած էր եւ դարձած էր, տեսակ մը անշարժ։ Ճանապարհին ոստիկաններու տարօրինակ առատութիւն կար. տարօրինակ՝ սովորական օրուան համար, սովորական՝ հանրահաւաքի օրերուն։ Բայց ոստիկանները ուշադրութիւն չէին դարձներ Իմաստուն Ծերուկի ճիպին, որ պահպանած էր իշխանական պետհամարանիշերը։ Մենք կը սլանայինք լռութեան մէջ։ Ես կը փափաքէի խօսքի մը սկսիլ, բայց ոչինչ դուրս կու գար: Գլխուս մէջ կը պտտէին խօսակցութեան զանազան տարբերակներ, բայց յաջորդ պահուն անոնք անհեթեթ կը թուէին, անիմաստ, անպատեհ։ Զգացողութիւններս, միտքերս խառնուած էին իրարու եւ զրկուած էին ստոյգ ըլլալէ: Կը փորձէի յստակ բան մը մտածել: Չէի յաջողեր։ Կը փորձէի խօսակցութեան մը նիւթ գտնել՝ նորէն չէի յաջողեր։ Պետաւթոտեսչութեան պահակակէտը անցանք առանց որեւէ բարդութեան։ Մտանք Երեւան։ Լարուածութիւնս կ՚ահագնանար։

Երեւանի երթեւեկը կլանեց մեզ, Երեւանը կլանեց մեզ՝ սովորականին նման։ Կարծես ոչինչ պատահած էր, կարծես հոնկէ չէի ալ հեռացած, կարծես այստեղ եղած էի միշտ՝ այստեղ, նոյն այս խցանումին մէջ։ Խցանումը կլանած էր մեզ, մենք դարձած էինք խցանումին մէկ մասը. մենք դարձած էինք փոքրիկ մասը այդ մեծ խցանումին։ Տարօրինակ յատկութիւն մը ունի ժամանակը. անցեալը միշտ կարճ կը թուի, ներկան միշտ ձգձգուած, եւ խցանումը, ինքնաշարժներու խցանումը, շօշափելի կը դարձնէ այս զգացողութիւնը։

Այս խցանումը չար կատակ մը խաղաց իմ գլխուն. ան զիս քարշ տուաւ ու կեցուց մեր պատուհաններուն տակ, իմ ընտանիքին, իմ երեխաներուն, իմ տան պատուհաններուն տակ։ Ես կը տեսնէի այդ պատուհանները, կը տեսնէի մեր վարագոյրները, բայց չէի ուզեր նայիլ, չէի ուզեր շեղիլ, մտադիր չէի շեղիլ իմ ճանապարհէս։ Խառնիճաղանճ միտքերս յստակացան. «Մոռնանք մեր տուները, մոռնանք մեր անկողինները։ Մեր տունը, մեր անկողինը Ազատութեան հրապարակն է՝ այնքան ատեն, քանի տակաւին Հայաստանի մէջ չէ հաստատուած ժողովուրդին իշխանութիւնը, քանի Հայաստանի մէջ չէ հաստատուած օրէնքին իշխանութիւնը», մտածեցի ես ու գտայ միտքերուս այն ընթացքը, որ անհրաժեշտ էր տուեալ պահուն. «Մենք այսօր կեցած ենք ընտրութեան առջեւ։ Այսօր մենք կա՛մ պէտք է հայրենիք կերտենք մեր երեխաներուն համար, կա՛մ դաւաճանենք մեր երեխաներուն»։ Յետոյ եկաւ յաջորդ միտքը. «Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացի. Հայաստանի ապագան կախուած է մէկ մարդէ, եւ այդ մէկ մարդը դո՛ւն ես»։ Ապա եւ՝ «Կեցցէ Ազատութիւնը, կեցցէ Հայաստանի Հանրապետութիւնը, կեցցեն մեր երեխաները, որ պիտի ապրին ազատ եւ երջանիկ Հայաստանի մէջ»։

Տասը տարի յետոյ Նիկոլ Փաշինեանը իր վէպին մէջ նկարագրուած վայրերուն մէջ հնչեցուց այդ խօսքերը, եւ ժողովուրդը հաւատաց անոր: Իսկ գիրքին վերջաբանին մէջ ան կը գրէ.

«… Ահա եւ, սիրելի ընթերցող, աւարտեցաւ պատմութիւնը իմ շուրջերկրեայ ճանապարհորդութեան։ Չեմ գիտեր՝ որքա՛ն հետաքրքրեց ձեզ, բայց կ՚ենթադրեմ, որ շատերուն համար հետաքրքրական է, թէ ի՞նչն էր հոս իրական, եւ ինչը՝ ոչ։ Ես չեմ խուսափիր այս հարցին պատասխանելէ, բայց կը պատասխանեմ իւրովի։ Այս պատմութեան մէջ ոչ մէկ կեղծիք կայ: Ատիկա է ճշմարտութիւնը»։

 

Անուշ Թրուանց

Պոլիս/ «Ժամանակ»