image
Հրատապ լուրեր:

Սփիւռքի նախարարը կ'առաջարկէ Սփիւռքի համար Խորհրդարան կազմել Հայաստանի մէջ

Սփիւռքի նախարարը կ'առաջարկէ Սփիւռքի համար Խորհրդարան կազմել Հայաստանի մէջ

Յարութ Սասունեան

«Կալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ եւ խմբագիր

www.TheCaliforniaCourier.com

 

Սփիւռքի նոր նախարար Մխիթար Հայրապետեան, որ Մայիս 11ին վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի կողմէ նշանակուեցաւ այդ պաշտօնին համար, յայտարարած է, որ երկրորդ օրէնսդիր մարմին մը պիտի ստեղծուի Հայաստանի մէջ՝ սփիւռքահայերը ներկայացնելու համար:

Սա գրաւիչ գաղափար է, սակայն նորութիւն չէ: Հետաքրքրական է, որ Սփիւռքի նախկին նախարար Հրանուշ Յակոբեան 30 Յունուար 2011ին Լոս Անճելըս կատարած իր այցելութեան ընթացքին հանդէս եկաւ համանման յայտարարութեամբ՝ առաջարկելով ստեղծել Սենատ Հայաստանի մէջ, ի լրումն գոյութիւն ունեցող խորհրդարանի, որ մասամբ պիտի ներգրաւէր սփիւռքահայերը:

2011ին, նախարար Յակոբեանի յայտարարութենէն օրեր անց ես խմբագրական գրեցի՝ բարձրացնելով շարք մը հարցեր, որոնք կը վերաբերին նաեւ Սփիւռքի նորանշանակ նախարարին՝ այս ամսուան սկիզբը ըրած առաջարկին:

Ամէնէն կարեւոր հարցը այն է, որ երկրորդ օրէնսդիր խորհրդարանի ստեղծումը փոփոխութիւն կը պահանջէ Հայաստանի Հանրապետութեան Սահմանադրութեան մէջ, որ այդքան ալ դիւրին գործ չէ: Առանց նման փոփոխութեան մը, Հայաստանի կառավարութեան կառուցուածքը չի կրնար փոխուիլ: Հետաքրքրական է նաեւ այն, որ Սփիւռքի նոր նախարարը չի նշեր, թէ իր առաջարկը կը պահանջէ սահմանադրական փոփոխութիւններ: Ասիկա լուրջ խնդիր է, քանի որ Սահմանադրութիւնը վերջին անգամ վերանայուած է 2015ին, եւ հաւանական չէ, ոչ ալ ցանկալի է, որ անիկա այսքան շուտ փոփոխութիւններ կրէ: Նոյնիսկ նորանշանակ վարչապետը խոստովանեցաւ, որ Սահմանադրութեան յաճախակի փոփոխումը լաւ գաղափար չէ: Կարեւոր է նաեւ նշել, որ հակառակ Սփիւռքի նախկին նախարարի յայտարարութեան, երբ ՀՀ Սահմանադրութիւնը 2015ին վերջապէս փոփոխութեան ենթարկուեցաւ, նոր տարբերակին մէջ տեղ չգտաւ Սփիւռքի համար երկրորդ օրէնսդիր խորհրդարանի հայեցակարգը:

Քանի որ Սփիւռքի նորանշանակ նախարարը խնդրեց աշխարհասփիւռ հայերէն՝ իրենց տեսակէտը արտայայտել իր նոր առաջարկին մասին, ես կը փափաքիմ շարք մը հարցերու մասին խօսիլ.

1)    Արդեօք Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութիւնը պատրա՞ստ է փոխելու Սահմանադրութիւնը երկրորդ օրէնսդրական խորհրդարան ստեղծելու համար:   Այլընտրանքային տարբերակը, որ չի պահանջեր Սահմանադրութեան փոփոխութիւն,  հնարաւորութիւն կու տայ  սփիւռքահայեր ներգրաւելու ներկայ խորհրդարանին մէջ: Շարք մը երկիրներ նման մեքանիզմ ընդունած են: Պէտք է մանրամասն ուսումնասիրել, թէ միւս երկիրները ինչպէ՛ս լուծած են իրենց Սփիւռքի ներկայացուցիչներուն մասնակցութեան հարցը՝ իրենց օրէնսդիր մարմիններուն մէջ:

