image
Հրատապ լուրեր:

Ինչո՞ւ Հրանդ Տինք

Ինչո՞ւ Հրանդ Տինք

Փոքր տարիքէս ապրած եմ Անդրանիկին, Սերոբ Փաշային եւ այլ ֆետայիներու պատմութիւններով, զինեալ դիմադրութիւնը դարձած էր նպատակ, որովհետեւ համոզուած էի, որ զէնքը միայն հրացաննէ եւ այլ ելք չկար:

19 Յունուար 2007: Հայրս թրքական լուրերը մտիկ կ'ընէր եւ զիս նայելով կ'ըսէր. «Թուրքիոյ մէջ հայ մը սպաննած են»: Զարմացայ եւ հարց տուի. «Ինչո՞ւ Թուրքիոյ մէջ տակաւին հայ կայ»: Այո, չէի գիտեր, թերեւս ոչ ալ կ'ուզէին մեզի ըսել, որ Թուրքիոյ մէջ տակաւին հայկական գաղութ կար եւ անոնց համար ամէն մէկ վայրկեան պայքար մըն էր. ապրիլը իրենց համար պայքար էր, իսկ մեզի համար՝ կենցաղ:

Հրանդ Տինք: Չէի գիտեր այդ անունը, իսկ եթէ գիտնայի, հաւանաբար պիտի քննադատէի իր գաղափարները, որովհետեւ շատ դիւրին է քննադատել: Սակայն յետագային ան դարձաւ այլ ֆետայի մը, այլ դիմադրութեան ուժ մը:

Տինք ունէր իր հրացանը՝ գրիչը, «Ակօս» թերթին միջոցով, եւ իր դատը՝ արեւմտահայութիւնը: Սակայն այս դատը չէր սահմանափակուած աշխարհագրութեամբ, ան հասանելի էր թէ՛ հայուն, թէ՛ թուրքին, քիւրտին, ասորիին եւ յոյնին: Ան կը տեսնէր հայ եւ թուրք ժողովուրդներուն ցաւը՝ Ցեղասպանութեան մէջ: Սփիւռքը դարձած էր հիւանդ, որ բուժման կարիք ունէր, իսկ թուրքը դարձած էր իր երկրին մէջ բանտարկեալ մը, որ չէր կրնար ընդունիլ իր եւ իր երկրին անցեալը: Սակայն Հրանդ Տինքին համար այս երկուքը իրար կ'ամբողջացնէին:

Տինքի հրատարակութիւնները իսկական յեղափոխական էին, թէ, թուրքին, եւ թէ՛ սփիւռքահայուն համար: Թուրքիոյ մէջ ան առաջիններէն եղաւ, որ խօսեցաւ իսլամացած հայերուն եւ Ցեղասպանութեան մասին: 6 Փետրուար 2004-ին ան հրապարակեց յօդուած մը՝ «Մատամ Սապիհայի գաղտնիքը», որ ցնցեց բոլոր Թուրքիան եւ Թուրքիոյ պետական կարգերը, եւ՝ որուն միջոցաւ ան յայտնաբերեց Աթաթուրքին որդեգրած աղջկան հայ ըլլալը:

Այս հարցէն ետք Հրանդ Տինքի կեանքը դարձաւ դատավարութիւններու շարունակութիւն մը, եւ բազմիցս ան ամբաստանուեցաւ թրքութիւնը անպատուելու՝ «insult» ընելու մեղադրանքով: Սակայն սփիւռքահայուն ընկալումով, անոր գործելաոճը դարձեալ յեղափոխական էր: Ան կը ներկայացնէր տակաւին իր հայրենի հողին վրայ ապրող արեւմտահայուն ցաւը եւ պայքարի ոգին, որ ամէն ջանք կը թափէ՝ մօտենալու Սփիւռքին, երբեմն ձեռք երկարելով եւ երբեմն քննադատելով: Բայց ան երկու կողմէն ալ ընդունուած չէր:

2007-ի Յունուարին իր նահատակութեամբ էր, որ ան հերոսացաւ. մարդիկ արցունք թափեցին, դարձաւ սուրբ մը եւ 1,500,000+1 մը: Դժբախտաբար Հրանդ Տինք իր նահատակութեամբ է, որ յաջողեցաւ եւ ահա այսօր հայը, թուրքը, քիւրտը, ասորին եւ յոյնը կը խօսին երկխօսութեան եւ արդարութեան մասին՝ շնորհիւ անոր ջանքերուն: Սակայն արդեօ՞ք պէտք էր Հրանդ Տինքը նահատակուէր եւ ինչո՞ւ:


Եղիա Թաշճեան

Yeghia.tash@gmail.com