image

Հայկական երգիծաբանութեան մեծ հանճար Յակոբ Պարոնեանի ծննդեան 174-րդ տարեդարձի առթիւ

Հայկական երգիծաբանութեան մեծ հանճար Յակոբ Պարոնեանի  ծննդեան 174-րդ  տարեդարձի  առթիւ

Յակոբ Պարոնեան ծնած է 1843 ին  Էտիրնէ, Ատրիանուպոլիս։ Նախնական կրթութիւնն ստացած է տեղւոյն հայկական վարժարանին մէջ։ Ապրուստ հոգալու համար  նախ դեղագործի մը քով երկու տարի կ'աշխատի,ապա  կը պաշտօնավարէ  ընկերութեան մը մէջ իբրեւ հաշուապահ։

Ան ինքնաշխատութեամբ  ձեռք  կը բերէ լայն զարգացում եւ գրական հմտութիւն։

1863-ին կը փոխադրուի Պոլիս եւ կը պաշտօնավարէ Սկիւտարի ճեմարանի  մէջ որպէս դասատու, աշակերտ ունենալով Պետրոս Դուրեանը:

1871-ին կը ստանձնէ «Եփրատ» թերթի խնբագրապետի պաշտօնը, բայց կարճ  ժամանակէ յետոյ կ'անցնի  «Մեղու» թերթի խմբագրութեան, զայն վերածելով յայտնի երգիծաթերթի։ Երբ1874 -ին «Մեղու»ի  հրատարակութիւնը  կը դադրի,  Պարոնեան, զայն կը վերահրատարակէ «Թատրոն» վերանուանումով։   Տնտեսական դժուարութիւններու պատճառաւ, «Թատրոն»ի  հրատարակութիւնն ալ  կը դադրի 1877-ին։

 

Պարոնեան կ'ամուսնանայ Սաթենիկ Էթմէքճեանի հետ 1879-ին։ Անոնք կ'ունենան երկու զաւակ. աղջիկ մը՝ Զապէլ, եւ մանչ մը՝ Աշոտ։

 

1879-ին կաշխատակի  «Լոյս» թերթի մէջ որպէս երգիծաբան ։ Պարոնեանի գրութիւնները լայն հետաքրքրութիւն կը ստեղծեն, սակայն ան կը ստիպուի «Լոյս»ի իր աշխատակցութիւնը դադրեցնել։

 

1884-1888ին թուականներու միչեւ կը  հրատարակէ «Խիկար» ամսագիրը, ուր  լոյս կը տեսնեն իր երգիծաբանական շատ մը կարեւոր գործերը։ 1888-1890 թուականներու միչեւ Պոլսոյ Կեդրոնական վարժարանին մէջ տոմարակալութիւն կ'ուսուցանէ։ Հոն իրեն կ'աշակերտէ յայտնի լեզուաբան Հրաչեայ Աճառեանը ։

 

Պարոնեան կը տառապի թոքախտէ  եւ կը մահանայ 1891-ին, թշուառութեան մէջ ձգելով իր այրին ու անչափահաս զաւակները։

 

Պարոնեան եղաւ բեղուն ստեղծագործ մը։ Տասնեակ հազարէ աւելի էջեր արտադրեց կարճ ժամանակամիջոցի մը մէջ, յատկապէս 1871-1888 տարիներուն։ Իր բոլոր գրութիւնները  լոյս տեսան լրագիրներու մէջ։  Պարոնեանի երկերու մեծամասնութիւնը գիրքերու մէջ ամփոփուեցան միայն իր մահէն ետք։ Իր գործերը կը կազմեն՝  «Մեծապատիւ Մուրացկանները» վէպը, «Քաաղաքավարութեան Վնասները» պատմուածքներու շարքը, «Պտոյտ մը Պոլսոյ Թաղերու Մէջ» եւ «Ազգային Ջոջեր» նկարագրական էջերը, «Մեղու»,«Թատրոն»,«Խիկար» թերթերու մէջ լոյս տեսած բազմաթիւ յօդուածներ, ինչպէս  նաեւ «Ատամնաբոյժն Արեւելեան» եւ «Պաղտասար Աղբար» կատակերգութիւնները: Պարոնեան Պոլսահայ կեանքը իր զանազան երեւոյթներով կ'արտացոլացնէ իր գրութիւններու ընդմէջէն: Ան երգիծական ոճով հաւասարապէս կը խարազանէ  փառասէր աղաներն ու նեղմիտ թաղականները, խաբեբայ վաճառակնաներն ու կեղծաւոր հոգեւորոկանները, վարձկան լրագրողները, վերի խաւի արեւմտեան բարքերը ընդօրինակելու մոլութիւնն ու վարի խաւի խաւամտութիւնը: Պորոնեանի գրութիւնները ընթերցողը կը խնդացնէ բայց, գրութեան խորքը շատ տխուր է: Ան կը զուրաճացնէ ՛,առանց զուարճանալու եւ կը ձգտի դաստիարակիչ ըլլալ ու նպաստել ընկերային վատ բարքերը վերցնել: Անոր ծաղրանքին նպատակը երբեք խնդացնել ու նուրբ արուեստ մը ստեցծել չէ, այլ  անկեղծ ու պարզ լեզուով մը  եւ յատկապէս սահուն արեւմտահայերէնով մը, Պոլսահայ կեանքի իրադարձութիւնները  ու իրավիճակը  երգիծական ոճով նկարագրել եւ իր ընթերցողին վարպետօրէն ներկայացնելն է:

 

27 Մայիս 1891-ին, ծայր աստիճան չքաւորութեան մատնուած եւ Թոքախտի հետեւանքով  ուժաքամ եղած ,Պոլսոյ մէջ առյաւէտ փակուեցան աչքերը մեծ  հայուն:

 

48 տարեկանին վաղաժամ եւ դժբախտ մահ ունեցաւ Յակոբ Պարոնեան, բայց միայն մարմնապէս հեռացաւ հայ իրականութենէն, որովհետեւ կարճատեւ իր կեանքով իսկ հայկական երգիծանքի հիմնադիրը կրցաւ նուաճել անմահութեան արժանի գրական հարստութիւն մը եւ մնայուն տեղ գրաւել հայ ժողովուրդի սրտին ու մտքին մէջ:

 

Իր երգիծանքով՝ Պարոնեան ժամանակներէն վեր կանգնեցաւ եւ ճշմարտութիւններ արտայայտող իր գրականութեամբ հայ մտքի հսկայ մը դարձաւ,եւ  նաեւ ,մեր ժողովուրդի ազգային ու քաղաքացիական զարթօնքին մէջ մեծակշիռ ներդրում կատարեց:

 

Մարմինը կ'ամփոփուի Օրթագիւղի գերեզմանատունը: Տապանաքար մը չկանգնեցաւ անոր շիրիմին վրայ եւ շուտով մոռցուեցաւ անոր ճշգրիտ վայրը։ Հիմա արդէն անտէր կորսուած է հողակոյտն ալ:

 

Պարոնեան եղաւ բեղուն ստեցծագործ ու ճշգրիտ հայ մտաւորական մը:

 

 

 

Տօքթ.Սարգիս Ատամ

 «Հայ Կեանք եւ Գրականութիւն» - Յարութիւն Քիւրքճեաան