image

Դժբախտ զուգադիպութիւն. Թուրք ամերիկացին կը յարձակի Պուրտընի վրայ՝ վերջինիս ինքնասպանութեան նախօրեակին

Դժբախտ զուգադիպութիւն. Թուրք ամերիկացին կը յարձակի Պուրտընի վրայ՝ վերջինիս ինքնասպանութեան նախօրեակին

Յարութ Սասունեան       

«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ եւ խմբագիր

www.TheCaliforniaCourier.com

 

Ընկերներէս մէկը ինծի ղրկած էր Նիւ Եորք ապրող թուրք ամերիկացի Իպրահիմ Քուրթուլուսի ծաւալուն նամակին պատճենը՝ ուղղուած CNNի հարիւրաւոր աշխատակիցներուն: Նամակին մէջ ան խստօրէն քննադատած էր Էնթընի Պուրտընը, Քրիս Քոմոն եւ ուրիշներ՝ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման համար: Քուրթուլուսի ելեկտրոնային նամակի թեման վերնագրուած էր՝ «Երբ CNNի Քրիս Քոմօ եւ «յատկապէս» Էնթընի Պուրտընը կ՛օրինականացնեն ՌԱՍԻԶՄը»:

 

Դժբախտ զուգադիպութեամբ մը թրքական նամակը յղուած է 5 Յունիս 2018ին՝ Պուրտընի ինքնասպանութիւն գործելէն միայն երեք օր առաջ...: Հաշուի առնելով, որ վերջին օրերուն մեծ թիւով հայեր եւ օտարներ գրած էին՝ անհիմն կասկածներ յայտնելով, թէ Պուրտընի մահուան պատճառը Ատրպէյճանը կամ Թուրքիան են, կ՛ուզեմ յստակացնել, որ ես չեմ հաւատար նման դաւադրութիւններու: Ցաւօք, Պուրտըն, որ տարիներ շարունակ թմրանիւթեր օգտագործած էր, մոլի խմող էր եւ տառապած է լուրջ ընկճախտէ, անցեալ շաբաթ ինքնասպանութիւն գործեց պանդոկի սենեակին մէջ, Ֆրանսա կատարած այցելութեան ժամանակ:

 

Աւելի՛ն. անոնք, որոնք կը քարոզեն այս դաւադրութիւնները, վնաս կը հասցնեն հայկական շահերուն:  Էնթընի Պուրտըն, որ «Անծանօթ վայրեր» անունով ճամբորդական եւ խոհարարական յայտնի շօ ունէր CNN հեռատեսիլային ընկերութեան մէջ, յայտնուած էր Ատրպէյճանի «սեւ ցուցակին մէջ»՝ անցեալ տարի Հայաստան կատարած այցելութենէն ետք  Արցախ մեկնած ըլլալուն պատճառով: Հեռատեսիլային հաղորդումը անցեալ ամիս ցուցադրուեցաւ CNNէն, մեծ հրճուանք պատճառելով հայերուն եւ յառաջ բերելով ատրպէյճանցիներու եւ թուրքերու վրդովմունքը: Ենթադրելով, թէ Ատրպէյճանն է սպաննած Պուրտընը՝ հայերը պարզապէս օտարները կը տարհամոզեն Արցախ այցելելէ...

 

Քուրթուլուս յարձակած է CNNի Քրիս Քոմոյի վրայ՝ վերջինս իր շոյին ընթացքին քոնկրեսական Էտըմ Շիֆի հետ (դեմոկրատ, Քալիֆորնիա) հարցազրոյց կատարելուն համար:  Քուրթուլուս  Շիֆը  ներկայացուցած էր իբրեւ «ռասիստ»՝ Հայոց  Ցեղասպանութեան ճանաչման աջակցելուն համար եւ զայն համեմատած՝ Քու-քլուքս-քլանի Տէյվիտ Տուքի հետ: Այնուհետեւ Քուրթուլուս քննադատած է քոնկրեսական Նենսի Փելոսին (դեմոկրատ, Քալիֆորնիա)՝ 2016ին կատարած իր յայտարարութեան մէջ Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչնալուն համար: Քուրթուլուս ծիծաղելիօրէն պնդած է, որ Ցեղասպանութեան ժամանակ հայերը գուցէ մահացած են «ծերութենէն», այլ ոչ թէ սպաննուած են...

 

Քուրթուլուս նաեւ իր զայրոյթը թափած է Էմի Կուտմընի վրայ, որ կը վարէ «Ժողովրդավարութիւնը հիմա»  մրցանակակիր ռատիօ-հեռատեսիլային լուրերու ծրագիրը, որ կը սփռուի Հիւսիսային Ամերիկայի 900 հանրային հեռարձակման կայաններով՝ իր շոյին ընթացքին Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման համար:

 

Քուրթուլուս ոչ միայն հերքած է Հայոց Ցեղասպանութեան իրողութիւնը՝ զայն անուանելով «կեղծիք», այլեւ մեղադրած է հայերը՝ «թուրքերու դէմ ոչնչացման արշաւ» կազմակերպելուն համար...: Ան նաեւ կեղծօրէն պնդած է, որ «հայերու դէմ համակարգուած բնաջնջման արշաւը ոչ միայն անհաւանական էր, այլեւ անկարելի...»:

 

