image
Հրատապ լուրեր:

Գաղափարապաշտ Ցոլակ Յովսէփեանի ծննդեան դարադարձը. Խաչիկ Ճանոյեան

Գաղափարապաշտ Ցոլակ Յովսէփեանի ծննդեան դարադարձը. Խաչիկ Ճանոյեան

Ուրբաթ, Փետրուար 16, 2018ին, երեկոյեան ժամը 7։30ին, Կլենտէյլի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ «Արմենակ Տէր Պետրոսեան» ներքնասրահին մէջ, Լոս Անճելըսի հայութիւնը ընդհանրապէս եւ ՀՅ Դաշնակցութեան մեծ ընտանիքը՝ մասնաւորաբար, արդար գնահատանքով պիտի նշեն եւ տօնեն յաւերժ երիտասարդ, հայ ժողովուրդին անձնուրաց նուիրումով ծառայող հայու մը, կեանքով լեցուն, շէն ու շէնշող բնաւորութեամբ արուեստագէտ լուսանկարիչ Ցոլակ Յովսէփեանի ծննդեան հարիւրամեակը:

Ծառայութեան մէջ, մանաւանդ ազգային-հասարակական կեանքի մէջ, տարիքը ո՛չ մէկ նշանակութիւն ունի: Անձ մը ամէ՛ն տարիքի կրնայ իր աստուածապարգեւ կեանքը իմաստաւորել՝ իր ազգին եւ հայրենիքին իր նպաստը բերելով:

Մեր հայրենակից Ցոլակ Յովսէփեանին ծանօթ ենք երկար տարիներէ ի վեր: Գաղափարապաշտ հայու մը առօրեայով ապրող, գոհունակ, ուրախ եւ բարեկիրթ անձ մըն է մեր մեծարեալը: Շողշողուն տիտղոսներէ խուսափող շարքային կուսակցական մը, որուն մեծագոյն ուրախութիւնն է զինք «ընկեր Ցոլակ» կոչելը:

Մեր մեծարեալը ծնած է Պաղտատ, Իրաք, Փետրուար 18, 1918ին. Հայաստանի Առաջին Հանրապետութեան Անկախութեան աւետաբեր եղաւ կարծէք մեր մեծարեալը: Հայրը վասպուրականցի էր: Ցոլակ Յովսէփեան Պաղտատի մէջ յաճախեց ՀԲԸՄի Միհրան Սվաճեան վարժարանը, ապա՝ Ազգային Թագմանչաց վարժարանը, որմէ ետք Հնդկաստանի Պոմպէյ քաղաքը մեկնելով՝ մէկ տարի տեղւոյն Ամերիկեան համալսարանին մէջ ուսում ստացաւ: Պաղտատ վերադառնալով՝ իր եղբօրը հետ միասին հիմնեց «HASS» հանրածանօթ լուսանկարչատունը: Այդ տարիներուն Պաղտատի մէջ կային քանի մը հայ լուսանկարիչներ, որոնցմէ ամէնէն ծանօթներէն էր Յովսէփեաններու «HASS» նկարչատունը:

Յովսէփեանները շատ մօտ էին թագաւորական եւ իշխանութեան ղեկավարութեան պաշտօնեաներուն: 1958ի յեղափոխութենէն ետք, Յովսէփեաններու նկարչատունը կողոպուտի ենթարկուեցաւ եւ քանդուեցաւ: Անոնք ստիպուած եղան Իրաքէն հեռանալու եւ Միացեալ Նահանգներ կայք հաստատելու՝ խուսափելով գալիք փորձանքներէ: Այսուհանդերձ, Ցոլակ Յովսէփեան բնաւ չբաժնուեցաւ իր նկարչական գործիքէն ու մի՛շտ հաւատարիմ մնաց իր այնքան սիրած լուսանկարչական ասպարէզէն։

Պատանի տարիքէն, նախ անդամակցած է ՀՅ Դաշնակցութեան Ուսանողաց միութեան, ապա՝ 1937ին, անցած է կուսակցական շարքերը: Այդ օրէն մինչեւ այսօր, Ցոլակ Յովսէփեանի կեանքի բոլոր տարիներուն ներշնչման վարար աղբիւր եղած է կուսակցականի իր հանգամանքը: Ան առիթը ունեցած է երթալու Լիբանան, Պարսկաստան, Ֆրանսա եւ ծանօթանալու կուսակցութեան մեծանուն գործիչներու, որոնք հայրենահան մեր ժողովուրդի կեանքը կը կազմակերպէին ու կը ղեկավարէին՝ Սփիւռքի մէջ: Նմանապէս, քանի մը առիթներով մեկնած է Հայաստան, ուր շփում ունեցած է ազատատենչ մեր ժողովուրդին հետ:

Ինչպէս յիշեցի, 1966ին Ցոլակ Յովսէփեան Պաղտատէն ԱՄՆ կը տեղափոխուի ու կը հաստատուի Քալիֆորնիոյ Փասատինա քաղաքը:

Ամերիկայի մէջ Ցոլակ Յովսէփեան տակաւին տուն-տեղ չունեցած՝ կը լծուի ազգային-կուսակցական կեանքի եւ իր լուսանկարչական գործիքով ամէն տեղ, ազգային ամէն ձեռնարկի ներկայ կ՛ըլլայ: Ան իր լուսանկարչական գործիքով կը վաւերագրէր քաղաքական գործիչներու ելոյթները, կը լուսանկարէր ու «Ասպարէզ» օրաթերթին կը հասցնէր:

ԱՄՆի մէջ Ցոլակ զանազան պաշտօններով ծառայեց իր կուսակցութենէն ներս՝ միշտ իր հաճելի քաղցրախօսութեամբ արժանանալով իր ծանօթներուն, գաղափարի ընկերներուն ու շրջանակի համակրանքին եւ սիրոյն։

Ցոլակ Յովսէփեանը դիտելով, մանաւանդ՝ ծխամորճը բերանին խօսած ժամանակ, արդէն իսկ արուեստագէտի տաք ու պաղ օրերը տեսած մարդու մը տպաւորութիւնը կը ստացուի:

Արթուն միտքով, աշխոյժ ֆիզիքականով ու հաճելի զրոյցներով անձ մըն է մեր մեծարեալը: Մեզի կը մնայ սրտանց շնորհաւորել «ընկեր Ցոլակ»ը՝ կեանքի այս հանգրուանին հասնելուն համար: Իրեն կը մաղթենք արեւշատ օրեր, պատիւս արժանաւորաց:

Այս առթիւ գնահատանքի խօսք մը եւս ունինք «Ասպարէզ» օրաթերթին, որ նման ձեռնարկով մը հրապարակաւ կը նշանաւորէ «Ասպարէզ»ին յիսուն տարիէ աւելի կամաւորաբար ծառայող շարքայինի մը ծննդեան դարադարձը՝ մեծագոյն գոհունակութիւն պատճառելով Ցոլակ Յովսէփեանի հարազատներուն, գաղափարի ընկերներուն եւ ծանօթներուն:

Ձեր վարձքը կատա՛ր:

Խաչիկ Ճանոյեան  

«Ասպարէզ»