image

Ամերիկացի փաստաբանները դատ կը բանան Թուրքիոյ դէմ՝ պահանջելով հարիւրաւոր Միլիոն տոլարի հատուցում

Ամերիկացի փաստաբանները դատ կը բանան Թուրքիոյ դէմ՝ պահանջելով հարիւրաւոր Միլիոն տոլարի հատուցում

Յարութ Սասունեան 

 

«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ եւ խմբագիր

www.TheCaliforniaCourier.com

 

16 Մայիս 2017ին, Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի՝ Սպիտակ տան  նախագահ Թրամփի հետ հանդիպման ժամանակ, Էրտողանի թիկնապահները առանց դրդապատճառի յարձակեցան եւ դաժանօրէն ծեծեցին քիւրտ եւ հայ ցուցարարներ, որոնք հաւաքուած էին Ուաշինկթընի մէջ Թուրքիոյ դեսպանի նստավայրին դիմաց: Ցուցարարներէն ինն լուրջ վէրքեր ստացան...

 

Ինչպէս կը յայտնէ «Ուաշինկթընեան» (Washingtonian) ամսագիրը՝ «Յունիս 14ին կայացած մամուլի ասուլիսին ընթացքին, Ուաշինկթընի ոստիկանապետ Փիթըր Նիւշէմ ըսաւ՝ «իմ ոստիկանական գործունէութեան 28 տարիներուն ընթացքին հազուադէպօրէն տեսած եմ այն, ինչ որ տեսայ Շերիտանի շրջանը»: Ներկայացուցիչներու պալատը ընդունեց բանաձեւ մը՝ ձայներու 397-0 յարաբերակցութեամբ՝ կոչ ընելով «մեղաւորները պատասխանատուութեան ենթարկելու եւ միջոցներ ձեռնարկելու՝ նմանատիպ միջադէպերը ապագային կանխելու ուղղութեամբ»:

 

Անցեալ տարուան Յուլիսին դաշնակցային մեծ դատական կազմը մեղադրանք յառաջացուց Էրտողանի պահակագունդի 19 անդամներուն դէմ, որոնց մեծ մասը դիւանագիտական ​​անձեռնմխելիութիւն ունէր: Իբրեւ հետեւանք՝ անոնք չէին կրնար ձերբակալուիլ, ապա անոնց թոյլատրուեցաւ վերադառնալ Թուրքիա: Երկու թուրք ամերիկացիներ ձերբակալուեցան եւ հետագային դատապարտուեցան մէկ տարի եւ մէկ օր բանտարկութեան: Այս միջադէպէն քանի մը ամիս անց Էրտողանի թիկնապահներու մեծամասնութեան դէմ մեղադրանքները ջնջուեցան՝ Միացեալ Նահանգներու պետական քարտուղար Ռեքս Թիլըրսընի Թուրքիա կատարած այցելութեան նախօրէին:

 

Բարեբախտաբար, Ուաշինկթընէն խումբ մը ամերիկացի փաստաբաններ, որոնք այնքան բարկացած էին Էրտողանի թիկնապահներուն իրագործած յարձակումներուն ի տես եւ յետոյ անոնց Թուրքիա փախուստին պատճառով, որ անցեալ շաբաթ որոշեցին դատ բանալ թրքական կառավարութեան, երկու թուրք ամերիկացիներուն եւ երեք թուրք գանատացիներուն դէմ՝ «միջազգային իրաւունքի ոտնահարման, ատելութեան յանցանքներու, ինչպէս նաեւ յարձակման, ծեծի եւ կեղծ կալանաւորման մեղադրանքով»: Մայիս 3ին ամերիկեան փաստաբանական այլ ընկերութիւն մը հինգ ցուցարարներու կողմէ առանձինն հայց ներկայացուց ընդդէմ Թուրքիոյ:

 

«Ուաշինկթընեան» հաղորդեց. «Երբ Միացեալ Նահանգներու կառավարութիւնը չի կրնար կամ չի փափաքիր արդարութիւն ձեռք բերել Շերիտանի շրջանի խոշտանգուածներուն համար, Ուաշինկթընի խումբ մը փաստաբաններ ձեռնամուխ եղած են այդ մէկը ընելու: Տակլըս Պրեկմըն պատկերացում չէր ունեցած հասարակական կարգի խախտման, ինչպէս նաեւ հրահրման մասին: Սակայն, այն ինչ որ տեսաւ երեկոյեան լուրերով, սարսափեցուց զինք. «Այս մարդը [Էրտողանը] եկած է մեր երկիրը, Սպիտակ տան մէջ խօսած է նախագահին հետ, ապա յետոյ իր մարդասպանները ուղարկած՝ արիւնլուայ ընելու ամերիկացի քաղաքացիները, պարզապէս որովհետեւ անոնք արտայայտուա՞ծ են»:

 