Այնուհետեւ Քուրթուլուս քննադատած է Էնթընի Պուրտընը՝ Սերժ Թանքեանի ուղեկցութեամբ Հայաստան եւ Արցախ կատարած այցելութիւններուն համար: Քուրթուլուս Թանքեանը ներկայացուցած է իբրեւ «հայ-ամերիկեան ռոք խումբի (System of a Down) անդամ, որուն հիմնական նենգ նպատակն է աշխարհի երիտասարդ երկրպագուներու ուղեղներու լուացումը՝ «Հայոց ցեղասպանութիւնը» ընդունելու համար»: Այնուհետեւ Քուրթուլուս մեղադրած է Պուրտընը՝ «այդ ատելութեան ողջ քարոզչութիւնը իր դրուագին մէջ  (https://www.youtube.com/watch ?v=A3oEJjTbDpo) կրկնելուն համար»:

 

Վիրճինիա նահանգի Շարլոթվիլի սպիտակ «գերակայ»իստներու հետ Պուրտընը համեմատելէ ետք, Քուրթուլուս կը հարցնէ՝ «ի՞նչ է տարբերութիւնը»: Ցաւօք, Քուրթուլուս զրպարտած է բոլոր անոնք, որոնք պաշտպանած են Հայոց Ցեղասպանութեան հաւաստիութիւնը: Ուրիշները մեղաւոր չեն, որ Օսմանեան Թուրքիոյ կառավարութիւնը կազմակերպած էր հայ ժողովուրդին բնաջնջումը: Եթէ ասոր հետեւանքով թուրք ժողովուրդը սարսափելի վարկ ձեռք ձգած է, ապա այս պատճառով հայ զոհերը մեղադրելը սխալ է: Քուրթուլուսի փաստարկը համարժէք է անոր, որ դատապարտեն բոլոր անոնց, որոնք կը խօսին Հրէական Ողջակիզման մասին, քանի որ այդ մէկը կրնայ վնասել գերմանացիների վարկին...

 

Այնուհետեւ Քուրթուլուս անարգած է Հայոց Ցեղասպանութեան մասին գրած բոլոր մտաւորականները,  ներառեալ՝ դեսպան Հենրի Մորկընթաուը, որ իր՝ «Ազգի մը սպանութիւնը» գիրքին մէջ գրած է ականատեսի իր վկայութիւնները: Ասոր փոխարէն, Քուրթուլուս գովերգած է՝ այսպէս կոչուած «մտաւորականները», որոնք Ցեղասպանութիւնը հերքողներ են, թրքական կառավարութեան ֆինանսաւորմամբ:

 

Քուրթուլուս իր նամակը աւարտած է Պուրտընի հասցէին ուղղուած յաւելեալ վիրաւորանքներով. «Եթէ ես ապրէի աւելի նուազ ռասիստական երկրի մը մէջ, Էնթընի Պուրտըն անյապաղօրէն կը կորսնցնէր իր աշխատանքը: Սակայն խնդիրը կապուած չէ միայն ատելութեամբ լի մոլեռանդներու, ինչպիսին է Էնթընի Պուրտընը. ինչո՞ւ [CNNի] նախագահ Ճեֆ Ցուքըր, որ նոյնպէս ստացած է մեր հաղորդագրութիւնները, կը թույլատրէ Պուրտընի արատաւոր ռասիզմը»:

 

Քուրթուլուս մեղադրած է նաեւ CNN-ի այլ աշխատակիցները, որոնք չեն բողոքած՝ «Էնթընի Պուրտընի անպատասխանատուութեան, ատելութեան եւ կաշառակերութեան փաստերուն դէմ...: Ինչպէ՞ս կրնային CNNի լրագրողները հանդուրժել Էնթընի Պուրտընի նախապաշարումները, ինչպէս նաեւ փաստերու կեղծումը»:

 

Քուրթուլուսի բազմաթիւ կեղծիքներու եւ խեղաթիւրումներու դէմ հակադրուելու փոխարէն ես պարզապէս մեջբերում կ՛ընեմ Թուրքիոյ Հանրապետութեան հիմնադիր Քեմալ Աթաթուրքէն, որ 1 Օգոստոս 1926ին Los Angeles Examiner թերթին մէջ հրապարակուած հարցազրոյցով խոստովանած է. «Նախկին Երիտթուրքերու կուսակցութեան այս մնացորդները, որոնք պէտք է պատասխան տան կեանքին համար մեր միլիոնաւոր քրիստոնեայ հպատակներուն, որոնց, զանգուածաբար, դաժանաբար քշեցին իրենց տուներէն եւ կոտորեցին, չեն ենթարկուիր հանրապետական իշխանութեան: Անոնք մինչեւ այսօր ապրած են թալանով, կողոպուտով, կաշառակերութեամբ եւ թշնամաբար վերաբերած են որեւէ գաղափարի կամ առաջարկութեան՝ լծուելու համար օգտակար աշխատանքի եւ վաստակելու իրենց ապրուստը՝ իրենց ճակատի արդար քրտինքով»։

 

Քանի որ ես Քուրթուլուսի ելեկտրոնային նամակին պատճենը ստացած եմ CNNի ելեկտրոնային հրապարակման  հարիւրաւոր հասցէներու ամբողջական ցանկին հետ,  ուր տեղ գտած անուններուն ան ուղարկած էր իր ելեկտրոնային նամակը, ես իմ յօդուածը կ՛ուղարկեմ միեւնոյն ելեկտրոնային հրապարակման հասցէներով, որպէսզի Քուրթուլուսը չխաբէ CNNի լրագրողները:

 

Արեւելահայերէնի թարգմանեց՝ Ռուզաննա Աւագեան

 

Արեւմտահայերէնի վերածեց՝ Սեդա Գրիգորեան