2)    Ինչպիսի՞ն պէտք է ըլլայ նոր խորհրդարանի մանդատը: Արդեօք միա՞յն համահայկական հարցերու քննարկում, օրինակ՝ Հայոց Ցեղասպանութիւնը, Թուրքիայէն պահանջները, Արցախեան հակամարտութիւնը եւ սփիւռքահայութեան առնչուող խնդիրները, թէ՞ այդ մէկը պիտի վերաբերի նաեւ Հայաստանի ներքին խնդիրներուն: Նախարար Հայրապետեան իր մէկ հարցազրոյցին մէջ նշած է, որ նոր խորհրդարանը կ՛ըլլայ խորհրդատուական, այլ ոչ թէ որոշում կայացնող մարմին: Ասիկա տարատեսակ հարցերու տեղիք կու տայ ինչպէս Հայաստանի, այնպէս ալ Սփիւռքի մէջ: Արդեօք սփիւռքահայերը կը բաւարարուի՞ն դժուարութիւններով ընտրելու իրենց համայնքներու ներկայացուցիչներուն եւ անհաշուելի ժամանակ վատնելու երեւանեան հանդիպումներու մէջ, պարզապէս Հայաստանի կառավարութեան խորհուրդ տալու համար, որ կրնայ եւ լսելի չըլլալ: Արդեօք Սփիւռքի ներկայացուցիչները  շուտով  չե՞ն կորսնցներ իրենց հետաքրքրութիւնը եւ չե՞ն դադրեցներ մասնակցութիւնը նման խորհրդատուական մարմնի հանդիպումներուն: Միւս կողմէ, արդեօք Հայաստանի  բնակիչները կ՛ողջունե՞ն  որոշումներ  կամ նոյնիսկ  խորհուրդներ  այն  հայերէն, որոնք չեն ապրիր Հայաստանի մէջ:

3)    Ինչպէ՞ս պիտի ընտրուին նոր օրէնսդիր մարմնի ներկայացուցիչները: Արդեօք անոնք կ՛ընտրուին իրենց աշխարհասփիւռ համայնքներո՞ւն կողմէ, թէ՞ կը նշանակուին Հայաստանի կառավարութեան կողմէ: Իմ կարծիքով, Սփիւռքի ներկայացուցիչները պէտք է ընտրուին իրենց համայնքի անդամներուն կողմէ, անկախ անկէ, թէ որքան դժուար կ՛ըլլայ նման ընտրութիւններու կազմակերպումը ամբողջ աշխարհի մէջ: Հայաստանի կառավարութիւնը պէտք չէ ներգրաւուի Սփիւռքի տարածքին տեղի ունեցող ընտրութիւններու մէջ: Հայաստանի կառավարութեան կողմէ նշանակուած կամ հայկական կազմակերպութիւններէ ընտրուած ներկայացուցիչները չեն կրնար պնդել, որ իրենք իսկապէս կը ներկայացնեն սփիւռքահայերը, քանի որ հանրութիւնը չէ ընտրած զիրենք: Սփիւռքի կազմակերպութիւններու ղեկավարները կը ներկայացնեն միայն իրենց սեփական անդամները, այլ ոչ թէ սփյուռքահայութեան մեծամասնութիւնը, քանի որ հայերուն մեծ մասը որեւէ կազմակերպութեան անդամ չէ: Նաեւ լաւ գաղափար չէ Հայաստանի մէջ ունենալ երկու օրէնսդիր խորհրդարան, որոնցմէ մէկը ընտրուած է Հայաստանի քաղաքացիներու կողմէ (ներկայի խորհրդարանը), իսկ երկրորդը կազմուած կ՛ըլլայ նշանակուած, չընտրուած անդամներէ:

4)    Ինչպէ՞ս կ՛ըլլան թեկնածուներու եւ ընտրողներու չափանիշները Սփիւռքի խորհրդարանին համար: Արդեօք ընդունելի կ՛ըլլա՞յ, որ թեկնածուները ըլլան այն հայերը, որոնք օտար երկիրներու քաղաքացիներ են, թէ՞ պէտք է խնդրել, որ անոնք առնուազն ձեռք բերեն երկքաղաքացիութիւն: Հակառակ պարագային, տարօրինակ կ՛ըլլայ, որ խումբ մը օտար երկիրներու քաղաքացիներ, թէկուզ հայեր, Երեւանի մէջ նստած որոշումներ կայացնեն կամ խորհուրդներ տան, որոնք կրնան ազդել Հայաստանի բնակչութեան վրայ:

5)    Արդեօք նոր օրէնսդիր մարմնի սփիւռքեան ներկայացուցիչները պէ՞տք է տեղափոխուին Հայաստան՝ տարեկան նստաշրջաններուն մասնակցելու համար, թէ՞ կրնան Հայաստան գալ  միայն կարճ ժամկէտով՝ մասնակցելու համար ժողովներուն, ուր եւ պիտի քննարկուին համահայկական հարցեր:

Անշուշտ պէտք չէ շտապել երկրորդ օրէնսդիր մարմնի կազմութեան հարցով: Ինչպէս նախարար Հայրապետեանը առաջարկեց՝ Հայաստանի եւ Սփիւռքի մէջ պէտք է տեղի ունենան բազմակողմանի խորհրդակցութիւններ՝ գտնելու համար այնպիսի լուծում մը, որ կը բխի համայն հայութեան շահերէն:

 

Արեւելահայերէնի թարգմանեց՝ Ռուզաննա Աւագեան

Արեւմտահայերէնի վերածեց՝ Սեդա Գրիգորեան