«Ուաշինկթընեան» աւելցուց. «68-ամեայ Պրեկմըն Պեթեստայի մէջ կը ղեկավարէ քաղաքացիական գործերով փաստաբանական ընկերութիւն մը: Ան ծնունդով Ֆիլատելֆիոյ կողմերէն է, 1970ականներուն իրաւաբանի վկայական ստացած է Ճորճթաունի համալսարանէն, ապա հաստատուած՝ հոն: Ան դասաւանդած է այդ եւ Քոլումպիոյ համալսարանի իրաւաբանական դպրոցին մէջ: 1960ականներուն մասնակցելով բողոքի ցոյցերուն, ան գիտակցած է, որ անհրաժեշտութիւն կայ պաշտպանելու խօսքի ազատութիւնը, իր խօսքերով՝ «իշխանութեան չարաշահման» սպառնալիքներէն: Պրեկմըն հեռաձայնած է իր գործընկերներէն մէկուն՝ Անտրէաս Աքարասի, որ կ՛աշխատէր իբրեւ իրաւաբան՝ Պրեկմըն, Պըրպըրթ, Շուարց եւ Կիլտա փաստաբանական ընկերութեան մէջ եւ հարցուցած՝ «Տեսա՞ծ էք, թէ ի՞նչ տեղի ունեցած է այսօր Ուաշինկթընի մէջ»: Աքարաս միացած էր Պրեկմընի ընկերութեան եօթը տարի աշխատելէ ետք իբրեւ Մերիլէնտի գոնկրեսական Ճան Սարպանէսի օգնական: Ան աշխատած էր Հարաւարեւելեան Եւրոպայի եւ Միջերկրականեան երկիրներու հետ կապուած շարք մը հարցերու գծով, միաժամանակ կապեր զարգացնելով Թուրքիոյ, Յունաստանի, Կիպրոսի եւ Իսրայէլի մէջ: Պրեկմըն անկէ խնդրած է ուսումնասիրել, թէ կարելի՞ է արդեօք իրաւական որեւէ հատուցում ստանալ տուժածներուն համար»:

 

Պրեկմըն աւելի ուշ կապ հաստատեց Ուաշինկթընի երկարամեայ փաստաբան Սթիւ Փըռլսի հետ: «Իմ մօտ եղած դատական գործը պէտք է հիմնուած ըլլայ օտար երկրի ինքիշխանութեան անձեռնմխելիութեան օրէնքի [FSIA] վրայ», ըսաւ Պրեկմըն: «Դուն այն մարդն ես, որ կրնայ այդ ընել»: Փեռլս երկար տարիներու յաջողութեան փորձ ունի՝ Ողջակիզումի գծով Գերմանիոյ դէմ դատ բանալ եւ հատուցում պահանջելով, այլեւ Իրանի եւ Լիպիոյ՝ «ահաբեկչական գործողութիւններու» վնասները վճարել տալու առումով»:

 

«Ուաշինկթընեան» կը հաղորդէ. «աշխատելով Պրեկմընի եւ Աքարասի հետ, Փեռլս կը պատրաստուի հայց ներկայացնել հարիւրաւոր միլիոններու վնասի վճարման համար Թուրքիոյ Հանրապետութենէն: «Որեւէ օտար երկրի պետութեան ղեկավար, որ իր ապահովութեան ուժերը ազատ կը ձգէ Միացեալ Նահանգներու քաղաքացիներուն դէմ, որոնք իրենց օրինական իրաւունքները կ՛իրականացնեն ամերիկեան հողի վրայ, չեն օգտուիր FSIA օրէնքի պաշտպանութենէն», ըսաւ Փեռլս: Միւս իրաւաբանները անոր հետ համաձայն են: Խումբը՝ Ակնեշկա Ֆրիզմընի («Քոհէն Միլշտէյն») ղեկավարութեամբ, հայց ներկայացուցած է տուժողի՝ հետեւանքներու մասին յայտարարութեան հիման վրայ, ներկայացնելով Ուաշինկթընի մէջ յարձակման 13 վիրաւորները, ներառեալ՝ Մուրատ Եասան եւ Հիվա Արիան: Իրաւաբանական խումբը աւելցուցած է Մայքըլ Թիկարը, որ յաջողութեամբ դատ բացած էր Չիլիի դէմ՝ 1976 թուականին Ուաշինկթընի մէջ Օրլանտօ Լեթըլիըրը սպաննելուն պատճառով՝ ինքնաշարժի մէջ տեղադրուած ռումբի պայթիւնէն...: Թիկար ըսաւ, որ Ամերիկեան համալսարանի իրաւաբանական դպրոցի ուսանողները կը մէկտեղեն Թուրքիոյ դէմ դատական հայցը: Ան վստահ է իր ուժերուն վրայ: «Այն ատեն այդ մէկը տեւեց 16 տարի, սակայն յաջողեցանք  4 միլիոն տոլար ստանալ Չիլիէն», նշեց ան:

 

Պրեկմըն ըսած է «Ուաշինկթընեան»ի. «Մէկէն մէկը պէտք է պատժուի: Մենք պատրաստ ենք ժամանակ եւ միջոցներ ներդնելու ընդդէմ ֆաշիստական կառավարութեան, որպէսզի պաշտպանենք մեր յաճախորդներուն իրաւունքները: Ասոր համար կ՛արժէ ջանք գործադրել»:

 

Ուրիշ  յօդուածով մը «Ուաշինկթըն Փոսթ» եզրակացուցած է. «ըստ Միացեալ Նահանգներու օրէնսդրութեան՝ թրքական կառավարութիւնը կրնայ հակառակիլ, համաձայնիլ կամ հրաժարիլ դատական գործընթացներու մէջ պաշտպանութենէ: Հրաժարելու պարագային, դատաւորը կրնայ վճիռ արձակել յօգուտ ցուցարարներու»:

 

 

Արեւելահայերէնի թարգմանեց՝ Ռուզաննա Աւագեան

 

Արեւմտահայերէնի վերածեց՝ Սեդա Գրիգորեան